Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Քրտական Ազգայնականութեան Ծնունդը Եւ Հայկական Հարցի Գործօնը 1890-1914

Օգոստոս 11, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

19-րդ դարասկիզբի քրտական  ազգայնականութիւնը ծնունդ առաւ իբրեւ արձագանգ հայկական ազգայնականութեան, որ ուղղուած էր Օսմանեան կայսրութեան եւ հետագային` թրքական ազգայնականութեան դէմ: Քրտական ազգայնականութեան հիմնական նպատակներէն էին քաղաքակիրթ դարձնել քիւրտ ժողովուրդը եւ Քիւրտիստանը, համագործակցիլ եւ դաշնակցիլ հայութեան հետ, խոչընդոտել Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ հայկական պետութեան ստեղծումը եւ դէմ դնել թրքական ազգայնականութեան: Այս գաղափարները մշակուեցան Քրտական համերաշխութիւն եւ յառաջդիմութիւն կազմակերպութեան կողմէ, որուն մէջ Պետրխանները հսկայ դերակատարութիւն ունեցան: Այս յօդուածով կ՛ուզեմ անդրադառնալ քիւրտերուն եւ հայերուն միջեւ հիմնական հարցին, որ հողային հարցն էր, եւ անիկա բախումնային հիմնական կէտերէն մէկն էր, որ խոչընդոտեց երկու ազգերուն միջեւ համագործակցութիւնը, բան մը, որ մինչեւ հիմա կը շարունակուի:

Քրտական ազգայնականութեան ծնունդը

1878-ի Պերլինի վեհաժողովէն ետք Օսմանեան կայսրութեան մէջ ոչ իսլամներուն թիւը նուազեցաւ  իսլամներուն համեմատութեամբ, մանաւանդ երբ Պալքանեան շրջանները անջատուեցան օսմանեան լուծէն: Ըստ Քեմալ Քարփանի, Օսմանեան կայսրութիւնը կորսնցուց 4,5 միլիոն բնակիչ Պալքանեան երկիրներու անկախութեամբ: Նախքան 1878` կայսրութիւնը բաժնուած էր 50/50 քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. նոյն կացութեան առջեւ չգտնուելու համար կայսրութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ որդեգրեց համաիսլամական գաղափարախօսութիւնը, այսպիսով ան գործակցեցաւ սիւննի քիւրտ աղաներու եւ ցեղապետներու հետ` ճզմելու համար «հայկական անջատողական ըմբոստութեան ոգին»:

Թանզիմաթի (1839) բարենորոգումները ա՛լ աւելի վատթարացուցին հայ-քրտական յարաբերութիւններուն վիճակը: 16-րդ դարէն ի վեր քիւրտ իշխանները կը վարէին որոշ չափով անկախ իշխանութիւններ Արեւմտահայաստանի մէջ եւ լաւ յարաբերութիւններ մշակած էին հայերուն հետ, Թանզիմաթի օրով քիւրտ իշխանները կորսնցուցին իրենց անկախութիւնը եւ փոխարինուեցան կրօնական շէյխերով ու ցեղապետներով, որոնք յաճախ թալանի կ՛ենթարկէին հայկական գիւղերը, կը գրաւէին հայերուն հողատարածքները եւ անօրինական կրկնակի տուրքեր կը հաւաքէին հայ գիւղացիէն: Այս ժամանակաշրջանին Օսմանեան կայսրութիւնը մուտք գործեց դրամատիրական յարաբերութիւններու դարաշրջան, եւ որովհետեւ կորսնցուցած էր Եւրոպայի մէջ գտնուող իր տարածքներուն մեծամասնութիւնը, թուրք գաղթականներու հոսքով հողին արժէքը բարձրացաւ: Ասիկա ստիպեց, որ քիւրտ թափառական ցեղերը հաստատուին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ. այս ռազմավարութիւնը որդեգրուած էր նաեւ օսմանեան պետութեան կողմէ, որպէսզի հայանպաստ ժողովրդագրական պատկերը փոխէ ի նպաստ մահմետականներուն: Հակառակ անոր որ հայ գիւղացիները Պոլսոյ պատրիարքարանին միջոցով աղմուկ բարձրացուցին այս միտումին դէմ, սակայն միշտ ալ պատասխանը կու գար սուրով:

Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. 1891-ին հիմնեց Համիտիէ զօրագունդերը, որոնց անդամներուն մեծ մասը կը բաղկանար քիւրտ զինեալներէ: Համիտիէ զօրագունդերուն նպատակները հետեւեալներն էին.

– Հիմնել կեդրոնական իշխանութիւն եւ «կայունութիւն հաստատել» Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան շրջաններուն մէջ,

– Արգիլել հայկական պետութեան ստեղծումը եւ հարուածել որեւէ շարժում, որ կը հակադրուի Օսմանեան կայսրութեան շահերուն,

– Հիմնել նոր ռազմական եւ քաղաքական հաւասարակշռութիւն մը` իսլամներուն եւ ոչ իսլամներուն միջեւ,

– Պաշտպանել կայսրութեան արեւելեան շրջանները ռուսական յարձակումներէ եւ անգլիական քաղաքականութենէն,

– Տարածել համաիսլամական գաղափարախօսութիւնը:

Քրտական ցեղախումբերուն համար այդ ժամանակաշրջանին ներքին թշնամիներն էին` հայերը, ասորիները, եզիտիները եւ գզլպաշները: Այս թշնամութիւնը ներշնչուած էր կրօնական մոլեռանդութեամբ, ուր ոչ իսլամ սիւննի տարրը կը ներկայացուէր իբրեւ անհաւատ կամ ստրուկ: Սուլթան Համիտի համար քիւրտերը, իբրեւ սիւննի իսլամ, բնական դաշնակիցներ էին, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին քիւրտերուն համար կրօնական ինքնութիւնը գերադաս էր ազգային ինքնութենէն: Աւելի՛ն. 19-րդ դարուն քրտական հասարակութեան մէջ տակաւին չէր հասունցած ազգի եւ ազգայնականութեան հասկացողութիւնը: Երբ սուլթանը օգտագործէր քիւրտերը հայերուն դէմ, միշտ ալ կը զգուշացնէր քիւրտերը, որ հայկական ապստամբութիւնը ուղղուած էր անոնց դէմ, անիկա նպատակ ունի հայկական պետութիւն հիմնել եւ դուրս քշել քիւրտերը այդ տարածքներէն: Այս գաղափարը կամ «հայկական պետութեան ստեղծման ուրուական»-ը քրտական մտայնութեան եւ գրականութեան մէջ բաւական տարածում գտած էր: Հաճի Քատիր Քոյէ իր մէկ բանաստեղծութեան մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Հարիւր անգամ երդում կ՛ընեմ Քուրանին վրայ, որ երբ Հայաստան մը հիմնուի, ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի մաքրագործելու քիւրտերը այս երկրէն»: Այս բանաստեղծութեան տողերը կրնան արտացոլացնել այդ ժամանակաշրջանին քրտական ազգայնականութեան ծնունդի սլաքը, ազգայնականութիւն մը, որ ուղղուած էր հայկական ազգայնականութեան դէմ:

Քիւրտ մտաւորականութեան դիրքորոշումը հայկական հարցին գծով

Քրտական առաջին թերթը հիմնուեցաւ 1898-ին, Գահիրէի մէջ, «Քիւրտիստան» անունով, որուն գլխաւոր խմբագիրն էր Միքտաթ Միտհատ Պետրխան: Թերթը կը բովանդակէր որոշ յառաջդիմական նիւթեր, ուր յօդուածներու միջոցով քիւրտ մտաւորականները կը քննադատեն քիւրտ ցեղապետներու վերաբերմունքը հայերուն նկատմամբ, սակայն միշտ կը պաշտպանէին Օսմանեան կայսրութեան տարածքային ամբողջականութիւնը եւ զայն կ՛ընդունէին իբրեւ սրբութիւն:

Թերթէն լոյս տեսած է 31 թիւ, որոնցմէ 14 թիւերուն մէջ յօդուածներու շարք մը տրամադրուած է Հայկական հարցին եւ հայ-քրտական յարաբերութիւններուն:

Նոյեմբեր 1898-ին Ապտուլրահման Պետրխան կ՛արձագանգէ հայկական ջարդերուն` գրելով «Պատերազմի իրավիճակ կայ հայերուն եւ քիւրտերուն միջեւ, գիտեմ, որ քիւրտերը ջարդեցին անմեղ հայեր եւ անոնք մեղաւոր են, Աստուած ասիկա չ՛ընդունիր, քիւրտերը ըրին ասիկա, որովհետեւ անգիտակից են, եւ հայ սպաննելը նման է իսլամ սպաննելուն»: Հոս կարեւոր է կեդրոնանալ «պատերազմ» բառին վրայ, բան մը, որ այդ ժամանակ Օսմանեան կայսրութիւնը այդպէս կը նկատէր` ըսելով, որ իր արեւելեան սահմաններուն մէջ խռովութիւններ կը պատահին հայերուն եւ քիւրտերուն միջեւ, բայց իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդը ազգային-ազատագրական պայքար կը մղէր Օսմանեան կայսրութեան եւ ոչ թէ քիւրտերուն դէմ, եւ ասիկա յստակօրէն բացայայտուած է ՀՅ Դաշնակցութեան անդրանիկ մանիֆեստին մէջ եւ աւելի կանուխ` հնչակեաններուն կողմէ, որոնք բազմիցս կոչ ուղղած են քիւրտերուն` միասնական ճակատ բանալու եւ դասակարգային պայքար մղելու յանուն «ժողովուրդներու եղբայրութեան»` ընդդէմ օսմանեան վարչակարգին: Ապտուլրահման Պետրխան իր յօդուածին միջոցով քիւրտերուն կը փորձէ հասկցնել, որ հայերու ապստամբութիւնը ուղղուած է սուլթանին անարդարութեան դէմ եւ ոչ թէ` քիւրտ ժողովուրդին դէմ, ապա կը զգուշացնէ զանոնք, որ եթէ շարունակեն հայերուն դէմ ջարդերը, ապա արեւմտեան երկիրները եւ Ռուսիան պիտի միջամտեն ի նպաստ հայերուն եւ ստեղծեն Հայաստան մը` Քիւրտիստանի մէջ: Պետրխան եւ Ապտուլլա Ճեւտետ այս հարցին նաեւ անդրադարձան յօդուածաշարքերով, որոնք քրտերէնով լոյս տեսան ՀՅ Դաշնակցութեան օրկան «Դրօշակ»-ին մէջ, ուր անոնք կոչ կ՛ուղղէին քիւրտերուն` դադրեցնելու հայերուն դէմ ոճիրներ գործելը եւ չդառնալու սուլթանին գործիքը, այլ` միասնաբար պայքարելու օսմանեան եւ ռուսական կայսերապաշտութիւններուն դէմ: Իսկ Հուսէյն Շուքրի «Ռոժի Քիւրտ» քրտական թերթին մէջ կը գրէ, որ 1890-ականներուն քիւրտերուն կողմէ գրաւուած հայկական հողերուն մասին խօսիլը այլեւս աւելորդ է, «հայերը գաղթեցին Կովկաս եւ հիմա քիւրտերը այդ հողերուն տէրերն են»:

Եզրափակում… Ինչո՞ւ ձախողեցաւ հայ-քրտական համագործակցութիւնը

Քրիստափոր Միքայէլեան անդրադարձած է հայ-քրտական յարաբերութեան: Ըստ Միքայէլեանի, «որպէսզի քիւրտերը հեռու մնան անկախութեան ձգտումէն, կառավարութիւնը կ՛աշխատի զանոնք զբաղեցնել ուրիշ խնդիրներով: Ան կը դրդէ քիւրտերը հայերուն, ասորիներուն եւ եզիտիներուն դէմ… հետեւաբար պէտք է չէզոքացնել քիւրտերուն մէջ կրօնական ազդեցութիւնը»: Ք. Միքայէլեան կ՛եզրափակէ իր խօսքը` եզիտիներու ժողովրդական բանաստեղծութեամբ. «Բորենին խնայում է կեանքը եւ միայն դիակներ է հանում գերեզմանից, իսկ փաշան երիտասարդների արիւնն է խմում… անիծուի հզօրը, որ գութ չունի»: Սակայն որո՞նք են քիւրտերուն համար այդ «գութ չունեցող հզօրները»` թուրքե՞րը, ռուսե՞րը, թէ՞ հայերը: Ք. Միքայէլեան կը շարունակէ. «Մենք չունինք այլ միջոց, քան` մեր սեփական ուժերը հարստացնելէ եւ կենդանի օրինակներով ապացուցելէ, որ մենք ընդունակ ենք պաշտպանելու մեր եւ շատ անգամ նաեւ մեր հարեւաններուն շահերը: Կ’ունենա՞նք այդ ուժը, կ՛ունենանք ե՛ւ քիւրտ դաշնակիցներ: Հակառակ պարագային, հայերը քիւրտերուն համար կը մնան թալանի առարկայ, քան զինակիցներ` ընդհանուր թշնամիին դէմ»: Ք. Միքայէլեան կոչը յստակ էր. քիւրտը կը յարգէ հայը միայն այն ատեն, երբ ան իր  ուժը ցոյց տայ, եւ Խանասորի արշաւանքը կ՛ապացուցէ այդ իրողութիւնը:

Հետագային Դաշնակցութեան եւ Երիտասարդ թուրքերու մերձեցումը դարձեալ նեղ կացութեան  մատնեց քիւրտերը, անոնք դուրս մնացին ներքին քաղաքական հարցերէն, իսկ 1914-ին Արեւմտեան Հայաստանի բարենորոգումի ծրագիրով քիւրտերը զգացին, որ կորսնցուցած են իրենց քաղաքական ուժը, եւ այս բոլորը կը պատահէին իրենց շահերուն հաշուոյն: Ասիկա հիմնական պատճառներէն մէկն էր, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ անոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին շրջանը պարպելու հայկական եւ ասորական բնակչութենէն. ամէնէն սոսկալի կոտորածները տեղի ունեցան այդ շրջաններուն մէջ: Հակառակ անոր որ Կարօ Սասունի կը նշէ, որ քիւրտ ցեղապետ շէյխ Մեհմետ Սիտիք եւ Մալխաս (իբրեւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ) քննարկած են Հայաստանի եւ Քիւրտիստանի սահմաններուն հարցը նախքան Համաշխարհային Ա. պատերազմը, սակայն լուծումի չեն յանգած: Քրտական կողմը պահանջած է, որ  Վանէն մինչեւ Մուսուլ Քիւրտիստանի մաս կազմէ, իսկ Սեբաստիան եւ Էրզրումը` Հայաստանի:

Այդ ժամանակաշրջանին շատ արդիւնաւէտ պիտի ըլլար երկու ժողովուրդներուն համար, եթէ գետնին վրայ համագործակցութիւն գոյութիւն ունենար: Եթէ հայ եւ քիւրտ ղեկավարութիւնները դաշինքի մէջ մտնէին, շատ հաւանական պիտի ըլլար, որ արեւմտահայութիւնը փրկուէր, եւ Թուրքիա այսօր կորսնցնէր արեւելեան շրջանները. Քիւրտիստան մը պիտի հիմնուէր եւ ներկայ Հայաստանին ալ պիտի կցուէին Օսմանեան կայսրութեան հայկական նահանգները, նոյնիսկ եթէ առաջադրուած տարբերակը պիտի չհամապատասխանէր հայկական երազներուն: Երկու գործօններ խոչընդոտեցին հայ-քրտական յարաբերութեան զարգացման:

Նախ` հայկական գործօնը. հոս պէտք է յանդգնութիւնը ունենանք վերաքննարկելու մեր պատմութիւնը եւ հայկական կուսակցութիւններուն դերը այդ ժամանակ: Այնպէս կը թուի, որ օտարին,  մասնաւորաբար ռուսին եւ Արեւմուտքին նկատմամբ մեր կոյր վստահութիւնը իրապաշտութեան սահմաններէն անդին էր: Նոյնիսկ երբ հայկական շրջանակներուն մէջ հայկական պատուիրակութիւնները կը քննարկէին բարենորոգումներու ծրագիրը եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ, երբեք չէին անդրադառնար քրտական տարրին: Նոյնն էր նաեւ պարագան, երբ Հայոց ազգային պատուիրակութիւնը Փարիզի վեհաժողովին պահանջեց «ծովէ ծով» Հայաստանի ստեղծումը (անշուշտ նոյնն ալ կը վերաբերի Հայաստանի կառավարութեան պատուիրակութեան` Սեւրի պայմանագիրի ժամանակաշրջանին), որուն բնակչութեան մէջ գերակշռող դեր կը խաղար քիւրտ ժողովուրդը: Արդեօք ի՞նչն էր պատճառը, որ հայ ղեկավարութիւնը կ՛անտեսէր քրտական գործօնը: Հաւանաբար պէտք է խոստովանիլ, որ հայկական կուսակցութիւնները այդ ժամանակաշրջանին ձախողեցան իրենց կողմը քաշել քիւրտերը, որովհետեւ մոլորուած էին ազգայնական ռոմանթիզմով, նոյնիսկ եթէ ընկերվարութեան անուան տակ կոչեր կ՛ուղղէին իրենց «քիւրտ եղբայրներուն»: Սակայն արդեօք քիւրտերը պատրա՞ստ էին այդ կոչերուն ենթարկուելու եւ մէկդի դնելու իրենց կրօնական մոլեռանդութիւնը:

Քրտական կողմէն նոյնպէս սխալներ կային. նախ` քիւրտ ժողովուրդին մօտ ազգային գիտակցութիւնը բաւարար չափով չէր զարգացած, եւ մտաւորականութիւնը գետնի վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունէր: Աւելի՛ն. քիւրտ մտաւորականութիւնը հաստատուած էր իր հայրենիքէն դուրս, իսկ հայ մտաւորականութիւնը գրեթէ կը գործէր կայսրութեան սահմաններուն մէջ եւ բաւական ազդեցութիւն ունէր հասարակութեան վրայ: Քիւրտերուն համար անընդունելի բան մըն էր Հայաստանի մը ստեղծումը իրենց «հայրենիքին» մէջ, եւ այդ պատճառով դարձան օսմանեան պետութեան գործիքը` վերջ դնելու համար Հայկական հարցին: Քրտական դիտանկիւնէն մեկնած` հայերը եւ այլ ժողովուրդներ միշտ ալ ապրած են այդ տարածքին վրայ, սակայն այդ տարածքը քիւրտերուն համար Քիւրտիստան է: Այս մասին նաեւ իր «ՔԱԿ (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն) եւ Քրտական հարցը 21-րդ դարուն» խորագրեալ գիրքին մէջ Ապտուլլա Օճալանը անդրադարձած է` նշելով, որ հազարամեակներ շարունակ հայերը, ասորիները եւ քիւրտերը խաղաղօրէն ապրած են «Քիւրտիստան»-ի մէջ, սակայն ան հայկական եւ ասորական ազգայնականութիւնները անուանած էր «դրամատիրական եւ պուրժուայական»: Անշուշտ ասիկա պատմական խեղաթիւրում է, որովհետեւ «Քիւրտիստան» բառը մէջտեղ եկաւ միայն 12-րդ դարուն, երբ սելճուքները Արեւմտահայաստանի հարաւային շրջանը անուանեցին «Քիւրտիստան», որ կը նշանակէ «քիւրտերու կողմէ բնակուած» կամ «քիւրտերու հայրենիք»: Վերջապէս, այդ ժամանակաշրջանին կրօնական գործօնը կարեւոր դեր կը խաղար քրտական կեանքին մէջ եւ բազմաթիւ քիւրտեր իրենք զիրենք կը նկատէին մահմետական կամ օսմանցի, եւ պարագան նոյնը չէր հայերուն համար:

Պատմութիւնը մեզի շատ բան ունի սորվեցնելիք: Երբ կ՛ակնարկենք Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցին, կարելի չէ անտեսել նաեւ քրտական գործօնը. նոյնը պէտք է ըլլայ նաեւ քիւրտերուն համար: Հայկական եւ քրտական հարցերը կարելի չէ իրարմէ անջատել, երբ հողային պահանջ կը դրուի: Երկու ազգերն ալ իրարու կարիքը ունին` զարգացնելու համար իրենց քաղաքական հեռանկարները: Այսօր քիւրտն է, որ մեր հողերուն վրայ ազգային-ազատագրական պայքար կը մղէ, մինչ մենք դիտորդի կամ ծափահարելու դերը կը խաղանք, բայց նաեւ կ՛ափսոսանք, որովհետեւ դար մը առաջ մենք էինք զէնք բարձրացնողները… իսկ իրենց աղաները սուլթանին շքանշաններով եւ հայ գիւղացիի արիւնով կը մոլորուէին: Պատմութիւնը փաստեց, որ եթէ հայ-քրտական յարաբերութիւնը այնպէս մը մշակուէր, որ դաշինքի վերածուէր, այսօր Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցը որոշ չափով լուծուած կ՛ըլլար: Իսկ ժամանակը փաստեց, որ անցեալին «ազատագրական պայքարին դէմ կռուողը» այսօր ինք ազատագրական պայքար կը մղէ, սակայն մօտ 40 տարի է ի վեր տակաւին քրտական հարցը իր զինեալ, քաղաքական եւ ընկերային պայքարի բնոյթով ոչ մէկ լուծման հասած է: Եւ պիտի չհասնի, այնքան ատեն որ հայ-քրտական յարաբերութիւնները ռազմավարական քաղաքական դաշինքի մը չեն վերածուած:

Yeghia.tash@gmail.com

Նախորդը

Յանցագո՞րծ, Թէ՞ Մարդասէր

Յաջորդը

Արամ Փափազեան Կը Ներկայացնէ Իր «Մեկնելով» Մենացուցահանդէսը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?