Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Հրատարակութիւններ. «Յուշագրական Պատառիկներ»-ու Տպաւորութեան Տակ

September 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հասարակութեան մը կարեւորագոյն  արժանիքներէն մէկն է ճանչնալ եւ գնահատել   իր երախտաւորները: Նման տիպար անձնաւորութիւն մըն է բարեկամս` Կիրակոս  Գույումճեանը, որ տարիներ շարունակ իր ողջ հաւատքն ու եռանդը ներդրած է հայրենիքին, շրջապատին, Հայ դատին եւ հայմշակոյթի պաշտպանութեան:

Նկարագիրով աշխատասէր ու յամառ է, բայց միեւնոյն ժամանակ` մեղմ ու ընկերասէր: Իր անձնական օրինակով ցոյց կու տայ, որ հայրենասիրութիւնը զգացմունք չէ  միայն, այլ` պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն: Սրտաբուխ  մասնակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուած զանազան ծրագիրներու, հայ ուսանողներու վերելքին սատարող «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը, բարեգործական զանազան նախաձեռնութիւններ կը վկայեն անոր մեծահոգի սիրտը եւ անխախտ համոզումները:

Բարեկամս գրող եւ մտաւորական է:  Տարիներէ ի վեր յօդուածներ կը ստորագրէ  հայ եւ օտար մամուլի մէջ` անդրադառնալով  սփիւռքի եւ հայրենիքի իրավիճակին, հայ մշակոյթի պահպանման, ընկերային դիմագիծով խնդիրներու: Կրնամ անվարան   ըսել, թէ սփիւռքահայ այն հազուագիւտ անձնաւորութիւններէն է, որ մեր ժողովուրդին պատմութիւնը մշակոյթը, աւանդութիւնները, պահանջատիրական պայքարը, Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը կը ներկայացնէ օտար հանրութեան: Անոր հեղինակած հայերէն եւ արաբերէն` գիրքերուն շարքը ուսանելի եւ բազմաբնոյթ` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով` «Կայաններ եւ դիրքորոշումներ», արաբերէն` «մուհաթթատ ուա Մաուաղիֆ»: Քանի մը   տարի ետք 2023-ին լոյս տեսաւ «Ռիհլաթի մաա ալ հատիտ», երկաթի վերաբերեալ, գիտական, պատմամասնագիտական  հատորը:

Այս երկլեզու գրական աշխատութիւնները կը վկայեն անոր մտքի խորութիւնը, գիտելիքներու լայն շրջանակը եւ անխոնջ ստեղծագործական ոգին:

Բարեկամս բարեխիղճ եւ պարկեշտ անձնաւորութիւն մըն է: Ճշմարտութիւնը  եւ  արժանապատուութիւնը  եղած են անոր  կեանքին ուղեցոյցը: Մօտիկները միշտ կը շեշտեն` անոր ընկերասիրութիւնը, գթասրտութիւն եւ կարիքաւորներուն ձեռք մեկնելու պատրաստակամութիւնը: Աւանդապահ է եւ հաւատացող` Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան: Մէկ խօսքով, կեանք մը` կառուցուած հոգեւոր սկզբունքներու, բարոյական արժէքներու եւ ազգային արժանիքներու վրայ:

Համազգային հաւատքի ու ծառայութեան կողքին, ան նաեւ ընտանիքի տիպար հայր է:

Յօդուածը կը գրեմ  բարձրագոչ, գնահատելու եւ հրապարակայնօրէն արժեւորելու տիպար հայու մը կեանքը, որ կ՛արտացոլայ անոր   ստորագրութեամբ` «Յուշագրական  պատառիկներ» նոր լոյս տեսած գիրքին տպաւորութեան տակ:

Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեան  ամբողջական տիպարն է այն հայրենասէր, գիտակ, նուիրեալ եւ ստեղծագործ հայուն, որուն ներկայութիւնը մեր բոլորին համար կը դառնայ ոգեւորող  օրինակ:

 

 

Նախորդը

«Հոգու Պարտք» Յարութ Չէքիճեանին

Յաջորդը

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.