Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ընդդիմութիւն Մը` Ի Ծապլվար

August 11, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Ամբողջատիրական համակարգերուն մէջ իշխանութեան հանդուրժողականութիւնը վայելող ընդդիմութեան հասկացողութիւնը ընդհանրապէս անհեթեթ է: Հոն կա՛մ ամբողջատիրութեան սահմանումը թերի է, կա՛մ ընդդիմութեան (ընդհանրապէս` ընդդիմութեան): Այդ երկուքին մէկտեղման փորձերը բութ մտքի արգասիքներ են, բայց յաճախ նաեւ` բութ մտքեր ներգրաւելու նպատակով կատարուած ճիգեր:

Վերջիններու հեղինակները ժամանակակից ամբողջատիրութիւններու ներկայացուցիչներն են, որոնք ողջ աշխարհին կ՛ուզեն ներկայանալ ո՛չ այնքան ճենկիզխանական իրենց հարազատ խառնուածքով, որքան` ժողովրդավար առաջնորդի մը համակրելի դիմագծութեամբ: Հետեւաբար կարծեցեալ ընդդիմութեան մը ձեւաւորումն ու ծանուցումը անհրաժեշտութիւն է հոն:

Իսկ որո՞նք կը կազմեն նման ընդդիմութեան մը շարքերը. ամբողջատիրական համակարգի ընդհանրական արժէքները կրող մարդիկ, որոնց ընդդիմադիր հայեացքները թէական են ու սակարկելի: Սովորաբար սոյն շրջանակը կը համալրուի ցնորամտութեամբ համակուած այնպիսի տիպարներով, որոնք իրենց յատուկ տրամաբանութեամբ համոզուած են, որ իրենք վսեմ առաքելութեան մը համր ռահվիրաներն են: Ասոնք քաղաքական կեանքի մէջ իրենց դերակատարութիւնը «իշխանութիւն-ընդդիմութիւն» դասական հոլովոյթէն աւելի բարձր կը սեպեն ու իրենց սոսկ ներկայութիւնը նուէր կը համարեն հանրութեան: Անոնցմէ քիչերը միայն, անկեղծութեան հազուադէպ պահերու, «ծապլվարական»  իրենց ընդդիմութիւնը կը վերագրեն սեփական անզօրութեան, տեղատւութեան` ընդդէմ ճնշիչ ու անհակակշռելի ուժին…

Ու թերեւս միայն այդ քիչերու պարագան կը մնայ քննարկման արժանի: Ընդունելի՞ ու ներելի՞ է անզօրութիւնը, երբ փոխան ցասման տարերքի` ան շողոքորթութիւն ու արժեզրկում կը ծնի, կեղեքման ու ճնշումի յաւելեալ ատաղձ կը հանդիսանայ, որով եւ կը վերածուի կրկնակի՛ վատութեան:

Երբեմն, երբ ուղեղը կը ծուլանայ պատասխանի մը բանաձեւումէն, յանկարծ երգի տող մը կը յայտնուի, բծախնդրօրէն կատարելու այդ աշխատանքը` «Եթէ մեզ Աստուած թեւեր չի ընծայել, նաեւ չի պարտադրել առնէտի պէս ապրել»…

 

Նախորդը

Երեխան Ինչպէ՞ս Պաշտպանել Առցանց Վտանգներէն

Յաջորդը

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ.

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.