Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան «Արդարութիւն»

Օգոստոս 26, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըսի մէջ Ռատնի Քինկ անունով թաքսիի շարժավար մը աշխարհահռչակ դարձաւ, երբ 3 մարտ 1991-ին ինքնաշարժը արագ վարելու յանցանքով մերժեց ոստիկանութեան յանձնուիլ, եւ 4 ոստիկաններ ստիպուած եղան բռնի ուժի դիմելու եւ անխնայ ծեծելով միայն յաջողեցան ձերբակալել Քինկը ու տանիլ բանտ:

Ոստիկաններու կողմէ խոշտանգումը ականատես մը նկարահանած տեսերիզը, ուղարկած էր Լոս Անճելըսի կարգ մը հեռատեսիլի կայաններ, որոնց համար «հետաքրքրական» նիւթ էր, եւ անդադար այդ լուրը կը սփռէին, մինչ Ռատնի Քինկի հետեւորդները, գրեթէ բոլորը` սեւամորթ, առիթէն օգտուելով, հսկայական ցոյցեր կազմակերպեցին ոստիկանութեան դէմ, ինչ որ շուտով տարածուեցաւ Լոս Անճելըսի տարբեր շրջաններու մէջ: Ցուցարարները սկսան խմբովին արշաւել քաղաքի կեդրոնը գտնուող շուկաները եւ «խեղճ» Ռատնի Քինկի վրէժը լուծեցին պարզ  քաղաքացիներու ինքնաշարժներ այրելով, վաճառատուներ կողոպտելով, մինչ ոստիկանութիւնը չէր համարձակեր մօտենալ եւ պարզ հանդիսատեսի մը նման հեռուէն կը հետեւէր կողոպուտին ու ինքնաշարժներու հրկիզումին:

Աւելի քան 50 հոգի սպաննուեցաւ, 2000 վիրաւոր, իսկ աւելի ուշ այդ կողոպուտին 9500 մասնակցած, որոնք երեւցած էին լրատուութեան աղբիւրներու նկարահանումներու մէջ,  ձերբակալուեցան:

Ռատնի Քինկի եւ խոշտանգող ոստիկաններու դատավարութիւնը շատ չերկարեցաւ: 4 ոստիկաններէն երկուքը  «յանցաւոր» նկատուեցան, իսկ երկուքը անպարտ արձակուեցան:

Որպէս վնասուց հատուցում` Ռատնի Քինկ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութենէն ստացաւ 3,8 միլիոն տոլար:

Բացայայտ է, որ այդ անարդար վճիռը տրուեցաւ կանխարգիլելու համար երկրորդ գայթակղութիւն մը:

***

Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ` հանրածանօթ Օ. Ճէյ. Սիմսընի նախկին կինը` Նիքոլ Պրաուն եւ ճաշարանի սպասեակ Ռան Կոլտման սպաննուած գտնուեցան Լոս Անճելըսի մէջ, 12 յունիս 1994-ին:

Օ. Ճէյ. Սիմսըն` գլխաւոր կասկածելին, ձերբակալուելէն ետք փրկագինով ժամանակաւորապէս  ազատ արձակուեցաւ: Ամերիկեան դատական օրէնքներուն  համաձայն, դատապարտեալ մը «անմեղ» է մինչեւ անոր յանցանքին փաստուիլը:

Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ, «ամենահետաքրքրական» եւ ամենաշատ «ժողովրդականութիւն» վայելող դատավարութիւնը եղած է Սիմսընի դատավարութիւնը: Ամերիկայի, նաեւ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ մարդիկ հեռատեսիլի պաստառներուն դիմաց օրը օրին կը հետեւէին անցուդարձերուն:

Քալիֆորնիոյ ամէնէն նշանաւոր փաստաբանները, որոնց շարքին` հայազգի Ռապըրթ Քարտաշեանը, (հանրածանօթ Քարտաշեան քոյրերուն հայրը) ճիգ չխնայեցին` փաստելու Սիմսընի «անմեղութիւնը», եւ 11 ամիս տեւած երկար դատավարութենէ ետք, 3 հոկտեմբեր 1995-ին դատական կազմի որոշումով Սիմսըն անպարտ արձակուեցաւ:

Ռատնի Քինկ եւ Սիմսըն` երկուքն ալ սեւամորթ են, եւ առաջինին պատճառով պատահած աղէտը  տակաւին թարմ էր:

Բացայայտ է, որ Օ. Ճէյի  «անմեղ» հռչակուիլը երկրորդ աղէտ մը կանխելու համար էր:

Օ. Ճէյ Սիմսընի անպարտ արձակուելէն տասնեակ մը տարիներ ետք Լաս Վեկասի մէջ արժէքաւոր հնութիւններու առեւտրական Ալֆրետ Պերտսլի, կը կապուի միեւնոյն տեսակի առեւտրական Թամ Ռիքիոյին` յայտնելով, որ իր մօտ կը գտնուին Օ. Ճէյ Սիմսընի մարզական  արժէքաւոր հաւաքածոներէն եւ, յարմար յաճախորդներ գտնելու պարագային, կարելի է դիմել իրեն:

Հոս տեղին է յիշել, որ հանրածանօթ մարզիկ Սիմսըն աշխարհահռչակ դարձաւ իր դատավարութեան ընթացքին, եւ բնականաբար իր անձնական հաւաքածոներուն համար բարձր գին վճարողներուն թիւը սկսած էր բազմապատկուիլ:

Թամ Ռիքիօ իր բարեկամ Սիմսընը  տեղեակ կը պահէ անոր անձնական հաւաքածոներուն գտնուած վայրը: Վերջինս այդ օրերուն Լաս Վեկաս կը գտնուէր բարեկամի մը ամուսնութեան առիթով:

Սիմսըն քանի մը վարձկան զինեալներով, կը դիմէ իր անձնական պիտոյքներուն գտնուած վաճառատունը, եւ փոխանակ օրինաւոր ձեւով համաձայնելու վաճառորդին հետ եւ վերատիրանալու, իր խօսքերով, «գողցուած» անձնական հաւաքածոներուն` կը տիրանայ զէնքի ուժով:

2007-ին Սիմսըն դարձեալ կը ձերբակալուի ու կը տարուի Լաս Վեկասի բանտերէն մէկը եւ կարճ դատավարութենէ մը ետք 33 տարուան բանտարկութեան կը դատապարտուի:

Կարգ մը մասնագէտներու համաձայն, եղածը թակարդ մըն էր` Սիմսընը վերադարձնելու բանտ: Նախկին դատավարութեան օրերուն, զգուշացած էին հաւանական գայթակղութենէ մը: Տակաւին շատ թարմ էին Ռատնի Քինկի խոշտանգումին պատճառով եղած թալանն ու կողոպուտը:

Ռատնի Քինկ եւ Սիմսըն` երկուքն ալ սեւամորթ են, եւ Ամերիկայի սեւամորթները յարմար առիթի մը կը սպասէին` երկար տարիներու իրենց դէմ եղած անարդարութիւններուն վրէժը լուծելու:

Ամերիկա, տակաւին սեւամորթ նախագահ չէր ունեցած…

Բանտարկութենէն հազիւ 9 տարի ետք Սիմսըն ներման կ՛արժանանայ` որպէս «տիպար» բանտարկեալ:

***

28 յունուար 1982:

Լիբանանահայ ծնողքի զաւակ Համբիկ Սասունեան, 19 տարեկան պատանի մը, Լոս Անճելըսի մէջ ձերբակալուեցաւ Թուրքիոյ այդ օրերու դեսպան Արիքանի ահաբեկութեան մեղադրանքով:

Համբիկ Սասունեան զոհ գնաց վկայութեան` ականատեսի մը, որ կրցած էր հայ պատանիին ինքնաշարժի թիւը առնելով` հեռաձայնել ոստիկանութեան:

Դատավարութիւնը տեւեց բաւական երկար: Սկզբնական շրջանին Համբիկ ուրացաւ իր գործած «ոճիրը»:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը թիկունք կանգնեցաւ Համբիկին եւ դատավարութեան ծախսերը հոգացին ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ մեծ թիւով լոսանճելըսահայեր:

Կազմակերպուեցան դրամահաւաքի ձեռնարկներ: Կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ` թիկունք կանգնելու հայազգի պատանիին, որ ուզած էր մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն վրէժը լուծել` ահաբեկելով թուրք դեսպանը:

Համբիկ Սասունեան ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ` տրուած ըլլալով, որ քաղաքական անձնաւորութիւն մը ահաբեկած էր, մինչ թրքական լոպին կարելին ըրաւ եւ տակաւին կը շարունակէ ձողերու ետին ձգել անձ մը, որ աւելի քան 35 տարիներէ ի վեր բանտարկուած կը մնայ իր ազգին նահատակներուն  վրէժը լուծելու «յանցանքին» որպէս պատիժ:

Ամերիկեան դատական օրէնքին համաձայն, դատապարտեալի մը բանտարկութեան բնորոշուած տարիներու վճիռը կարելի է կրճատել` բանտարկեալին վարք  ու բարքին համաձայն:

Սասունեան 35 տարուան բանտարկութեան շրջանին եղած է տիպար բանտարկեալ մը: Ո՛չ մէկ գանգատ ներկայացուած է այդ երկար տարիներուն:

Քանի՜ քանի՛ անգամներ հայութիւնը կը յուսար Համբիկը տեսնել ազատ, սակայն ամէն անգամ յուսախաբ եղած էր:

Վերջերս ներում շնորհուելու յոյսերը բազմապատկուած էին, սակայն լոսանճելըսահայութիւնը, նաեւ համայն հայութիւնը անգամ մը եւս յուսախաբ եղան, երբ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն վէթօ դրաւ Սասունեանի անպարտ արձակուելու դիմումնագիրերուն:

Ռատնի Քինկ 3,8 միլիոն տոլարով հատուցուեցաւ, երբ յանցանքի վրայ բռնուելով` չէր յանձնուած ոստիկաններուն, եւ վերջինները ստիպուած եղած էին դիմելու բռնութեան:

Սիմսըն, հակառակ շատ մը փաստերու` իր նախկին կնոջ սպանութեան, անպարտ արձակուեցաւ, իսկ երկրորդ յանցանքին համար տրուած 33 տարուան բանտարկութիւնը կրճատուեցաւ` բաւարար համարելով 9 տարին:

Ուաշինկթընի  մէջ օր ցերեկով Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ խոշտանգուած խաղաղ ցուցարարներուն համար նոյնիսկ դատավարութիւն տեղի չունեցաւ` հակառակ Հայ դատի յանձնախումբին եւ որոշ թիւով ծերակուտականներու բողոքներուն:

Խոշտանգողները նոյնիսկ ամերիկեան հպատակութիւն չունեցող Էրտողանի թիկնապահներն էին, եւ Սպիտակ տան ներկայացուցիչները` նախագահ Թրամփէն մինչեւ պահակները, նկարահանուած տեսերիզները դիտելով հանդերձ, խուլ եւ համր ձեւացան:

Ազգ մը ամբողջովին տեղահանուեցաւ, մէկուկէս միլիոն հայեր սպաննուեցան, Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան բռնագրաւուեցան, ու յանցագործը  մնաց անպատիժ:

Բազմաթիւ երկիրներ ընդունեցին Հայոց ցեղասպանութիւնը (ներառեալ` Ցեղասպանութեան մեղսակից Գերմանիան), սակայն Ամերիկա տակաւին յանդգնութիւնը չունի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` վախնալով, որ կրնայ նեղացնել իր դաշնակից Թուրքիան:

Տարբեր տեսակի «արդարութիւններ» գոյութիւն ունին:

Այս մէկը կը կոչուի`

Ամերիկեան «ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ»:

Լոս Անճելըս, 2017

 

Նախորդը

Պալիի Կապիկները Գողեր Են…

Յաջորդը

Հանդիպում «Զգուշ» Բժշկական Պարբերաթերթին Հետ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?