Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցեղասպանութիւն` Ցեղասպանութենէն Ետք» Խորագիրով Ցուցահանդէսը Եւրոպայի Շարք Մը Քաղաքներու Մէջ

January 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bedo_12017

«Ցեղասպանութիւն` ցեղասպանութենէն ետք» խորագիրով-ցուցահանդէսը այս տարի պիտի ներկայացուի եւրոպական շարք մը քաղաքներու մէջ: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, տեղեկացուցած է ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան  պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան:

Ցուցահանդէսը առաջին անգամ բացուած է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, 2016-ի փետրուարին: Այնտեղ ներկայացուած է հայկական եկեղեցիներու եւ կրօնական յուշարձաններու 32 լուսանկարներ, ուր համեմատութեան մէջ դրուած են հայկական յուշարձանները, եկեղեցիները` Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ վերջ:

«Մէկ շաբաթ տեւած ցուցահանդէսը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց: Այդ ընթացքին ունեցանք աւելի քան հազար այցելու: Մարդիկ տեղեկութիւն ստացան, պատկերացում կազմեցին, թէ ի՛նչ ունեցած է հայը` Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ ի՛նչ մնացած է յետոյ: Այս տարի այդ մեծ արձագանգ գտած ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնենք եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ: Անիկա պիտի սկսի մարտին», յայտնած է Պետօ Տեմիրճեան:

Հայ դատի յանձնախումբը տարուան ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը առաջ պիտի տանի ճանաչման եւ հատուցման ծիրին մէջ: Պետօ Տեմիրճեան նկատած է, որ նախորդ տարի այդ ուղղութեամբ եւս տեղի ունեցած են կարեւոր ձեռնարկներ: Մայիսին իրականացած է համաժողով, ուր նախանշուած են հատուցման ուղղութիւնները` իրաւական, տնտեսական եւ այլն:

Բացի այդ, դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է մամուլի ասուլիս` Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին պահանջով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի ներկայացուցած հայցին վերաբերեալ: Պետօ Տեմիրճեան նշած է, որ այս երկու կարեւոր կէտերուն վրայ յենելով` 2017-ին յառաջ պիտի շարժին:

Ան տեղեկացուցած է, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, 2017 թուականի վերջը, Պրիւքսելի մէջ կազմակերպեն Եւրոպահայութեան 4-րդ համագումարը: Անիկա պիտի տեւէ քանի մը օր, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին Հայաստանի, Արցախի, սփիւռքի օրակարգային հարցերը: Նախորդ համագումարը տեղի ունեցած է 2013-ին, որ ունեցած է 350 մասնակից:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Խոստումնադրուժ Նախագահ Մը Եւս Կ’աւարտէ Պաշտօնավարութիւնը

Յաջորդը

Եւրոպացի Երեսփոխաններու Եւ Տարբեր Գործիչներու Դէպի Արցախ Այցելութիւնները Հետզհետէ Կ՛աշխուժանան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.