Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Վաճառականները երբեմն կը բանան իրենց հին տետրակները` հասկնալու, թէ ո՛ւր էին եւ ո՛ւր հասած են: Այդպէս են նաեւ քաղաքական գործը, յանձնառութիւնները, սէրերը եւ հաւատքը:
Ազգի գործերուն նկատմամբ ալ նոյն վերաբերումը պէտք է ունենալ եւ պահանջել:
Հին թուղթեր կը քրքրէի, կանգ առի 25 օգոստոս 1990-ին Փարիզի «Կամք» օրաթերթին մէջ գրած խմբագրականիս առջեւ: Քսանեօթը տարիներ անցած են, ընթացքին հայոց պատմութիւնը արագացած է, նուաճումներով եւ ցնցումներով:
Ինքզինքս լուսաբանելու համար քանի մը անգամ կարդացի խմբագրականը: Ներկան ըմբռնելու եւ վաղուան մասին մտածելու համար: Կ’արտագրեմ էջը:
Հայաստան մտած է ինքնիշխանութեան յառաջընթացին մէջ: Հայ մարդիկ հաւատքով, խարխափելով, սխալելով, բայց անպայման նախաձեռնելով` երկիրը դուրս պիտի բերեն իր այսօրուան անբաղձալի վիճակէն: Տասնամեակներով Հայաստանի ճակատագիրը որոշուած է ոչ հայերու կողմէ, հեռաւոր վայրերու մէջ, ռազմավարական հաշիւներով, որոնց մէջ թեթեւ կշռած են ազգի մը գոյատեւումը եւ դարաւոր հայրենիքի մը ամբողջութիւնը:
Իւրաքանչիւր հայ, կամ հայկական կազմակերպութիւն տագնապած է ազգի եւ հայրենիքի կրած ճնշումներով, յուսալքումներ յառաջացած են, բայց եղած են նաեւ փաղանգներ, որոնք շարունակած են պայքարը` հաւատալով, որ…
Փաստական իրողութիւն է. Հայաստան օժտուած է իր սեփական ազգընտիր խորհրդարանով, որ ունի իր նախագահը, տեղակալները: Ազգը հետաքրքրող հարցեր կը քննուին, եւ ժողովուրդը կը հետեւի:
Պատմութիւնը այնպէս դասաւորած է, որ հայ ժողովուրդին աւելի քան կէսը կ’ապրի հայրենիքէն դուրս: Այդ կէսն ալ տագնապած է հայրենիքի եւ ազգի հարցերով, նաեւ` պայքարած: Խորհրդարանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բառով իսկ, ազգային կուսակցութիւնները դարձած են վտարանդի, որովհետեւ անոնց ստիպած են գոյատեւել հայրենիքէ հեռու` պահելով ազգի միութեան եւ իրաւունքի աւանդները:
Վտարանդի կուսակցութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները պաշտօնապէս յայտարարած են, որ գոյութիւն ունին Հայաստանի մէջ: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ինչպէ՛ս այս կուսակցութիւնը հետզհետէ պիտի դառնայ ներկայութիւն հայրենիքի մէջ: Կարելի է հաւատալ Դաշնակցութեան առաքելութեան, սակայն շարքերուն մէջ գործել` այլ խնդիր է արդէն: Վտարանդի կուսակցութիւնը ապրած է իր ժողովուրդի ծոցին մէջ, որ իրեն պէս դուրս էր հայրենիքէ: Մեկնելով իր հարիւրամեայ կենսափորձէն` Դաշնակցութիւնը պիտի գտնէ ճիշդ ուղին, որպէսզի արտերկրի հայութիւն եւ Հայաստանի հայութիւն զօդուին իրարու, եւ ինք ալ շարունակէ իր դերակատարութիւնը:
Սխալ արտայայտութիւններ կամ թիւրիմացութիւններ կը ծառայեն շփոթեցնելու մեզ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ըլլալով էապէս ապակեդրոնացեալ դրութեամբ գործող կազմակերպութիւն` երբեք չէ ունեցած նեղ իմաստով կեդրոնի խնդիր:
Բարոյական կեդրոնը միշտ եղած է հայրենիքը, որովհետեւ որոշումներ, ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն մեկնած են հայրենիքի եւ ազգի գաղափարէն: Հիմնական առաջադրանքներու իրագործման համար, ըստ պահանջի եւ կարելիութեան, ստեղծուած են վարչական կեդրոններ, որոնք ունեցած են լրացուցիչ հանգամանք: Ժընեւ, Թիֆլիս, Երեւան, Պոլիս, եւ դեռ` Վան ու Սասուն, դաշնակցական առաջնորդող դէմքերը չեն սպասած, որ հրահանգներ փոխանցուին: Ձգտելով նոյն նպատակին` կազմակերպութեան զանազան թեւերը գործած են ըստ կարիքի եւ կարելիութեան: Վանայ Արամը ո՛չ թելեքս ունէր եւ ո՛չ ալ ֆաքս` իմանալու համար, թէ ի՛նչ կը մտածէին իր ըրածի եւ ընելիքի մասին, անոնք, որոնք կը գտնուէին Ժընեւ կամ Թիֆլիս: Աւելի ճիշդ` ան գիտէր, թէ անոնք ի՛նչ կը մտածէին: Հետեւաբար, հիմա որ Դաշնակցութիւնը կը բացայայտէ իր ներկայութիւնը հայրենի հողի վրայ, Քորտոպայի եւ Կապանի դաշնակցական մարմիններն ու պատասխանատուները պիտի գտնեն ներդաշնակման ոճը: Այս ճշդումը կարեւոր է, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը պետական դրամատուն չէ, որ իր կեդրոնը ունենայ մայրաքաղաքի մէջ, այլ ան ազգային-ընկերային-քաղաքական շարժում է, հետեւաբար իր կեդրոնը կը գտնուի ժողովուրդին մէջ:
Պատասխանատու ազգային շարժում` հակառակ ամէն տեսակի խորշակներու եւ ֆիզիքական ու բառային հալածանքներու, Դաշնակցութիւնը զօրավիգ եղած է հայրենիքին, անոր տնտեսական յաջողութեան ու զարգացման ու քաղաքական իսկական հզօրացման: Անցնող հնգամեակի ընթացքին հայոց պատմութեան մերօրեայ ելեւէջները կը դիմագրաւէինք, Դաշնակցութիւնը մէկդի դնելով վիրաւորանքներ, եղաւ հայրենի իշխանութիւններու կողքին` որպէս այդպիսին, անկախաբար պիտակներէն: Տրամաբանութիւնը շատ պարզ է բոլոր անոնց համար, որոնք ունին ազգային հարազատ ապրում, վարչակարգերը գնայուն են, հայրենիք եւ ազգ կը տեւեն վարչակարգէն ետք, գոյութիւն ունեցած են վարչակարգէն առաջ:
Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները տեսակցութիւն ունեցած են Հայաստանի խորհրդարանի նախագահին եւ անոր տեղակալներուն հետ, ներկայ եղած է նաեւ նշանակեալ վարչապետը, որ այդ օրերուն դեռ չէր ստանձնած այդ պաշտօնը, եւ ըսած են ամենայն յստակութեամբ, որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ուժն ու կարողականութիւնը կը դնէ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ քաղաքական հզօրացման ի սպաս, կ’աշխատի Հայաստանի իշխանութեան հեղինակութեան բարձրացման` բերելով իր նպաստը:
Շատ բնական է նաեւ, ազգի անդամի իրաւունքով, ժողովրդավարական սկզբունքով, որ հայ կուսակցութիւնները, նաեւ Դաշնակցութիւնը, ունենան իրենց աշխարհահայեացքը, հարցերը վերլուծելու, որոշումներ կայացնելու եւ զանոնք հետապնդելու իրենց իւրայատուկ մօտեցումները: Հաւաքական մտածողութեան զարգացումով, տեսակէտներու փոխանակութեան յառաջացուցած հարստացումով է, որ դրական կամքերը կը լծուին շինարար աշխատանքի:
Հայոց պատմութեան մէկ էջը կը դառնայ: Կը գրուի նոր էջ: Զայն գրել` միասնաբար: Տէր ըլլալ ազգի ճակատագրին` ժողովրդական նեցուկով:
Եւ թող պատառիկ մը անհամեստութիւն ներուի, եթէ պարզապէս արձանագրենք, որ անցնող տասնամեակներու ընթացքին ՀՅ Դաշնակցութիւնը պահելով ազգի եւ հայրենիքի հիմնական աւանդները, ծառայելով ազգին` ունեցաւ եւ ունի ժողովուրդին նեցուկը:
Այս հաստատումը կ’ընենք ոչ թէ անտեղի ու դատարկ սնափառութեան համար, այլ` յաւելեալ ծառայութեան:
«Կամք», 25 օգոստոս 1990 (Փարիզ)
Սերունդ փոխուած է, Հայաստան կայ անկախութեան սերունդ, սփիւռք(ներ)ի մէջ կայ յետանկախութեան սերունդ, որ շատ ալ ծանօթ չէ անկախութիւնը նախորդած շրջանի օրերու խրձիկ դարձած բարդութիւններուն: Անոնք չեն տեսած այս էջը եւ, մեծ հաւանականութեամբ, պիտի չտեսնեն: Կրկին կարդացուելու յոյսով արտագրեցի այս էջը:
Միամիտ չէինք: Գրած էի: Պարզ ողջմտութեամբ գիտէինք, որ հայ մարդիկ հաւատքով, խարխափելով, սխալելով, բայց անպայման նախաձեռնելով` երկիրը դուրս պիտի բերեն իր այսօրուան անբաղձալի վիճակէն: Այսօր որքանո՞վ դուրս եկած է երկիրը խարխափելու վիճակէն, հայը ինք կը տեսնէ եւ կը դատէ, դատումը տեսանկիւնի հարց է: Բայց երէկ գիտէին, այսօր ալ գիտենք, որ հրաշք պիտի չպատահէր: Բայց ինչ որ չէինք նախատեսած, ոչ ոք նախատեսած էր, աղէտ-արտագաղթն էր, աւելի պարզ խօսքով` զանգուածային հայրենալքումը, որ այլապէս կը նշէ ազգային գիտակցութեան հոգեբարոյական նուազումը:
Ազգային-քաղաքական գիտակցութեան խնդիր ունէինք երէկ, ունինք այսօր` պետական, կազմակերպական, տնտեսական, կուսակցական, բարեսիրական եւ մշակութային մակարդակներու վրայ: Պատմութիւնը ընծայած էր արտակարգ պատեհութիւն մը, որ հայ ժողովուրդը ինք որոշէր իր ճակատագիրը, եւ այդ ընելու համար համազգային վերաբերում պէտք էր: Եթէ ոմանք կացութիւններուն ենթարկուած էին, պատշաճած, ուրիշներ շարունակած էին ազգի ինքնութեան եւ իրաւունքի պայքարը:
Հայրենիքի մէջ տիրութիւն ընողներ եղած էին, բայց ազգի աւելի քան կէս սփիւռքը նաեւ տագնապած էր` հակառակ բացասական վերաբերումներու: Ոչ ոք հարցականի տակ կը դնէ իրողական տուեալները: Հայաստան ունեցաւ եւ ունի իր ընտրուած խորհրդարանը, որուն կազմութեան մասին արդար կամ անարդար քննադատութիւններ կ’ըլլան: Ո՞ւր չեն եղած եւ չկան քննադատութիւններ եւ դժգոհութիւններ: Անցումային այս շրջանին, որ դեռ չէ աւարտած, չյաջողեցանք Հայաստանի համար հայկական մեծաթիւ սփիւռքի իրաւ եւ իրաւական հայրենատիրական մասնակցութիւնը ապահովել: Օրինակ, Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ «արտերկրի ֆրանսացիներ»-ը ունին իրենց ներկայացուցիչները:
Այդ օրերուն Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան արտասահմանի մէջ գործող կուսակցութիւնները բնորոշելու համար գործածեց վտարանդի բառը: Արդարեւ, անոնք կամաւոր կերպով այդպէս չէին եղած, գրած էի, որ անոնց ստիպած են գոյատեւել հայրենիքէ հեռու, պահելով ազգի միութեան եւ իրաւունքի աւանդները: Եթէ այդ էր ըմբռնումը, եւ այդ ճիշդ էր, հայրենի իշխանութիւնները իրենք պարտականութիւն պէտք էր որ համարէին այդ վտարանդիներուն համար վերականգնող հայրենիքի մէջ վերընձիւղուելու եւ արմատաւորուելու հնարաւորութիւնները ստեղծել` ազգային ըմբռնումով եւ բազմակարծութեան զարգացման նպաստելու համար: Դժբախտաբար այդպէս չեղաւ, եղան խոչընդոտներ, խոր թիւրիմացութիւններ, նոյնիսկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը արգիլուեցաւ Հայաստանի մէջ:
Այս գիտակցութեամբ եւ մտահոգութեամբ գրած էի, որ վտարանդի կուսակցութիւնը ապրած է իր ժողովուրդի ծոցին մէջ, որ իրեն պէս դուրս էր հայրենիքէ: Մեկնելով իր հարիւրամեայ կենսափորձէն` Դաշնակցութիւնը պիտի գտնէ ճիշդ ուղին, որպէսզի արտերկրի հայութիւն եւ Հայաստանի հայութիւն զօդուին իրարու եւ ինք ալ շարունակէ իր դերակատարութիւնը: Դժբախտաբար, ամբողջ խորհրդային ժամանակաշրջանին սրսկուած հակադաշնակ քարոզչութիւնը, որ զայն ներկայացուցած էր որպէս դաւաճան (յիշել Գէորգ Աբովի թունոտ բանաստեղծութիւնը եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան»-ը):
Հակառակ վերաբերումներու` Դաշնակցութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ խօսած եւ յայտարարած էր, որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ուժն ու կարողականութիւնը կը դնէ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ քաղաքական հզօրացման ի սպաս, կ’աշխատի Հայաստանի իշխանութեան հեղինակութեան բարձրացման` բերելով իր նպաստը, տարակարծութիւնները եղան խոր:
Հայաստանի իշխանութիւնները այդ օրերուն չհասկցան, այսօր ալ չեն ըմբռնած, սփիւռք կոչուած բարդ, բազմերես եւ տարտղնուած կացութիւնը: Տասնամեակներու ընթացքին բազմաձեւ եւ բազմամշակոյթ շրջապատը ծնունդ տուած են նոր խորքով մարդոց եւ ընկերութիւններու` զուգահեռաբար ազգային լեզուի եւ մշակոյթի ներկայութեան նուազման: Դաշնակցական յեղափոխական եւ ապա գաղութային կենսափորձը բնականօրէն զարգացուցած էր ապակեդրոնացեալ ըմբռնումով գործելու եղանակը: Կացութիւնը նոյնն էր բոլոր կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն համար:
Այսօր սփիւռք(ներ)ը հզօրանալու, տոկալու եւ տեւելու դժուարութիւն ունի: Այս տկարացումը եւս համազգային մօտեցումով քննելի խնդիր է, որ չի սահմանուիր բարեսիրութեամբ եւ զբօսաշրջութեամբ (տուրիզմով): Առաջին հերթին, համազգային քաղաքական ռազմավարութիւն պէտք է ըլլայ հայրենադարձութիւնը` փրկելու համար ազգի համրանքը, որ գոյատեւման եւ հզօրացման պատուանդանն է, բնակեցնելով հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողը, Հայաստան եւ Արցախ: Այս իսկական հայրենասիրութիւն է, որ հայրենիքին օգնելէ կը տարբերի` ըլլալով հայրենիքի ծառայութիւն:
Հայաստան պիտի օգնէ սփիւռք(ներ)ի, հեռանկարային օգնութիւն, որպէսզի ան տոկայ եւ տեւէ, մշակութապէս եւ գաղափարականօրէն պատրաստուի հայրենիք վերադառնալու: Այդ օգնութիւնը պէտք է յառաջացնէ ապակեդրոնացեալ ղեկավարման դրութիւն` մեծ եւ փոքրիկ համայնքներու մէջ: Ազգային իրաւ քաղաքականութեան տեսակէտի մեծ ձախաւերութիւն էր Հայաստանի անդրանիկ նախագահին Փարիզի մէջ կատարած այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն, իրենք կը նշանակէին իրենց ներկայացուցիչները եւ անոնց միջոցով կը կառավարէին սփիւռքը: Ընդհակառա՛կն, պէտք է ընել այնպէս, որ սփիւռքեան զանգուածները եւ ղեկավարութիւնը իրենք տէր ըլլան իրենց հայկական ճակատագրին, կազմակերպուին: Այս էական գործին պետութիւնը ինք պիտի բերէ իր անսակարկ եւ անպայմանադիր աջակցութիւնը` առանց առաջնորդելու փորձութեան:
Ինքնակառավարմամբ առաջնորդուող սփիւռք(ներ)ը եւ անոր կազմակերպութիւնները կրնան առաջնորդող ուժը ըլլալ հայրենատիրութեան եւ հայրենադարձութեան, այսինքն իրենք ըլլան որոշողները:
Ինքնակառավարմամբ առաջնորդուող սփիւռք(ներ)ը պիտի ըլլայ խօսակից, աջակից եւ լծակից: Առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու, առանց յաւելեալ իրաւունքի եւ իրաւասութեան` հարկ է նստիլ, խօսիլ եւ թերեւս եզրակացնել գործակցութեան ձեւերը եւ մշակել ծրագիրներ:
Հայրենատիրութեան գաղափարը կը մշակուի եւ կը փոխանցուի: Հայրենադարձութիւնը կը կազմակերպուի:
Կրկին չեմ ուզեր խօսիլ մեզմէ աւելի հին եւ աւելի մեծ սփիւռք ունեցող ժողովուրդի մասին, որմէ հազարներ հաշուող հատուածներ կը վերադառնան` ի հարկին լքելով իրենց սպառողական ընկերութեան մէջ ունեցած դիրքերը եւ բարօրութիւնը:
Քաղաքականութիւնը սոսկ աթոռ-աթոռակ կ’ըլլայ, եթէ չկռթնի տեսիլքի եւ իմաստութեան վրայ:
Խմբագրականին մէջ գրուած էր` որպէսզի արտերկրի հայութիւն եւ Հայաստանի հայութիւն զօդուին իրարու:
Այսօր պէտք է մշակել զօդելու անշպար գաղափարը եւ մանաւանդ` զայն գործադրել:
Առանց հոգեպարար եւ ոտքի քնացնող ճամարտակութեան:
27 յունիս 2017, Պուրճ Համուտ, Լիբանան