Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը

January 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Շաբաթ , 10 դեկտեմբերին, մեր սովորական  զուարճախառն հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին ժամադրուեցանք երկուշաբթի առաւօտ, իր աշխատավայրին մէջ: Ապահովագրական հարցերու կողքին, Տիգրան, այդպէս էր իր գործածական անունը, երկրորդական վարժարանէն մինչեւ համալսարան դասընկերս եղած էր եւ թաղեցի: Ամիսը մէկ կամ երկու անգամ կը հանդիպէինք, յատկապէս` յօդուածներուս մասին իր գնահատականը ու թանկարժէք ցուցմունքները ստանալու համար:

Երկուշաբթի առաւօտ հասայ գրասենեակը, տարօրինակօրէն ան չէր եկած տակաւին, ըսին, թէ հիմա կու գայ: Սուրճ բաշխող կինը բերաւ սուրճը ու գաւաթ մըն ալ Տիգրանին համար դրաւ սեղանին վրայ` ըսելով, որ եթէ ուշանայ, նորը կը բերէ: Կէս ժամ սպասելէ ետք, մտահոգուած, քանի մը անգամ հեռաձայնեցի բջիջայինին, սակայն չպատասխանեց: Օրուան ընթացքին կրկին փորձեցի հեռաձայնել նաեւ տան թիւին, սակայն  պատասխանող չեղաւ, ան առանձին կը բնակէր:

Երեկոյեան, խիստ մտահոգ, հեռաձայնեցի իր ազգականներէն մէկուն, որ իր մասին որեւէ տեղեկութիւն չունէր: Վայրկեաններ ետք ան տուաւ  Տիգրանին մահուան գոյժը: Ան մահացած էր վայրկեաններ առաջ, հիւանդանոցին մէջ:

Ո՛վ չի ճանչնար Տիգրանը. կատակասէր ու զուարճախօս, սակայն խստապահանջ ու բծախնդիր` ապահովագրական գործին բերմամբ, ունէր շատ լայն շրջանակ, առաւել եւս, լիբանանահայ մամուլին մէջ իր բծախնդրութեամբ պատրաստած խաչբառները ու խաղերը հանրայայտ դարձուցած էին զինք:

Հայոց լեզուն, արեւմտահայերէնը, իր «պաշտամունքի» առարկան դարձուցած էր եւ ունէր լեզուական ախտաճանաչումի բացառիկ տաղանդ: Լեզուական նրբութիւններուն տիրապետած ըլլալով, գրեթէ բոլոր տեսակի գրութիւններու մէջ` գրականութիւն, հրատարակութիւններ, մամուլ, պարբերաթերթեր ու նոյնիսկ բացիկներ, կը գտնէր լեզուական, քերականական, լեզուամտածողական ու տրամաբանութեան յատուկ խախտումներ: Սովորական աչքին «կատարեալ» թուող գրութիւններուն մէջ, երբեմն  կը գտնէր տասնեակներով լեզուական սխալներ. ականատես եղած եմ կարմիր մելանով սրբագրած կասկարմիր դարձած հրատարակութիւններէն օրինակներու:

Քանի մը անգամ խոստացած էի գրութիւններուս վերաբերեալ իր քաջալերանքին ու նպաստին մասին յիշատակութիւն կատարել, որ սակայն կտրականապէս կը մերժէր:

Սիրելի՛ Տիգրան, ահա այս տխուր պահուն խոստումս կը կատարեմ:

Լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իւրայատուկ տաղանդով, խստապահանջ ու անփոխարինելի ազգային մը եւս:

12 դեկտեմբեր 2016

 

Նախորդը

«Ամէն Ինչ Լաւ Է»…

Յաջորդը

Հայ Լեզուի Արթուն Պահակին` Տիրան Մ. Աղազարեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.