Սփիւռքահայ առօրեան, իր բազմաձայն ու բազմազան իրականութիւններով, ունի մէկ հիմնական առաքելութիւն՝ հայապահպանում։
Հայապահպանութեան կարեւորագոյն սիւները դպրոցն ու եկեղեցին են անկասկած: Հայապահպանում չի նշանակեր միայն մեր ժողովուրդին պատմական յիշողութիւնը կենդանի պահել, այլեւ մայրենի լեզուն, գրականութիւնը, մշակոյթը եւ ազգային արժէքները։ Ահա՛ այստեղ է, որ հայագիտութիւնը կը ստանայ կենսական ու անփոխարինելի դեր։ Առանց դպրոցի եւ եկեղեցիի անսնունդ կը մնան մնացեալ բոլոր կառոյցները:
Անցնող երեսուն տարիներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անմիջական հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ գործող Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնը նոր շունչ ստացաւ քանի մը օր առաջ, երբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով յետ այսու պիտի կոչուի «ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ»:
Վեհափառ Հայրապետը իր գահակալութեան առաջին տարիներէն, համեստ պայմաններու մէջ նախաձեռնած է Արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ պահպանման ծրագիրը: Այդ դասընթացքները սկզբնական շրջանին համեստ, սակայն խորացած ծրագիրով ընթացան: Ժամանակի ընթացքին, անոր գործունէութիւնը աստիճանաբար զարգացաւ ու ամրապնդուեցաւ՝ դառնալով այն կեդրոնը, որ այսօր արժանաբար կոչուեցաւ «ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ»:
Սովորական անուանափոխութիւն մը չէ այս ողջունելի որոշումը: Ան գնահատանք եւ յարգանք մըն է ուղղուած մեր մեծանուն Վեհափառ Հայրապետին, որ տարիներ շարունակ իր օրհնութեամբ, անմիջական հսկողութեամբ եւ քաջալերանքով հետեւած է Հայագիտական Կեդրոնին զարգացման փուլերուն:
Այս քայլը կը նշանաւորէ ո՛չ միայն Հայագիտական Կեդրոնի յառաջընթացը, այլեւ հայ լեզուի, մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանութեան անփոփոխ յանձնառութիւնը։
Անկասկած, Արամ Ա. Կաթողիկոսի անուամբ շնորհուած յիշեալ Հիմնարկը միայն տիտղոս չէ, այլ կը հանդիսանայ պարտաւորութիւն ու պատգամ։ Պարտաւորութիւն՝ շարունակել զարգացնել Արեւմտահայերէնի ուսուցումը, մշակել նոր ծրագիրներ, կազմակերպել գիտական ու մշակութային ձեռնարկներ, սերունդներուն փոխանցել հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան ու հայ մշակոյթի հարստութիւնները։ Պատգամ՝ ամրացնել ազգային ինքնութիւնը, խթանել համայնքային միասնականութիւնը, կապ Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ։
«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ»ը պիտի դառնայ փոխանցման կարեւոր հարթակ: Ան պիտի դառնայ սփիւռքահայութեան եւ լիբանանահայութեան հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն: Լիբանանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հայագիտութեամբ զբաղող անհատներուն հասանելի պիտի դարձնէ հայերէն լեզուն, գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը:
Նորին Սրբութեան անմիջական քաջալերանքով ու հսկողութեամբ, նախաձեռնութիւնը զարգացման նոր խարիսխ գտաւ: Հիմնարկը իր բազմածաւալ ծրագիրներուն մէջ պիտի խթանէ գիտական հետազօտութիւնները, ստեղծագործական նախաձեռնութիւնները: Հիմնարկը նաեւ կը նախատեսէ լայնածաւալ ու որակաւոր ծառայութիւններ՝ հայապահպանութեան, լեզուի զարգացման եւ սերունդներու դաստիարակութեան առումով։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միշտ լաւատեսութիւն եւ հաւատք յայտնած է ապագայի հանդէպ: Ան համոզուած է եւ գիտէ՝ լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը միայն անխախտ պահելով կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել սփիւռքահայութեան գոյութիւնը: Մայրենի լեզուն՝ իր հարուստ բառապաշարով, նրբագեղ հատուածներով, գրական ժառանգութեամբ եւ բանահիւսական զարմանահրաշ աղբիւրներով, պիտի պահուի, տարածուի եւ փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն։
Հիմնարկը կը գործէ Կաթողիկոսարանի անմիջականօրէն առնչուած Խորէն Ա. Կեդրոնին մէջ, Ֆանար:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսը այս նախաձեռնութեամբ մեզի հաւատք կը ներշնչէ՝ հաւաքական ճիգերով յաղթահարելու ժամանակի մարտահրաւէրները:
«ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿ»ը պիտի մնայ Արեւմտահայերէնն ու ազգային ինքնութիւնը պահպանելու ամուր պատնէշ եւ յաւերժ ուղեցոյց: