ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ որքան ալ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ, փանթուրքիզմը կը մնայ Թուրքիոյ կառավարող վերնախաւի քաղաքականութեան հիմնական միջոցներէն մէկը, եւ անոնք կը վարեն քաղաքական ճկունութիւն (անշուշտ` Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլին վստահելով, հակառակ անոնց հետ երբեմն տեղի ունեցած վերիվայրումները): Թուրքիոյ համար իր շահերը ամէն բանէ գերադաս են: Եւ պէտք է խոստովանիլ, որ թուրք ղեկավարները իրապաշտ քաղաքականութեան (realpolitic) մարդիկ են:
Վերոնշեալ գաղափարի ամէնէն դիպուկ եւ ցայտուն օրինակը Թուրքիոյ հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ տարածքին գտնուող բնակչութեան թիւի վիճակագրութեան նշումն է: Մինչեւ այսօր պայման է հետեւեալ ձեւով անուանել` այսքան թուրք ժողովուրդ կայ, այսպէս` «Թուրքիոյ մէջ կը բնակի 70 միլիոն թուրք», տարիներ ետք` «80 միլիոն թուրք», այժմ` «85 միլիոն թուրք»: Այսինքն Թուրքիոյ մէջ ապրողները բոլորը թուրք են, ուրիշ ոչ մէկ ազգ կամ ժողովուրդ գոյութիւն ունի:
Վերոնշեալ գաղափարներէ մղուելով` Թուրքիոյ իրերայաջորդ իշխանութիւններ մինչեւ օրս բոլոր ժողովուրդներու համար տարբեր բնագաւառներու մէջ կ’որդեգրեն զանազան արշաւներ, անոնց կարգին, բնականաբար, ամէնէն մեծ արշաւը կը կատարուի հայ ժողովուրդին դէմ:
Թուրքիոյ պետութեան կողմէ կազմակերպուած հակահայ քարոզչութեան գործիքները բազմաթիւ ու զանազան են, ըլլան անոնք լրատուական դաշտի միջոցով, համացանցային կայքեր, հրատարակչական, պարբերականներ, զբօսաշրջիկներու բացիկներ, պարբերականներ եւ նկարներու հաւաքածոներ, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններ, ժապաւէններ եւ այլն: Թուրքիոյ հակահայ արշաւին ուղղակի եւ անուղղակի ուղղութիւններէն կը ներկայացնենք քանի մը հատը միայն:
Անուղղակի Հակազդեցութեան Գործընթացը
Ա.- 1982 թուականի երկրորդ կիսուն թրքական կառավարութեան եւ Աֆղանիստանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը: Այս համաձայնութեամբ, 4500 թրքախօս աֆղաններ փոխադրուեցան «Թուրքիա» եւ հաստատուեցան բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին: Այս արարքով թուրք պետութիւնը կը միտէր իր հայ բնակչութենէն բռնի կերպով պարպուած անմարդաբնակ Հայաստանը բնակեցնել թուրքերու ցեղակից աֆղան ցեղախումբով: Այս դէպքին նման` թրքական կառավարութիւնը նոյնը ըրած էր 1914 թուականին, երբ հայկական նահանգներու կառավարիչները` հոլանտացի Վեստենենկը եւ Նորվեկացի Հոֆը Հայաստան պիտի այցելէին շրջանին մէջ քննութիւններ կատարելու համար, թրքական կառավարութիւնը 750.000 հոգի կը փոխադրէր պալքաններէն դէպի Արեւմտեան Հայաստան` փաստելու համար, որ թուրքերը մեծամասնութիւն են շրջանին մէջ:
Բ.- Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին` Միացեալ Նահանգներու խարիսխներու ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ զօրավիգ կը կանգնին Թուրքիոյ ամբողջականութեան պահպանման եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներու անբաժանելիութեան ու յատկապէս ներկայ ըլլալու Անդրկովկասի մէջ:
Կարելի է օրինակներու շարքը երկարել:
Ուղղակի Հակազդելու Գործընթացը
Ա.- Զանազան հրատարակութիւններով քարոզչութիւնը, անոնք ըլլան հակահայ բնոյթով, թէ պարզապէս Թուրքիոյ քարոզչութիւնը կատարող գործեր: Այդ իմաստով առատ նիւթ կը հրատարակուի թրքական իշխանութիւններու ուղղակի նախաձեռնութեամբ, կամ` օտար մամուլի էջերուն մէջ, վճարովի: Այսպէս, ուրեմն զանազան առիթներով կը հրատարակուի օտար լեզուներով պրակներ եւ պարբերականներ, ուր կը ներկայացուին Հայկական հարցը` թրքական տեսանկիւնէն, խեղաթիւրուած: Ասոր կողքին, միջազգային մամուլի էջերուն կը հանդիպինք Թուրքիոյ նուիրուած համարներ: Այս թերթերէն կարելի է յիշել անգլիական «Թայմզ» օրաթերթը եւ «Իքոնոմիստ» շաբաթաթերթը, ամերիկեան «Ինթրնէյշընըլ Հերալտ Թրիւպիւն», «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթերը, «Թայմ» եւ «Նիւզուիք» շաբաթաթերթերը եւ այլն:
Բ.- Թրքական կառավարութիւնը տարեկան միլիոններ կը ծախսէ, որպէսզի թուրք եւ օտար ուսանողներ իրենց աւարտաճառերը յատկացնեն հայ եւ թուրք յարաբերութիւններուն, անշուշտ` պաշտպանելու համար թրքական ստայօդ տեսակէտները:
Օտար երկիրներու մէջ թրքական մշակութային կեդրոններ, իսկ համալսարաններու մէջ թրքական քաղաքականութեամբ կը հիմնուին թրքերէն լեզուի` թրքագիտութեան ամպիոններ, նոյնպէս` թրքական գաղափարներով:
Գ.- Տարեկան բազմաթիւ խեղաթիւրուած, զեղծուած ու իրականութիւնները չարափոխող հրատարակութիւններ կը հրապարակուին: Անոնցմէ է թրքական մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած եւ «Թըրքիշ Էյրուէյզ»-ի այլեւայլ գրասենեակներուն միջոցով բաժնուած բազմաթիւ գրքոյկներու կարգին` “EASTERN TURKEY” («Արեւելեան Թուրքիոյ»), այսինքն Արեւմտահայաստանի ծանօթացման գրքոյկէ մը արտատպուած են անոնք:
Պատկերազարդ պրոշիւրներ եւ նկարներու մէջ համեմուած է բացատրական եւ տեղեկագրական բաժիններով, ուր արիւնարբու Թուրքիան կը պարծենայ հայութեան Արարատով, Վանայ լիճով, հայկական ճարտարապետական կոթողներով: Վերոյիշեալ պարբերականներու մէջ յստակօրէն յիշուած են այն ազգերն ու ցեղախումբերը, որոնք ասպատակած են այդ հողերը, եւ որոնք ժամանակուան մը համար ապրած են հոն` ձգելով հետքերը իրենց մշակոյթին, քաղաքակրթութեան ու բարքերուն:
Այստեղ եւս բնականաբար կարելի է օրինակներու շարքը բազմացնել:
Միւս կողմէ, հակահայ քարոզչութեան եւ խեղաթիւրուած պատմութեան աշխատանքներու եւ հրատարակութիւններու մէջ թուրքը անվախ կը յիշէ ուրարտացիներու, սելճուքներու ու բիւզանդացիներու անունները, որովհետեւ անոնք այլեւս վերացած են աշխարհի երեսէն, չեն կրնար այսօր իբրեւ պահանջատէր ներկայանալ Թուրքիոյ: Սակայն ոչ մէկ տեղ կը յիշուի հայ ազգի անունը, որովհետեւ հայութիւնը ամէն վայրկեան իր պահանջատիրութիւնը կը փաստէ, եւ վճռականօրէն կը ներկայանայ իր արդար իրաւունքներուն վերատիրանալու համար:
Արդարեւ, անտեղեակ ու սովորական զբօսաշրջիկը կամ օտարականը դատապարտուած է հաւատալու իրեն այնքան հրապուրիչ ձեւով ներկայացուած տեղեկութիւններուն: Ահա թէ ի՛նչ տարողութեամբ քարոզչական արշաւ կը մղուի հայ ժողովուրդին դէմ, թուրք պետութեան բոլոր միջոցներով: Թուրքիոյ հակահայ արշաւին այս սաստկացումին դէմ յանդիման, սփիւռքահայը օրէ օր աւելի մտածելու եւ հարցերը լրջօրէն քննելու հարկադրանքը կը զգայ:
Զաւէն պատրիարքի 1915 թուականի յուլիսի 13-ի եւ օգոստոսի 15-ի 2 նամակներու հաղորդումներէն կը պարզուի, որ «Եկեղեցիներ ու վանքեր կողոպտուած, քանդուած ու սրբապղծուած են: Եկեղեցիները արդէն կողոպտուած են եւ մզկիթի, ախոռի կամ ուրիշ բաներու վերածուած են: Արդէն Պոլսոյ հրապարակներուն վրայ սկսած են ծախուիլ հայկական եկեղեցիներու անօթները եւ այլ գոյքեր®»(1):
Նկատելի է, որ թուրանական ժողովուրդները դարձած են ինքնաբաւ եւ հասած` համաթուրանականութեան շարժումի իրագործման նախանձելի եւ բաւական չափով սպառնացող դիրքի մը:
Հայու իսկութեան եւ արժէքներուն դէմ նախայարձակում կայ, շարունակուող ցեղասպանութիւն` բնիկ երկրէն ջնջելու համար հայու հետքը (սրբավայրերու եւ յուշակոթողներու աւերում, քանդում): 28 փետրուար 2003 թուականին Թուրքիոյ հայկական «Մարմարա» թերթը կը հաղորդէր, որ Թուրքիոյ պետական գանձատունը դատ բացած է Ս. Խաչ դպրեվանքին դէմ պահանջելով, որ դպրեվանքի կալուածներու թափուները ջնջուին եւ անոնք արձանագրուին պետական գանձատան անունով: Այսօր եւս Թուրքիոյ իշխանութիւնները փոքրամասնութեանց դէմ բռնարարքները կը շարունակեն, եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է վստահիլ կատարուած խոստումներուն: Անոնք կը պնդեն, որ Ս. Խաչ դպրեվանքը ֆիզիքական անձ չէ, ուստի պետական գանձատուն պէտք է փոխանցուին այն շէնքերը, որոնք ատենին արձանագրուած էին դպրեվանքի խնամակալութեան անուան: Հոս անգամ մը եւս կը տեսնենք թրքական պետութեան հետեւողականութիւնը` փանթուրքիզմի ծրագրին:
2 հոկտեմբեր 2003 թուականին Թուրքիոյ մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով արգելքներ դրուեցան Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի Վան այցելութեան: Այս անգամ խափանուած է Նարեկի (Նարեկացիի շիրիմը ախոռի վերածուած է) 1000-ամեակին առիթով դէպի Վան ուխտագնացութեան Մութաֆեանի մասնակցութիւնը(2):
Թուրքերը մինչեւ այսօր կը պնդեն, որ Անիի անկումն ու աւերումը տեղի ունեցած են բիւզանդական շրջանին եւ բիւզանդացիներու կողմէ:
Նոյն հարցին առնչութեամբ, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Ճոզըֆ Քրոլի Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ժամանակ ուղղուած է աւերակներու մէջ գտնուող, ճարտարապետական մեծ կարեւորութիւն ունեցող Հայաստանի երբեմնի մայրաքաղաք, հազարումէկ եկեղեցիներու սրբատեղի` Անի եւ ականատես եղած է պարզուած սրտաճմլիկ տեսարանին: Հոն 1974 թուականէն ասդին ոչ մէկ շօշափելի յառաջխաղացք արձանագրուած է:
Թուրքիա հետեւողական ձեւով կը քանդէ հայկական սուրբ կոթողները: Հակառակ անոր որ թրքական պետութիւնը յատուկ նիւթական օժանդակութիւն կը ստանայ այս նպատակով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն, բայց գումարը կը յատկացուի այլ մարզերու:
Թուրքիոյ քաղաքագէտներն ու զինուորականները Թուրքիոյ հայկական համայնքը միշտ գործածած են իբրեւ պատանդ: Հայորդիներ ճնշումի տակ կը կատարեն թրքանպաստ յայտարարութիւններ:
Աշխարհին ծանօթ է, որ թրքական զինուած ուժերը (բանակը, գաղտնի սպասարկութիւնները` «ՄԻԹ» եւ այլն, ոստիկանութիւնը) մինչեւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան գլուխ գալը նկատառելի ուժ եւ տէրն ու տիրականն էր երկրին եւ իրենք էին ուղղութիւն տուողը որեւէ իշխանութեան գործելաձեւին(3), սակայն վերջին տարիներուն զօրքը որքան ալ նոյն հմայքը չունեցաւ, բայց մնաց մէկ կարեւոր գործօն, որ անոնք մինչեւ օրս կը գործեն փանթուրքիզմի ուղղութեամբ:
Թուրքիա կը կառավարուի Ազգային ապահովութեան խորհուրդով («MGK» Millî Güvenlik Kurulu, Միլլի կիւվենլիք քուրուլու) մը, որուն անդամները մեծ մասամբ զինուորականներ են: Հետեւաբար թրքական բանակը միշտ ալ եւ յատկապէս 1960-ական թուականներէն ասդին` միջամուխ կ’ըլլայ երկրի քաղաքական կեանքին` յեղաշրջումով թէ ինքզինք հարկադրելու ռազմավարութեամբ:
«Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն»-ի եւ հետագային Մուսթաֆա Քեմալի ժամանակէն ի վեր Թուրքիան արդիականացնելու եւ պետական հոլովոյթը այժմէականացնելու փորձերը միշտ անցած են ապարդիւն, որովհետեւ սահմանադրական, ապա հանրապետական կարգերով օժտելու ձախող փորձերը փաստած են, որ անկարելի է Թուրքիոյ պետութիւնը պայմանաւորուած տեսնել ժողովրդավարութեամբ: Այս իմաստով ալ լաւագոյն պարագային կարելի է խօսիլ սահմանադրական կարգերու վերահաստատման, բայց ոչ ժողովրդավարութեան մասին, որուն երաշխիքը կը փորձէ տալ Թուրքիան` զինուորական իշխանութեան սահմանադրութեամբ: Սակայն վերջին տարիներուն ակնյայտ են թրքական բանակը քաղաքականութենէն հեռու պահելու նախաձեռնութիւնները, մանաւանդ` 15-16 յուլիս 2016 թուականին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման ձախողութեան պատճառով զինուորականներու ձերբակալութիւններէն ետք:
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իր բոլոր պետական մարմիններով, որոնց կարգին է ՄԻԹ-ը, ունի պետական յստակ գաղափարախօսութիւն` թրքականութիւն երկրի ներսը եւ համաթրքականութիւն` անոր սահմաններէն ներս: ՄԻԹ-ը բաւական փայլուն կերպով կ’իրականացնէ այդ գաղափարախօսութենէ բխած ու իր առջեւ դրուած խնդիրները:
ՄԻԹ-ի նշանաբանն է` «Մենք թուրք մեծ ազգին ծառայութեան տակ ենք». միշտ նկատի պէտք է ունենալ, որ «թուրք մեծ ազգը» աշխարհատարած թրքացեղ ժողովուրդներու համագումարն է:
Թուրքիոյ Ազգային Պետական
Գաղափարախօսութիւնը` Թուրքիզմը
Ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր թուրքիզմը պաշտօնապէս Թուրքիոյ ազգային պետական գաղափարախօսութիւնն է: Ան յստակօրէն նշուած է գործող սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածին մէջ(4), նոյնպէս` գործող քրէական օրէնսգիրքին մէջ, 159-րդ յօդուածին մէջ:
Թուրանական ցեղին պատկանող բոլոր թուրքերու Արեւմտահայաստանի հողերուն վրայ հաստատումով եւ հայոց աշխարհի բռնի թրքացումով (Նախիջեւան եւ Արցախի կարգ մը շրջաններ) իսկ, անկարելի է մոռացութեան տալ պատմութիւնը եւ անոր դերակատարութիւնը: Փանթուրանիզմը իր փայլուն օրերուն եւ իր զօրութեան մէջ ձախողեցաւ, երբ տակաւին անոր նպատակները իրագործելի կը նկատուէին Թուրքիոյ կողմէ: Ամէն պարագայի, իտէալական փանթուրքական միութիւնը գոյութիւն չունեցաւ քանի մը պատճառներով: Արտաքին ազդակներէն է ուժերու ընդհանուր հեռացումը. փոխարինելու համար ներկայ իրավիճակը համագործակցեցաւ ընդդիմութեան հետ` նախկին Խորհրդային Միութեան եւ Չինաստանի հետ քաղաքական եւ մշակութային փանթուրքիզմի համար: Իսկ ներքին գետնի վրայ, ընդդիմութիւն դրուեցաւ Թուրքիոյ հաստատութիւններէ, որոնք սուր մրցակցութիւն ունին գաղափարախօսութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ` ազդեցիկ կազմակերպութեան պակասը(5):
Սակայն այսօր շատ յստակ կը տեսնենք, որ երկար ժամանակ մոռացութեան մատնուած փանթուրքիզմը` համաթուրանական գաղափարաբանութիւնը, սկսած է զանազան բնագաւառներու ճամբով հող շահիլ, նոյնիսկ իսլամութիւնը յառաջ տանելով` անոր ետին թաքնուած, ինչպէս միշտ:
—————————————————
(1) Ահարոնեան Գերսամ, «1915-1965, Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի», Պէյրութ, 1965, էջ 501:
(2) «Մարմարա» օրաթերթ, 2 հոկտեմբեր 2003:
(3) 1997 թուականին բանակը ճնշում բանեցուց Նեճմէտտին Էրպաքանի (նախկին վարչապետ) իսլամական կառավարութեան վրայ, որ հրաժարի իշխանութենէն:
(4) Թուրքիոյ Հանրապետութեան նոր սահմանադրութիւն, Պոլիս, 1984, էջ 81:
(5) «The Encyclopedia of Islam», Volume VIII, Leiden The Netherlands 1995, էջ 251: