Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այժմէական Հարցեր

Սեպտեմբեր 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Շատ ծիծաղելի կը թուի երբեմն, երբ լիբանանահայութեան մէջ կը լսենք զրոյցներ ամերիկահայութեան, ֆրանսահայութեան եւ այլնի… այլասերումին շուրջ, երբ հոս` Լիբանանի մէջ, արդէն իսկ սկսած ենք ձուլուիլ եւ մեր ինքնութիւնը կորսնցնել:

Լիբանանի մէջ բնակող հայութեան թիւը կը հասնի 200 հազարի, եւ տօնական օրերուն եկեղեցիներու խեղճ յաճախումի վիճակը մեծ հարցումներու դուռ կը բանայ: Կրնան ոմանք առարկել, թէ եկեղեցի յաճախողներով չէ, որ ձուլում կը չափենք: Շա՛տ աղէկ, նոր սերունդո՞վ. Վարդանանց տօնուեցաւ Հայկազեան քոլեճի մէջ, եւ 275 հայ աշակերտներէն  ներկայ էին միայն 22 հոգին, որոնց երեքը բանախօսներն էին արդէն… Տօնակատարութիւն մը, որուն մասին մէկ շաբաթ ծանուցում եղած էր արդէն… Երբ հայ համալսարանականը այդ կէս ժամուն կը նախընտրէ քոլեճի բակին մէջ շատախօսութիւնը Վարդանանց տօնակատարութենէն` մեր ազգային մեծագոյն տօներէն մէկէն, այդ սերունդը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` ձուլուած:

Անցեալ տարուան ապրիլեան Եղեռնի շաբթուան նուիրուած ցուցադրութեան Ամերիկեան համալսարանի սրահին մէջ պատահեցաւ մէկուկէս միլիոն մէկերորդ ջարդը… Երկու հայ ուսանողներ, հայ ուսանողուհի մը եւ թուրք ուսանող մը կը զրուցեն Հայկական հարցին շուրջ, եւ թուրք ուսանողէն աւելի հայ օրիորդը կը պաշտպանէ թուրքը ու իր թեզը, եւ զրոյցի վերջաւորութեան կ՛ըսէ մեր հայ օրիորդին միւս հայ երիտասարդներու ներկայութեան. «Ցտեսութիւն, ծովեզերքը կը հանդիպինք ժամը երկուքին…»: Այս դէպքը պատահեցաւ մեր ուսեալ շրջանակին մէջ, եւ երկու հայ երիտասարդներու ներկայութեան, Լիբանանի մէջ, սփիւռքահայութեան պատիւը եղող լիբանանահայ գաղութին մէջ … ապրիլ 24-ի առթիւ:

Ահաւասի՛կ աղէտ, ահաւասի՛կ ջարդ, ահաւասի՛կ այլասերում` իր բարձրագոյն գագաթնակէտին վրայ: Եւ այսօր լուսնոտ եւ յիմար ճարտասաններ ձայներնին բարձրացնելով` կը պոռչտան. «Թուրքը փորձեց բնաջնջել մեզ, եւ ահա այսօր ի սփիւռս աշխարհի մենք տակաւին ողջ ենք, եւ ամէն նոր ծնող հայ երեխայ զէնք մըն է թուրքին դէմ…»: Ահաւասի՛կ նոր ծնող երեխաները, մէկը թուրքին հետ բաղնիք կը մտնէ, միւս երկուքն ալ կը դիտեն…

***

Ձուլումն ու այլասերումը յառաջ կու գան ազգային սնունդի պակասէն: Ազգային սնունդը կու գայ տունէն եւ միջավայրէն: Ձուլումի սնունդը նոյնպէս կու գայ տունէն, դպրոցէն եւ միջավայրէն: Ուրեմն շիտակ տունը, շիտակ դպրոցը եւ շիտակ միջավայրը կը պահէ հայորդին` Հա՛յ:

Կրնայ անձ մը հայերէն գրել, կարդալ եւ խօսիլ գիտնալ, սակայն այդ զինք հայ չի պահեր, քանի այդ նոյն անձը կրնայ ուրիշ քանի մը լեզուներ ալ գրել, կարդալ եւ խօսիլ գիտնալ, եւ այդ ըսել չէ, թէ քանի մը ազգի մարդ է: Սակայն երբ որոշ ազգի մը բարքերն ու մշակոյթը զինք աւելի կը տպաւորեն, այն ատեն այդ անձը կրնանք դասել այդ մշակոյթին տէր ազգին մէջ: Ուրեմն, երբ հայ երիտասարդին Ամերիկայի, Ռուսիոյ, Անգլիոյ կամ այլ երկիրներու մշակոյթը աւելի կը տպաւորէ, հաճոյք կը պատճառէ, եւ ան կ՛ուզէ նմանիլ այդ ազգի զաւակներուն, այն ատեն իր հայորդի ըլլալը կամ հայերէն գիտեալը երբե՛ք զինք հայ չի պահեր: Այսինքն, երբ մէկու մը համար այսինչ ազգին մշակոյթը, բարքերը, կեանքը հաճելի կը թուին, այն ատեն ինք այդ ազգին հարազատ անդամը կ՛ըլլայ, ուրիշ որեւէ ազգէ աւելի:

Ուրեմն փորձենք գտնել, թէ ինչո՛ւ հայ երիտասարդը չի տպաւորուիր հայ մշակոյթով եւ բարքերով, պիտի տեսնենք, թէ պատճառը հայ մշակոյթի փրոփականտին պակասն է: Փրոփականտի ձեւերը շատ են` հեռատեսիլը, շարժապատկերը, ձայնասփիւռը եւ տպագրութիւններ: Այս բոլոր մարզերուն մէջ շատ խեղճ աշխատանք կատարուած է, եթէ երբեք…

Այս տարուան հայկական Ս. Ծնունդի առթիւ հեռատեսիլէն յայտագիր մը դիտեցինք … յայտագիրը սկսաւ Ս. Ծնունդով եւ վերջացաւ Վարդանանցով… Չգիտցողներուն համար բացատրեմ: Ուրեմն,  երբ օրուան յայտագիրը վերջացաւ, գիրերը գրուած ատեն Քաջն Վարդանի նկարը երեւցաւ եւ յայտնուեցաւ, որ դիտածնիս անցեալ տարուան Վարդանանցի տօնակատարութեան ժապաւէնն էր… Ամօ՛թ: Ըստ երեւոյթին, լիբանանահայութեան մէջ չէ մնացած որեւէ մէկ արուեստագէտ` մեր մշակոյթը ներկայացնելու թէ՛ մեզի եւ թէ՛ ալ օտար ունկնդիրներուն:

Տարի մը փորձուեցաւ ամիսը մէկ ժամ մշակութային յայտագիր մը ներկայացնել, եւ քանի մը շատ յաջող յայտագիրներէ ետք քննադատուեցաւ ու այդ ալ չմնաց… Եւ հիմա հայ պատանին հեռատեսիլին առջեւ մագնիսացած` իր տիպարները կը կերտէ` օտար տիպարներ:

Չենք մոռնար այն յայտագիրները, որոնք կը ներկայացուին հեռատեսիլէն` հայկական ընկերութեանց դրամագլուխներով (փրոփականտի համար): Արդեօք այն վաճառականները, որոնք ծանուցում կու տան հեռատեսիլէն, չե՞ն կրնար քով-քովի գալով շաբաթը մէկ ժամ հայկական յայտագիր ներկայացնել հեռատեսիլէն: Չեն պակսիր արուեստագէտները, սակայն կը պակսի ազգասիրութիւնը, եւ կ՛աւելնայ այլասիրութիւնը:

Գալով Լիբանանի ձայնասփիւռին ամէն չորեքշաբթի տանջանքով կը լսենք միջնադարեան գործիքներով ընդօրինակուած երգեր ու եղանակներ, եւ հարց կու տամ ես ինծի, թէ այս օրերուս էլեկթրոնիքսի յառաջդիմութեան մէջ արդեօք լիբանանահայութիւնը չունի՞ արդի ժապաւէնի եւ երգապնակի գործիքներ, որոնց միջոցաւ կարելի ըլլայ մաքուր եւ անուշ երգեր ձայնասփռել աղմուկի փոխարէն: Կամ թէ չկա՞ն երբեք նոր, արդի երգապնակներ, որպէսզի հաճոյքով մտիկ  ընենք ոչ թէ կէս ժամ, այլ, ինչո՞ւ չէ, շարաթը երկու ժամ հայկական յայտագիր Լիբանանի ձայնասփիւռէն:

Հեռատեսիլի ծանուցումներու սակէն կարելի է կռահել, թէ որքա՛ն կարեւոր է փրոփականտը: Երբ կ՛ուզենք պայքարիլ այլասիրութեան դէմ, պէտք է հայ մշակոյթը ներկայացնենք փրոփականտի բոլոր միջոցներով:

***

1968 դեկտեմբեր ամսուն մեր այս Լիբանանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային մարդկային իրաւանց յանձնախումբի ժողովը: Հակառակ անոր որ մեր Պէյրութի սիրելի քաղաքապետութիւնը ամէն ջանք թափեց, պաստառներ փակցուց ամէն փողոցի մէջ, մանաւանդ` հայաշատ կեդրոններու մէջ, որպէսզի արթննանք, զգանք, որ Միջազգային մարդկային իրաւանց յանձնախումբը ժողով մը պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ, եւ որ` այս յանձնախումբի առաջին իսկ ժողովը պէտք է յատկացուի հայ ազգի մարդկային իրաւունքներուն… Սակայն այդ խնդիրը հոն արծարծողը չգտնուեցաւ… Լիբանանի 200 հազար հայերէն…

 

Հայկազեան քոլեճի «Նաւասարդ» պարբերաթերթէն
Մարտ 1968

Նախորդը

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Յաջորդը

«Հոգու Պարտք» Յարութ Չէքիճեանին

RelatedPosts

Հաւատքի Մարդը  (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Շարունակուող Տերեւաթափ  (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)
Անդրադարձ

Շարունակուող Տերեւաթափ (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ
Անդրադարձ

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?