Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարունակուող Տերեւաթափ (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Մարսէյ-Փարիզ գնացքին մէջ եմ: Կեդրոնական Ֆրանսայի դաշտերուն մէջ հեղեղ է: Տխուր է եղանակը: Օրաթերթերուն կարեւոր վերնագիրները կամ զիս հետաքրքրող լուրերը կարդացի, հերթը հասաւ ընկերային ցանցերուն: Դիմատետրը կը բանամ եւ … մահազդ: Համօ Վարդանեան: Մարմինէս սարսուռ կ՛անցնի, ահաւոր կը ցնցուիմ: Խոնաւցած աչքերս կը փակեմ, եւ … կը սկսի անցեալի ժապաւէնը մտապաստառիս վրայ տողանցել: Քառասուն տարի ետ կ՛երթամ: 1986, Ճեմարանի բակը նստած ենք ընկերներով: Ամէն օրուան պէս, ընկեր Երուանդ Մոնոֆարեանը կը հասնի Համազգայինի տպարան, կը բարեւէ բոլորս եւ կ՛անցնի գրասենեակ, իսկ իրեն ընկերակցող բարձրահասակ ընկերը կու գայ եւ մուտքի ծառերուն տակի նստարաններուն վրայ կը նստի մեր մօտ: Շատ չանցած` կ՛իմանանք, որ ընկեր Երուանդին ընկերակիցն է: Եւ առաջին այդ պահէն կը զգանք պարզ, համեստ, հարազատ ջերմութիւն մը, որ շատ արագ վերածուեցաւ ընկերութեան, եւ որ շարունակուեցաւ մինչեւ … մահազդ:

Համոն եւ իր սերունդը անկեղծ զինուորներն են մեր կուսակցութեան: Անոնք իրենց ողջ կեանքը նուիրաբերած են ազգին, յատկապէս` լիբանանահայութեան ֆիզիքական գոյութեան, ինքնապաշտպանութեան: Անոնք եղան ամէն տեղ, ուր կարիքը կար զինեալ ներկայութեան` ակումբը, փողոցները, ղեկավար կամ պատասխանատու ընկերներու կողքին, տիւ ու գիշեր: Համոն «Նիկոլ Դուման» ակումբէն էր ակունքով, բայց վերջը փոխադրուեցաւ Էշրեֆիէ եւ մաս կազմեց «Ազատամարտ»-ի ընտանիքին: Համոյին հետ ստեղծուեցաւ մտերմութիւն մը նաեւ, աւելի ուշ, երբ Կեդրոնական կոմիտէի գործավար էի «Շաղզոյեան», եւ ինքը մաս կը կազմէր մեր թիկնապահ տղոց խմբակին: Հաճելի էին իրեն հետ մեր զրոյցները, որոնք յաճախ կը շարունակուէին գիշերը` «Ազատամարտ»-ի մէջ: Հազարումէկ դրուագներ ունէր ան` քաղաքացիական պատերազմի օրերէն եւ հետաքրքրական վկայութիւններ` ղեկավար ընկերներու մօտ իր անցուցած օրերէն: Վկայութիւններ, որոնք, ափսո՜ս, գրի չեն առնուած, ինչպէս` շա՜տ շատերու պարագային: Այդ դրուագները, վկայութիւնները եւ ապրուած օրերը մաս կը կազմեն մեծ հաշուով սփիւռքի պատմութեան մէկ երեսին, բայց մասնաւորապէս` լիբանանահայ գաղութի պատմութեան:

Պարզ, համեստ, քաջ ու առնական այս տղաքը իրենց նուիրումով, իրենց մարտական – կազմակերպական կարգապահութեամբ եւ կազմաւորումով, կուսակցութեան հանդէպ իրենց հաւատքով, ծառայութեան իրենց վաստակով արժանի են բոլորիս անվերապահ յարգանքին:

Տերեւաթափ է ոչ միայն ղեկավար կամ մտաւորական շրջանակի առումով, այլ նաեւ` անսակարկ ծառայութեան, համեստ զինուորներու վաստակաւոր փաղանգին մէջ:

Լոյս` հոգւոյդ, սիրելի Համօ, ընկե՛ր Համօ:

 

 

 

 

Նախորդը

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Յաջորդը

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Հաւատքի Մարդը  (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ
Անդրադարձ

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Սեպտեմբեր 27, 2025
Նոր Հրատարակութիւններ.  «Յուշագրական Պատառիկներ»-ու   Տպաւորութեան Տակ
Անդրադարձ

Նոր Հրատարակութիւններ. «Յուշագրական Պատառիկներ»-ու Տպաւորութեան Տակ

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?