Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրիփոլի Մեկնակէտ` Սուրիոյ Վերակառուցման

Օգոստոս 25, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բազմաթիւ դեսպաններ եւ միջազգային այլ շրջանակներու ներկայացուցիչներ վերջին ամիսներուն յայտարարուած կամ ծածուկ յաճախակի այցելութիւններ կու տան Թրիփոլի: Դեսպանատուներ հետաքրքրուած են քաղաքին կարիքներով եւ միաժամանակ կը սերտեն տեղական առեւտրական շրջանակներու հետ գործակցութեան կարելիութիւնները` այն նախատեսութեամբ, որ մօտիկ ապագային Թրիփոլին կը դառնայ մեկնակէտ` Սուրիոյ յետպատերազմեան վերակառուցման աշխատանքներուն: Այսուհանդերձ, շատ բան կայ ընելիք Թրիփոլին եւ հիւսիսի միւս շրջանները վերակենդանացնելու համար:

Միջազգային ընտանիքին հետաքրքրութիւնը Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքին նկատմամբ կը մեկնի այն իրողութենէն, որ ըստ էութեան, անիկա պէտք է օժտուի աւելի լաւ պայմաններով եւ գտնուի պատրաստ վիճակի մէջ, երբ Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքները սկսին:

Թրիփոլի կը գտնուի Սուրիոյ սահմանէն միայն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ:

Թրիփոլիի ենթակառոյցները
բարելաւելու ճիգեր

Թրիփոլի Լիբանանի երկրորդ մեծագոյն եւ երկրորդ խճողուած քաղաքն է Պէյրութէն ետք: Հակառակ անոր որ քաղաքը կ՛ընդգրկէ երկրին երկրորդ մեծագոյն նաւահանգիստը, անիկա կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան անոր տնտեսական զարգացման: Քաղաքական եւ ընկերային անկայունութիւնը, առաւել` համապատասխան ենթակառոյցներու բացակայութիւնը պատճառ դարձած են ներդրումներու փախուստին ո՛չ միայն Թրիփոլիէն, այլեւ` ընդհանրապէս երկրի հիւսիսէն:

Այս բոլորը սակայն շուտով կրնան փոխուիլ:

Լիբանանի Ներդրումներու բարգաւաճման գերագոյն մարմինի (IDAL) հրապարակած մէկ տեղեկագրին համաձայն եւ փետրուար 2016-ի գնահատումներով, Լիբանանի աշխատուժին 11%-ը կը գտնուի երկրի հիւսիսային շրջանին մէջ: Նոյն տեղեկագիրը կը նշէ նաեւ, որ Թրիփոլին կրնայ վերածուիլ տնտեսական հիմնական կեդրոնի` շուկայական ծառայութիւններ մատուցելով դրացի երկիրներուն մէջ ապրող 200 միլիոն բնակչութեան, եթէ քաղաքը օժտուի ընկերատնտեսական արդիական ենթակառոյցով:

Եւ փաստօրէն, Լիբանանի հիւսիսային շրջանի ենթակառոյցներու բարեփոխման համար առաջադրուած ներդրումները արդէն կ՛անցնին 220 միլիոն տոլարի սահմանը եւ շուտով կրնան հասնիլ 400 միլիոն ամերիկեան տոլարի: Բարեփոխման կ՛ենթարկուին մասնաւորաբար ամբարման, փոխադրամիջոցներու եւ առեւտուրի ենթակառոյցները, ներառեալ` Թրիփոլիի նաւահանգիստի վերակառուցումը, որուն համար յատկացուած է 58 միլիոն տոլար:

Այնուամենայնիւ, Լիբանանի ցարդ մեծագոյն տնտեսական ազատ գօտիի (Tripoli Special Economic Zone-TSEZ) ստեղծումը Թրիփոլիի մէջ, որ արդէն մտած է գործադրութեան փուլ, կը խթանէ յաւելեալ ներդրումներ եւ առեւտրական նոր նախաձեռնութիւններ:

2005 յունիսին Լիբանանի կառավարութիւնը որդեգրեց Թրիփոլիի մէջ յատուկ տնտեսական գօտի ստեղծելու օրինագիծը, որ սակայն հազիւ 2008 սեպտեմբերին վաւերացուեցաւ:

Թրիփոլի տնտեսական քաղաք նկատուելու անհրաժեշտ բոլոր տուեալները ունի` սկսեալ նաւահանգիստէն, միջազգային տօնավաճառէն, օդակայանէն մինչեւ անբնակ տարածութիւններու եւ աշխատող ձեռքերու առկայութիւնը: Առ այդ, Թրիփոլիի տնտեսական ազատ գօտին` TSEZ-ը աւանդական գօտի մը պիտի չըլլայ, ուր աշխատանքները սահմանափակուած են պահեստաւորումով: Թրիփոլիի տնտեսական ազատ գօտին կ՛առաջադրէ այդ բոլորը, առաւել` ամէն տեսակի արդիւնաբերական, առեւտրական եւ բացի զբօսաշրջութենէն` ընդհանրական այլ ծառայութիւններ, որոնց շարքին նոր ընկերութիւններու ստեղծումը ազատ գօտիի պայմաններով` յար եւ նման Տուպայի, Յորդանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ նմանօրինակ գօտիներուն:

Ազատ գօտիի ստեղծման առաջին հանգրուանը արդէն աւարտած է տնօրէն խորհուրդի նշանակումով եւ ծովեզերեայ հողատարածքի պատրաստութեամբ: Խորհուրդի նախագահ նշանակուած է ելեւմուտքի նախկին նախարար Ռայա Հասանը: 550.000 քառ. մեթր ծովային տարածք արդէն իսկ լեցուած է եւ նորաստեղծ հողաշերտը պատրաստ է գործածութեան: Երկրորդ փուլով կ՛ամբողջանան ենթակառոյցները: Ընդհանուր ծախսը կը գնահատուի 55 միլիոն տոլար:

Տակաւին, Համաշխարհային դրամատունն ու Իսլամական բարգաւաճման դրամատունը պատրաստակամութիւն յայտնած են ֆինանսաւորելու երկաթուղագիծի մը կառուցումը, որ Թրիփոլիի նաւահանգիստը պիտի միացնէ սուրիական սահմանին: Ծախսը կը գնահատուի 60 միլիոն տոլար:

Սուրիոյ վերակառուցումը`
աւելի քան 200 միլիառ տոլար

Համաշխարհային դրամատան տուեալներով, Սուրիոյ վերակառուցումը կը գնահատուի 200 միլիառ տոլար:

Լիբանանցի տնտեսագէտներ, գործարարներ եւ պաշտօնատարներ կը հաւատան, որ Լիբանան կարեւոր դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներուն մէջ` նկատի ունենալով վերակառուցման Լիբանանի եզակի փորձը քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք:

Այս պատճառով է, որ մեծ թիւով միջազգային ընկերութիւններ շահագրգռուած են Թրիփոլիով, եւ մասնաւորաբար` նորաստեղծ տնտեսական ազատ գօտիով:

Մետաքսի ճամբու նկատառումներով,
Չինաստան պատրաստ` ֆինանսաւորելու

Լիբանանցի պաշտօնատարներ եւ դրամատնային իշխանութիւններ կը յայտնեն, որ Չինաստան մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի նկատմամբ, եւ այս առումով, անցեալ ամիսներուն լիբանանեան չորս պատուիրակութիւններ այցելած են Փեքին: Օրինակ, անցեալ մայիսին «Ֆրանսապանք»-ի կազմակերպած առեւտրականներու Փեքին այցելութիւնը կապուած էր Չինաստանի «Գօտի եւ ճանապարհ»-Մետաքսի Նոր ճամբայ նախաձեռնութեան հետ: Սակայն դիտորդները կը նշեն, որ անիկա նոյնքան կապուած է Սուրիոյ վերակառուցման, որքան` Մետաքսի նոր ճամբուն:

Թէեւ տակաւին յստակ չէ, թէ ե՛րբ վերջ կը գտնէ Սուրիոյ տագնապը, սակայն Լիբանան արդէն իսկ պատրաստութիւն կը տեսնէ դառնալու հիմնական կեդրոնը Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներուն` հիմնականօրէն արտաքին օժանդակութեան ճամբով: Չինաստանը կը նկատուի բանալի երկիրը այս օժանդակութեանց:

Ռայա Հասանի համաձայն, «Չինական կառավարութիւնը եւ Լիբանանի սեփական մարզը կը նկատուին բնական գործընկերներ Թրիփոլիի ազատ գօտիի ֆինանսաւորման ուղղութեամբ: Փոխադարձ շահերը եւ Մետաքսի ճամբու նախաձեռնութիւնը շարժառիթ կը հանդիսանան սերտ գործակցութեան»: «Ազատ գօտին նախ կրնայ ծառայել իբրեւ ապրանքներու մթերման կեդրոն, ուրկէ անոնք կրնան փոխադրուիլ տարբեր ուղղութիւններով»:

Չինական ընկերութիւնները կրնան իւրայատուկ դեր խաղալ, կ՛ընդգծէ Ալ Հասան:

Աղբիւրներ

The Lebanon Opportunites Magazine
Home Magazine Lebanon
The Daily Star

 

https://www.dailystar.com.lb/Business/Local/2017/May-06/404686-interest-but-chinese-investments-uncertain.ashx

https://www.ft.com/content/23ad0722-7110-11e7-aca6-c6bd07df1a3c

Նախորդը

Սլաք. «Ղեկավարները»

Յաջորդը

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Թուրքիզմի Հրամայականը Թուրքիոյ Հակահայ Արշաւի Ուղղութիւններուն

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?