Յօդուածներ

Կայացաւ «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրի Եզրափակիչ Հանդէսը

Կայացաւ «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրի Եզրափակիչ Հանդէսը

30 յուլիս 2017-ին Պուրճ Համուտի ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի այս տարեշրջանի եզրափակիչ հանդէսը: Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ մանկամսուրի պատասխանատու Թամար Ֆեսլեան-Քէշիշեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ կրթական տարին աւարտեցաւ բարեյաջող, եւ անձնակազմը կարողացաւ կատարել տարեկան ծրագիրը` ամբողջութեամբ: «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը այս տարի հիւրընկալեց 1-էն 3,5 տարեկան 60 փոքրիկներ`...

ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Աւարտական Հանդէսներ

ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Աւարտական Հանդէսներ

Կիրակի, 25 յունիսին տեղի ունեցան ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի միջնակարգի  ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը: Վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ դպրոցի յարկին տակ հայ մանուկը մարդկային վսեմ  յատկանիշներով,  բարոյական  նկարագիրով, ազնիւ ոգիով եւ  նուիրումի գաղափարով թրծելու երեւոյթին: Ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին վարժարանի Ա. կարգի  դասընթացքին մեծագոյն  բաժինը պիտի ընթանայ արդիական Այ. փետ.  արհեստագիտական  գործիքի միջոցով:...

Հայկական Ուղղութիւններ` Սիրօ Կղզիին Մէջ

Հայկական Ուղղութիւններ` Սիրօ Կղզիին Մէջ

Քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքի արձագանգը՝ հանդիպումին Յունաստանի Սիրօ կղզին պատմական որոշ ժամանակահատուածի եղած է Յունաստանի մայրաքաղաք: Կղզիի պատմական, մշակութային, հնագիտական եւ քաղաքակրթական իւրայատկութիւններուն անդրադառնալու առիթ կ՛ունենանք տակաւին: Այժմ կեդրոնանանք հայկական առումով կղզիին ներկայացուցած կարեւորութեան, որուն մանրամասնութիւններուն մասին առիթ եղած է զրուցելու «Ազդակ»-ի տնօրէնին եւ Սիրոյի քաղաքապետին միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին: Յունարէնէն հայերէն եւ փոխադարձաբար թարգմանութիւնը կատարեց Զարմինէ Քիւրտօղլեանը: Լուսանկարները՝ որբանոցի թանգարանէն...

Անդրադարձ.  Գերմանական Դիւանագիտութեան Հնարքը

Անդրադարձ. Գերմանական Դիւանագիտութեան Հնարքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիա Պունտըսթակի անդամներուն արգիլեց այցելել «Ինճիրլիք»-ի ռազմակայանին մէջ ծառայող գերմանական ուժերուն: Թուրքիոյ իրերայաջորդ մերժումներէն ետք, Գերմանիան իր ուժերը Թուրքիայէն փոխադրեց Յորդանան: Հարցը այն է, որ Գերմանիոյ զինեալ ուժերը կը գտնուին խորհրդարանի վերահսկողութեան տակ, ուստի անոնց հասանելիութիւնը Պերլինի համար խիստ կարեւոր է: Յուլիսի կիսուն Թուրքիա գերմանացի երեսփոխաններուն նաեւ արգիլեց այցելել Գոնիայի ՕԹԱՆ-ի ռազմակայանին մէջ գտնուող գերմանացի զինուորներուն` այդպիսով գործելով...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հայկական Սրբավայրերու Եւ Կոթողներու Հանդէպ Թրքաբարոյ Եւ Իրանեան Հակապատկեր Կեցուածքներ

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Ազգերու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ հիմնական ու անվիճելի իրաւունքները յաճախ կը յափշտակուին աւելի զօրաւոր եւ մեծապետական նկրտումներ ունեցողներու կողմէ: Իսկ ուրիշներ ալ, վերի մտքին լրիւ հակառակ, կը գուրգուրան եւ զանազան տեսակի հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն իրենց կամ այլ ազգի ամէն տեսակի արժէքներու: Օրեր առաջ «Իրանն Այսօր»-էն տեղեկացանք, որ Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, արհեստներու եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան փոխղեկավար Մոհամետ Հասան Թալեպեան...

Քեսապ Եւ Քեսապցիք. Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ

Տիգրանակերտէն Աղթամար

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Բռնագրաւուած Հայաստանի շրջապտոյտներուն` «Վերադարձ դէպի արմատներ» շարքին, գուցէ վեցերորդ-եօթներորդն էր, որուն կը մասնակցէինք մեծ աղջիկս` Ռիթան ու ես: Ի դէպ, մեր խումբը բաղկացած էր մեծ մասամբ երիտասարդներէ, թէեւ մենք` տարեցներս, մենք մեզի համար կ՛ըսէինք` «սրտով երիտասարդներ»: Խումբին մէջ կային տասնեակ մը քեսապցիներ, որոնցմէ քանի մը հոգին ամերիկաբնակներ ու քանատաբնակներ էին: Նախապէս յօդուածով մը նկարագրած եմ, որ մեր...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Արձակուրդը Եւ Արձակուրդս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ամառ է: Որոշեցինք «արձակուրդ»-ի երթալ: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը փախուստ մըն է առօրեայէն: Վերանորոգուելու արդար փորձ մը: Այսինքն` օրերդ տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով ակնկալութիւն մը: Ու էրիկ-կնիկ նախընտրեցինք Եւրոպան, եւ յատկապէս անոր ծայրագոյնը` Իրլանտան եւ Իրլանտական Հանրապետութիւնը: Մի՛ հարցնէք` ինչո՞ւ: Այսպէս, սկսելով հարաւէն` մայրաքաղաք Տապլինէն, ամբողջ երկու շաբաթ, փոխադրական մեծ եւ շատ հանգստաւէտ կառքով...

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Ծրագիրի 2017 Տարուան Համառօտ Տեղեկատուութիւն

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Ծրագիրի 2017 Տարուան Համառօտ Տեղեկատուութիւն

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը սփիւռքի սիրտը նկատուող Լիբանանի մէջ կայք հաստատելէ ետք, բազմաբնոյթ եւ բազմաճիւղ ծրագիրներով իր անուրանալի դրոշմը ձգեց եւ տակաւին կը շարունակէ հասնիլ հայ ժողովուրդի կարիքներուն` հաւատարիմ մնալով Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեան ամոլի կտակին: Առողջապահական, ընկերային, կրթական, դաստիարակչական, հոգեբանական ու մանկավարժական մշակուած բծախնդիր ծրագիրները առանցքը կը կազմեն «Գարակէօզեան» հաստատութեան առաքելութեան: Ամառնային Դպրոցի Բացում 2006 թուականին ազդանշանը տրուեցաւ «Գարակէօզեան» ամառնային...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Քրտական Ազգայնականութեան Ծնունդը Եւ Հայկական Հարցի Գործօնը 1890-1914

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 19-րդ դարասկիզբի քրտական  ազգայնականութիւնը ծնունդ առաւ իբրեւ արձագանգ հայկական ազգայնականութեան, որ ուղղուած էր Օսմանեան կայսրութեան եւ հետագային` թրքական ազգայնականութեան դէմ: Քրտական ազգայնականութեան հիմնական նպատակներէն էին քաղաքակիրթ դարձնել քիւրտ ժողովուրդը եւ Քիւրտիստանը, համագործակցիլ եւ դաշնակցիլ հայութեան հետ, խոչընդոտել Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ հայկական պետութեան ստեղծումը եւ դէմ դնել թրքական ազգայնականութեան: Այս գաղափարները մշակուեցան Քրտական համերաշխութիւն եւ յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան...

Յանցագո՞րծ, Թէ՞ Մարդասէր

Յանցագո՞րծ, Թէ՞ Մարդասէր

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ֆրանսական դատարանը ֆրանսացի հողագործ Սետրիք Հիրոն 4 ամիս բանտարկութեան դատապարտած է «ապօրինի գաղթականներու Ֆրանսայի տարածք մուտք գործելու օգնելուն համար»: Վճիռը պիտի չգործադրուի. դատաւորը յայտնած է, թէ վճիռը զգուշացում մըն է միայն, «սակայն եթէ անգամ մը եւս դատապարտուիս, ապա արձակուած վճիռը պիտի գործադրուի»: Հիրօ մեկնաբանելով վճիռը ըսած է.«Պէտք է զիս բանտարկեն, ատիկա անոնց համար դիւրին լուծումն է: Նոյնիսկ բանտին...

Նամականի

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ստորեւ կը ներկայացուի հոգատարութիւնը ընդունելու ի նպաստ 13 պատճառներ եւ իւրաքանչիւրին համապատասխանող 13 դէմ պատճառներ, այլ խօսքով` թիւ «Մէկ» «Թեր» կարծիքին հակակարծիքը տեսնել աւելի վարը` թիւ «Մէկ» «Դէմ» պատճառին մէջ եւ այսպէս` բոլոր 13-ը: Հայաստանի վարչապետ Խատիսեան եւ Հարպորտ             Հայ վարդապետը կը դիմաւորէ Հարպորտը Թեր պատճառներ 1.- Ազգերու դաշնակցութեան կազմաւորման գլխաւոր սատարողներէն...

Տեսակէտ.  Պասքեթպոլէն Անդին

Տեսակէտ. Ընդդիմութիւն Մը` Ի Ծապլվար

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ Ամբողջատիրական համակարգերուն մէջ իշխանութեան հանդուրժողականութիւնը վայելող ընդդիմութեան հասկացողութիւնը ընդհանրապէս անհեթեթ է: Հոն կա՛մ ամբողջատիրութեան սահմանումը թերի է, կա՛մ ընդդիմութեան (ընդհանրապէս` ընդդիմութեան): Այդ երկուքին մէկտեղման փորձերը բութ մտքի արգասիքներ են, բայց յաճախ նաեւ` բութ մտքեր ներգրաւելու նպատակով կատարուած ճիգեր: Վերջիններու հեղինակները ժամանակակից ամբողջատիրութիւններու ներկայացուցիչներն են, որոնք ողջ աշխարհին կ՛ուզեն ներկայանալ ո՛չ այնքան ճենկիզխանական իրենց հարազատ խառնուածքով, որքան` ժողովրդավար առաջնորդի...

Երեխան Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Առցանց Վտանգներէն

Երեխան Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Առցանց Վտանգներէն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բնականաբար արհեստագիտական գլխապտոյտ պատճառող նորութիւնները, իրենց օգուտներուն կողքին, ունին նոյնպէս անխուսափելի վտանգներ, որոնք առաջին հերթին կը հարուածեն ամէնէն անպաշտպան հաւաքականութիւնները, որոնց շարքին` երեխաները: Ծնողներ պաշտպանելու համար իրենց զաւակները հաւանական աղէտէն` կ՛որդեգրեն միջոցառումներ, որոնք կրնան անպայման ազդեցիկ չըլլալ: Պատիժը կամ խստութիւնը լուծումներ չեն: Լաւագոյնը երեխային հետ զրուցելն է: «Պի.Պի.Սի.» երկու յօդուածով անդրադարձած է այս հարցին եւ հրատարակած է...

Հայկական  Նորարարութեան  Երախայրիք Մը` «Վոլթըրմեն Սմարթ Ուոլէթ».   «Վոլթըրմեն»-ի Թիրախը. «Տիեզերքը` Ափի Մէջ»

Հայկական Նորարարութեան Երախայրիք Մը` «Վոլթըրմեն Սմարթ Ուոլէթ». «Վոլթըրմեն»-ի Թիրախը. «Տիեզերքը` Ափի Մէջ»

ՍԻԼՎԻ ԳԱՅԵԱՆ Անհերքելի իրողութիւն է, որ արդէն թեւակոխած ենք ճարտարարուեստական չորրորդ յեղափոխութեան փուլը: Երեւակայեցէք, որ 21-րդ դարուն մարդիկ տակաւին անասուններով ճամբորդեն, «աղաւնի»  սուրհանդակներով հաղորդակցին, ժամերով փայտէ ցպիկներ իրարու շփեն կրակ յառաջացնելու համար ... ու շարքը կ՛երկարի: Դարերու ընթացքին մարդկային կարիքի եւ ստեղծագործ երեւակայութեան յարաճուն խթանումով իրագործուած նորարարութիւնները տարրական փոփոխութիւններ մտցուցած են մարդկային ապրելակերպի կենցաղային պայմաններուն մէջ: 18-րդ դարը, սակայն, կու...

Խմբագրական.  Սեւր 2-ը`  Միջազգային Քաղաքականութեան  Տրամաբանութեամբ  (Սեւրի Դաշնագիրի 97-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Սեւր 2-ը` Միջազգային Քաղաքականութեան Տրամաբանութեամբ (Սեւրի Դաշնագիրի 97-ամեակին Առիթով)

Սեւրի դաշնագիրի մասին հրապարակային վերլուծում կամ պայմանագիրին հետ կապուած իրադարձութիւններու այժմէականացման որեւէ փորձ անպայման անմիջականօրէն մեզի համար կը կապուի Ուիլսընի իրաւարար վճիռին հետ: Այստեղ կայ նախ եւ առաջ զուտ իրաւական  մեկնաբանութեան հարց: Իրաւարար վճիռը ըստ միջազգային օրէնքի անբեկանելի է եւ հետեւաբար ուժի մէջ մտնելու կամ չմտնելու խնդիր չի դիմագրաւեր, այդ պատճառով ալ կայ այսօր իրաւագիտական մօտեցում, որ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը...

Երկու Խօսք

Տեսակէտ. Համա-ՀՄԸՄ-ական Խաղերը Հայաստանի Մէջ` Մենք Մեզի

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Նախորդ շաբաթներուն, երբ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերու բացումը կատարուեցաւ, աւելի քան 1250 ՀՄԸՄ-ականներ` սփիւռքի տարբեր գաղութներէն, Հայաստանէն  եւ Արցախէն, բաւական լաւ ու աշխուժ մթնոլորտ ստեղծեցին: Նախ ըսենք, որ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան համար նման նախաձեռնութեան մը իրագործումը ողջունելի է: Հակառակ տնտեսական, կազմակերպական եւ մարդուժի տագնապին` այդ տարողութեամբ բան մը իրականութիւն դարձնել: Սակայն նկատի ունենալով, որ մօտէն կը հետեւիմ Հայաստանի տպագիր եւ...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Յեղափոխութեան Գաղափարը Ըստ Կրամշիի

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Կրամշիի կենսագրութիւն Անթոնիօ Կրամշի եղած է իտալացի մարքսական տեսաբան մը: Ծնած է 22 յունուար 1891-ին եւ մահացած ֆաշական չարչարանքի տակ` 27 ապրիլի 1937-ին, բանտին մէջ: Իր մէջ ընկերվարական գաղափարները ի յայտ կու գան իր ուսանողութեան ժամանակ, երբ ան կ՛ուսանի լեզուաբանութիւն Իտալիոյ արդիւնաբերական քաղաք Թուրինի համալսարանին մէջ` 1911-ին: Թուրինի մէջ Կրամշիի ուսանողութեան տարիներուն նոր սկսած էր ինքնաշարժներու արտադրութեան ճարտարարուեստը....

Տեսակէտ.   Ֆալախա, Ազգային Հիմնախնդիրներ Ու Յամեցող Հեռանկար  (Ապրիլեան Խոհեր)

Սեւրի Դաշնագրի Տեղն Ու Դերը Հայոց Յեղափոխական Արդի Մտածողութեան Մէջ (20 Օգոստոս 1920)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  Քաղաքական մտածողութենէ թելադրուած, հաւանաբար, ճիշդ պիտի ըլլար յօդուածը խորագրել սապէս. այսօր ինչպիսի՞ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ կամ ի՞նչ մակարդակի տեղ կը գրաւէ Սեւրի դաշնագիրը աշխարհաքաղաքական մերօրեայ դասաւորումներու հարթակին վրայ: Իսկ ինչո՞ւ նման հարցադրում. պարզապէս գիտնալու, թէ արդեօք անիկա գերպետութեանց առաջնահերթութիւններու շարքի՞ն է, որոշումներ կայացնող հզօր երկիրներու կիզակէտի՞ն, անոնց մտասեւեռումին առարկա՞ն է, թէ՞ ընդհանրապէս զայն կարելի է շահագործել ստեղծուած տարբեր...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Լիզ­պո­նի Գոր­ծո­ղու­թեան 34-ամ­եա­կին Նուիր­ուած Ձեռ­նարկ­ներ Աւստ­րալ­իա Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՀՅԴ Արեւմտ­եան Սիտնիի ՀՅԴ «Քե­ռի» խում­բին, 30 յու­լի­սին Սիտնիի Հայ առա­քե­լա­կան Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն եկե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ Ս. պա­տա­րա­գի, մա­տուց­ուե­ցաւ հո­գե­հանգստ­եան պաշ­տօն` նուիր­ուած Լիզ­պո­նի հինգ նա­հա­տակ­նե­րուն: Աւար­տին եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ կանգ­նեց­ուած խաչ­քա­րին մօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում: Այ­նու­հե­տեւ Սմիթ­ֆիլ­տի սկաու­տա­կան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նարկ, որուն բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Կի­կօ Կի­րա­կոս­եան:...

Նամականի

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ները – Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Երբ կը կարդանք կամ կը լսենք Սեւրի դաշնագիրին` նախագահ Ուիլսընի պատրաստած Հայաստանի քարտէսին մասին, ոմանց մօտ հաւանաբար այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ  Ամերիկայի 1913-1921 թուականներու 28-րդ նախագահը` Վուտրօ Ուիլսըն (1856-1924), Համաշխարհային Ա. պատերազմէն եւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք «զբաղումի համար» նստած ու Հայաստանի ապագայի քարտէսը գծած է... Այս թիւրըմբռնումին եւ ընդհանրապէս Սեւրի դաշնագիրին մասին որոշ շրջանակներու կողմէ  թերագնահատումին...

Page 788 of 1110 1 … 787 788 789 … 1,110

Արխիւներ