Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Աւարտական Հանդէսներ

August 14, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 25 յունիսին տեղի ունեցան ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի միջնակարգի  ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:

Վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ դպրոցի յարկին տակ հայ մանուկը մարդկային վսեմ  յատկանիշներով,  բարոյական  նկարագիրով, ազնիւ ոգիով եւ  նուիրումի գաղափարով թրծելու երեւոյթին: Ան տեղեկացուց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին վարժարանի Ա. կարգի  դասընթացքին մեծագոյն  բաժինը պիտի ընթանայ արդիական Այ. փետ.  արհեստագիտական  գործիքի միջոցով: Անդրադառնալով անցնող տարեշրջանի  գործունէութեան` ան  նշեց, որ դպրոցին  աշակերտները 2016-2017 տարեշրջանին  եւս  մասնակցեցան զանազան ձեռնարկներու, անոնք ընթացքին փայլուն արդիւնքներ արձանագրեցին եւ լայն փորձառութիւն  ձեռք  ձգեցին:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք շրջանաւարտներէն Քարլա Փելթեքեան, Լոռի Փոլաճեան  եւ  Տեսիլ  Մսըրլեան  պարեցին Սայաթ Նովայի «Նազանի»-ն,  ապա Լոռի Փոլաճեան դաշնակի  վրայ  նուագեց «Մարիաժ տ՛ամուր»: Մենապար մը ներկայացուց Տեսիլ Մսըրլեանը, որմէ  ետք ցուցադրուեցաւ  շրջանաւարտներուն, մանկապարտէզէն  աւարտական դասարան, դպրոցական տարիներու  զանազան առիթներու նկարներով տեսերիզ  մը` պատրաստուած Մելքոն  Մազաքեանի  կողմէ:

Հայոց լեզուի դասատու Մարալ Քեհեայեանի  նախաձեռնութեամբ, աւարտական դասարանի աշակերտները  հանդէս  եկան թատերական  ներկայացումով մը` «Դէպի կանաչ ճանապարհ»  խորագիրով, ուր իւրաքանչիւր  աշակերտ ներկայացուց իր ապագայ ծրագիրները  եւ  երազանքները, ապա անոնք երախտագիտական եւ  շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեցին  տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին: Թատրերգութեան ընթացքին նուագեցին` Տեսիլ Մսըրլեան (քլարինեթ), Լոռի Փոլաճեան (երգեհոն), Ճիանի Աստուրեան (կիթառ):

Թատրոնէն ետք հանդիսաւոր մուտք գործեցին  շրջանաւարտները: Միջնակարգի  շրջանաւարտներու անունով ուղերձ կարդաց Լոռի  Փոլաճեանը, որ իր խօսքին  մէջ ըսաւ, թէ այս մեծ  մոլորակին վրայ շատ գեղեցիկ, փոքրիկ  մոլորակ  մըն է դպրոցը, զոր իրենք կ՛աւարտեն ուրախութեան եւ տխրութեան միահիւսուած զգացումներով: Ան շեշտեց, որ ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան  եւ  անձնակազմին շնորհիւ կարելի եղած է  յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւն: Խօսելով ապագային մասին` ան շեշտեց, որ կրթութեամբ  արմատաւորուած եւ անոր  հասուն արգասիքով  բեղմնաւորուած, կ՛ուղղուին դէպի յառաջիկայ փուլ` խոստանալով երբեք չմոռնալ իրենց վարժարանը  եւ  կրթութեան  զէնքով  տոգորուած, ինքնավստահ քայլերով շարունակել դէպի երկրորդական  վարժարան:

Ուղերձէն ետք հանդիսավարուհին  բեմ  հրաւիրեց  կրթական յանձնախումբի ատենապետ Լենա  Իւրնէշլեանը` արտասանելու հուսկ բանքը:

Ապա Լենա Իւրնէշլեանին միացան` ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ընդհանուր  տնօրէն Արա  Վասիլեանը, վարժարանի տնօրէն Մարալ  Պալեօզեանը եւ Թ. կարգի դաստիարակ Վարդ Այվազը` յանձնելու վկայականները:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ  մրցանակաբաշխութիւն, եւ մրցանակներ  ստացան  գերազանց, բարձր պատուոյ եւ պատուոյ յիշատակութեան արժանի  աշակերտները, ինչպէս  նաեւ` հայոց լեզուի եւ հայոց  պատմութեան  բարձրագոյն  միջին ունեցող աշակերտները:

Յատուկ մրցանակներ ստացան  նաեւ  «Հայ  զինուորին» եւ «Հայոց լեզուին» նուիրուած  շարադրական աշխատանքներուն յատուկ  գնահատանքի արժանացող  աշակերտներ` ուղարկուած սփիւռքի նախարարութեան  կողմէ:

Շրջանաւարտներն են` Աստուրեան Ճիանի, Կիւլիւզեան Սերժ, Մազաքեան Մելքոն, Մսըրլեան Տեսիլ, Փելթեքեան Քարլա եւ Փոլաճեան Լոռի:

***

Կիրակի, 18 յունիս 2017-ին երեկոյեան կայացաւ դպրոցին մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդէսը, որուն բացումէն ետք բեմ բարձրացան Ծիլ դասարանցիները` միանալու մանկապարտէզի միացեալ երգչախումբին եւ ներկայացնելու եօթը գեղեցիկ երգեր` «Իմ երկրի վրայ շողում Է», «Ամենալաւ մայրիկը», «Գետաշէն» եւ այլն:

Խօսք առաւ մանկապարտէզի վարիչ Սոնիա Տեյիրմենճեանը, որ դրուատեց անցնող տարուան աշխատանքը, անդրադարձաւ Կարմիրեան վարժարանի կրթական առաքելութեան, արդիական միջոցներուն եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները: Աւարտին հրաւիրեց ծնողները` պահպանելու հայոց ընտիր լեզուն, հարուստ մշակոյթն ու նուիրական ժառանգութիւնները, որոնք կը կազմաւորեն հայու նկարագիրն ու ապրելակերպը եւ կը հանդիսանան պատգամը գալիք սերունդներուն:

Յայտագիրը շարունակեց իր հեզասահ ընթացքը, եւ քանի որ հանդէսին խորագիրը «Փայլուն աստղեր» էր, երեխաները բեմին վրայ սկսան ցուցադրել իրենց զանազան ձիրքերը:

Վկայականներու բաշխումէն առաջ բեմ բարձրացաւ ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը, որ խօսեցաւ ՀԲԸՄ-ի` Լիբանանի վարժարաններու վերջին տարիներու շինիչ իրագործումներուն մասին` նշելով, որ 2017-ի վերամուտին Ա. դասարանի դասընթացքին մեծագոյն բաժինը պիտի ընթանայ արդիական «Այ. փետ» գործիքով:

Ապա սրահ մուտք գործեցին շրջանաւարտները, որոնցմէ Շանել Էլսուէյտին արտասանեց հայերէն ուղերձը:

Վկայականներու տուչութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի կրթական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սինթիա Մենտիլեանի, Կարմիրեան բարերար ընտանիքի դուստր` Սոնիա Զաւզաւաթճեանի, ՀԲԸՄ վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեանի, Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանի ու մանկապարտէզի վարիչ Սոնիա Տեյիրմենճեանի:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Օգոստոս 1967)

Յաջորդը

Կայացաւ «Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրի Եզրափակիչ Հանդէսը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.