Յօդուածներ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանը

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրընկալեց Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանը

Ուրբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2025-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանը եւ իրեն ընկերակցող հայորդիները։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, պարոն Գույումճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր՝ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակաբաշխութեան հովանաւորելուն առիթով։ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթելով պարոն Կիրակոսին, մեծապէս գնահատեց հալէպահայ ուսանողները քաջալերող ուսումնական մրցանակի...

Հաւատքի Մարդը  (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Հաւատաւոր մըն ալ կորսնցուցինք: «Ողն ու ծուծ»-ով ՀՄԸՄ-ական մը: ՀՄԸՄ-ի եւ անոր ազգային-գաղափարական արժէքներուն բուռն պաշտպան մը, որուն միութենական գործունէութիւնը երկարեցաւ 67 տարիներու վրայ: Յարութ Չէքիճեան հաւատաւորը, վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականը, միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամը եւ «Արժանեաց» շքանշանակիրը ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ ՀՄԸՄ-ի մէջ եւ ՀՄԸՄ-ը ապրեցուց բոլորին մէջ: Խօսեցաւ, գրեց եւ միշտ երախտապարտ մնաց այն միութեան, որ մեծ...

Շարունակուող Տերեւաթափ  (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Շարունակուող Տերեւաթափ (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ Մարսէյ-Փարիզ գնացքին մէջ եմ: Կեդրոնական Ֆրանսայի դաշտերուն մէջ հեղեղ է: Տխուր է եղանակը: Օրաթերթերուն կարեւոր վերնագիրները կամ զիս հետաքրքրող լուրերը կարդացի, հերթը հասաւ ընկերային ցանցերուն: Դիմատետրը կը բանամ եւ ... մահազդ: Համօ Վարդանեան: Մարմինէս սարսուռ կ՛անցնի, ահաւոր կը ցնցուիմ: Խոնաւցած աչքերս կը փակեմ, եւ ... կը սկսի անցեալի ժապաւէնը մտապաստառիս վրայ տողանցել: Քառասուն տարի ետ կ՛երթամ: 1986, Ճեմարանի...

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան մէջ Սուրբ Գէորգը (յայտնի նաեւ որպէս Սուրբ Գէորգ Զօրավար) ունի յատուկ տեղ: Ան քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ, պատկառելի մարտիրոս մըն է, որ իր կեանքով եւ նահատակութեամբ դարձած է հաւատքի, քաջութեան եւ զոհաբերութեան խորհրդանիշ: Սուրբ Գէորգի կերպարը Ըստ աւանդութեան, Գէորգ ծնած է Կապադովկիոյ մէջ (մօտ երրորդ դար) ու դեռ երիտասարդ հասակին զինուորական ծառայութեան անցած է: Անոր...

Նոր Հրատարակութիւններ.  «Յուշագրական Պատառիկներ»-ու   Տպաւորութեան Տակ

Նոր Հրատարակութիւններ. «Յուշագրական Պատառիկներ»-ու Տպաւորութեան Տակ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Հասարակութեան մը կարեւորագոյն  արժանիքներէն մէկն է ճանչնալ եւ գնահատել   իր երախտաւորները: Նման տիպար անձնաւորութիւն մըն է բարեկամս` Կիրակոս  Գույումճեանը, որ տարիներ շարունակ իր ողջ հաւատքն ու եռանդը ներդրած է հայրենիքին, շրջապատին, Հայ դատին եւ հայմշակոյթի պաշտպանութեան: Նկարագիրով աշխատասէր ու յամառ է, բայց միեւնոյն ժամանակ` մեղմ ու ընկերասէր: Իր անձնական օրինակով ցոյց կու տայ, որ հայրենասիրութիւնը զգացմունք չէ  միայն,...

«Հոգու Պարտք» Յարութ Չէքիճեանին

«Հոգու Պարտք» Յարութ Չէքիճեանին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Սիրելի՛ Յարութ, Մեկնումիդ գոյժը ցնցող էր հարազատներուդ, ընկերներուդ ու բարեկամներուդ, նա՛եւ ինծի համար, չմանրամասնեմ, թէ ինչո՛ւ: Քանի մը օր առաջ «Ազդակ»-ի էջերուն լոյս ընծայուած հակիրճ կենսագրականդ ալ բաժին ունեցաւ, որ քիչ մը աւելի խորանամ յուշերուս շտեմարանին մէջ, եւ ահա կը փորձեմ հետդ հեռակայ զրոյցի նստիլ: Սովորաբար մարդս կը զրուցէ իրեն պէս աշխարհի վրայ եղողներու հետ, զրոյցը կ՛ըլլայ ուղղակի,...

Այժմէական Հարցեր

Այժմէական Հարցեր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Շատ ծիծաղելի կը թուի երբեմն, երբ լիբանանահայութեան մէջ կը լսենք զրոյցներ ամերիկահայութեան, ֆրանսահայութեան եւ այլնի... այլասերումին շուրջ, երբ հոս` Լիբանանի մէջ, արդէն իսկ սկսած ենք ձուլուիլ եւ մեր ինքնութիւնը կորսնցնել: Լիբանանի մէջ բնակող հայութեան թիւը կը հասնի 200 հազարի, եւ տօնական օրերուն եկեղեցիներու խեղճ յաճախումի վիճակը մեծ հարցումներու դուռ կը բանայ: Կրնան ոմանք առարկել, թէ եկեղեցի յաճախողներով չէ,...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Արարատը Որպէս Խորհրդանիշ. Ֆութպոլի Հաւաքականի Շապիկէն Անհետացումէն Մինչեւ Սահմանահատման Դրոշմակնիքին Վրայէն Չեղարկումը Եւ Հանրի Վերնոյի Ֆիլմը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 1973-ին, Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ախոյեանութեան Արարատ - Տինամօ Քիեւ աւարտական խաղի նախօրեակին, գծանկար մը կար Արարատ լերան խորքով եւ մօտաւորապէս հետեւեալ մակագրութեամբ. «Արարատցի՛ք, թէ Արարատից մի քայլ իջնէք ցած, ձեզ չի ների ո՛չ հայ ազգը, ո՛չ Մասիսը, ո՛չ էլ Աստուած»: Արարատի պատմական յաղթանակէն ետք նոյն գծանկարին մակագրութիւնը փոխուած էր. «Արարատցիք, Արարատից չիջաք ցած, ձեզ կ՛ողջունէ ե՛ւ հայ...

Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտին Առիթով.  Պահպանե՛նք Հայու Տեսակը, Ազգային Արժէքները Եւ Դարաւոր Ժառանգութիւնը

Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտին Առիթով. Պահպանե՛նք Հայու Տեսակը, Ազգային Արժէքները Եւ Դարաւոր Ժառանգութիւնը

Հայ դպրոցը ունի յստակ ազգային առաքելութիւն: Այսօր լիբանանահայ բոլոր վարժարաններու պարտքն է պատրաստել գիտութեամբ ու մարդկային արժէքներով զինուած հայեր, որոնք վաղը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեր ընկերութեան զարգացման եւ իրենց ներդրումը պիտի ունենան հայրենիքի բարգաւաճման ճիգերուն մէջ: Անցնող տարիներու մեր ազգի դիմագրաւած նոր տագնապները` Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ Արցախի յանձնումը, ապազգային մօտեցումները, հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական այսպէս կոչուած «բարեկամութիւնները», հոգեւոր-ազգային արժէքներու նկատմամբ...

Հայ Դատի Ամառնային Համալսարանի Երկրորդ Շրջանը Մարսէյի Մէջ

Հայ Դատի Ամառնային Համալսարանի Երկրորդ Շրջանը Մարսէյի Մէջ

Մարսէյի մէջ օրերս տեղի ունեցաւ Հայ դատի պայքարի շարունակականութեան հիմնախնդիրին նուիրուած Հայ դատի ամառային համալսարանի երկրորդ շրջանը` կազմակերպուած ՀՅԴ Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբին կողմէ: Նախաձեռնութեան ներկայ գտնուեցան շուրջ 200 մասնակիցներ, եւ կայացան քննարկման չորս սեղաններ` հայ համայնքի ներկայիս մարտահրաւէրները վերլուծելու նպատակով, այդպիսով անդրադառնալով ֆրանսահայերուն` որպէս քաղաքացիներու, պարտականութիւններուն, Հայ դատի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան քաղաքականութեան տարանջատման, երիտասարդ սերունդի կրթութեան եւ հարցական...

Gramophone

Gramophone

ՍԱՐԳԻՍ ՔԷԼ ԽԱՉԵՐԵԱՆ Սենեակին մէկ մոռցուած անկիւնը, մեծ մօրս հին օթոցին տակ, փոշիներուն տակ խեղդուած` յոգնատանջ gramophone մըն էր, փոշիով ծածկուած, բայց միշտ հաւատարիմ: Կիսաբաց բերանով կը մրմնջէր valse մը, որ հայրս կը սիրէր լսել, իրիկունները, երբ թէյը գոլ էր, մոմերը` կիսահալ: Յուշ մը` սահուն, փախած արեւմտեան գիշերներէն, կը կաթէր անոր ժանգոտ սլաքին պաղ երկաթէն, եւ կը թափէր իր շշուկը,...

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Արհեստական բանականութիւնը կը նկատուի յեղափոխական եւ աշխարհը փոխող, բայց այդ զերծ չէ թերութիւններէ: ՊԼՈԿԸՐ ՄԱՅՔ ԹՈՄԱՍ Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) կը ներկայացնէ վտանգներ, որոնց շարքին` գործազրկութիւն, խոր կեղծիքներ, կողմնակալ ալկորիթմներ, գաղտնիութեան խախտումներ, զէնքի ինքնագործում  եւ ընկերային դաւեր: Կարգ մը մասնագէտներ եւ առաջնորդներ կոչ կ՛ընեն աւելի զօրաւոր կարգաւորման եւ բարոյագիտական հսկողութեան, քանի որ ԱԲ-ն  աւելի հզօր կը դառնայ եւ կը...

Նշմար.  Պաքուի Պահանջները Հնչեցին Երեւանի՛ Մէջ

Նշմար. Պաքուի Պահանջները Հնչեցին Երեւանի՛ Մէջ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եթէ Հայաստանի, նաեւ` սփիւռքի մէջ կան կամակոր բթացեալներ, որոնք կը հաւատան, թէ փաշինեանական` «խաղաղութիւնը հասած է» քարոզը սուտ ու անրջային չէ, անոնք պէտք է իրենց գլուխները անգամ մը եւս զարնեն դաժան իրականութեան պատին: Ազրպէյճան երկուշաբթի (22 սեպտեմբերին) իր մէկ պաշտօնական պատգամաբերին բերնով վերահաստատեց այն, ինչ որ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրները իբրեւ իրերայաջորդ ահազանգ հնչեցուցած են աւելի քան հինգ տարիէ ի...

Հայաստանի Գոյատեւումը Կախեալ Է Ուժեղ Բանակէն, Եւ Ոչ` Սին Խօսքերէն

Հայաստանի Գոյատեւումը Կախեալ Է Ուժեղ Բանակէն, Եւ Ոչ` Սին Խօսքերէն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ամէնօրեայ յայտարարութիւններուն արձագանգելը լիաժամ աշխատանք է: Ես ոչ մէկ հաճոյք կը ստանամ զայն բազմիցս քննադատելէ, սակայն անպատասխանատու պիտի ըլլայ անտեսել անոր հակազգային դիրքորոշումները` առանց մտահոգուելու անոնց կործանարար հետեւանքներուն մասին: Ահաւասի՛կ` անոր վիճայարոյց յայտարարութիւններուն վերջին օրինակը: Սեպտեմբեր 15-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայութիւն 2025» միջազգային համաժողովին արտասանած իր 46 վայրկեան տեւած խօսքը Փաշինեան...

Դէպի Ո՞ւր. Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Մեզ Կը Միաւորէ Այն, Ինչ Որ Բաժնեց

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ Բառախաղ չէ: Մեզ` հայերս, ի՛նչը բաժնեց: Մեզ բաժնեցին թշնամիները, հուրով-սուրով երկիրը բաժան-բաժան ըրին: Պատերազմները, բռնագաղթը, կոտորածն ու վերջապէս, ցեղասպանութիւնը` մարդիկը կոտորելով, հայրենազրկելով, հարկադիր կրօնափոխ ընելով, մայրենի լեզուն արգիլելով, հայրենիք վերադարձը չթոյլատրելով, մատնիչ եւ դաւաճան դարձնելով` բաժնեցին: Հազարամեակներ հայը իր հայրենիքին մէջ ենթարկուեցաւ հարկադիր բաժանարարութեան, երբ չկարողացաւ իր կայքը, իր հողը, երկիրը, պետութիւնը պաշտպանել: Այս ամբողջ եղելոյթը մէկ բառով...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Սփիւռքահայ առօրեան, իր բազմաձայն ու բազմազան իրականութիւններով, ունի մէկ հիմնական առաքելութիւն` հայապահպանում: Հայապահպանութեան` կարեւորագոյն սիւները դպրոցն ու եկեղեցին են անկասկած: Հայապահպանում չի նշանակեր միայն մեր ժողովուրդին պատմական յիշողութիւնը կենդանի պահել, այլ նաեւ` մայրենի լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը եւ ազգային արժէքները: Ահա՛ այստեղ է, որ հայագիտութիւնը կը ստանայ կենսական ու անփոխարինելի դեր: Առանց դպրոցի եւ եկեղեցիի` անսնունդ կը մնան մնացեալ...

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…

Ձախողուած Խոստումներն Ու Անյաջող Արդարացումները…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Այն, որ Թրամփը (թէպէտ` ինչ-որ տեղ իրաւացիօրէն) օրնիբուն դատափետում է իր նախորդին` սեփական ձախողումներն արդարացնելու մտօք, պարզ է ու մեկին բոլորի համար: Եւ արդէն, առաւել քան երբեւէ, փաստ է հանրապետական Թրամփի նախընտրական խոստումների անկատարութիւնը, ինչքան էլ որ դրանում մեղադրւի դեմոկրատական Պայտընը… Մինչ այս, մինչ այն, բայց եւ այնպէս նաեւ փաստ է, որ ամերիկեան հասարակա-քաղաքական բազմաշերտ ընտրանին սկսել է...

Պապ Ալիի Ցոյցին Յիշատակին.  Բոլորէն Աւելի՛ Հզօր Զէնքը Հայ  Ժողովուրդին Անսասա՛ն Կամքն Էր

Պապ Ալիի Ցոյցին Յիշատակին. Բոլորէն Աւելի՛ Հզօր Զէնքը Հայ Ժողովուրդին Անսասա՛ն Կամքն Էր

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Հին առածը կ՛ըսէ` պատմութեան էջերը կը գրուին  թագաւորներու ու բռնատէրերու հրամանով: Բայց յաւիտենապէս ճիշդ չէ այս   հասկացողութիւնը: Պատմութիւնը նաեւ կը գրուի ժողովուրդներու խիզախ արտայայտութիւններով: Յաճախ օրուան մը դէպքը բաւարար է` նկարագրելու տուեալ  ժողովուրդին կամքը: Պապ Ալիի ցոյցը, որ տեղի ունեցաւ 18 սեպտեմբեր 1895-ին, Պոլսոյ մէջ, այդպիսի պատմական վկայութեան մը վառ օրինակն է: Պապ Ալիի ցոյցը կ՛արտայայտէր հայ  ժողովուրդին...

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Հանգիստ Ունենալ, Երբ Շուրջբոլորդ Տեղահանուած, Ամէն Ինչ Կորցրած Ազգիդ Մասնիկներն Են

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Հանգիստ Ունենալ, Երբ Շուրջբոլորդ Տեղահանուած, Ամէն Ինչ Կորցրած Ազգիդ Մասնիկներն Են

ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱՊՈՒՍԷՖԵԱՆ Սեպտեմբեր 20-ը արցախահայութեան բռնի տեղահանման տարելիցն է: Իրապէս` դժուար ընդունելի, ծանր ապրումների օր, յիշելով այն պայմանները, որով պայքարեցին արցախցիները, փորձեցին պաշտպանել իրենց նուիրեալ հայրենի հողը, սակայն անտեղեակ դաւաճանի ծրագրերից` յայտնուեցին նրա որոգայթում դատապարտուեցին տեղահանման, հայրենի երկրի կորստին: Մինչ մեզնից շատերի համար այս օրը ծանր վկայագրութեան օր է, Հայաստանի իշխանութեան համար, պարզւում է, կրկին թշնամու հետ հանդիպման առիթ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. Սահման Խախտելը Արդարացում Չունի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհի լրատու աղբիւրները` Եւրոպայէն մինչեւ ամերիկեան ու ծայրագոյն արեւելեան երկիրներ, ուրբաթ, 19 սեպտեմբերին ահազանգերու երգչախումբ հնչեցուցին` յայտարարելով, որ ռուսական երեք օդանաւեր խախտած են Էսթոնիոյ օդային սահմանները, հաւաստեցին, որ դէպքը պատահած է Պալթիք ծովու Ֆինլանատա ծովածոցի գօտիին մէջ, Վայնտլու կղզիին վերեւ: Ռուսական օդանաւերը 12 վայրկեան մնացած են էսթոնական օդային տարածութեան մէջ ու ետ մղուած` ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական միջոցներուն կողմէ: Արեւմտեան...

Page 79 of 1110 1 … 78 79 80 … 1,110

Արխիւներ