Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կայացաւ «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրի Եզրափակիչ Հանդէսը

Օգոստոս 14, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

30 յուլիս 2017-ին Պուրճ Համուտի ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի այս տարեշրջանի եզրափակիչ հանդէսը:

Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ մանկամսուրի պատասխանատու Թամար Ֆեսլեան-Քէշիշեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ կրթական տարին աւարտեցաւ բարեյաջող, եւ անձնակազմը կարողացաւ կատարել տարեկան ծրագիրը` ամբողջութեամբ:

«Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը այս տարի հիւրընկալեց 1-էն 3,5 տարեկան 60 փոքրիկներ` յանձն առնելով անոնց  հոգատարութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ: «Մենք հոգ տարինք փոքրիկներու ֆիզիքական աճին, օգնեցինք անոնց, որ յայտնաբերեն եւ ճանչնան իրենց շրջապատը, խթանեցինք անոնց ընկերային յարաբերութեան կարողութիւնները եւ նպաստեցինք, որ յարմարին ինչպէս ֆիզիքական, նոյնպէս եւ ընկերային միջավայրին: Այս բոլորին մէջ յատուկ կարեւորութիւն տուինք անոր, որ փոքրիկներուն մատուցուած սնունդը ըլլայ առողջարար եւ իրենց տարիքի կարիքներուն համապատասխան: Նոյնքան ուշադիր եղանք, որ անոնց կենցաղային միջավայրը ըլլայ ապահով եւ մաքուր», ըսաւ տիկին Քէշիշեան: Ան յայտնեց, որ այս նպատակներուն համար մանկամսուրին մէջ գործադրուեցաւ լաւապէս ուսումնասիրուած կրթական-դաստիարակչական ծրագիր մը:

Հանդէսին փոքրիկները ներկայացուցին 5 պարեր` անասուններու թեմաներով, արտայայտելով ֆիզիքական եւ մտաւոր աճի այն ուրախացնող չափը, որուն հասած էին նաեւ մանկամսուրի աշխատակիցներուն ջանքերով:

Հանդէսին փակման իր խօսքին մէջ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ մանուկներու դաստիարակութեան ամենանուրբ փուլը հաւանաբար մանկամսուրն է, եւ ճիշդ ատոր համար է, որ դպրոցի տնօրէնութիւնը ամենամեծ ուշադրութեամբ եւ հոգատարութեամբ կը հետեւի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի առօրեային` ձգտելով այս ծառայութիւնը պահել ամենաբարձր մակարդակի վրայ: Ան այս դժուարին եւ պատասխանատու գործին համար շնորհակալութիւն յայտնեց մանկամսուրի անձնակազմի անդամներուն` գնահատելով անոնց նուիրումն ու բարեխիղճ ծառայութիւնը, որուն շնորհիւ «Ա. Ներկիզեան» մանկամսուրը դարձաւ իրապէս երկրորդ տուն` սաներուն համար: Տնօրէնը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` իրենց զաւակները այսքան նուրբ տարիքին «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի հոգատարութեան եւ  դաստիարակութեան վստահելուն համար:

 

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Աւարտական Հանդէսներ

Յաջորդը

«Իրանը Սեփական Տարածքում Երբեւէ Ազգութիւնների Դէմ Յանցագործութիւններ Չի Իրականացրել». Դոկտ. Կարէն Խանլարեան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?