Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեխան Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Առցանց Վտանգներէն

Օգոստոս 11, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Բնականաբար արհեստագիտական գլխապտոյտ պատճառող նորութիւնները, իրենց օգուտներուն կողքին, ունին նոյնպէս անխուսափելի վտանգներ, որոնք առաջին հերթին կը հարուածեն ամէնէն անպաշտպան հաւաքականութիւնները, որոնց շարքին` երեխաները: Ծնողներ պաշտպանելու համար իրենց զաւակները հաւանական աղէտէն` կ՛որդեգրեն միջոցառումներ, որոնք կրնան անպայման ազդեցիկ չըլլալ: Պատիժը կամ խստութիւնը լուծումներ չեն: Լաւագոյնը երեխային հետ զրուցելն է: «Պի.Պի.Սի.» երկու յօդուածով անդրադարձած է այս հարցին եւ հրատարակած է իր արհեստագիտական աշխատակից Մարք Ուարտի տեսակէտը:

Ն.

Օգտագործեցէք Խօսքը, Այլ Ոչ Սարքը`
Ընտելացնելու Ձեր Երեխան

Բազմաթիւ ծնողներու նման` ես իմ տանս տեղեկատուական արհեստագիտութեան անպաշտօն տնօրէնն եմ: Եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բազմաթիւ տնօրէններու նման` իմ ծառայութիւններէս օգտագործողները երբեք գոհ չեն:

Բողոքները վերջին քանի մը ամիսներուն աւելի բարձր հնչեցին, երբ ես փորձեցի տնօրինել, որ իմ պատանի զաւակներս որքան ժամանակ պիտի յատկացնեն առցանց եւ սահմանափակել` իրենց դիտելիքը:

Տարբեր արհեստագիտութիւններու կարկտան մը ինծի օգնեց ասիկա ընելու`

– Օրէնքներ` սահմանափակելու համացանցի ժամանակը,

– Բովանդակութիւնը դիտելու Էփ-եր,

– Ծրագիրներ համակարգիչներուն վրայ` վնասակար ծրագիրները յայտնաբերելու եւ որոնումները զտելու:

Այս միջոցները արդիւնաւէտ էին իրենց նորարարութեամբ, բայց գիտեմ, որ բացթողումներ ունին: Ճիշդ այդ պատճառով ես նոյնպէս կը գործածեմ «լրտեսող ցանցը»: Ասիկա կը ներառէ` տան մէջ շրջագայելով երեխաներս քաշքշել, երբ անոնք դաս սորվելու փոխարէն` բջիջայինով, առցանց խաղերով կամ պատկերասփիւռ դիտելով կ՛անցընեն իրենց ժամանակը:

Բազմաթիւ երեխաներ այժմ աւելի ժամանակ կը յատկացնեն համացանցին, քան` պատկերասփիւռին:

Կղպուած

Ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ ես առանձին չեմ` արհեստագիտութիւնը օգտագործող, հսկելու համար առցանց ժամանակը, ե՛ւ ատիկա սահմանափակելու,  ե՛ւ օգնելու զաւակներուս` անվտանգ մնալու:

Բրիտանիոյ մեծ ծնողներուն 44 առ հարիւրը Էփ-եր կ՛օգտագործէ` տեսնելու երեխաներուն առցանց գործունէութիւնը: 39 առ հարիւրը կը ստուգէ, թէ երեխան ո՛ր կայքերը դիտած է, իսկ 37 առ հարիւրն ալ հսկողութեան տակ առած է ռաութըրը: Այս մասին կը տեղեկացնէ բրիտանական յատուկ ուսումնասիրութիւն մը:

Ես այս բոլոր երեքն ալ կ՛օգտագործեմ եւ կ՛ուզեմ աւելին օգտագործել: Ըստ երեւոյթին, արհեստագիտութիւնը աւելի օգտակար պիտի ըլլայ, որովհետեւ այս ասպարէզի ընկերութիւնները հրապարակած են արտադրութիւններ` ծնողական հսկողութեան համապարփակ համակարգով:

«Հաւանաբար զարմանալի չէ, որ ծնողները կը ձգտին արհեստագիտութիւնը դարձնել առցանց ժամանակի կառավարման հսկող օգնական, որովհետեւ ատիկա տարածք մըն է, ուր անոնք կը պայքարին օգնութիւն ստանալու համար», կ՛ըսէ Նորթոն-ի եւրոպական բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Նիք Շօ: Ան կ՛աւելցնէ. «Երբ մարդիկ ծնողական խնդիրներ ունին իրենց երեխաներուն հետ, կրնան իրե՛նց ծնողներու խորհուրդին դիմել, բայց ասիկա այն ասպարէզն է, ուր ձեր ծնողները ձեզի չափ տեղեկութիւններ չունին»:

Նորթոնի ռաութըր-ի ծնողական հակակշիռը սմարթֆոն-ի միջոցով:

Ան նոյնպէս կ՛ըսէ, որ երեխաները նոյնիսկ աւելի գիտելիքներ ունին եւ շատ դիւրաւ իրենց ծնողներուն շուրջը օղակներ կրնան կազմել: «Բազմաթիւ ծնողներ շատ միամիտ են այս առնչութեամբ», կ՛ըսէ ան:

Նոյնիսկ ես կամակատար եղայ, որովհետեւ իմ տեղադրած արհեստագիտութիւններէս ոչ մէկը ինծի   նշաններ կ՛ուղարկէր: Ես կը կարծէի, թէ ամէն բան լաւ կը գործէ, եւ իմ երեխաներս համացանցէն կ՛օգտուին եւ խաղեր կը խաղան անթափանց պղպջակային անվտանգութեան մը մէջ:

Սխա՛լ:

Դանդաղօրէն ես յայտնաբերեցի, որ իմ երկու երեխաներս կրնան խուսափիլ սարքերուն վրայ դրուած կղպանքներէն:

Շօ կ՛ըսէ. «Արհեստագիտութիւնը պիտի օգնէ ձեզի, սակայն կարելի չէ խուսափիլ այն իրողութենէն, որ դուք պէտք է ատոր մասին աւելի շատ զրուցէք ձեր երեխաներուն հետ: Ես պէտք է երեխաներուս օգնեմ, որպէսզի անոնք հասկնան, որ հսկողութիւնը, հակակշիռը անհրաժեշտ են: Պատճառները բացատրելը կրնայ մեղմացնել առարկութիւնը»:

Արդար ըլլալու համար պէտք է ըսեմ, որ ես իմ երեխաներուս հետ այս խօսակցութիւններէն մաս մը ունեցայ: Բայց ատոնք աւելի «նուազ խաղեր եւ աւելի դասեր» ձեւի էին, քան` համակարգիչ-համացանց-բջիջային նիւթերու մասին:

Օֆքոմ. բրիտանացի ծնողներ ճիգ չեն խնայեր իրենց զաւակները առցանց պաշտպանելու, սակայն սպառնալիքը կը մնայ:

Իրաւունքներ եւ յարգանք

Համացանցային անվտանգութեան մասնագէտ Թոնի Ասքոմպ կըսէ. «Համացանցային կայքը աւելի ապահով օգտագործելու մասին երեխաներուն հետ զրուցելը աւելի լաւ է սահմանափակումներ պարտադրելէն: Բազմաթիւ ծնողներ իրենց երեխաներուն պարզապէս չեն խօսիր, թէ ի՛նչ բան ընդունելի է եւ ի՛նչ բան` ոչ: Միամտութիւնը բազմաթիւ երեխաներ վտանգի կ՛ենթարկէ: Կ՛արժէ անոնց յիշեցնել, թէ այդ տեղեկութիւնով ի՛նչ կարելի է ընել եւ ո՞վ կրնայ ուզել ատիկա: Կրնայ ըլլալ ատիկա իյնայ ցանցահէններու կամ գողերու ձեռքը:

«Ժողովրդային Էփ-երու մէջ պահուըտած երեւոյթներու մասին զգուշացումներ կ՛արժէ ընել, որովհետեւ անոնք իրենց համար իսկապէս պէտք եղածէն աւելի տեղեկութիւն կը ստանան: Գլխաւոր եւ ամէնէն կարեւոր բանը, որ ծնողներ կրնան ընել, գործածելն է իրենց զաւակներուն Էփ-երը:Ասիկա պիտի օգնէ ծնողներուն` հասկնալու իրենց զաւակներուն տրուելիք տեղեկութիւնները, նոյնպէս` բացայայտելու Էփ-երու ունեցած որեւէ պահուըտած երեւոյթ: Ոմանք անմեղ կը թուին, սակայն կ՛օգնեն երեխաներուն գաղտնի պահելու իրենց ըրածը», կ՛ըսէ ան:

«Սարքերը միայն պատմութեան կէսն են», կ՛ըսէ դոկտ. Սոնիա Լիվինկսթոն` Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան դպրոցէն: Ան «Բրիտանիոյ երեխաներ առցանց նախագիծ»-ի ծիրին մէջ կ՛ուսումնասիրէ, թէ երեխաները ինչպէ՛ս կը գործածեն համացանցը:

Լիվինկսթոն կ՛ըսէ. «Ընկերութիւններ պէտք է կեդրոնանան աւելի նուազ վաճառելու եւ աւելի մշակելու ծառայութիւններ, որոնք կարիքը չունին պաշտպանութեան: Իսկ ծնողները պէտք է քաջալերեն երեխաները ճիշդ բանը ընելու` իրենք անձամբ այդպէս ընելով, փոխանակ պայմաններ պարտադրելու: Ատիկա նոյնպէս յարգանքի համար է. օգնել երեխաներուն ճիշդ որոշումներ տալու` իրաւարարական օրէնքներ հաստատելու փոխարէն: Եթէ երեխաները տեսնեն օրէնքներուն օգուտները, աւելի հաւանական է, որ հետեւին ատոնց: Ես շատ խանդավառ չեմ այն գաղափարով, որ ծնողներ իրենց զաւակներուն վրայ ամբողջական հակակշիռ ունենան: Երեխաներն ալ իրաւունքներ ունին», կ՛ըսէ դոկտ. Սոնիա Լիվինկսթոն:

ՄԱՐՔ ՈՒԱՐՏ
Արհեստագիտական աշխատակից,
«Պի.Պի.Սի.»

 

Երեխաներ Իրենց Ժամանակը
Առցանց Կը Մսխեն` Վատառողջ
Ուտելիք Համտեսելու Նման

Կենսական է, որ ծնողները միջամտեն վերջ տալու համար ընկերային ցանցերու իրենց զաւակներու կողմէ չափազանցուած օգտագործման, ինչպէս` վատառողջ ուտելիքի համտեսումը, այս մասին կը նշեն մանկավարժներ:

Մանուկներու հարցերով բրիտանացի յանձնակատար Ան Լոնկֆիլտ հարցազրոյցի մը մէջ քննադատեց ընկերային մեծ ցանցերու որդեգրած միջոցները, որպէսզի երեխաներ աւելի ժամանակ յատկացնեն առցանց: Լոնկֆիլտ ըսաւ, որ ծնողները պէտք է աւելի զգուշ եւ խիստ  ըլլան, որպէսզի իրենց երեխաները  ամրան արձակուրդին համացանցին կառչած չըլլան:

Այս առնչութեամբ Ան Լոնկֆիլտ նախաձեռնած է արշաւի մը` ծնողներուն օգնելու:

«Ասիկա բան մըն է, որուն մասին իւրաքանչիւր ծնող պէտք է զրուցէ, յատկապէս ամառնային արձակուրդներուն. երեխաները վտանգի մէջ են ընկերային ցանցը տեսնելով, այնպէս, ինչպէս շաքարեղէնը, եւ իրենց առցանց ժամանակը` վատառողջ ուտելիքի նման: Մեզմէ ոչ ոք, որպէս ծնող, կ՛ուզէ, որ մեր զաւակները միշտ վատառողջ ուտելիք համտեսեն: Այս նոյն պատճառով ալ մենք պէտք չէ ուզենք, որ մեր երեխաները նոյնը ընեն համացանցին դիմաց», ըսաւ Ան Լոնկֆիլտ:

Ան աւելցուց. «Երբ բջիջային հեռաձայնները, ընկերային ցանցը եւ խաղերը մեզ կը մտահոգեն, կ՛ընկճեն եւ անհսկելի կը դարձնեն, կը նշանակէ, որ մենք ճիշդ հաւասարակշռութիւնը չենք գտած: Ձեր սննդականոնով դուք ատիկա գիտէք, որովհետեւ շատ լաւ չէք զգար: Նոյնն է ընկերային ցանցին պարագային»:

Անցեալ տարի Արհեստագիտութեան ուսումնասիրութեան Օֆքոմ կեդրոնը ըսաւ, որ համացանցը որպէս բրիտանացի երեխաներուն համար ամէնէն ժողովրդական ժամանց` գերազանցած է պատկերասփիւռը: 5-15 տարեկան երեխաներ շաբաթական  15  ժամ կը զբաղին համացանցով:

Ըստ Ան Լոնկֆիլտի, պէտք է օգնել երեխաներուն, որպէսզի անոնք հասկնան, որ կայքերը կը քաջալերեն զիրենք շարունակելու այն, ինչ որ իրենք նախապէս առցանց կ՛ընէին:

Այս տարեսկիզբին պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը համակարգիչի կամ բջիջայինի յատկացուած ժամանակի եւ երեխաներու մտային առողջութեան  մասին կը նշէ, որ սարքերու չափաւոր օգտագործումը կրնայ օգտակար ըլլալ:

 

Նախորդը

Հայկական Նորարարութեան Երախայրիք Մը` «Վոլթըրմեն Սմարթ Ուոլէթ». «Վոլթըրմեն»-ի Թիրախը. «Տիեզերքը` Ափի Մէջ»

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ընդդիմութիւն Մը` Ի Ծապլվար

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?