Հին առածը կ՛ըսէ` պատմութեան էջերը կը գրուին թագաւորներու ու բռնատէրերու հրամանով: Բայց յաւիտենապէս ճիշդ չէ այս հասկացողութիւնը: Պատմութիւնը նաեւ կը գրուի ժողովուրդներու խիզախ արտայայտութիւններով: Յաճախ օրուան մը դէպքը բաւարար է` նկարագրելու տուեալ ժողովուրդին կամքը:
Պապ Ալիի ցոյցը, որ տեղի ունեցաւ 18 սեպտեմբեր 1895-ին, Պոլսոյ մէջ, այդպիսի պատմական վկայութեան մը վառ օրինակն է:
Պապ Ալիի ցոյցը կ՛արտայայտէր հայ ժողովուրդին ապրելու կամքը եւ ոգին: Անիկա յեղափոխական արկածախնդրութիւն մը չէր, ինչպէս կը փորձեն ներկայացնել ոմանք, այլ` հայ ազգային ազատագրական պայքարի փայլուն էջերէն մէկը: Ցոյցը բռնութեան եւ իրաւունքներու ոտնահարման դէմ պոռթկում մըն էր: Ցոյցէն օրեր առաջ պատրաստուած էր հայերէն, թրքերէն եւ ֆրանսերէն յայտարարութիւն մը` բաժնելու ժողովուրդին: Սուլթանը եւ եւրոպական պետութիւններու դեսպանները նախապէս տեղեակ պահուած էին ցոյցէն:
Իսկ ի՞նչ կը պահանջէր դարեր շարունակ անիրաւուած հայ ժողովուրդը: Ան կը բողոքէր` իր տնտեսական, ընկերային պայմաններէն, մնայուն հալածանքներու դէմ, անթիւ ձերբակալութիւններու դէմ, բանտարկեալներու հանդէպ անմարդկային չարչարանքներուն դէմ, Սասնոյ կոտորածին դէմ, ուր կը խնդրուէր կեանքի եւ ունեցուածքի ապահովութիւն: Ան կը պահանջէր` խղճի, խօսքի, մամուլի ազատութիւն, իրաւական կառոյցներու անաչառութիւն, հայկական նահագներու համար եւրոպացի ընդհանուր կառավարիչի մը նշանակում, տուրքերու մեղմացում, քիւրտերու կողմէ պարտադրուող ապօրինի տուրքերու ջնջում:
Սոյն պահանջագիրէն օրինակներ յանձնուած էին Թուրքիոյ արդարադատութեան ատեանի ընդհանուր դատախազին, ոստիկանութեան նախարարին:
Սուլթան Համիտի դաժան պատասխանն ու սարսափը չկրցան կասեցնել մեր ժողովուրդին հաւատքն ու ձգտումը: Հոսող արիւնը չմարեց պահանջատիրութեան ձայնը:
Իրաւունքներու պաշտպանութեան վեհաշուք դրսեւորումը ոչ միայն պահանջատիրական ձայն մըն էր համիտեան բռնապետութեան դէմ, այլեւ յանդուգն հրաւէր մը` աշխարհին բարձրաձայնելու, որ հայ ժողովուրդը նոյնիսկ ճնշումներու տակ չէր հրաժարած իր իրաւունքներու պաշտպանութենէն:
Այսօր եւս նոյն պատգամը մեզի կը դառնայ յորդոր: Հայ ժողովուրդը չի կրնար թմբիրին մէջ փակուիլ, անտարբեր մնալ իր պատմական կորուստներուն, Հայաստանի պետականութեան դիմագրաւած վտանգներուն, մանաւանդ` Արցախի ողբերգութեան առջեւ: Բողոքի ձայնը բարձրացնել` ներկան ուղղելու եւ ապագան պաշտպանելու պարտաւորութիւն է միաժամանակ: Պապ Ալիի ցոյցին խորհուրդը այսօր ալ կը պատգամէ մեզի` զարթի՛ր, մի՛ լռեր, ձա՛յնդ բարձրացուր` յանուն հայրենիքի, ազատութեան ու արժանապատուութեան:
Այս պատմական ցոյցին կարեւորութիւնը եւ արժեւորումը կատարելու համար անհրաժեշտ է փոխարդրուիլ 19-րդ դար: Ժամանակաշրջան մը, երբ հայը կ՛ապրէր ընկերային, տնտեսական խիստ ծանր պայմաններու տակ:
1894-ի Սասունի ինքնապաշտպանութեան բարբարոսական ճնշումը յառաջացուցած էր համաշխարհային հասարակայնութեան բողոքը: Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա մշակեցին (11 մայիս 1895) հայկական բարենորոգումներու ծրագիր մը, որ դժբախտաբար առաւելապէս կը հետապնդէր սուլթանին վրայ ճնշում բանեցնելու, քան արեւմտահայերու վիճակը բարելաւելու նպատակ: «Կարմիր սուլթան»-ը ըմբռնելով այս տրամադրութիւնը եւ օգտուելով մեծ պետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակասութիւններէն` շարունակեց իր հայաջինջ քաղաքականութիւնը:
Հնչակեան կուսակցութիւնը որոշեց 18 սեպտեմբեր 1895-ին Պապ Ալիի հրապարակին մէջ խաղաղ ցոյց մը կազմակերպել` «Մայիսեան բարենորոգումները» թրքական կառավարութեան հարկադրաբար գործադրել տալու նպատակով: Հնչակեան կուսակցութիւնը պատրաստած էր պահանջագիր մը, որ ներկայացուեցաւ իշխանութիւններուն:
Թուրք ոստիկանութիւնը, զօրքը, եւ զինուած խուժանը յարձակեցան խաղաղ ցուցարարներուն վրայ: Պոլսոյ ջարդերը ազդանշան դարձան գաւառներու մէջ հայերու զանգուածային կոտորածներու:
Պապ Ալիի ցոյցը զուտ քաղաքական շարժում մը չէր, այլ` համարձակ քայլ, որուն մէջ դրսեւորուեցաւ Հնչակեան կուսակցութեան վճռակամ եւ յանդուգն դիրքորոշումը: Օսմանեան Թուրքիոյ ծանր եւ ճնշիչ պայմաններուն տակ սուլթանին դէմ ցոյց կազմակերպելը կ՛ենթադրէր պատրաստ ըլլալ անձնական վտանգներու եւ անխուսափելիին… Ցոյցը ազգային անսահման խիզախութեան վկայութիւն մըն էր: Ցոյցը ապացոյց էր, որ անկախ ճնշումներէն` պայքարը պիտի շարունակուէր:
Պապ Ալիի ցոյցը վկայեց, որ հայ ժողովուրդը իր արդար պահանջները պաշտպանելու համար, թերեւս փոքրաթիւ եւ ճնշուած, բայց` հոգեպէս անպարտելի, կրնայ դիմակայել հսկայական ուժերու:
Պապ Ալիի ցոյցը միաժամանակ դարձաւ խորհրդանիշ ոչ միայն քաղաքական պայքարի, այլեւ ազգային միասնականութեան եւ անձնազոհութեան խորհրդանիշ: Հայութեան բոլոր հատուածները` հնչակեանը, դաշնակցականը, վերակազմեալը մասնակցեցան, անխտի՛ր: Ականատեսներ կը վկայեն, որ ցոյցին մասնակից չորս հազար հայերը «Ձայն մը հնչե՛ց Էրզրումի հայոց լեռներէն» երգելով` շարժած են դէպի թրքական կառավարութեան նստավայրը…
Առ ի գիտութիւն` եւրոպական պետութիւնները հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը եւ Հայկական հարցը, ինչպէս միշտ ( մինչեւ օրս), օգտագործեցին Թուրքիոյ մէջ իրենց դիրքերը ամրապնդելու նպատակով եւ ոչինչ կատարեցին ցեղասպանութիւնը կանխելու ուղղութեամբ: Անոնց ճնշումին տակ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին սուլթանը ի վերջոյ հաստատեց «Մայիսեան բարեկարգութիւններ»-ու փաստաթուղթը: Ան կերպով մը զիջեցաւ պահանջներուն առջեւ: Հրամանագիրը ստորագրուեցաւ, սակայն գործադրութիւնը մնաց թուղթի վրայ, կոտորածները շարունակուեցան:
1894-1896-ի կոտորածները կարելի է նկատել համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն ոճրագործութիւններէն: Պատահածը անկասկած ցեղասպանութիւն էր, որուն զոհ դարձան շուրջ 300 հազար հայեր: Բռնի մահմետականացան առնուազն 100 հազար հայեր: Տասը հազար հայեր տարագրուեցան տարբեր երկիրներ:
Այսօր, երբ ոմանք անամօթաբար կասկածի տակ կ՛առնեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, քննարկութեան առարկայ կը փորձեն դարձնել նահատակներուն թիւը, կը հեգնեն պատմական արդարութիւնը վերականգնելու մեր հաւաքական ճիգերը, կշիռքի վրայ կը դնեն Ցեղասպանութեան հետապնդումը` շահաբե՞ր եղած է, թէ՞ ոչ, որակումներ կու տան մեր ժողովուրդի հայրենասիրութեան: Այդպիսիներուն անվերապահօրէն եւ հպարտութեամբ կը պատասխանենք` թէպէտ համեստ պայմաններու մէջ, սակայն հայ ժողովուրդը որոշ վայրերու մէջ դիմեց արժանապատիւ ինքնապաշտպանութեան: Այդ հերոսամարտերուն մէջ ծնան ժիրայրները եւ մուրատները, գէորգ չաւուշները, փարամազներն ու տոքթ. պեննէները, աղասիները, հրայր դժոխքները եւ ռոստոմները, սերոբ աղբիւրները եւ անդրանիկները:
Թող իմանան բոլորը: Ան, որ ականջ ունի, թող լսէ՛. հայ ժողովուրդը թերեւս փոքրաթիւ եւ ճնշուած, անոր սպառազինութիւնը սահմանափակ` որսորդական հրացաններ, քանի մը գնդացիր, իսկ մթերքը` խիստ սուղ: Սակայն բոլորէն աւելի՛ հզօր զէնքը հայ ժողովուրդին անսասան կամքն էր: