Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Ծրագիրի 2017 Տարուան Համառօտ Տեղեկատուութիւն

Օգոստոս 12, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը սփիւռքի սիրտը նկատուող Լիբանանի մէջ կայք հաստատելէ ետք, բազմաբնոյթ եւ բազմաճիւղ ծրագիրներով իր անուրանալի դրոշմը ձգեց եւ տակաւին կը շարունակէ հասնիլ հայ ժողովուրդի կարիքներուն` հաւատարիմ մնալով Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեան ամոլի կտակին: Առողջապահական, ընկերային, կրթական, դաստիարակչական, հոգեբանական ու մանկավարժական մշակուած բծախնդիր ծրագիրները առանցքը կը կազմեն «Գարակէօզեան» հաստատութեան առաքելութեան:

Ամառնային Դպրոցի Բացում

2006 թուականին ազդանշանը տրուեցաւ «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի ծրագիրին, երբ խումբ մը ընկերային ծառայողներ անդրադարձան հայ մանուկներու ամառնային ծրագիրներու պակասին եւ մշակեցին ամառնային դպրոցի ծրագիրը` նուիրելով մանուկներուն ուրախ եւ ապահով ժամանցի պահեր: Արդարեւ, տասնմէկերորդ տարին ըլլալով` 2017 տարուան ամառնային դպրոցի բացումը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 27 յունիս 2017-ին: Դպրոցին մասնակցեցան աւելի քան 280 մանուկներ եւ պատանիներ: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան խնամակալ մարմինը:

Ա.- Ծրագիրի Տեւողութիւն Եւ Նիւթեր

Ամառնային դպրոցի ծրագիրը տեւեց եօթը շաբաթ, 27 յունիսէն մինչեւ 10 օգոստոս 2017: Այս եօթը շաբաթներու ընթացքին 30 կամաւոր ուսուցիչներ մշակեցին մանկավարժական եւ խնամուած ծրագիրներ ու հարցաթերթիկներ, որոնք աշակերտներուն տրամադրուեցան հինգ օրերու դրութեամբ` երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ դասաւորուած ժամանակացոյցով: Այդ պատրաստուած նիւթերն են`

ա.- Լեզուներ` հայերէն, արաբերէն, անգլերէն,
բ.- Թուաբանութիւն, կրօն,
գ.- Սննդականոն, մաքրութիւն-առողջապահութիւն, կենցաղավարութիւն, խոհարարական գիտելիքներ,
դ.- Երաժշտութիւն, պար, մարզանք, ձեռային աշխատանք:

Բ.- Մասնայատուկ Ծրագիր

Այս տարուան ամառնային դպրոցի ծրագիրին մէջ նորութիւն էին հոգեբանական-ընկերային հարցեր արծարծող դասապահերը` շաբաթական 2 ժամ տեւողութեամբ: Այս ծրագիրին ընթացքին աշակերտները զանազան խաղերու միջոցով սորվեցան բարոյական դասեր, առօրեայ կենցաղավարութեան ճիշդ ձեւեր եւ ապագայ կեանքի նպատակակէտեր:

Ասոր զուգահեռ, աշակերտներուն ծնողները բաժնուեցան վեց խումբերու: «Գարակէօզեան» հաստատութեան ընկերային ծառայողները եւ հոգեբանները դասախօսութիւններ կարդացին աշակերտներուն այս նոր նիւթերուն մասին:

Գ.- Առօրեայ Գործնական Աշխատանքներ

Հարցաթերթիկներու կողքին, աշակերտները կարգ մը նիւթեր, ինչպէս` սննդականոն, խոհարարական, կրօն եւ այլն լաւապէս ամրապնդելու նպատակով գործնական աշխատանքի պահեր ունեցան:

Նշենք, որ սննդականոնի նիւթերը քանի մը դասապահերով ներկայացուցին Էն.Տի.Եու. համալսարանի բուժօգնութեան բաժանմունքի ուսանողները, իսկ կրօնագիտութեան պահերը հետաքրքրական ձեւով ներկայացուցին Միացեալ Նահանգներէն «Նիւ հայց» Ս. Գրային դպրոցի ուսանողներու եւ Պէյրութէն «Կրեն տը պլէ» խմբակները:

Դ.- Յատուկ Այցելութիւն

Իրենց այցելութիւններով «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի աշակերտները խանդավառեցին ու գօտեպնդեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Ե.- Ներքին Ձեռնարկներ

Մեր հայկական աւանդութիւնները վառ պահելու նպատակով յատուկ կերպով նշուեցաւ Վարդավառի տօնը, իսկ աշակերտներուն երաժշտական, թատերական, պարարուեստի, գծագրութեան թաքուն ձիրքերը բացայայտելու համար յատուկ տաղանդներու օր կազմակերպուեցաւ, եւ իւրաքանչիւր մրցանակակիր աշակերտ պարգեւատրուեցաւ:

Զ.- Արտադասարանային Այցելութիւններ

Պուրճ Համուտի մէջ գործող եւ հայապահպանման օրրան հանդիսացող մեր կառոյցներուն` «Ազդակ» օրաթերթին, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանին եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին եւ գրատարածին առաքելութեան եւ հսկայածաւալ աշխատանքին մօտէն ծանօթանալու համար «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ կարգերու աշակերտները այցելութիւն մը տուին վերոնշեալ կառոյցներուն:

Չորրորդ դասարանի աշակերտները մասնակցեցան Լիբանանի ընկերային հարցերու նախարարութեան կազմակերպած քերմես-դաստիարակիչ խաղեր ծրագիրին: Աւարտին աշակերտները նուէրներ ստացան ընկերային հարցերու նախարարութեան կողմէ տրամադրուած:

Է.- Արտադասարանային Պտոյտներ

Եօթը շաբաթներու վրայ երկարող ամառնային դպրոցի ծրագիրը յատկանշուեցաւ շաբաթական դրութեամբ արտադասարանային  պտոյտներով` Լիբանանի տեսարժան վայրեր, դաստիարակչական խաղավայր-զբօսավայրեր հետեւեալ կարգով.

ա.- «Արնաուն վիլէյճ»` բնութեան մէջ խաղեր,
բ.- «Փարք տը սավուար` ծանօթացում ագարակի եւ ընտանի անասուններու, հողագործական գործիքներու եւ բանջարեղէններու ցանքին ու   աճումին,
գ.- «Ըսուինկզ» բնութեան մէջ արկածախնդրական խաղեր,
դ.- «Քիծ մոնտօ»` գործնական աշխատանոց յատուկ մանուկներու, որ զանազան արհեստներու ճամբով սորվեցան ինչպէս դրամ շահիլ,
ե.- «Սփորց զոն»` ջրային խաղեր,
զ.- Շարժապատկեր «Լը մոլ» մանկապատանեկան նոր ժապաւէնի ցուցադրութիւն,
է.- «Քիծ ծիլա»` մանկապարտէզի աշակերտներու յատուկ ջրային խաղեր,
ը.- Այնճար, նախակրթարանի աշակերտներու յատուկ` լեռ մագլցիլ, ռելի փէյփըր:

Լիայոյս ենք, որ հաստատութեան կարողութեան սահմաններուն մէջ, բարերարներու օժանդակութեամբ եւ պատասխանատուներուն ու ուսուցիչներուն զոհողութեամբ, տքնաջան աշխատանքով «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը հայ աշակերտներուն ամրան արձակուրդը իմաստաւորեց դաստիարակիչ ծրագիրով եւ ուրախ ժամանցով:

Նախորդը

Ձէթը` Միջերկրականի Ոսկին

Յաջորդը

Գրողի Անկիւն. Արձակուրդը Եւ Արձակուրդս

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?