Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Կան մահեր ու կորուստներ, որոնց հետ չես կրնար հաշտուիլ, նոյնիսկ եթէ քառորդ դար անցած է արդէն:
Թէեւ ժամանակը կը սպիացնէ վէրքերը, բայց նաեւ իր թաւալքին հետ աւելիով կը խորացնէ անժամանակ վախճանած արժանաւորներուն ձգած բացն ու անոր առթած կորուստի զգացողութիւնը:
Այդպիսին է պարագան քառորդ դար առաջ մեր կեանքէն յանկարծակի պոկուած` կրակ ու բոց աչքերը առյաւէտ փակած դոկտ. Հրաչ Պետոյեանի կորուստին:
Հայու եւ լիբանանցիի լիարժէք համարկումին հաւատացող եւ այդ ուղիով քաղաքական գործիչի եւ քաղաքագիտութեան դասախօսի իր կեանքն ու գործը հունաւորած դաշնակցականն էր «դոկտ. Հրաչ», ինչպէս որ կը սիրէին դիմել իրեն Հայկազեան քոլեճի թէ Լիբանանի պետական համալսարանի քաղաքական գիտութեանց բաժնի իր ուսանողները:
Լիարժէք հայու եւ լիարժէք լիբանանցիի միաձուլման իր ուրոյն համադրումով ընկեր Հրաչ Պետոյեան համապատասխան իր ուղին բացաւ ոչ միայն Լիբանանի հայութեան եւ որոշապէս ՀՅԴ լիբանանեան ընտանիքին մէջ, այլեւ ընդհանրապէս` քաղաքացիական խելացնոր պատերազմէ մը փիւնիկի պէս յառնող նոր Լիբանանի քաղաքական ապագան վճռող խմորումներու հրապարակին վրայ:
Եւ որքան ժամանակը կ՛անցնի, ու որքան կը շեշտուին, սփիւռքի տարածքին ամէնուրեք, հայու եւ քաղաքացիի համարկման դժուարութիւնները աշխարհասփիւռ մեր իրականութեան մէջ, այնքան այժմէական բաբախումով մեր յիշողութեան պաստառին կը ներկայանայ արժանաւոր փաղանգը Հրաչի օրինակով անմոռանալի դէմքերու, որոնք իրենց ուսանելի ներդրումը ունեցան նման դժուարութեանց յաղթահարման մէջ: Մինչեւ Օքսֆորտի համալսարանէն քաղաքական գիտութեանց տոքթորայի աստիճանին արժանանալը, նաեւ այնուհետեւ` Հայկազեան քոլեճի (ներկայի` համալսարան) եւ Լիբանանեան համալսարանի մէջ դասախօսական իր ասպարէզին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ճամբով Լիբանանի պետական-քաղաքական կեանքին աշխուժ մասնակցութեան ամբողջ ընթացքին դոկտ. Հրաչ Պետոյեան իր առօրեան, ուսման թէ ազատ ժամանակի առումով, բաժնեց հաւասարապէս ազգայինին եւ քաղաքացիականին միջեւ:
Հայ կաթողիկէ ընտանիքի յարկին տակ ծնած ու կազմաւորուած` Հրաչ Պետոյեան կանուխ տարիքէն, Ազգային «Կիլիկեան» վարժարանի աշակերտութեան օրերէն թէ լիբանանեան վարժարանի մէջ երկրորդական ուսման հետեւելու շրջանէն իսկ, հոգեմտաւոր իր աշխարհին կիզակէտ ընդունեց Պուրճ Համուտը` իբրեւ ողջ հայութեան բաբախուն սիրտն ու գաղափարական օրրանը: Նոյն պուրճհամուտեան պրիսմակով արժեւորեց Լիբանանը` իբրեւ քաղաքացիական իր պատկանելիութեան ամրոցը, հպարտութեան իր անկիւնաքարը: Եւ մինչեւ իր անժամանակ վախճանը` անմոռանալի Հրաչը ունեցաւ մէկ ու միակ պաշտամունք, որ Պուրճ Համուտի շունչով թրծուած հայ մարդուն ազգային եւ քաղաքացիական խրոխտ քայլուածքն էր ամէնուրեք` Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն անդին:
Աւելի՛ն. նաեւ ճիշդ այդ պատճառով, դպրոցական, դասախօսական թէ քաղաքական իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն, Հրաչ Պետոյեան երբեք դժուարութիւն չունեցաւ արժանանալու հայ թէ արաբ ընկերներու մտերմութեան: Ոչ միայն զուտ ընկերային-բարեկամական մտերմութեան իմաստով, այլեւ` լիբանանեան իրականութիւնը յուզող քաղաքական հրատապ խմորումներու, ինչպէս նաեւ Հայ դատի պահանջատիրական ելոյթներուն աշխուժ մասնակցութիւն բերելու, նախաձեռնո՛ղ ըլլալու առումով: Պատահական ընտրութիւն չէր քաղաքական գիտութեանց հետեւելու իր որոշումը: «Քաղաքական կենդանի» տիպարի ներկայացուցիչ մըն էր, որ մասնագիտական ուսումը ծառայեցուց իր քաղաքական ասպարէզը հունաւորելու, հիմնաւորելո՛ւ նպատակին: Երիտասարդութեան շրջանէն դոկտ. Հրաչ ողջ էութեամբ լծուեցաւ լիբանանեան քաղաքական համակարգը, իր պատմական հոլովոյթով, համայնքային-աւատապետական իր հիւսուածքով եւ ժողովրդավարական¬ընկերային արդիականացման հարցերով ուսումնասիրելու, ղեկավար դէմքերու հետ անձնական ծանօթութիւններով իր գիտելքները հարստացնելու եւ ամրապնդելու անդուլ ճիգին: Նոյնքան ամբողջական փարումով Հրաչ Պետոյեան իր ճամբան հարթեց դէպի Դաշնակցութիւն` Պուրճ Համուտի դաշնակցական մթնոլորտին եւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան մարտունակ հնոցին մէջ իր կազմաւորումով, ապա` ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան շարքեր մուտքով, 1970-ին:
Հայ դատի պահանջատիրութեան ուղղութեամբ զարթօնքի տարիներ էին 1970-ականները, աննախընթաց տարողութեամբ ուսանողական եռուն կեանքի շրջան էր, եւ Հրաչ, արաբերէնին տիրապետելով ու արաբ ուսանողներու եւ քաղաքական շրջանակներու հետ իր ծանօթութիւններով, կարեւոր ներդրում ունեցաւ Հայ դատի քարոզչական աշխատանքներու ընդլայնման մէջ: Թէեւ 1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրէին Հրաչ արտասահման մեկնած էր` նախ Մ. Նահանգներու մէջ Սիրաքուզի համալսարանը եւ, վերջապէս, Լոնտոն` Օքսֆորտի համալսարանը, բարձրագոյն ուսման համար, բայց 1977-ին արդէն վերադարձած էր իր սիրած ու պաշտած Լիբանան, ուր նախ ՀՅԴ Լիբանանի Կ. կոմիտէի քաղաքական մարմինին, ապա նաեւ Կ.Կ-ի իր անդամակցութեամբ, երկար տարիներ յարաբերական¬քաղաքական գործունէութիւն ծաւալեց: Լիբանանեան տագնապի կնճռոտ ծալքերու բարդացման, այլ նաեւ Հայ Դատի պահանջատիրական շարժման ուժական մակընթացութեան ժամանակներուն զուգադիպեցաւ դոկտ. Հրաչի ազգային-քաղաքական յանձնառու գործունէութիւնը: Ազգային թէ քաղաքացիական առումով, դժուար փուլեր դիմագրաւելու հարկադրանքին տակ գտնուեցաւ Լիբանանի հայութիւնը, եւ ընկեր Հրաչ միշտ արթուն կանգնեցաւ պատնէշի վրայ` յարաբերական¬քաղաքական հեւքոտ առօրեային ամբողջապէս նուիրուելով եւ իր կարեւոր ներդրումը ունենալով հայութեան սպառնացող դժուարութիւններու դիմագրաւման ու յաղթահարման մէջ:
Լիբանանի պետական-քաղաքական իշխանութեանց ղեկին վրայ Ժեմայէլ ընտանիքի` Պեշիր Ժեմայէլի ղեկավարած Լիբանանեան ուժերուն եւ Ամին Ժեմայէլի Փաղանգաւոր կուսակցութեան արձանագրած յառաջխաղացքի փուլերուն ընկեր դոկտ. Հրաչ Պետոյեան հայ համայնքին եւ յատկապէս Դաշնակցութեան բնական խօսակիցը հանդիսացաւ Լիբանանի իշխանաւոր նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներուն մօտ, որոնց շարքին բազմաթիւ էին Լիբանանեան համալսարանի իր պաշտօնակիցներն ու, յատկապէս, ուսանողները: Աւելի՛ն. դոկտ. Հրաչ գործակցութեան ոչ մէկ դժուարութիւն ունեցաւ լիբանանեան նոր սերունդներու մէջ 1980-ականներու վերջերուն թափ առած «քրիստոնէական Լիբանանի պաշտպանութեան ազգայնաշունչ շարժման» ղեկավար ուժերուն հետ, որոնք այսօր իշխանութեան ղեկին կանգնած են:
Աւելի քան տասնամեակ մը` 1980-ականներու սկիզբէն մինչեւ իր ապաժամ մահը, Հրաչ հաստատակամ կանգնեցաւ եւ ծառայեց հայու իր ձայնը զտարիւն լիբանանցիութեամբ
բոլորին լսելի դարձնելու յառաջապահ դիրքերուն վրայ: Յատկապէս «Ապագայի տուն» կոչուած ուսումնասիրական-հետազօտական հռչակաւոր Հիմնարկի հիմնադրութեան եւ ծաղկումին մէջ նկատառելի եղաւ ներդրումը դոկտ. Հրաչ Պետոյեանի: Իբրեւ այդպիսին` նախագահական մակարդակի քաղաքական անպաշտօն խորհրդատուի վարկ նուաճեց եւ ըստ այնմ դռներ բացաւ ազգային մեր իրաւունքներու եւ պահանջներու հետապնդման առջեւ:
Ընկեր դոկտ. Հրաչ Պետոյեանի տարիներու երազն ու արդար փառասիրութիւնն էր, որ Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքը ներկայացնէր լիբանանեան խորհրդարանին մէջ: Հայու եւ լիբանանցիի միաձուլման արժանաւոր այս ներկայացուցիչը բախտը չունեցաւ ապրելու, որպէսզի իրականացնէր իր կեանքին գերագոյն պսակումը հանդիսանալու կոչուած այդ նուաճումը:
Սրտի անակնկալ տագնապը 1992-ին ընդհատեց կեանքի թելը Հրաչ Պետոյեանին: Հասունացման փուլը նոր նուաճած էր եւ տակաւին այնքա՛ն տալիք ունէր իր ժողովուրդին ու պաշտած Լիբանանին: Հեռացաւ մեր աշխարհէն` հազիւ ընտանիք կազմած Զարուհի Մկրեանի հետ եւ նորածին մանչ զաւակով մը` Հրակով բախտաւորուած: Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ Հրաչ: Յիշատակդ կ՛ապրի բոլորիս մէջ: