Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ այսօրուան կարգ մը պետութիւններու ղեկավարները կը հաւատան ժողովրդավարութեան, ընտրութիւններու, թափանցիկութեան, երբ դիմացը ոչ մէկ ընդդիմութիւն կը ձգեն, եւ ապագան առանց իրենց մութ կ՛երեւի:
Այդպէս է կացութիւնը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի իշխանութենէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն յետամնաց Ափրիկէի երկիր մը:
Իշխանութեան վրայ բազմած, լծակները ամբողջութեամբ օգտագործած, ընդդիմութիւնը արմատէն ճզմած եւ վախի ու սարսափի մթնոլորտով, հալածանքի եւ աքսորի ընտրանքով կարգ մը երկիրներու ղեկավարները ղեկավար մնալու բարդոյթին մէջ են: Իրենց հոգեկանին վրայ այդ բարդոյթը այդքան վտանգաւոր ազդեցութիւն ձգած է, որ կը նմանին այն մանուկին, որ ոտնագնդակ խաղցած ատեն կը ծեծէ բերդապահը, եթէ ան գնդակը բռնէ:
Ուրիշ խօսքով` պէտք է ինք միշտ հարուածէ, եւ բերդապահն ալ միշտ ձգէ, որ կէտ արձանագրէ, այլապէս ծեծ կ՛ուտէ:
Կ՛երեւակայէ՞ք այս իշխանաւորներուն վտանգը ո՛չ միայն իրենց ժողովուրդին, այլ նաեւ շրջապատի երկիրներուն վրայ: Նոյնիսկ կ՛ըսուի, որ Լիպիոյ մէջ Մուամար Քազզաֆիի օրերուն, երբ երկրի ղեկավարին քունը գար, եւ ան քնանալ ուզէր, պետական պատկերասփիւռի կայանը իր յայտագիրը կը դադրեցնէր, ուր որ հասած ըլլար, որպէսզի ժողովուրդն ալ երթար քնանալու երկրին ղեկավարին նման:
Աւելի՛ն. Քորէայի նախագահին մազի կտրուածքը եւ սանտրուածքը միակ տեսակն է, որ արտօնուած է երկրին մէջ… երեւակայեցէք:
Վերոնշեալ իրականութիւնները ցցուն օրինակներ են, ուրիշ երկիրներու կամ ընկերութիւններու մէջ այդքան ակնառու երեւոյթներ չկան, սակայն մտքի, մտաւորականի, մարդու, մտածողի տեսակի նոյնութեան ճիգ ի գործ կը դրուի: Կ՛ապսպրուի, որ միայն ծափող կամ քուէարկող պէտք ունին: Կարեւոր չէ որ ո՞վ է, ի՞նչ է, ինչո՞ւ համար է, որո՞ւ համար է: Իրենք ամէն բան գիտեն, դուն միայն քուէարկէ ու տուն գնայ: Գործդ, եկամուտդ, պաշտօնդ, այլազան մտահոգութիւններդ ապահովուած են: Ստրկութեան եւ յետադիմական մտածողութեան ուրիշ ձեւ մըն է: Աւելի՛ն. «Դուն մի՛ մտածեր, մենք քու տեղդ կը մտածենք»-ի քաղաքականութիւնն ալ բութութեան կը հասցնէ ընկերութիւնները:
Երբ ունկնդրես ղեկավարներուն հետ կատարուած հարցազրոյցները, անոնք կը յայտնենք, որ «յոգնած են», «սիրտ չունին», «իրենք չէ, որ կ՛ուզեն այդ դիրքին վրայ մնալ, այլ ժողովուրդը կը պարտադրէ», «մտաւորականներ կամ տարեցներ կը թելադրեն, որ ապահովութեան երաշխիք է» եւ այլն, եւ այլն:
Ամէնէն հեգնականը սակայն այն է, երբ ըսեն. «Ես չկամ յառաջիկայ ընտրութիւններուն»:
Վերջապէս այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի երկրագունդը: Նոյնքան ալ բոլոր ժամանակներէ աւելի բարդութաւոր ղեկավարներու փաղանգով մը կը ղեկավարուին կարեւոր վճռորոշ երկիրներ:
Արդ, լուծումները այդքան ալ պարզ պիտի չըլլան:
Hedakrkir agnargutyun, laynazaval nyuti ampop nergayatsum. Lav hotvaz e. Agngaleli er, sagayn, vor slake ughver MER, AZKAYIN gazmagerbutyunneru / gusagtsutyunneru ghegavarnerun vra. anonts, vor “hoknaz” en, payz atoren chheratsogh. Atori bashdamunk e amenurek!!
Մի մնայուն էլ դուն ես