ՍԻԼՎԻ ԳԱՅԵԱՆ
Անհերքելի իրողութիւն է, որ արդէն թեւակոխած ենք ճարտարարուեստական չորրորդ յեղափոխութեան փուլը: Երեւակայեցէք, որ 21-րդ դարուն մարդիկ տակաւին անասուններով ճամբորդեն, «աղաւնի» սուրհանդակներով հաղորդակցին, ժամերով փայտէ ցպիկներ իրարու շփեն կրակ յառաջացնելու համար … ու շարքը կ՛երկարի:
Դարերու ընթացքին մարդկային կարիքի եւ ստեղծագործ երեւակայութեան յարաճուն խթանումով իրագործուած նորարարութիւնները տարրական փոփոխութիւններ մտցուցած են մարդկային ապրելակերպի կենցաղային պայմաններուն մէջ:
18-րդ դարը, սակայն, կու գար աւետելու ճարտարարուեստական առաջին յեղափոխութիւնը` թափ տալով շոգեքարշ սարքերու եւ հիւսուածեղէնի մեծածաւալ արդիւնաբերութեան:
1870-1914 ժամանակաշրջանը իր ելեկտրուժի, հեռախօսի, լուսանկարչական եւ յարակից սարքերու նորարարութեամբ կը նշէր ճարտարարուեստական երկրորդ յեղափոխութիւնը:
Անցնող յիսնամեակին հաղորդակցութեան եւ յատկապէս համացանցային զարգացումներու նորարարութիւնները կը նշէին ճարտարարուեստական երրորդ յեղափոխութիւնը:
21-րդ դարաշրջանի սկզբնաւորութենէն ի վեր կ՛ապրինք ու կը վայելենք անզէն ու խաղաղ այս յեղափոխութեան չորրորդ փուլը, որ կը յատկանշուի իր սրընթաց արագութեամբ եւ վարակիչ գիւտերով:
Ընթացիկ այս յեղափոխութեան նորագոյն տարբերակներէն է` «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-ը («Վոլթըրմեն ուշիմ դրամապանակ») իր նորարարական աննախընթաց սարքաւորումով:
2014-ին մէկէ աւելի անգամներ կորսնցնելով իր դրամապանակը` Ազատ Թովմասեան կը ծրագրէ «լուծել» այս հարցը իրեն եւ իր նմաններուն համար: Արհեստագիտական մարզի հմուտ փորձագէտներէն մէկը ըլլալով` Ազատ թեւ ու թռիչք կու տայ իր ճարտարագիտական մտայղացքին եւ, խումբ մը փորձագէտներու եւ կամաւորներու ընկերակցութեամբ, կը յաջողի սարքաւորել ուշիմ դրամապանակ մը` օժտուած բազմապիսի իւրայատկութիւններով: Աւելի քան երկամսեայ խորհրդակցութիւններէ ետք դրամապանակը «կը մկրտուի» «Վոլթըրմեն» մակնիշով` փորձելով անոր տալ «սուփըրմեն»-ը յիշեցնող գերարդիական կարողութիւններով օժտուած սարքի մը գրաւչութիւնը: Գերմանական ծագում խորհրդանշող անունի ընտրութիւնը յաւելեալ խթան կը նկատուի ներգրաւելու գլխաւորաբար ամերիկեան ու եւրոպական շուկաներու յաճախորդներու ուշադրութիւնը:
Գաղտնիք չէ, որ համաշխարհային արդիւնաբերութեան եւ աշխատանքի մարզերը «կը գործեն» արհեստագիտական նորարարութեանց կիրարկումով, որոնց առնչակից տեղեկութիւնները ձեռնտու են ափի մեծութեամբ բջիջայինի կոճակներու սեղմումով: Նմանապէս` նոյն հասցէով կարելի է հաղորդուիլ աշխարհը ողողող տեղեկատուական նորութիւններով: Այլ խօսքով, այսօր բջիջայինը իր համացանցային հաղորդակցութեան կարելիութիւններով դարձած է մարդկութեան այլազան հարցումներուն աղբիւրագիտական շտեմարանը, չըսելու համար` փարոսը:
Բջիջային այդ հեռաձայնի կազմածները, սակայն, ինքնաբաւ չեն եւ մնայուն կարիքն ունին համացանցի եւ զայն հայթայթող սարքերու, միջոցներու, զանոնք կենսաւորող բարդերու ուժականութիւնը լիցքաւորող (պաթըրի) գործիքներու, անթել կազմածներու: Իսկ ուսանողին, պաշտօնեային, տանտիկինին, առեւտրականին, մտաւորականին, մինչեւ իսկ սովորական անհատին անցագիրն ու յարակից փաստաթուղթերու եւ դրամատնային քարտերու մնայուն «ընկերակցութիւնը» նկատառելի «բեռ» մըն է, զոր կարելի չէ մէկտեղել գրպանի մը սահմաններուն մէջ: Տակաւին, բազմազբաղութեան ու աճապարանքի մէջ կորսուելու վտանգը նոյնքան մտահոգիչ հարց է զանոնք գործածողին ու կրողին համար:
Արհեստագիտական ճարտարագիտութեան «նինճա» որակուող Ազատ Թովմասեանի նախաձեռնած հայազգի սկսնակ կամ «սթարթ ափ» խմբակի եւ դրամարշաւի հանրածանօթ «Ինտիկոկօ» (Indiegogo) ընկերութեան կողմէ առաջադրուող «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-ը իր իւրայատուկ կազմուածքով կու գայ գոհացնելու ամէնէն նրբազգաց թէ խստապահանջ յաճախորդներու հետաքրքրութիւնը: Անոր ձեւաւորումն ու տեսքի զարդարանքը յանձն առած է մրցանակակիր «Պաքպոն Պրանտինկ սթուտիոն» (Backbone Branding ): Դէպի միջազգային շուկայ կամրջումի «առաքելութիւնը» վստահուած է ոչ կառավարական «Կլոպըլ.էյ.էմ.» (Global.am, NGO) ընկերութեան:
Արդարեւ, դրամապանակը օժտուած է իրեն ընկերացող բջիջային հեռաձայնին բարդերը լիցքաւորդող մնայուն սարքով` փաուըր պանքով (Power Bank) եւ համայն տիեզերքը «ծածկող» մնայուն համացանց ապահովող «ուայֆայ» (Wi-Fi Hotspot) սարքով, «ռոմինկ»-ի (roaming) տասը անգամ նուազ գինով: Աւելի՛ն. դրամապանակին թէ բջիջային հեռախօսի կորստեան կամ մոռացութեան պարագային «պլութութ»-ի զարթուցիչը (Bluetooth alarm system) կը զգուշացնէ` նշելով անոր գտնուած վայրը, որքան ալ հեռու թէ ծածուկ դիրքի մէջ ըլլայ անիկա, շնորհիւ «համաշխարհային դիրքաւորումի համակարգ»-ին կամ` «ճի.փի.էս.»-ին (GPS): Իսկ անոր մէջ զետեղուած լուսանկարչական գործիքը կը նկարէ զայն իւրացնել փորձողին դէմքը: Արեւի, ջուրի թէ փճացման վտանգին տոկացող, ֆրանսական որակաւոր կաշիէ կազմուած, յիշողութեան քարտով օժտուած եւ քանի մը տարբեր չափերով ու ձեւերով զարդարուած դրամապանակ մը, որ բջիջայինի ընձեռած գործարքներու կամ «ափլիքէյշըն»-ի (application) միջոցով անհատը հաղորդակից կը դարձնէ համաշխարհային իրադարձութեանց: Այլ խօսքով, տիեզերքը «կը զետեղէ» մարդու ափի մէջ:
Գերարդիական նման կարելիութիւններով օժտուած դրամապանակ մը խիստ կենսական ու օգտակար կը նկատուի հայութեան եւ համայն մարդկութեան համար:
«Տիեզերքը` ափի մէջ» թիրախ ունեցող «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-ի նիւթական համաներդրումի թիրախը հսկայական գումար է: Ցարդ ապահովուած է գրեթէ 900 հազար տոլար եւ ունի աւեի քան 6150 զօրակցողներ: «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-ը ընթացիկ 2017 տարուան ընթացքին արժանացած է մրցանակի, Հայաստանի մէջ կայացած մրցոյթի մը առիթով:
Վստահաբար նշեալ այս առաւելութիւններու վայելքին մարմաջով հետաքրքիր ու յաչս աշխարհին` հայու եւ Հայաստանի վարկի բարձրացման նախանձախնդիր ոեւէ անհատ, ոեւէ հայ, պիտի փափաքէր ունենալ այս ուշիմ «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-էն օրինակ մը: Եւ, ինչո՞ւ ոչ, յատկապէս որ անոր համաներդրումի դրամահաւաքին (crowdfunding) կազմակերպիչ ընկերութիւններու ճշդած ժամկէտը կ՛աւարտի քանի մը օրէն ու, առ այդ, 49 առ հարիւր համեմատութեամբ բացառիկ զեղչի առիթ կայ:
Գաղտնիք մը չէ, որ հայ ժողովուրդը աշխարհաքաղաքական աննպաստ պայմաններու բերումով չէ կրցած տիրական ազդեցութիւն ունենալ միջազգային հարթակի վրայ, յատկապէս` քաղաքական մարզին մէջ: Սակայն եթէ կարելի չէ միջազգային հարթակի «դահլիճէն» ներս մուտք գործել անոր «մայր դրան» ճամբով, ապա կան «լուսամուտներ», ուրկէ անպայման որ կարելի է հայու վարակիչ շունչը փոխանցել համայն մարդկութեան: Այդ լուսամուտներէն են օրինակ` մարզական, մշակութային, արուեստի, արհեստագիտական թէ յարակից այլ բնագաւառներ: Փաստօրէն, բրիտանական լրատուական «Պի.Պի.Սի.» հանրածանօթ կայանը, քանի մը տարի առաջ 25 վայրկեան տեւողութեամբ յատուկ յայտագիր մը տրամադրած էր հայութեան` հայազգի մարզիկի մը ճատրակի ախոյեանութեան դափնեկիր հանդիսանալուն առիթով, գովերգելով ու դրուատելով հայու ուշիմութեան յատկութիւնը: Նմանապէս` հայու չափազանց ունակութիւնն ու ուշիմութիւնը պատճառ դարձած են ոմանց հակահայ նախանձը գրգռելու: Այս մասին կը բաւէ վերյիշել «Լորենս աֆ Արապիա»-ի 1919-ին ունեցած մէկ հարցազրոյցը, ուր ան նշելով հանդերձ հայ ժողովուրդի բացարձակ ուշիմութիւնն ու իմաստութիւնը, անհրաժեշտ կը նկատէ հայերու բնաջնջումը` «կանխարգիլելու համար հայոց համայնատիրութիւնը տիեզերքի վրայ»…
Անկասկած որ հայրենի թէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր այլազան իրագործումներով եւ փայլուն մտայղացքներով պիտի շարունակէ զարմացնել համայն աշխարհը:
Այսօր «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ» այս «սթարթ-ափ»-ի հայորդիներուն զօրակցիլը ինքնի՛ն քար մը եւս, տուֆի՛ քար մը, զետեղել կը նշանակէ, հայու ուշիմութեան «բուրգին» վրայ` շարունակելով շշմեցնել միաժամանակ հայ ազգին վրայ հիացողներն ու նախանձողները…
«Հայազգի» այս նորարարութեան «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ» երախայրիքէն օրինակ մը գնելու կամ անոր զօրակցելու համար կարելի է դիմել www.volterman.com կայքին: