Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մեկնումիդ գոյժը ցնցող էր հարազատներուդ, ընկերներուդ ու բարեկամներուդ, նա՛եւ ինծի համար, չմանրամասնեմ, թէ ինչո՛ւ: Քանի մը օր առաջ «Ազդակ»-ի էջերուն լոյս ընծայուած հակիրճ կենսագրականդ ալ բաժին ունեցաւ, որ քիչ մը աւելի խորանամ յուշերուս շտեմարանին մէջ, եւ ահա կը փորձեմ հետդ հեռակայ զրոյցի նստիլ: Սովորաբար մարդս կը զրուցէ իրեն պէս աշխարհի վրայ եղողներու հետ, զրոյցը կ՛ըլլայ ուղղակի, հեռաձայնով կամ նամակակցութեամբ: Ընթերցողս պիտի հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ անվերջ մեկնածի մը հետ զրոյցի նստիլ: Կ՛ըլլա՛յ, ընկե՛րս, բարեկա՛մս, որովհետեւ իրաւունք ունիմ, իրաւունք ունի՛նք քեզ տակաւին եւ երկար ատեն մեր կողքին տեսնելու…
Պիտի չաղաղակեմ` ինչպէս սովորաբար կ՛ընենք նման տխուր վիճակներու մէջ, պիտի չհարցնեմ` «Յարո՛ւթ, այդ ի՞նչ ըրիր»: Գիտե՞ս` ինչո՛ւ, որովհետեւ եղածը լաւ բան չէր, իսկ դուն այնքան ազնիւ, բարի, ընկերասէր, մարդասէ՛ր էիր, որ մինչեւ անգամ ա՛յս պարագային գէշ բան պիտի չընէիր, այսինքն ինչ որ եղաւ, քու ըրածդ չէր, չէր համապատասխաներ քու նկարագիրիդ, կեանքիդ վազքով կերտուած տիպարիդ: Պիտի բաւականանամ` միայն աւելցնելով, որ մահուան մէջ լաւ բան չկայ, սակայն կայ մէկը միւսէն աւելի՛ վատ, տաժանելի եւ ցաւալի մահ: Եկո՛ւր, չիյնամ նաեւ մահուան ու կեանքի իմաստին մասին փիլիսոփայելու փորձութեան մէջ, որովհետեւ անիկա պիտի հասցնէ ոլորապտոյտի մը, որ մարդուն ընկերակցած է իր ստեղծման առաջին պահէն իսկ եւ ընդհանրապէս, մասնաւորապէս ծանր վիշտի պահուն մնացած է անպատասխան:
***
Երբ յիշատակներուս շտեմարանը բացի եւ պեղեցի քեզի վերաբերող բաժինը, արագօրէն գոյացան բաւական հարուստ եւ խայտաբղէտ ալպոմներ, որոնց բոլորին այստեղ մէկտեղումը անկարելի բան է, հետեւաբար ստիպուած եմ քաղուածքներ ընելու եւ պատկերները ներկայացնելու ընտրովի` ի սկզբանէ խոստովանելով, որ ընելիքս անկատար բան մը պիտի ըլլայ:
Կը յիշե՞ս, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ ծանօթացանք: Ես լա՛ւ կը յիշեմ. 1968-ին էր, երբ նոր ոտք դրած էի Հայկազեան քոլեճի (այժմ` համալսարան) սեմէն ներս եւ դասարանակիցներուս հետ սկսած էինք ընտելանալ, երկրորդական վարժարանի բաղդատմամբ, աւելի «ազատ» ուսանելու դրութեան: Ազատ էինք` ընտրելու մեր հետեւելիք ճիւղը, կազմել դասացոյցը, ընտրութիւն ընելու նոյն նիւթը դասաւանդող դասախօսներէն մէկուն կամ միւսին, մինչդեռ նախընթաց փուլերուն դասացոյցը եւ դասաւանդող ուսուցիչները կը տնօրինուէին դպրոցին կողմէ: Շուարումի մատնուած էինք, սակայն տեսանք, որ քոլեճի յարկին տակ կային երէց ուսանողներ, վարչակազմի անդամներ, որոնք պատրաստ էին խորհրդատուութիւն կատարելու: Ունէի ընկերներ, որոնք դասարանակիցներէս մէկ-երկու տարի առաջ դարձած էին քոլեճի ուսանող եւ փութացին օգնութեան ձեռք երկարելու: Կային նաեւ ինծի եւ նմաններուս անծանօթ երէցներ, որոնք Ուսանողական խորհուրդին կամ ակումբներու վարչութեանց անդամի հանգամանքով մասնակից էին աջակցելու գործին: Եւ հոն էր, որ եղաւ մեր առաջին հանդիպումը, եղար խորհրդատուներէս մէկը: Տարիներ ետք անզգալաբար դարձանք «հասակակից», երէց դասուողներու հանդէպ որոշ պատկառանքով մեր մօտեցումը հալեցաւ-մաշեցաւ ընկերականութեան ջերմութեան ազդեցութեան տակ:
Քանի մը շաբաթ ետք դուն եւ քեզի պէս քանի մը «սոլօ»-իստներ («մենակատարներ») տարբեր ձեւերով գրաւեցիք մեր` նորեկներուս ուշադրութիւնը: Նախ տեղի ունեցան Ուսանողական խորհուրդի ընտրութիւնները, եւ դուն ընտրուեցար (կարծեմ վերընտրուեցար) քու դասարանիդ մէկ ներկայացուցիչը:
Ըսի` «սոլօ»-իստներ: Ի մտի ունիմ քանի մը տղաք, որոնք փաստացի վկայութիւններ տուած էին եւ կու տային, թէ պիտի ունենան առաջնորդող դեր: Տօնական օրերու թէ զանազան ձեռնարկներու` դուն եւ փաղանգակիցներդ (կրնամ բազմաթիւ անուններ յիշատակել) մի՛շտ բեմին վրայ էիք: Քեզմէ քաղած առաջին տպաւորութիւնս, որ մի՛շտ ալ անխախտ մնաց, քու համարձակ, ինքնավստահ եւ հանդարտ խօսելու ոճդ էր: Քիչ ետք նկատեցի, որ միայն համոզկեր բեմավար-ճառախօս մը չէիր, այլ նաեւ գրաւոր արտայայտութիւններդ ալ կը վկայէին կանխահաս հասունութիւն մը եւ մտաւորականի` անմիջական շրջապատդ եւ աւելի՛ հեռուն տեսնելու, ճի՛շդ դատումներ ընելու կարողութիւնդ: Վերջին տարիներուն քու յօդուածներուդ եւ մամուլէն ընտրովի քաղուածքներուդ առողջ արմատները այդ շրջանին սկսած էին աճիլ արդէն (ծանօթ չեմ երկրորդականի տարիներուդ գրածներուդ): Հայկական ակումբի պարբերաթերթի 1969-ի մէկ թիւէն որսացի կողքի սիւնակդ (ուրիշն ալ կայ)` իրբեւ վկայութիւն այդ ունակութեանդ եւ ցոյց տալու, որ արծարծած մտահոգութիւններդ այսօր ալ այժմէական են:
Դուն գիտական ճիւղի (բնագիտութիւն) ուսանող էիր, սակայն էութեանդ մէջ հաւասարակշիռ ներկայութիւն էին գիտութիւնն ու մշակոյթը, արուեստը: Այդ տարիներուն մեր կարդացած մէկ գիրքին` անգլիացի գրող Չարլզ Փըրսի Սնոյի (ծանօթ` C.P. Snow կրճատուած ձեւով ) մէկ ուշագրաւ գիրքին մէջ արտայայտութիւն գտածին կենսաւորողն էիր կարծես: «Երկու մշակոյթներ» (The Two Cultures) գիրքին մէջ, ծանօթ փիլիսոփան, ի շարս ալ դիտարկումներու մտահոգութիւն յայտներ էր, որ մարդկութեան կեանքին մէջ տիրապետող են երկու գլխաւոր մշակոյթներ` գիտականն եւ մշակոյթը, որոնց միջեւ հեռաւորութիւնը կը խորանար եւ բարիք չէր խոստանար: Եւ դուն, խառնուածքիդ ու պատրաստուածութեանդ շնորհիւ, դարձեր էիր այդ երկու մշակոյթները կամրջող երիտասարդ մը: Բարեբախտաբար քեզիպէսներ կային քեզմէ առաջ, յիշեալ օրերուն, կան նաեւ այսօր: Տարբեր ժողովուրդներու զաւակներ մարմնաւորած են այդ կամուրջը:
***
Յուշերուս տեսերիզը աւելի յառաջ պիտի տանիմ` կոխելով «արագ դէպի յառաջ» (fast forward) կոճակին վրայ: Ընտրած մասնագիտութիւնդ քեզ տարաւ ամերիկեան ցամաքամաս` կատարելագործելու համար գիտելիքներդ ու հմտութիւնդ: Ի վերջոյ, ամերիկեան համալսարանները դարձած էին գիտութեան (նաեւ արուեստի ճիւղերու) առաջատար օճախներ, որոնք կը մագնիսացնէին ուսանողներ: Դար մը առաջ այդ դերը կը կատարէր Եւրոպան, որուն լոյսի կանթեղները իրենց կը քաշէին գիտութիւններու, նաեւ` ընկերային գիտութիւններու, ծարաւ հայ «թիթեռնիկները»: Գացիր, քանի մը տարի լիցքաւորուեցար, մասնագիտացար, վերադարձար Պէյրութ, ատեն մը աշխատանքի կոչուեցար Յորդանանի մէկ գիտաշխանոցին մէջ ի վերջոյ դարձեալ եկար Պէյրութ ու հիմնեցիր արեգակնային ուժանիւթի օգտագործման սարքերու աշխատանոցդ. այս կալուածին մէջ, եղար Լիբանանի առաջին ծիծեռնակներէն մէկը:
Պէյրութէն ու բացակայութեանդ շրջանին առիթ ունեցայ… աւելի՛ լաւ ճանչնալու քեզ: Հանելո՞ւկ` պիտի հարցնես: Մօտաւորապէս: Այդ տարիներուն էր, որ ծանօթացայ հօրդ, որուն արհեստանոցը կը գտնուէր ինքնաշարժիս հոգածութիւնը յանձն առած հարազատի մը` պարոն Անդրանիկին արհեստանոցին կից: Օր մը, երբ աշխատաւորը ուղարկած էր փոխնորդ սարք մը բերելու, պարոն Անդրանիկը զիս տարաւ կողքի խանութը` ըսելով, որ կ՛ուզէր զիս ծանօթացնել (իրեն պէս) «աղուոր այնթապցիի» մը` պարոն Գրիգորին: Շուտով հասկցայ, որ պարոն Գրիգորը նախ եւ առաջ պատուական հայ մըն էր, ազնիւ ու լրջախոհ մարդ մը, որ պատրաստ էր մատղաշ երիտասարդի մը հետ «գլուխ դնելու» եւ զրուցելու մեզ շահագրգռող նիւթերու մասին: Առաջին մէկ քանի հանդիպումներուն չէի գիտեր, որ ան հայրդ էր: Աւելի ուշ, երբ մեր բարեկամութիւնը քիչ մը աւելի զարգացաւ (դէպի ծերութիւն գացող ինքնաշարժս յաճախ զիս կը տանէր նորոգատեղի), օր մըն ալ մեր խօսակցութիւնը այնպէս մը զարգացաւ, որ հարցուց ուսանողութեանս տարիներուն մասին: Երբ ըսի, թէ Հայկազեան քոլեճէն անցած էի, կապոյտ աչքերը աւելի լայն բացաւ եւ կարմիր դէմքը աւելի՛ պայծառացաւ. «Տղաս կը ճանչնա՞ս, Յարութ Չէքիճեանը», հարցուց: Աչքերը լայն բանալու եւ հրճուանքի վարակը անցաւ ինծի: Քիչ մը «ամչկոտ» հպարտութեամբ խօսեցաւ քու մասիդ, ասպարէզիդ մասին, ճիշդ այնպէս` ինչպէս… դուն ալ քանի մը տարի առաջ «ամչկոտ» խանդաղատանքով եւ հպարտութեամբ խօսեցար արուեստագէտ դստերդ նուաճումներուն մասին` ե-նամակիդ կցելով անոր պաստառներէն մէկ քանիին լուսանկարն ու մամուլին մէջ լոյս տեսած գնահատականը… Երբ պարոն Գրիգորէն իմացայ, որ հայրդ էր, երկար չտեւեց եզրակացնելս, որ «պտուղը ծառէն հեռու չ՛իյնար» (կը յիշե՞ս, հոն էր, որ դարձեալ հանդիպեցայ քեզի, որովհետեւ վահանակներու պատրաստութեան համար երբեմն այդ արհեստանոցը կու գայիր): Թէեւ զաւակներդ չեմ ճանչցած, սակայն կը հաւատամ, որ ընտանեկան աւանդութիւնը պահպանուած է յարկիդ տակ: Նման եզրակացութեան հասնելու համար ունիմ աղուոր յենարան մը. ընտրեր էիր կեանքի ընկերուհիդ` Շողիկը, որուն մէջ գտած էիր մէկ արտացոլացումդ. ան ալ հաւասարապէս գիտութեան եւ մշակոյթի աղջիկ է, այլապէս ժառանգորդ մը` սփիւռքեան մեր գրականութեան մէջ պատուոյ տեղ գրաւած սքանչելի յուշագրողի մը: Ինչպէս դուն, Շողիկն ալ վաստակ կերտեց մեր ազգային կեանքին մէջ` ծառայելով իբրեւ ուսուցիչ եւ ուսումնական մարմիններու անդամ:
***
Ապրուստդ եւ ընտանիքիդ բարեկեցութիւնը ապահովող աշխատանքիդ չափ կեանքիդ մէջ տեղ ունեցան մեր ազգային միաւորները, մասնաւորաբար` Հ.Մ.Ը.Մ.ը: Կեանքի այդ փուլերուդ հարկադրաբար նահանջ արձանագրած էր բեմերու վրայ երեւիլդ, ինչպէս կ՛ընէիր Հայկազեանի ուսանողութեանդ օրերուն, սակայն խօսք ունեցող ներկայութիւն եղար ո՛չ միայն վարչական-կազմակերպչական ոլորտներու մէջ, այլ նաեւ` դաստիարակչական գետնիններու վրայ: Մամուլին հանդէպ անթեղուած սէրդ ու անոր գործնական արտայայտութիւնները պիտի գային աւելի ուշ: Մինչ այդ սկաուտական փաղանգներու եւ մատղաշ մարզիկներու հոգածութիւնը առաջնահերթ տեղ ունեցան կեանքիդ մէջ: Երբ «Ազդակ»-ի խմբագրատունէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակն ալ իր տեղը ունեցաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, լա՛ւ կը յիշեմ (կասկած չունիմ, որ դուն ալ չես մոռցած) ժողովի այն օրերը, որոնք քեզ այդ կեդրոնը կը բերէին: Բարի սովորութիւն մը ստեղծեր էիր. պիտի հասնէիր ժողովի պահէն աւելի կանուխ, խմբագրատան մէջ պիտի նստէինք դէմ դիմաց, անուշ ժպիտէդ անպայման բաժին պիտի հանէիր ինծի եւ պաշտօնակիցներու (որոնց շարքին կային ՀՄԸՄ-ականներ), գոհունակութեամբ պիտի խօսէիր միութեան նուաճումներուն մասին, սակայն պիտի չծածկէիր որոշ մտահոգութիւններ, որոնք կը ծնէին եւ կ՛աճէին «պատերազմ» տեսած սերունդին վիճակէն: ՀՄԸՄ-ը ընդհանուր առմամբ ունէր-կը պահպանէր բարի ու սերունդ կերտող դիմագիծը, առաքելութիւնը: Առաքելութեանդ ճամբուն մէջ առանձին չէիր, ունէիր նոյնքան նախանձախնդիր գործակիցներ, որոնցմէ շատեր (եւ որքա՜ն շատ են անոնք) քեզ կանխեցին` վերջին ճամբորդութեան ճամբան մտնելով:
Անթեղուած կրակը վերարծարծուեցաւ կարճ ատեն ետք, երբ, կ՛ենթադրեմ, աշխատանքի հեւքդ հասցուցիր տեսակ մը «հաւասարակշռութեան» եւ սկսար ժամանակ գտնել, ինչպէս` ուսանողութեանդ օրերուն, աչքերդ գործնապէս ուղղելու դէպի մամուլի էջերը: Սխալ չհասկնաս: Մամուլին հաւատարիմ հետեւող մըն էիր, երբեմն չէիր ծածկեր հարկադրեալ թերացումներու եւ բացթողումներու մասին մտահոգութիւններդ, սակայն, ինչպէս այլ տեղ, այս բաժինն ալ իբրեւ ընկերակից ունէր բարի ժպիտդ, հասկացողութեամբ մօտեցումդ, ամէն բանէ աւելի` իրական պատկերը կարելի լայնագոյն ծիրի մէջ դիտելու կարողութիւնդ:
Մամուլին աշխատակցելու եւ լումադ բերելու խանդդ առաջին արտայայտութիւնը գտաւ, ի՜նչ զարմանք (բան մը ալ զարմանալի չէ, պարզապէս կատակ կ՛ընեմ) ՀՄԸՄ-ի ուղղութեամբ, սակայն շուտով ծաւալ գտաւ բազմաթիւ այլ կալուածներու մէջ: Եթէ մամուլի մէջ ստորագրած սիւնակներդ (ինչպէս բոլոր աշխատակիցներու պարագային) դատապարտուած են մնալու թերթերու էջերուն մէջ, դուն քայլ մը յառաջ անցար եւ հաստատեցիր սեփական կայքէջդ (համակարգիչիս պահեստանոցին մէջ արձանագրած եմ հետեւեալ ձեւով, մատչելի` ոեւէ ընթերցողի Յարութ Չէքիճեան – Հայկական Լեռնաշխարհ` Ջերմուկ): Հոն տեղ գտած են գրիչիդ (ըսել կ՛ուզեմ` համակարգիչիդ միջոցով) արգասիքները: Եւ որքա՜ն հարուստ է էջդ: Այցելուդ կ՛ողջունես դրախտանման Դիլիջանի մէկ հմայիչ տեսարանով, իբրեւ շօշափելի յուշ` հայրենիք բազմաթիւ այցելութիւններէդ: Հոն կան յուշագրական, թարգմանական, ուսումնասիրական եւ բազում այլ ենթաբաժանումներ, որոնք հայլելին են հետաքրքրութիւններուդ եւ մտահոգութիւններուդ, անպարագիծ շրջանակին: Հայ դատը (Սեւրի դաշնագիր, մինչեւ սփիւռքի մասին նիւթեր), հայրենքի վերջին տարիներու դժբախտ(ացնող) իրադարձութիւնները, էութեանդ առանցքներէն` ՀՄԸՄ-ը եւ մեր պատմութենէն ուշագրաւ ճշմարտութիւններ (օրինակ` հայկական ձիերու մասին ուսումնասիրութիւնդ) քեզմէ մնայուն ժառանգութիւն են այսօրուան ու վաղուան սերունդներուն: Կան նաեւ կանխահասօրէն կեանքէն հեռացած եղբօրդ յուշագրական վէպէն էջեր (հասցուցի՞ր, արդեօք, պատուական հօրդ` Ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի օրերու յուշերուն հատորումը. անկէ ձեռագիր պատառիկներ բաժնեկցած էիր աւելի քան տարի մը առաջ): Որքա՜ն ուրախ էիր այն օրը, երբ իմացուցիր, որ «Ազդակ»-ը յանձն առած է լոյս ընծայել Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան եւ մինչեւ 1927 (այլապէս` տաժանակիր) գործունէութեան մասին պատրաստած ուսումնասիրութիւնդ, իսկ բերկրանքդ աւելի եւս ծաւալեցաւ, երբ ի վերջոյ կազմակերպուեցաւ հատորին ողջունահանդէսը` նոյնինքն «Ազդակ»-ի յարկին տակ: Բծախնդիր ուսումնասիրողի յատկութեանդ մէկ գիծն ալ այն էր, որ բոլոր գրութիւններուդ եւ ուսումնասիրութիւններուդ պիտի ընկերացնէիր օգտագործած աղբիւրներդ` գործնապէս վկայելով, որ պարկեշտ էիր ու համեստ. չէիր ծածկեր դժգոհութիւնդ, երբ կը տեսնէիր, որ այլ ուսումնասիրողներ այս իմաստով ժլատ են եւ կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, թէ գրութիւնը տուեալ անձին լիակատար հեղինակութիւնն է: Իսկ երբ օտար մամուլէն ուշագրաւ (եւ շատերու ուշադրութենէն վրիպած) յօդուածներ կը ներկայացնէիր քաղուածաբար եւ քու դատողութիւններդ կ՛ընկերացնէիր գրուածին, արդէն պէտք չունէիր աղբիւրը նշելու: Նման աշխատանք մամուլի արհեստավարժ աշխատակիցի վայել գործ է:
***
Յարո՛ւթ ջան. արդեօք գիտէի՞ր, որ 13 յուլիսին տեղադրած սիւնակդ պիտի ըլլար վերջինը (որքան որ նկատեցի): Մինչդեռ վստահ եմ, որ որոշած էիր կանգնած մնալ ստեղծած պատնէշիդ վրայ, եւ ինծի պէս` բազմաթիւ ընթերցողներդ ալ պիտի շարունակէին մամուլի էջերուն փնտռել ստորագրութիւնդ, մտածելով` «Տեսնենք Յարութը ի՞նչ նորութիւն բերած է, ի՞նչ անկոխ կամ անտեսուած ուղիներ պեղած է»:
Մեր սպասումներուն թելը փրթաւ, սակայն ժառանգութիւնդ, լրջախոհ մատնանշումներդ ու սրտցաւ դիտարկումներդ պիտի մնան մեզի հետ: Գիտե՛ս, որ Պետրոս Դուրեանի «Գիտցէ՛ք, որ դեռ կենդանի եմ» յանկերգը շատո՜նց անցած է անձնականի սահմաններէն անդին, գրկած է բազմաթիւ վաստակաւորներ, ահաւասիկ կը գրկէ նաեւ քեզ: Թումանեանի մէկ այլ գոհար խօսքը` «Մահը մերն է, մենք մահինը, մարդու գո՛րծն է միշտ անմահ», նմանապէս դուրս յորդած է «Թմկաբերդի առումը» դիւցազնավէպի էջերէն եւ անցած է առածներու շարքին: Թէքէեանն ալ «Յաշուեյարդար»-ին մէջ հարցուցած է. «Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց» ու անմիջապէս պատասխանած է. «Ինչ որ տուի ուիշին, տարօրինակ, ա՛յն միայն…»: Նման մտածումներ ի զօրու են քեզի պէս վաստակաւորներու եւ նուիրեալներու, որոնք գործեցին լուռ կերպով, ընդհանրապէս խուսափեցան լուսարձակներէ, բայց հետք ձգեցին իրենց սիրած ու պաշտած ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Չկարծե՜ս, որ այս տողերը կ՛արձանագրեմ դիւրութեամբ: Քեզի պէս հաւատաւոր տղոց մասին հրաժեշտի տողեր արձանագելը կեանքի ամէնէն դժուար բաներէն մէկն է, սակայն այս բոլորը ընդունէ իբրեւ «հոգու պարտք», քիչ մը տարբեր` Սարդարապատի հերոսամարտը ներբողող Սեւակի ձեւաւորած «հոգու պարտք»-էն: Խոստովանիմ: Վիշտը կը պահեմ ի՛ր սահմաններուն մէջ, չեմ ողբար կորուստդ, որովհետեւ կը փորձեմ մխիթարուիլ` մտածելով. ուրախ եմ, որ քեզի պէս ազնիւ ու ԳՈՐԾՈՂ ընկեր մը, բարեկամ մը եւ գրչակից մը ունեցած եմ: Եւ կը մաղթեմ, որ հարազատներդ, ընկերներն ու բարեկամներդ ալ ընեն նոյնը:
28 օգոստոս 2025