Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. «Լուսին Մալիքեան» Սերունդի Շրջանաւարտներու Ընդունելութիւն Եւ Յիշատակի Երեկոյ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին եւ Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի «Լուսին Մալիքեան» սերունդի շրջանաւարտներու ընդունելութիւն եւ յիշատակի երեկոյ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Սալբի Ծատուրեան-Խաչատուրեանը, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան...




















