Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Հայկական Սրբավայրերու Եւ Կոթողներու Հանդէպ Թրքաբարոյ Եւ Իրանեան Հակապատկեր Կեցուածքներ

Օգոստոս 12, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ազգերու եւ ժողովուրդներու կեանքին մէջ հիմնական ու անվիճելի իրաւունքները յաճախ կը յափշտակուին աւելի զօրաւոր եւ մեծապետական նկրտումներ ունեցողներու կողմէ: Իսկ ուրիշներ ալ, վերի մտքին լրիւ հակառակ, կը գուրգուրան եւ զանազան տեսակի հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն իրենց կամ այլ ազգի ամէն տեսակի արժէքներու:

Օրեր առաջ «Իրանն Այսօր»-էն տեղեկացանք, որ Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, արհեստներու եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան փոխղեկավար Մոհամետ Հասան Թալեպեան ըսած է. «Անհրաժեշտ է պահպանել պատմական եկեղեցիներուն տեսքը, եւ այդ իսկ պատճառով Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւնը կը փորձէ հասարակութեան ուշադրութիւնը անոնց վրայ կեդրոնացնել` կրօնական արարողութիւններ կազմակերպելով ու վերանորոգման նախագիծներ իրականացնելով»:

Պաշտօնատարը այս յայտարարութիւնը կատարած է Ս. Թադէի վանք այցելութեան ընթացքին: Այնուհետեւ, Թեհրանի կառավարութիւնը 370.000 տոլար յատկացուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած հայկական եկեղեցիները վերանորոգելու ջանքերուն:

Արդարեւ, յաճախ խօսած ենք թրքացեղ ժողովուրդի գազանաբարոյ կեցուածքներուն մասին` հանդէպ բոլոր ժողովուրդներուն,  բնականաբար` ներառեալ յատկապէս հայ ազգի:

Թուրքիոյ եւ ազերի պետութիւններու քաղաքականութիւնը 1920-էն ասդին որդեգրած յետցեղասպանական ռազմավարութիւնը նոյնացած է, որուն հիմքը անտէր ձգուած հայկական մշակութային կոթողներուն եւ հետքերուն ի սպառ ջնջումն է:

Այսօր Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիոյ շրջանը, հայկական Նախիջեւանը, բռնագրաւուած Կիպրոսի հողատարածքին վրայ գտնուող հայկական սրբավայրեր, յուշակոթողներ ու այլ միջազգային մշակութային կեդրոններ ենթարկուած են նոյն ճակատագրին:

Թուրքիա տակաւին այսքանով չէ բաւարարուած. Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին իր հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքով 21 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին պայթեցնել տուած էր Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:

Թուրքերն ու ազերիներ ոչ միայն կ՛աւերեն ու կ՛ոչնչացնեն հայկական կոթողները Արեւմտահայաստանի եւ Նախիջեւանի տարածքին, այլեւ կ՛ուզեն հայրենի բնօրրանին վրայ թրքացեղ հայրենիք կերտել, իսկ միւս կողմէ` նախիջեւանեան ազգ դառնալ: Օսմանեան Թանզիմաթի (բարեկարգումներու, 1839 – 1876) հեղինակներէն Ալի փաշային վերագրուող հետագայ խօսքի մէջբերումը էական է եւ կը լուսաւորէ վերոնշեալ աւերումի, քանդումի անցեալի ու նոյնիսկ ժամանակակից դէպքերը. «Այս պետութեան ազգ մը պէտք է»: Այսինքն թրքացեղ ազերիները ազգ դառնալու համար թէ՛ հողի պէտք ունին եւ թէ՛ մշակոյթի. ուստի ազգ ըլլալու երկու կենսական բաղադրիչները անոնք իւրացուցած են այլ ազգերէ, յատկապէս` հայ ժողովուրդէն:

Թուրքերու ու ազերիներու աչքին ազգային ու մարդկային բարոյական հարցերը նշանակութիւն չունին, անոնք ոչ միայն բռնագրաւուած կը պահեն մեր հողերը ամբողջութեամբ, այլեւ կ՛իւրացնեն նաեւ մեր մշակոյթին կարեւոր մէկ տոկոսը:

Մինչեւ օրս շարունակուող մշակութային այս ջարդը ունի միակ գլխաւոր դրդապատճառ` ջնջել հետքերն ու ապացոյցները Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան. թուրքն ու ազերին հանգիստ չեն կրնար ունենալ, այնքան ատեն որ հազարաւոր հայկական կոթողներ եւ յուշարձաններ աղաղակող ապացոյցներն են բռնագրաւեալ մեր հողերուն վրայ հայկական դարաւոր գոյութեան ու քաղաքակրթական ստեղծագործութեան:

Արդարեւ, թուրքերն ու ազերիները մշակութային կոթողներ չեն աւերեր կրօնական պատճառներով. անոնց մղում կու տան ցեղապաշտութիւնն ու ազգայնամոլութիւնը: Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան դէմ գործուող մշակութային այս սպանդին նպատակը պարզապէս խուսափիլն է Հայոց ցեղասպանութեան համար հաշիւ տալու անժամանցելի պատասխանատւութենէն եւ քաղաքական հաշուետւութենէն, որ ծանրացած է թուրք եւ ազերի նորահաս սերունդներու ուսերուն:

Հայկական հողերու ինքնութիւնը, փաստօրէն, մեծ տարողութեամբ ենթակայ է մշակութային կոտորածի: Եւ այդ պատճառով ալ թրքացեղ ժողովուրդին կողմէ մշակութային եղեռնը տակաւին կը շարունակուի:

Այստեղ ուզեցինք լուսարձակի տակ առնել երկու տարբեր ժողովուրդներու կեցուածքները` հանդէպ հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան, մանաւանդ որ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը մեծ արժէք կու տայ եւ արդար կը գտնուի երկրի տարածքին գտնուող կրօնական փոքրամասնութիւններուն: Նախ պէտք է ըսել, որ Իրանի սահմանադրութեան ընդունումէն ի վեր` 1806-1807 թուականներուն, խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւններուն տեղ յատկացուած է: Նոյնը շարունակուած է Իրանի իսլամական յեղափոխութենէ ետք: Տակաւին,  սահմանադրութեամբ այդ իրաւունքները ամրագրուած են փոքրամասնութիւններու աւանդութեան եւ կրօնական օրէնքներով, որ կը կոչուի «ահուալ ալ-շախսիէ» (անհատական պայմաններ):

Վերջապէս, այստեղ երախտագիտութեամբ պէտք է դիտել Իրանի կառավարութեան կեցուածքը, որ յատուկ խնամքով, նիւթական մեծ յատկացումներով կործանումէ կը փրկէ հայկական եկեղեցիներն ու մշակութային կոթողները, ինչպէս նաեւ` Մեծ եղեռնի նահատակներու յուշակոթողները:

Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ միջազգային մամուլը ընդհանրապէս լուռ կ՛անցնի երկու հակասական կեցուածքներուն վրայէն:

 

 

Նախորդը

Տիգրանակերտէն Աղթամար

Յաջորդը

Անդրադարձ. Գերմանական Դիւանագիտութեան Հնարքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արցախեան Դատը Չէ Փակուած

Դեկտեմբեր 5, 2023
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Ո՞ւր Է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ – Դ.

Դեկտեմբեր 5, 2023
Երուանդ Փամպուքեան, ՀՅ Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարան (Անձնանուններ, Տեղանուններ, Թուանշանային Ծածկագրեր),  «Վէմ» Մատենաշար, Թիւ 5, Եր. «Լուսակն», 2023, 253 Էջ
Անդրադարձ

Երուանդ Փամպուքեան, ՀՅ Դաշնակցութեան Ծածկանուններու Բառարան (Անձնանուններ, Տեղանուններ, Թուանշանային Ծածկագրեր), «Վէմ» Մատենաշար, Թիւ 5, Եր. «Լուսակն», 2023, 253 Էջ

Դեկտեմբեր 5, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In