Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ.

August 11, 2017
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ստորեւ կը ներկայացուի հոգատարութիւնը ընդունելու ի նպաստ 13 պատճառներ եւ իւրաքանչիւրին համապատասխանող 13 դէմ պատճառներ, այլ խօսքով` թիւ «Մէկ» «Թեր» կարծիքին հակակարծիքը տեսնել աւելի վարը` թիւ «Մէկ» «Դէմ» պատճառին մէջ եւ այսպէս` բոլոր 13-ը:

Հայաստանի վարչապետ Խատիսեան եւ Հարպորտ             Հայ վարդապետը կը դիմաւորէ Հարպորտը

Թեր պատճառներ

1.- Ազգերու դաշնակցութեան կազմաւորման գլխաւոր սատարողներէն Միացեալ Նահանգները բարոյապէս պարտաւորուած են ընդունիլ պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները` իբրեւ հոգատար ուժ:

2.- Պատմութեան սկիզբէն ի վեր պատերազմի վարակի կեդրոնը գտնուող աշխարհի այս քառուղիին խաղաղութեան ապահովումը:

3.- Մերձաւոր Արեւելքը կը ներկայացնէ դարուս ամենամեծ մարդասիրական պատեհութիւնը, պարտականութիւն մը, որուն ամէնէն ատակը եւ յարմարագոյնն են Միացեալ Նահանգները, վկայ` Քուպան, Փորթօ Ռիքոն, Ֆիլիփինները, Հաուայեան կղզիները եւ մեր մարդասիրութեան քաղաքականութիւնը` զարգացնելու ժողովուրդները, քան թէ` միայն նիւթական միջոցները:

4.- Ամերիկան գործնապէս բոլորին միասնական թեկնածուն է եւ ջերմեռանդ յոյսը` խնդրոյ առարկայ ժողովուրդներուն:

5.- Ամերիկան արդէն միլիոններ կը ծախսէ փրկելու համար Թուրքիոյ եւ Անդրկովկասի սովահար ժողովուրդները, եւ այս մէկը կրնայ աւելի արդիւնաւէտ կերպով կատարել` իբրեւ պաշտօնական հոգատար: Ո՛վ ալ ըլլայ հոգատարը, մեզմէ կ՛ակնկալուի շարունակել տնտեսել անոնց նպաստը եւ հաւանաբար հայթայթել նիւթական բարգաւաճումին դրամագլուխը:

6.- Ամերիկան հայութեան միակ յոյսն է: Անոնց երկրորդ յոյսը Մեծն Բրիտանիան է, որ սակայն անոնք (հայերը) մտահոգ են, թէ ան կրնայ զոհել զիրենք` մահմետականներու հանրային կարծիքին տեղի տալով, որոնց միլիոններուն վրայ կ՛իշխէ: Ուրիշներ մտավախութիւն ունին Բրիտանիոյ կայսերապաշտական վարքագիծէն, թէ ո՛ւր որ անոնց դրօշը կը ծածանի, տեւաբար հոն կը մնան: Ամերիկեան հոգատարութիւնը ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն նախընտրութիւնն է, այլ նաեւ` մեծ ուժերուն: Ամերիկան բաւարար հզօր է, ունի մաքուր անցեալ եւ իր շահագրգռութիւնը կասկածէ վեր:

7.- Հոգատարութիւնը ինքնաբաւ կրնայ դառնալ առաւելագոյնը հինգ տարիէն: Երկաթուղիներու կառուցումը պատեհութիւն կրնայ ընծայել մեր դրամագլուխին: Կրնայ առեւտուրի մեծ առաւելութիւն ընծայել ոչ միայն հոգատարութեան տարածաշրջանին, այլ մերձակայ շրջապատին` Ռուսիա, Ռումանիա եւ այլն: Ամերիկան կրնայ մաքրագործել այս ախտավարակ ու կեղտոտ շրջանը, նման` Քուպայի եւ Փանամայի:

8.- Միջամտութիւնը մեր ժողովուրդին վեհանձնութեան դաստիարակութեան կրնայ ծառայել աշխարհաքաղաքականութեան մէջ` ճամբայ բանալով կորովի ու հոգեկան նուիրումի փայլուն օրինակի:

9.- Որոշապէս պիտի կասեցնէ հայերուն եւ այլ քրիստոնեաներուն յաւելեալ սպանդը` արդարութիւն սփռելով թուրքերուն, քիւրտերուն, յոյներուն եւ այլ ժողովուրդներու վրայ:

10.- Արտասահմանի մէջ Միացեալ Նահանգներուն ուժը եւ վարկը պիտի բարձրացնէ եւ ներքնապէս հետաքրքրութիւն արթնցնէ Մերձաւոր Արեւելքի վերածնունդին:

11.- Ամերիկան զօրաւոր զգացական շահագրգռութիւններ ունի տարածաշրջանին մէջ` առաքելութիւններ (միսիոնար) եւ քոլեճներ:

12.- Եթէ Միացեալ Նահանգները չստանձնեն այս տարածաշրջանին պատասխանատուութիւնը, հաւանական է, որ ազգամիջեան նախանձը եւ մրցակցութիւնը առիթ պիտի ստեղծեն, թուրքերուն անպատմելի վատ կառավարման շարունակութեան:

13.- «Եւ Տէրը ըսաւ Կայէնին` «Ո՞ւր է քու եղբայրդ` Աբէլը»: «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»…

Նախընտրելի է միլիոններ ծախսել հոգատարութեան, քան թէ միլիառներ` ապագայ պատերազմներուն:

Ահաւասիկ մարդկային աշխատանք մը, որ աշխարհը կ՛ըսէ, թէ Ամերիկան աւելի լաւ պիտի իրագործէ, քան ուրիշը: Ամերիկան դրամական կարողութիւնը ունի, մարդուժը ունի, իր ժողովուրդին հանդէպ պարտաւորութիւնները պիտի չազդուին, իր մեկուսացման քաղաքականութիւնը արգելք չեղաւ, որ յաջողութեամբ մասնակցի Մեծ պատերազմին (Ա. Աշխարհամարտ): Արդեօք թող ըսուի՞, որ մեր երկիրը քաջութիւնը չունի ստանձնելու նոր եւ դժուարին պարտականութիւններ:

Դէմ պատճառներ

1.- Միացեալ Նահանգները արդէն ունին նախորդ եւ աւելի մերձակայ արտաքին պարտականութիւններ եւ բաւարար պատասխանատուութիւն, նաեւ` պատերազմի պատճառով աճող ներքին խնդիրներ:

2.- Այս շրջանը դարեր շարունակ եղած է ռազմադաշտ` ազատատենչ եւ կայսերապաշտութեան ճակատամարտերուն: Հաւանական է, որ յաւակնոտ ազգեր պիտի շարունակեն այս դաւադիր վարքագիծը` տիրանալու համար շրջանին: Մեր դիրքը կրնայ տկարանալ «Մոնրօ վարդապետութեան» պատճառով եւ ի վերջոյ ներգրաւէ մեզ վերակազմուած Ռուսիոյ դէմ: Այս շրջանին մէջ հոգատարութիւն ընդունիլը Միացեալ Նահանգները պիտի մխրճէ Հին աշխարհի քաղաքականութեան մէջ, հակառակ մեր քաղաքականութեան` հեռու մնալու արեւելեան կիսագունդէն:

Ամ. հազարապետ Հայկ Շեքերճեան                              Երեւանի հրամանատար Արշաւիր Շահատունի եւ Ամ.                                                                                                                     տեղակալ Յարութիւն Խաչատուրեան

3.- Մարդկայնականութիւնը պէտք է սկսի տան մէջ: Կան բաւարար թիւով դժուար իրավիճակներ, որոնք կը կարօտին մեր ներդրումին` բոլորին ծանօթ ամերիկեան ազդեցութեան գօտիներուն մէջ:

4.- Միացեալ Նահանգները որեւէ կերպով մասնակից չեն եղած եւ պատասխանատուութեան բաժին չեն ունեցած այս տարածաշրջանի քաղաքական, ընկերային կամ տնտեսական տիրող կացութեան: Հրաւէրը մերժելը բոլորովին հետեւումն է վերոնշեալին:

5.- Ամերիկեան մարդասիրութիւնը եւ բարեգործութիւնը աշխարհի վրայ տարածուած է արդէն: Այսպիսի քաղաքականութիւն մեզ պիտի մղէ միջամտութիւններու եւ կրնայ մեզ առաջնորդել ուժասպառութեան:

6.- Այլ ուժեր, մասնաւորապէս` Մեծն Բրիտանիան եւ Ռուսիան, շարունակ հետաքրքրուած են Հայաստանի բարօրութեամբ: Մեծն Բրիտանիան փորձառութիւն ունի եւ կառավարում, ունի նիւթական հսկայական աղբիւրներ եւ մասնագիտացած պաշտօնէութիւն: Թէեւ կրնայ ըլլալ, որ ան չի համակրիր հայութեան իղձերուն, սակայն անոր իշխանութիւնը կրնայ երաշխաւորել ապահովութիւն եւ արդարութիւն: Միացեալ Նահանգները անկարող են կանգուն պահել արտաքին քաղաքականութեան շարունակականութիւնը: Ծերակոյտ մը կրնայ չյարգել նախորդին որոշումը: Նոյնիսկ դաշնագիրներ կրնայ չեղեալ համարել` կասեցնելով յատկացումները: Կուսակցական համախոհութիւնը դժուար է նուաճել մեր կառավարութեան մէջ:

7.- Մեր երկրին համար հսկայական ծախսի դուռ մը պիտի բացուի բանակին եւ ծովուժին հաւանական մեծացումով: Մեծ թիւով ամերիկացիներ պիտի ծառայեն զզուելի, կեղտոտ ու ախտերով վարակուած երկրի մը մէջ: Հարցական է, թէ երկաթուղիները երկար տարիներ պիտի կարենա՞ն հատուցել դրամագլուխը եւ տոկոսները այս շատ դժուարին շինարարութեան: Դրամագլուխի ներդրումը կրնայ իրականանալ միայն պետութեան երաշխաւորութեամբ:

Ծախսուած գումարը եւ ճիգը կրնան առեւտուրը աւելցնել աւելի մերձակայ երկիրներու հետ, քան կը յուսանք` Ռուսիոյ եւ Ռումանիոյ հետ: Մօտիկութիւնը եւ մրցակցութիւնը կրնան աւելցնել բախումի հաւանականութիւնը մեր քաղաքականութեան եւ մեր այժմու բարեկամ երկիրներուն միջեւ` վերածուելով մրցակիցներու:

8.- Մեր կորովը եւ հոգեկան ներուժը կարելի է օգտագործել ներքին ձեռնարկութիւններու, կամ մեր հարաւի եւ արեւմուտքի երկիրներուն մէջ: Մերձաւոր Արեւելք մեր միջամտութիւնը եւ ուժի վատնումը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ մեր վայելած ռազմավարական առաւելութեան վրայ, դէպի հարաւ եւ Ատլանտեանի հաւանական հակառակորդներուն վրայ:

Մեր արդարամիտի համբաւը կրնայ վնասուիլ: Հոգատարութեան արդիւնաւէտ հսկողութիւնը այսպիսի հեռաւորութենէ դժուար է, կամ` անկարելի: Մենք աշխարհի քաղաքականութեան յաւելեալ զարգացումին պէտք չունինք:

9.- Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաւասարապէս կրնան ապահովուիլ որեւէ այլ մեծ պետութեան կողմէ:

10.- Ան կրնայ վատնել եւ շեղել մեր ուժը, որ պէտք է վերապահուի ամերիկեան ցամաքամասին եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հետագայ պարտականութիւններուն համար: Կոստանդնուպոլսոյ հետ մեր հաղորդակցութեան շղթան կախեալ պիտի ըլլայ այլ նաւատորմերու, յատկապէս Մեծն Բրիտանիոյ, Ճիպրալթարի եւ Մալթայի ողորմութենէն եւ այլն:

11.- Այս հաստատութիւնները (միսիոնարներ եւ քոլեճներ) յարգուած են նոյնիսկ թուրքերուն կողմէ պատերազմին եւ ջարդերուն ընթացքին. նոյն համակրանքը կրնայ շարունակուիլ որեւէ այլ մեծ պետութեան հոգատարութեան պարագային:

12.- Խաղաղութեան խորհրդաժողովը որոշապէս տեղեակ պահեց թրքական կառավարութիւնը, թէ ան հոգատարութեան պիտի ենթարկուի: Անհնար է, որ Ազգերու դաշնակցութիւնը թոյլատրէ յաւելեալ կառավարում` անվստահելի ու վարկաբեկուած այս (թրքական) կառավարութեան կողմէ:

13.- Ամերիկայի առաջին պարտականութիւնը իր սեփական ժողովուրդին է եւ` մօտակայ դրացիներուն:

Մեր երկիրը կրնայ ներգրաւուիլ այս արկածախնդրութեան մէջ առ նուազն մէկ սերունդ, եւ Քոնկրեսը պէտք է պատրաստ ըլլայ այդպիսի գումարներու յատկացումին, նուազ` այն գումարը, որ կրնայ յառաջանալ թրքական եւ անդրկովկասեան եկամուտներէն: Ստորեւ` առաջին հինգ տարիներուն նախահաշիւը.

Առաջին տարին Ամերիկեան տոլար
Ընդհանուր կառավարութիւն $100.000.000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն 20. 000.000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն 50.000.000
Բանակ եւ ծովուժ 88.500.000
Առողջապահութիւն 17.000.000
Ընդհանուր գումար  275.000.000
Երկրորդ տարին      
Ընդհանուր կառավարութիւն $75.000.000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն 20.000.000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն 13.000.000
Բանակ եւ ծովուժ 59.000.000
Առողջապահութիւն 7.264.000
Ընդհանուր գումար 172.264.000
Երրորդ տարին             
Ընդհանուր կառավարութիւն $50.000.000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն 20. 000.000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն 100.000.000
Բանակ եւ ծովուժ 20.000.000
Առողջապահութիւն 50.000.000
Ընդհանուր գումար 123.750.000
Չորրորդ տարին      
Ընդհանուր կառավարութիւն $25.000.000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն 20. 000.000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն 4.500.000
Բանակ եւ ծովուժ 44.250.000
Առողջապահութիւն 3.000.000
Ընդհանուր գումար 96.750.000
Հինգերորդ տարին      
Ընդհանուր կառավարութիւն $15, 000,000
Հաղորդակցութիւն, երկաթուղիներ եւ այլն 20. 000.000
Նպաստ, վերաբնակեցում, կրթութիւն եւ այլն 4.500.000
Բանակ եւ ծովուժ 44.250.000
Առողջապահութիւն 3.000.000
Ընդհանուր գումար 85.750.000
Ամփոփում
Առաջին տարին 275.500.000
Երկրորդ տարին 174.264.000
Երրորդ տարին 123.750.000
Չորրորդ տարին 96.750.000
Հինգերորդ տարին 85.750.000
Հինգ տարուան ընդհանուր 756.014.000

Առանց այցելելու Մերձաւոր Արեւելք` ամերիկացիի մը համար կարելի չէ նոյնիսկ երեւակայել այն յարգանքը, հաւատքը եւ սէրը, որ մեր երկիրը կը վայելէ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ: Արդեօք համաշխարհային համբա՞ւն է, որ մենք կը վայելենք մեր արդար գործունէութեան համար: Թերեւս, յարգանքի տուրք` այն խաչակրական ոգիին համար, որ մեզ մղեց Մեծ պատերազմին, այն յոյսով, որ նոյն ոգին կը մղէ մեզ լուծումներ գտնելու այդ հակամարտութենէն բխած մեծ խնդիրներուն, կամ` մէկ դարու անձնազոհ ու անկողմնակալ աւետարանչական եւ կրթական ազդեցութեան: Նոյն հաւատքն է, որ կը համախմբէ քրիստոնեան եւ մահմետականը, հրեան ու հեթանոսը, իշխանը եւ գիւղացին` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Շատ գոհացուցիչ է տունէն հեռու ամերիկացիներուն համար եւ` պարծանք պատճառող:

Սակայն ան կը բերէ որոշում տալու այնպիսի մեծ պատասխանատուութիւն, որ պէտք է համապատասխանէ նման հաւատքի արժանի լրջութեան: Այն բեռը, որ կրնանք ստանձնել` մղուելով այսպիսի զգացումներէ, պիտի շարունակուի առ նուազն մէկ սերունդ, այնպիսի յոգնեցուցիչ պարագաներով, որ կրնանք կորսնցնել մեր հանդէպ աշխարհի հաւատքը: Եթէ մերժենք ստանձնել, հոգ չէ թէ մեզի համար հասկնալի պատճառներով, միլիոնաւոր մարդիկ պիտի տպաւորուին, թէ այն նպատակին համար, որ պատերազմին մասնակցեցանք, կիսատ թողեցինք եւ անոնց յոյսերուն դէմ դաւաճանեցինք:

Յարգանքով ներկայացուց

Ճէյմս Հարպորտ,

Հազարապետ-զօրավար, Միացեալ Նահանգներու բանակ, առաքելութեան պատասխանատու»:

Այս տեղեկագիրը կը յստակացնէ, թէ հոգատարութեան գլխաւոր նպատակներէն էր հայ ժողովուրդին ապահովութիւնը: Նաեւ, Ամերիկայէն ետք, երկրորդ նախընտրութիւնն էր Մեծն Բրիտանիան, որ սակայն դաւադրաբար համաձայնեցաւ Թուրքիոյ հետ (տես թիւ 6-ը) «6. Ամերիկան հայութեան միակ յոյսն է: Անոնց երկրորդ յոյսը Մեծն Բրիտանիան է, որ սակայն անոնք (հայերը) մտահոգ են, թէ ան կրնայ զոհել զիրենք` մահմետականներու հանրային կարծիքին տեղի տալով, որոնց միլիոններուն վրայ կ՛իշխէ»:

Ինչպէս տեղեկագիրը նախատեսած էր թիւ 12-ով` «Եթէ Միացեալ Նահանգները չստանձնեն այս տարածաշրջանին պատասխանատուութիւնը, հաւանական է, որ ազգամիջեան նախանձը եւ մրցակցութիւնը առիթ պիտի ստեղծեն թուրքերուն անպատմելի վատ կառավարման շարունակութեան»: Ամերիկայի Քոնկրեսը չընդունեց հոգատարութիւնը (1), որուն բացատրութեան մէջ մեղադրանք կար Մեծն Բրիտանիոյ հասցէին` նոյնիսկ այպանելով զայն, թէ` ան Կիպրոսը գրաւած էր հայերը պաշտպանելու համար, սակայն ձեռնածալ մնաց Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին:

Մարգարէութիւն էր նաեւ թիւ 13-ը. «Եւ Տէրը ըսաւ Կայէնին` «Ո՞ւր է քու եղբայրդ` Աբէլը»:… «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ…

Նախընտրելի է միլիոններ ծախսել հոգատարութեան, քան թէ միլիառներ` ապագայ պատերազմներուն: Ցայսօր Ամերիկան հարիւրաւո՛ր միլիառներ ծախսեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ տակաւին պիտի շարունակէ ծախսել` «Հարպորտ առաքելութեան» տեղեկագիրը լրջօրէն չուսումնասիրելուն եւ հոգատարութիւնը չընդունելուն պատճառով:

7 օգոստոս 2017
(Շար. 2 եւ վերջ)

 

(1) (https://www.aztagdaily.com/archives/315557)
(2) (http://www.president.am/hy/press-release/item/2015/01/29/President-Serzh-Sargsyan-visit-Tsitsernakaberd-Genocide/)
(3) (https://en.wikipedia.org/wiki/King%E2%80%93Crane_Commission)
(4) (https://en.wikipedia.org/wiki/Harbord_Commission))
(5)  (https://www.youtube.com/watch?v=SW2juvDHayc) Տեսանիւթ
(6) (https://www.youtube.com/watch?v=Z5m6fx2bFq8) Տեսանիւթ
(7) (http://www.fundamentalarmenology.am/Article/9/164/THE-HARBORD-MISSION-REPORTS-ON-ARMENIA,-1919-IN-THE-U.S ) Տեսանիւթ
(8) (http://armenianhouse.org/harbord/conditions-near-east.htm)
https://en.wikipedia.org/wiki/James_Harbord
(9) Հետագային Հայկ Չեքերճեան արժանացաւ ամերիկահայ զինուորական բարձրագոյն աստիճանին` աւագ-գնդապետ զօրավար աստիճանով (http://armenianweekly.com/2011/06/09/a-tribute-to-brig-gen-haig-shekerjian/)

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ընդդիմութիւն Մը` Ի Ծապլվար

Յաջորդը

Յանցագո՞րծ, Թէ՞ Մարդասէր

RelatedPosts

Ալեքսանտրէթի Սանճագը Եւ Քեսապ Ու Շրջակայ Հայկական Բնակավայրերը
Պատմական

Ալեքսանտրէթի Սանճագը Եւ Քեսապ Ու Շրջակայ Հայկական Բնակավայրերը

September 23, 2026
Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան Քեսապի Մէջ Եւ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարանին Բացումը
Պատմական

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան Քեսապի Մէջ Եւ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարանին Բացումը

September 16, 2026
Ուսումնասիրաց Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարանի Նոր Շէնքի Կառուցում.  Տայիի Բեղուն Գործունէութիւնը
Պատմական

Ուսումնասիրաց Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարանի Նոր Շէնքի Կառուցում. Տայիի Բեղուն Գործունէութիւնը

September 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.