ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Երկու տարի առաջ իմացած էի Պէյրութի «Զգուշ» բժշկական պարբերաթերթի հրատարակութեան լուրը, որ մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուցած էր մէջս: Կը փափաքէի ունենալ, տեսնել եւ կարդալ այս հայատառ բժշկական-առողջապահական նորածիլ պարբերաթերթը, որպէսզի վերակենդանանար մէջս անցեալի «Բժիշկ» ամսաթերթին յիշատակները: Փափաքս իրականացաւ փետրուար 2016-ին` Պէյրութ այցելութեանս ընթացքին:
Լիբանահայ բժշկական միութեան եւ «Ազդակ» օրաթերթին հրաւէրով կը գտնուէի Պէյրութ, ուր պիտի կատարուէր «Բժիշկին խօսքը» Գ. եւ Դ. հատորներուս շնորհահանդէսը: Այցելեցի ԱՖՀԻԼ-ի (AFHIL-Armenian fund for health insurance in Lebanon) տնօրէն Յակոբ Լատոյեանին, որ սիրով ընդունեց զիս իր գրասենեակին մէջ: Ունեցանք երկար եւ սիրալիր հանդիպում մը: Ան որոշ տեղեկութիւններ տուաւ ԱՖՀԻԼ-ի լայնատարած եւ ազգօգուտ գործունէութեան մասին: Յակոբ Լատոյեան ներկայացուց նորածիլ «Զգուշ» բժշկական պարբերաթերթը եւ ամփոփ կերպով խօսեցաւ անոր հրատարակութեան մանրամասնութիւններուն մասին: Ան ինծի նուիրեց մինչեւ այդ օր հրատարակուած «Զգուշ» պարբերաթերթին չորս թիւերը, որոնք վերցուցի շատ զգուշութեամբ եւ գուրգուրանքով: Մեր խօսակցութեան ընթացքին Յ. Լատոյեան խնդրեց, որ «Զգուշ»-ի խմբագիրը հարցազրոյց մը ունենայ հետս, եւ փափաք յայտնեց, որ ես ալ, այլ լիբանանահայ բժիշկներու նման, բժշկական յօդուածներովս իմ մասնակցութիւնս բերեմ «Զգուշ»-ին: Պատասխանս եղաւ դրական եւ գաւաթ մը հայկական սուրճ խմելէ ետք հրաժեշտ առի ԱՖՀԻԼ-ի յարգելի տնօրէնէն` կրկին հանդիպելու խոստումով:
Երկու օր ետք կրկին հանդիպեցայ ԱՖՀԻԼ եւ «Զգուշ»-ի խմբագիր Րաֆֆի Տեմիրճեանին հետ ունեցայ սպասուած հարցազրոյցը:
Նորափթիթ «Զգուշ»-ի չորս թիւերը անսպասելի նուէրի մը` գանձի՛ մը նման զետեղեցի ձեռքի պայուսակիս մէջ եւ ուղղուեցայ տուն: Ամբողջ գիշերը «Զգուշ»-ի չորս թիւերը կարդացի լրիւ եւ ուշի ուշով:
Ուրեմն, «Զգուշ»-ը առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ մըն է: Անոր կողքի վերի աջ անկիւնը գրուած է` «Մէկ կրամ նախազգուշութիւնը հազար կրամ դարման կ՛արժէ»:
«Զգուշ»-ը նախաձեռնութիւնն ու հրատարակութիւնն է ԱՖՀԻԼ-ին: Անոր պատասխանատու խմբագիրն է Րաֆֆի Տեմիրճեանը: Պարբերաթերթը ունի խմբագրական կազմ մը` բաղկացած հետեւեալ յարգելի անձնաւորութիւններէն` տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան, տոքթ. Էտի Րագուպեան եւ Յակոբ Լատոյեան: «Զգուշ»-ը նկարազարդուած է եւ անոր բովանդակութիւնն ու նկարները տպուած են գունաւոր: Արտաքնապէս եւ ներքնապէս պարբերաթերթը գրաւիչ է եւ քաշողական:

«Զգուշ»-ը շրջապատուած է խումբ մը լիբանանահայ բժիշկներով, որոնք իրենց բժշկական, առողջապահական եւ նախազգուշական յօդուածներով պարբերաթերթը վերածած են բժշկական եւ առողջապահական տեղեկութիւններու աղբիւրի մը: Գրութիւնները բոլորը գրուած են մաքուր հայերէնով եւ բժշկական բարձր մակարդակով: Արծարծուած բժշկական նիւթերը այժմէական եւ այլազան են: Կան շատ տեղին եւ օգտաշատ թելադրութիւններ եւ ցուցմունքներ:
Յօդուածագիրներէն կրնամ յիշել բժիշկներ` Զարեհ Մալճեանը, Գոհար Վարդանեանը, Կոստան Եափուճեանը, Ս. Գարայեանը, Պ. Քօլօլեանը, Էտի Րագուպեանը, Գրիգոր Էճիտեանը, Գ. Ալթունթեանը, Ա. Աշճեանը, պրն Յակոբ Լատոյեանը, սննդականոնի մասնագէտներ` Մարիա Գրիգորեան-Տաքէսեանը, Հուրի Պապահէքեանը եւ ուրիշներ:
«Զգուշ»-ի մէջ կան հայկական բժշկական, ընկերային եւ բարեսիրական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մասին լայն տեղեկութիւններ: Հոն կը հանդիպինք լիբանանահայ բժիշկներու եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ կատարուած հարցազրոյցներու, ինչպէս նաեւ` սննդականոնի, գեղեցկագիտութեան, ընկերային, սեռային դաստիարակութեան եւ ապահովագրութեան մասին կարեւոր եւ լայն գիտելիքներու եւ տեղեկութիւններու:
«Զգուշ»-ը կու գայ Պէյրութ հրատարակուող անցեալի «Բժիշկ» պարբերաթերթին բացը գոցելու: «Բժիշկ»-ը 30 տարիներէ աւելի ծառայեց ընդհանրապէս սփիւռքի հայութեան եւ մասնաւորապէս` լիբանահայութեան, սակայն երկու տասնամեակ առաջ ան դադրեցաւ հրատարակուելէ` կամքէ անկախ պատճառներով: Ահա այս խիզախ եւ խելացի որոշումը` «Զգուշ»-ի հրատարակութիւնը Պէյրութի մէջ: Վստահ եմ, որ ան պիտի ըլլայ «Բժիշկ»-ին արժանաւոր յաջորդը եւ պիտի գերազանցէ զայն իր արդիականացած ներկայացման մէջ` պատկերազարդումով եւ գունաւորումով:
«Զգուշ»-ի անդրանիկ թիւը պաշտօնապէս ներկայացուած է լիբանանահայութեան հինգշաբթի 26 փետրուար 2015-ին, «Համազգային»-ի Պէյրութի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ` ներկայութեամբ մեծ թիւով յարգարժան հիւրերու:
Որոշուած է «Զգուշ»-ը հրատարակել տարին հինգ անգամ եւ բաժնել ժողովուրդին ձրիաբար: Առաջին քանի մը թիւերուն տպաքանակը եղած է 1500: Սակայն մեր հանդիպումին իմացայ, որ արդէն տպաքանակը բարձրացած է 2000-ի: Շատ յատկանշական եւ եզակի երեւոյթ մըն է «Զգուշ»-ի ձրիաբար բաժնուիլը հայ ընտանիքներուն: Այս որոշումը խիզախ է եւ յանդուգն` մեր հայ իրականութեան մէջ: Երախտապարտ պէտք է ըլլանք ԱՖՀԻԼ-ին` իր այս ազնիւ կեցուածքին համար:
Արդարացիօրէն շնորհաւորելի է «Զգուշ»-ը, ԱՖՀԻԼ-ի նախաձեռնութիւնը եւ մասնաւորապէս անոր խթան եղող Յակոբ Լատոյեանը:
Վստահ եմ, որ լիբանանահայ բժիշկները պիտի չզլանան իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս խիստ կարեւոր նախաձեռնութեան: Փափաքելի է տեսնել «Զգուշ»-ի մէջ Լիբանանէն դուրս ապրող հայ բժիշկներու բժշկական եւ առողջապահական գրութիւնները եւս:
Բարի երթ` «Զգուշ»-ին եւ յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներ: «Զգուշ»-ը պէտք է քաջալերուի բոլորիս կողմէ:
Ստորեւ`տողերս գրողին հետ «Զգուշ»-ի պատասխանատու խմբագիր Րաֆֆի Տեմիրճեանին ունեցած հարցազրոյցը:
***
«Զ.».- Ո՞վ է հայ բժիշկը:
ԲԿՀ.- Այն հայը, որ որպէս ասպարէզ` ընտրած է բժշկութիւնը, մէկը, որ պէտք է իր հայրենակիցներուն նկատմամբ ունենայ առաւելագոյն չափով օժանդակելու կամքը: Հայ բժիշկը բոլորին եւ ի մասնաւորի հայերուն ծառայող, ցաւերը թեթեւցնող անհատն է: Այսօր մեր հայորդիներուն մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ օտար բժիշկի երթալ` մասնագէտի առաջնորդուելու տրամաբանութեամբ: Այս ալ օտարամոլութեան մէկ այլ արտայայտութիւնն է…
«Զ.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հայ բժիշկներուն միջեւ կապը:
«ԲԿՀ».- Լիբանան ապրած օրերուս հայ բժիշկներուն միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ էին, հանդիպումներ կը կազմակերպուէին, բժիշկներու միութիւնն ալ մեծ գործունէութիւն ունէր. այսօր ալ այդպէս պէտք է ըլլայ… Շատ կարեւոր է գործակցութիւնը, որովհետեւ ամէն մէկը իր մասնագիտութեան մէջ յարաբերութիւններու ճամբով կը փոխանցէ իր փորձառութիւնը: Այստեղ նկատի պէտք է ունենանք բժշկական բարոյագիտութիւնը, որովհետեւ բժշկութիւնը առաքելութիւն է` օգտակար դառնալ հիւանդին, եւ բոլոր բժիշկները այդ ուխտին համաձայն պէտք է աշխատին:
«Զ.».- Իսկ Մոնրէալի մէջ հայ բժիշկներու միջեւ կապերը ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք:
«ԲԿՀ».- Հոն պայմանները տարբեր են, շատ քիչերը իրարու հետ հանդիպում կ՛ունենան: Մոնրէալի Հայ բժշկական միութիւնը տարին մէկ կամ երկու անգամ կը հաւաքուի, խրախճանք մը կը կազմակերպէ եւ մէկ դասախօսական ձեռնարկ: Իրողապէս շատ գործօն միութիւն չէ, բայց այդտեղ պայմանները տարբեր են, ժամանակի հարց կայ, բազմազբաղութիւն… Սակայն Հայաստանի կ՛օժանդակեն:
«Զ.».- Ինչո՞ւ կը գրէք յօդուածներ:
«ԲԿՀ».- 1970-ին, երբ մասնագիտութիւնս աւարտեցի եւ դարմանատուն ունեցայ, տոքթ. Գեղարդը հեռաձայնեց, հանդիպեցաւ, շնորհաւորեց եւ ըսաւ, որ պէտք է սկսիմ գրել «Բժիշկ»-ին մէջ: Խոստացայ, սկսայ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեմ… Յօդուած գրելով` կ՛ունենամ հոգեկան գոհունակութիւն, որ գիտելիք կը փոխանցեմ, օգտակար կը հանդիսանամ: 2000-էն ետք հերթական դրութեամբ արդէն կը զբաղէի յօդուածագրութեամբ, մտածեցի բոլորը ամփոփել եւ գրքոյկի մը մէջ հրատարակել: Դիմեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ան ստանձնեց հովանաւորութիւնը եւ հրատարակուեցաւ առաջինը` «Բժիշկին խօսքը»: 2010-ին, երբ փոխադրուեցայ Մոնրէալ, հոն գործի կարելիութիւն չկար, եւ գտնուեցայ հսկայ պարապութեան մէջ: Ժամանակս լեցուցի` գրելով: «Ազդակ»-ին կողքին, սկսայ գրել «Ասպարէզ»-ին, «Հորիզոն»-ին, «Հայրենիք»-ին, ու բազմաթիւ հայ թերթեր սկսան վերահրատարակել: Երբ վերստին յօդուածներուն թիւը բազմացաւ, 2010-ին կրկին դիմեցի վեհափառին, եւ երկրորդ հատորը` «Բժիշկին խօսքը» Բ. հատորը լոյս տեսաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մեկենասութեամբ: Իսկ 2014-ին աշխատեցայ երկու նոր հատորներու վրայ, որոնց կազմութեան մեծապէս նպաստեցին տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանը եւ Վրէժ Արմէն-Արթինեանը: Երկուքն ալ շատ մեծ գործ կատարեցին: Վերջին հատորին իւրայատկութիւնը այն է, որ նաեւ ունի գիտական բառերու ցուցակ եւ բառարան: Այս հատորներու հրատարակութեան համար ալ ես ուղղակի դիմեցի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ ապահովեցի անոր մեկենասութիւնը:
«Զ.».- Այսօր հայ ընթերցողին համար որքա՞ն դիւրին ըմբռնելի եւ ընդունելի են հայերէնով բժշկական նիւթերը, գիտական բառերը:
«ԲԿՀ».- Մենք պէտք է մեր ժողովուրդին հայերէնով տեղեկութիւններ տանք, եւ մեր բժիշկները մեծ պարտականութիւն ունին հայերէնով գրելու: Նահանջը յստակ է, համացանցին ներկայութեամբ, օտար լեզուները տարածուած են, եւ դժուարութիւնները շատ են, սակայն հայ բժիշկը ունի նաեւ հայապահպանման առաքելութիւն, որ կ՛արտայայտուի հայերէն գրելով, հայերէն խօսելով:
«Զ.».- Իսկ մեր ընկերութիւններուն մէջ բժշկական պարբերաթերթերը այսօրուան պայմաններուն մէջ որքա՞ն կարեւոր են:
«ԲԿՀ».- Անցեալին «Բժիշկ» թերթը ստանձնած էր այդ դերակատարութիւնը, թերթ մը, որ մինչեւ այսօր կը փնտռուի: Վստահաբար «Զգուշ»-ը յառաջիկայ փուլին կրնայ իր վրայ վերցնել այդ դերակատարութիւնը:
Մոնրէալ, 15 օգոստոս 2017
Վրիպում մը նկատելի է այս յօդուածին մէջ: Պարբերեթերթին անունը ներկայացուած նկարին մէջ «Զգոյշ» է, իսկ յօդուածին մէջ «Զգուշ»: «Զգուշ» բառը կարելի չեղաւ գտնել բառարաններուն մէջ: