Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. «Ղեկավարները»

August 25, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ֆրանսական հեռատեսիլի կայանէ մը անցեալները հարցազրոյց մը դիտեցի: Հետաքրքրական էր նիւթը: Հարցադրողը կ՛արծարծէր այսօրուան ղեկավարութեան ընդհանրապէս մտաւորական եւ մասնաւորապէս արուեստի հանդէպ հետաքրքրութեան մասին:

Օրինակ կու տար, որ Ֆրանսուա Միթերանը ամէն ամիս վեցէն ութ գիրք կը կարդար, թատրոն կամ օփերա կը դիտէր, յուշերը կը գրէր, վերլուծումներ կ՛ընէր: Գիրի եւ գրականութեան բարեկամ էր: Աւելի՛ն. օրինակները այդքան ցայտուն էին, երբ սկսան բաղդատականներ ընել Նիքոլա Սարքոզիի եւ անոր յաջորդներուն հետ: Մէկը ուտել, խմել, պտտելու սէր ունէր: Միւսը շունը պտտցնելու, ուրիշ մը` կին փոխելու…

Զրոյցը աւելի ուշ ընդհանրացաւ այսօրուան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Քորէայի ղեկավարներու մտաւորական մակարդակին վրայ: Արտաքին տեսքերը արդէն շատ բան ցոյց կու տան: Պէտք չունեցան նոյնիսկ բաղդատելու կամ վերլուծելու, որովհետեւ անոնց արտաքին տեսքը եւ կեցուածքը կը մատնէ նաեւ անոնց մտաւորական մակարդակը:

Աւելի՛ն. անցնելով արաբական աշխարհ կամ աւելի ճիշդը` Երրորդ աշխարհ, հոն շատ աւելի վատ վիճակ կը տիրէ:

Յայտագիրը երբ աւարտեցաւ, բնականաբար ես ալ սկսայ լիբանանեան եւ հայկական իրականութեան մէջ ալ բաղդատականներ մը ընել:

Քանի՞ն գիրք կը կարդայ:

Քանի՞ն թատրոն կ՛երթայ:

Քանի՞ն յուշերը կը գրէ (եթէ յուշ ունին):

Քանի՞ն կը բաղդատուի նախկին ղեկավարներուն հետ:

Գրութեանս ճակատագիրը չվտանգելու համար ուզեցի մտահան ընել այդ միտքերը: Ընդհանրապէս ըսի, որ ամէն մարդ թող վայելէ այն, ինչ որ տեղ հասցուց այս իրավիճակը: Գոհ չեղողները արդէն դերակատար չեն: Իսկ գոհերուն ալ` բարի՛ վայելում:

 

Նախորդը

«Դրանք Տարածքներ Չեն, Դա Հայրենիք Է. Ինչպէ՞ս Ասեմ, Որ Հայրենիք Յանձնելը Ճիշդ Է». Պերճ Զէյթունցեան

Յաջորդը

Թրիփոլի Մեկնակէտ` Սուրիոյ Վերակառուցման

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.