Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Հաւատաւոր մըն ալ կորսնցուցինք: «Ողն ու ծուծ»-ով ՀՄԸՄ-ական մը: ՀՄԸՄ-ի եւ անոր ազգային-գաղափարական արժէքներուն բուռն պաշտպան մը, որուն միութենական գործունէութիւնը երկարեցաւ 67 տարիներու վրայ:
Յարութ Չէքիճեան հաւատաւորը, վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ականը, միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամը եւ «Արժանեաց» շքանշանակիրը ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ ՀՄԸՄ-ի մէջ եւ ՀՄԸՄ-ը ապրեցուց բոլորին մէջ: Խօսեցաւ, գրեց եւ միշտ երախտապարտ մնաց այն միութեան, որ մեծ դեր ու տեղ ունեցաւ իր կազմաւորման եւ ինքնութեան կերտումին մէջ:
Երկար տարիներու սկաուտը, սկաուտական եւ վարչական բոլոր պատասխանատուութիւնները աստիճան առ աստիճան բարձրացած միութենականը, ՀՄԸՄ-ի ՊԷյրութի վարչութեան անդամակցութենէն մինչեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն ու ապա` Կեդրոնական վարչութիւն եղաւ ու մնաց լուռ եւ խոնարհ աշխատանքի մարդ:
Յարութ Չէքիճեան ո՛ւր որ գտնուեցաւ գործեց իրեն յատուկ ոճով, չափազանց սկզբունքային եւ խստապահանջ մօտեցումով: Թերութիւններ չհանդուրժեց բնաւ: Անկատար լուծումներ չընդունեց երբեք: Եղաւ յամառ ու բծախնդիր աշխատանքի մարդ: Հեռու մնաց բեմերէ եւ լուսարձակներէ: Մերժեց հաճոյակատարութիւնը: Ատեց ցուցամոլութիւնը եւ համեստութիւնն ու աշխատասիրութիւնը դարձուց կեանքի նշանաբան:
Վերջին քառորդ դարուն շրջադարձ մը արձանագրուեցաւ Յարութ Չէքիճեանի կեանքին մէջ, երբ ան վարպետ արհեստաւորի գործիքները փոխարինեց բեղուն հրապարակագիրի գրիչով ու համակարգիչով: Սկսաւ գրել: Գրեց առատօրէն: Գրեց համոզումով եւ հաւատքով: Գրեց ՀՄԸՄ-ը, հայրենիքն ու հայութիւնը յուզող նիւթերու մասին: Պեղեց պատմութեան էջերը: Ուսումնասիրեց անծանօթ էջեր եւ ընթերցողին հրամցուց դաստիարակչական երկար յօդուածաշարքեր, որոնցմէ միայն մէկուն` «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» գիրքի վերածման գոհունակութիւնը ապրեցաւ:
Յարութ Չէքիճեան Հայկազեանի ուսանողական տարիներու գրական փորձերէն ետք, իր առաջին գրութիւնները լոյս ընծայեց ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»-ին, իսկ ապա` «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ: Վերջին տարիներուն ան ստեղծեց նաեւ իրեն յատուկ ցանցային հարթակը (haroutchekijian.wordpress.com), ուր մէկտեղեց գրութիւններուն մեծ մասը: Պատկառելի ժառանգ մը գրասէրներուն համար:
ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին, Յարութ Չէքիճեան իբրեւ զեկուցաբեր Երեւանի մէջ հանդէս եկաւ միութեան պատմութեան նուիրուած գիտաժողովին եւ ներկայացուց «ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. 1918-1927» նիւթը: Հետագային ան վերամշակեց նիւթը եւ իբրեւ յօդուածաշարք լոյս ընծայեց «Մարզիկ»-ի մէջ: Ծրագրուած էր յօդուածաշարքը առանձին հատորի մը վերածել, երբ վրայ հասաւ անակնկալ մահը: Յօդուածաշարքը թարգմանուեցաւ նաեւ սպաներէնի եւ արդէն պատրաստ է հրատարակութեան:
Իսկ ո՞վ էր սակայն հաւատաւոր այս միութենականը:
Յարութ Չէքիճեան ՀՄԸՄ-ին անդամակցած է 1958-ին, իբրեւ Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտ եւ շարունակած է սկաուտական շարքերու մէջ գործել մինչեւ 1971: Եղած է Աքելլա, ապա` խմբապետ: 1964-ին, ան մասնակցած է արաբական 6-րդ ճէմպորիին, Ապուքիր, Եգիպտոս` հանդիսանալով Լիբանանի պատուիրակութեան լաւագոյն սկաուտը:
ՀՄԸՄ-ի մէջ Յարութ Չէքիճեան երկար տարիներ ստանձնած է վարչական պատասխանատուութիւններ: 1973-1977, Յորդանան կեցութեան շրջանին, ան եղած է ՀՄԸՄ-ի Ամմանի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ երիտասարդականի պատասխանատու: 1982-1984 մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, իբրեւ ատենադպիր եւ սկաուտականի ներկայացուցիչ: 1988-1993 երկու շրջան եղած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ:
1985-1988 եւ 1993-1995, երեք անգամ ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` իբրեւ ատենադպիր եւ սկաուտականի ներկայացուցիչ:
1999-ին, ՀՄԸՄ-ի եօթներորդ Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովին, ան ընտրուած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, վարելով ատենադպրութեան եւ սկաուտական ներկայացուցչութեան պատասխանատուութիւնները: Միաժամանակ մաս կազմած է Համահայկական Խաղերու համաշխարհային կոմիտէին մօտ ՀՄԸՄ-ի եռանդամ պատուիրակութեան` իր մեծ ներդրումը բերելով խաղերու կանոնագրութեան մշակման եւ այդ առիթով ՀՄԸՄ-ի տեսակէտներու ներկայացման ու որդեգրման:
Երկարամեայ իր վաստակին առ ի գնահատանք, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով, 10 մարտ 2019-ին Յարութ Չէքիճեան պարգեւատրուած է միութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանով:
ՀՄԸՄ-ական եւ հրապարակագրական մեծ վաստակով բեռնաւորուած` Յարութ Չէքիճեան իր հարազատներէն եւ սիրելի միութենէն անդարձ մեկնեցաւ քառասուն օրեր առաջ` անբասիր միութենականի օրինակը ձգած իր ետին:
Խոնարհում յիշատակին, յարգանք վաստակին: