Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
Խմբագրեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան եւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի տնօրէն Արա Խզմալեանի Լիբանան այցելութեան առիթով «Ազդակ», «Վանայ Ձայն» եւ «Օ. Թի. Վի.» միացեալ հարցազրոյց մը կատարեցին հայրենի զբօսաշրջութեան երկու պատասխանատուներուն հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին անոնք անդրադարձան Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս միջազգային առումով որդեգրուած քայլերուն` երկրին զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու իմաստով:
Պատասխանելով Հայաստանի զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի աշխատանքներուն մասին հարցումի մը` Զ. Զէյթունցեան նշեց, որ այդ կոմիտէն Հայաստանի մէջ հիմնուած է անցեալ հոկտեմբերին:
«Նախապէս ան գործած է իբրեւ զբօսաշրջութեան վարչութիւն: Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին համար առաջնահերթութիւնը Հայաստանի ճանաչելիութեան բարձրացումն է», ըսաւ ան:
Ըստ Զ. Զէյթունցեանի, այնքան ատեն որ մենք երբ օտարին Արմինիա կ՛ըսենք եւ անոր հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ «Ալպենիա՞», «Ռոմենիա՞», կամ «Թուրքիոյ կի՞ց», ապա մենք կը գիտակցինք, որ շատ լուրջ հարցի դիմաց ենք եւ շատ բան ունինք կատարելիք:
«Հետեւաբար, իբրեւ Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէ, հիմնադրամին հետ միասին բազմաթիւ աշխատանքներ կատարած ենք Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման իմաստով, յատկապէս կեդրոնանալով Հայաստանի ճանաչելիութիւնը բարձրացնելու ջանքերուն վրայ: Խորքին մէջ այս այցելութեան նպատակը եւս թէ՛ լիբանանահայութեան եւ թէ՛ լիբանանցի զբօսաշրջիկին ու լիբանանեան զբօսաշրջական մարզին Հայաստանը ծանօթացնելն է», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Արա Խզմալեան Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի ստեղծումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` շեշտեց, որ Հայաստանը հետեւելով միջազգային կառավարման եղանակին, ստեղծած է այդ հիմնադրամը` անոր տալով լիազօրուած օրէնսդիր մարմին, որուն աշխատանքները զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի աշխատանքներուն հետ զուգահեռ կ՛ընթանան եւ կը գործադրեն պետական կոմիտէի տուած որոշումները եւ մշակած ծրագիրները:
«Այսինքն Հայաստանի Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամը որոշ չափով գործադիր մարմինի կարգավիճակ ունի եւ կարելի է ըսել, որ գործակցութիւնը իտէալական է, որովհետեւ նոյն նպատակներու իրականացման հեռանկարով կը գործենք` գիտակցելով մեր աշխատանքի կարեւորութեան եւ հրատապութեան: Թէ՛ հիմնադրամի եւ թէ՛ կոմիտէութեան մէջ կայ մասնագէտ մարդուժ: Մէկ խօսքով, մեր միջեւ համագործակցութիւնը սերտ է», ըսաւ Ա. Խզմալեան:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման եւ զբօսաշրջիկներու թիւին արձանագրած աճին մասին Զ. Զէյթունցեան յայտնեց, որ Հայաստանը իր ներկայացուցած այսօրուան իրավիճակով կրնայ առկայ զբօսաշրջիկներուն թիւին կրկնապատիկն ու եռապատիկը ընդունիլ:
«Այս տարի, յունուարէն սեպտեմբեր, ինը ամիսներու ընթացքին, բաղդատելով անցեալ տարուան իննը ամիսներուն հետ, 24,2 առ հարիւրի աճ մը արձանագրուած է: Այս մէկը արդէն իսկ աննախընթաց աճի ցուցանիշ է, որովհետեւ զարգացող երկիրներու միջին ցուցանիշը 4,4 տոկոս է: Իսկապէս լուրջ աճ է արձանագրուածը, եւ այդ արդիւնքին կարելի եղած է հասնիլ որոշ պատճառներով, որոնցմէ են կարգ մը երկիրներու հետ վիզայի դիւրութիւններու շնորհումը, որոշ երկիրներու հետ ունինք ուղղակի թռիչքներու հետզհետէ աւելցող քանակ, ինչպէս նաեւ` կոմիտէի եւ հիմնադրամի վարած շուկայադրումի եւ հանրային յարաբերութիւններու աշխուժ քաղաքականութիւնը», յայտնեց Զ. Զէյթունցեան:
Ան նշեց, որ քանի մը ամիս առաջ աշխարհի չորս կողմերէն, ինչպէս` Քորէայէն, Ֆիլիփեան կղզիներէն, Հնդկաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն, Հայաստան հրաւիրած են յիսունէ աւելի լրագրողներ: Ան նշեց, որ նախորդ վեց ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի մասին աւելի քան 60 յօդուած հրատարակուած է, ինչպէս նաեւ նկարահանուած է շուրջ վեց ժապաւէն:
«Այս բոլորը սփռուած են աշխարհին մէջ եւ` Հայաստանի մասին հետաքրքրութիւն յառաջացուցած: Ամիս մը առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացայ ամերիկացի լրագրողէ մը, որ իմացուց, թէ Հայաստան պիտի այցելէ: Ան ըսաւ, որ ինք կ՛աշխատակցի «Թրեւըլ էնտ լիժըր»-ի եւ «Քոնտէ նասթ»-ի, այսինքն ամենբարձր մակարդակի ճամբորդական ամսագիրներու համար: Երբ հարցուցի իրեն, թէ ինչո՞ւ որոշած է այցելել Հայաստան, ան ըսաւ. «Հայաստանի մասին քանի մը յօդուած կարդացի եւ իբրեւ նոր երկիրի` Հայաստանի մասին յայտնեցի խմբագիրներուն, որոնք թելադրեցին այցելել Հայաստան: Հայաստանի մասին տեղեկութիւնները ամբողջ աշխարհի տարածքին սկսած են ձիւնագնդակի նման գլորուիլ ու մեծնալ», ըսաւ ան:
Զ. Զէյթունցեան վերահաստատեց, որ Հայաստանի զբօսաշրջութեան մարզը արձանագրած է 24 տոկոսի աճ` աւելցնելով, որ Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն մեծամասնութիւնը Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքէն կու գայ: «Յստակ աճ արձանագրած է Ծոցի երկիրներու զբօսաշրջիկներուն թիւը: Լիբանանի պարագային, առաջին ինը ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած է 82 առ հարիւր աճ, որ շատ լուրջ է: Նկատառելի աճ արձանագրուած է նաեւ Հնդկաստանէն, Ֆիլիփեան կղզիներէն, Ռուսիայէն, Իրանէն եւ արեւմտեան Եւրոպայէն եկող զբօսաշրջիկներու թիւին պարագային», ընդգծեց Զէյթունցեան:
Միջազգային մակարդակի վրայ զբօսաշրջութիւնը շուկայադրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Արա Խզմալեան շեշտեց, որ սկսելու համար պէտք է հասկնալ զբօսաշրջութեան միտումները, գիտնալ, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ տեսնել զբօսաշրջիկը: «Ինչպէս տիկին Զարմինէն յաճախ կ՛արտայայտուի, մենք մեր երկիրը կը դիտենք ոչ զբօսաշրջիկի աչքերով: Հետեւաբար, եթէ պահ մը մենք օտարանանք եւ զբօսաշրջիկի դիտանկիւնով մօտենանք որեւէ երկրի` որոնելով մեր տեսածը, նախընտրածը, մեզ հետաքրքրողը, ապա այլ կերպ կը մօտենանք հարցին: Լաւ զբօսաշրջիկը ամէն ինչէն հաճոյք կը ստանայ եւ ամէն ինչի ալ կը հետեւի: Հետեւաբար զբօսաշրջիկին ցանկութիւնները ճիշդ պէտք է հասկնալ եւ հնարաւոր չափով բազմազանութիւն ստեղծել զբօսաշրջային գրաւչութիւններու եւ արդիւնքի տեսակէտէն, այլ խօսքով` կարենալ տարբեր ճաշակներ եւ ակնկալութիւններ գոհացնել: Այդպիսով, տարբեր հետաքրքրութիւն ունեցող զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն Հայաստան: Բնականաբար մենք այս բոլորը կրնանք կատարել շուկայադրումի աշխուժ քաղաքականութեան շնորհիւ: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` մենք մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք թուային շուկայադրումի վրայ, որպէսզի մեր երկիրը եւ անոր մասին տեղեկութիւնները ճիշդ կերպով տարածենք: Անշուշտ այս մէկը չի նշանակեր, որ մենք պիտի խաբենք մեզմով հետաքրքրուող զբօսաշրջիկը, ընդհակառակն, մենք ցոյց պիտի տանք, որ մեր երկիրը իսկապէս գեղեցիկ է եւ չափազանց հետաքրքրական զբօսաշրջային ուղղութիւն է, որուն մասին չեն գիտեր նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող բազմաթիւ հայեր: Այս մտահոգութենէն մեկնելով, մենք կը գործենք քանի մը ուղղութեամբ` օտարը, Հայաստանի մէջ բնակող հայը եւ սփիւռքահայը», շեշտեց ան:
Արա Խզմալեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ Ձայն»-ին, որ սկսած է սփռել «Երազի երկիր» նոր հաղորդաշարը, որ պիտի նպաստէ Հայաստանի ճանաչելիութեան գործին:
«Ի՞նչ կ՛ուզեն տեսնել զբօսաշրջիկները Հայաստանի մէջ» հարցումին պատասխանելով` Զ. Զէյթունցեան յայտնեց, որ ըստ ուսումնասիրութեանց, զբօսաշրջիկները Հայաստանին կը մօտենան` իբրեւ նոր ու հետաքրքրական վայրի: «Զբօսաշրջիկը յոգնած է Եւրոպայէն եւ հիմնական այն ուղղութիւններէն, ուր արդէն քանի մը անգամ այցելած է, իսկ այժմ ան կ՛որոնէ այցելութեան նոր վայրեր: Իսկ պատասխանելով հիմնական հարցումին, առաջին հերթին զբօսաշրջիկը կը փնտռէ մշակութային զբօսաշրջութիւն: Չկայ զբօսաշրջիկ մը, որ մշակութային արժէքներով չի հետաքրքրուիր: Այսօր զարգացում կ՛ապրի նաեւ արկածային զբօսաշրջութիւնը: Նկատի ունենալով, որ Հայաստանը լեռնային երկիր է, ապա հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ իր ութ կլիմայական գօտիներով` բացի անապատայինէն: Հայաստանի մէջ թռչուններու հսկայ տեսականի կայ, եւ ունինք թռչնադիտական յատուկ զբօսաշրջութիւն, գինիի եւ ուտեստեղէնի յատուկ զբօսաշրջութիւն ունինք եւ` շարք մը ուրիշ տեսակի զբօսաշրջութիւններ, սակայն Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկները ամէնէն աւելի կը գրաւուին ու կը հմայուին ջերմութեամբ: Օրինակի համար, լրագրողներու պարագային, Աւստրիայէն զբօսաշրջիկներու խումբ մը ժամանած էր Հայաստան եւ, գիտէք, եւրոպացիները բնութիւնը շատ կը սիրեն, հետեւաբար խումբը մէկ գիշեր մնաց Երեւանի մէջ, իսկ մնացեալ տասը օրերը Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ էին: Ապա անոնց արտայայտութիւնը եղաւ հետեւեալը. «Մենք եկանք Արեւելք, սակայն զգացինք, որ Եւրոպայի մէջ ենք: Բայց եւ այնպէս, Եւրոպայի մէջ ըլլալով հանդերձ, ես տանս մէջ կը զգամ ինքզինքս, խորքին մէջ աւելի ջերմ, քան` իմ տունս»: Այլ օրինակ մը. հնդիկ լրագրող մը ըսաւ. «Ես Եւրոպայի մէջ եմ, սակայն միաժամանակ` Արեւելքի մէջ, որովհետեւ շատ հանգիստ կը զգամ»: Մենք Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ խաչմերուկի մեր դիրքը պէտք է հասկնանք եւ լաւ ըմբռնենք անոր խոր իմաստը եւ նշանակութիւնը, որովհետեւ անիկա մեզ կը դարձնէ համաշխարհային: Ամէն մարդ մեր երկրին մէջ ինքզինք հանգիստ կը զգայ, եւ այդ մէկը կարեւոր զգացում է մարդ արարածին համար, այդ պատճառով ալ մարդիկ գոհ ու չուզելով կը հեռանան մեր երկրէն», շեշտեց Զ. Զէյթունցեան:
Այս մասին Ա. Խզմալեան իր կարգին շեշտեց, որ ինք Երեւանը կը նմանցնէ հայուհիի մը, որ եւրոպական հագուստներ հագած է, եւ այդ պատճառով ալ օտարները չեն կրնար կողմնորոշուիլ, թէ ո՛ւր կը գտնուին: «Մենք Երեւանի ջերմութեամբ կը հաստատենք, որ Հայաստանը միայն յուշարձաններու երկիր չէ, այլեւ կայ կենդանի կեանք, կենցաղ, Երեւանը միշտ արթուն է, Երեւանը անվտանգ է, Երեւանի մէջ կայ մարդկային ներուժի կուտակում», յայտնեց ան:
Խիստ ձմեռ ունեցող Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան մասին հարցումին մասին Արա Խզմալեան ըսաւ, որ հիմնադրամը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ նոր միջոցներով եւ նախաձեռնութիւններով զբօսաշրջական եղանակը երկարելու մասին:
«Այսօրուան դրութեամբ, Հայաստանի մէջ ձմեռնային զբօսաշրջութեան հիմնական շրջանը Ծաղկաձորն է, ուր կ՛այցելեն զբօսաշրջիկները հիմնականին մէջ դահուկելու նպատակով: Պէտք է մտածել նաեւ այլ շրջաններու եւ նոր ուղղութիւններու մասին, որովհետեւ կարելի չէ զբօսաշրջիկը միայն մէկ նպատակով գրաւել, այս պարագային` դահոյկի մարզաձեւով, կամ ճարտարապետական յուշարձանով: Այս պատճառով ալ մեր հիմնադրամին մէջ մենք ունինք յատուկ բաժին` Զբօսաշրջային արդիւնքի զարգացման բաժին, ուր մասնագէտները կը զբաղին նորութիւններ ստեղծելով», հաստատեց ան:
Հայաստանը ապահով երկիր ըլլալու կարեւորութեան մասին խօսելով` Զ. Զէյթունցեան նշեց, որ զբօսաշրջային քարոզարշաւներու եւ շուկայադրումի նպատակով կազմակերպուած հանդիպումներու պարագային, ապահով երկիր ըլլալու Հայաստանի իրականութիւնը նկատի կ՛ունենան իբրեւ առաջնահերթութիւն:
Լիբանանի հետ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու գործնական քայլերու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Զ. Զէյթունցեան շեշտեց, որ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ սերտ գործակցութիւն կայ: «Այդ աշխատանքը երկկողմանի է, այսինքն` ոչ միայն լիբանանցիին ծանօթացնել Հայաստանը եւ մղել, որ ան այցելէ Հայաստան, այլ` հայաստանցիին ծանօթացնել Լիբանանը, որովհետեւ մշակութային փոխանակումը կարեւոր է երկկողմանի զարգացումին համար: Լիբանանի հետ արդէն իսկ քանի մը համաձայնութիւն կարելի եղած է ստորագրել. մայիս ամսուան ընթացքին լիբանանցի լրագրողներու եւ պլոկըրներու մեծ խումբ մը հրաւիրուած է Հայաստան, որպէսզի անոնք տեսնեն եւ շրջին ամբողջ Հայաստանի տարածքին եւ իրենց տեղեկութիւնները բաժնեն իրենց յօդուածներով եւ գրութիւններով: Մենք հանդիպումներ պիտի ունենանք նաեւ ճամբորդական մեծագոյն գրասենեակներու հետ, որոնց պիտի ներկայացնենք Հայաստանը` իր բոլոր հնարաւորութիւններով: Անոր պիտի յաջորդէ լիբանանեան եւ հայաստանեան ճամբորդական գրասենեակներուն միջեւ կապի հաստատումը, որպէսզի համագործակցութիւնը ամրապնդուի: Հանդիպումներ ունեցանք նաեւ քրիստոնեայ կրօնական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ, որովհետեւ այսօր Հայաստանը շատ հետաքրքրական է` իբրեւ ուխտագնացութեան եւ կրօնական զբօսաշրջութեան երկիր, յատկապէս` քրիստոնեայ համայնքին համար: Հետեւաբար կայ նաեւ այլ համաձայնագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ մայիսի երկրորդ կէսին այդ կազմակերպութիւններուն կողմէ Հայաստան այցելութեան ծրագիր մը կայ, որպէսզի անոնք իմանան, թէ ի՛նչ կայ Հայաստանի մէջ եւ ըստ այնմ տեղեկութիւններ փոխանցեն իրենց համայնքներուն: Մեր կեդրոնացումը լիբանանեան շուկան է եւ կը հաւատանք, որ լրագրողներուն միջոցով, ճամբորդական գրասենեակներուն հետ համագործակցելով, կրօնական համայնքներուն հետ աշխատելով`
կրնանք որոշ շարժում մը ստեղծել զբօսաշրջութեան երկկողմանի զարգացման համար», ըսաւ Զէյթունցեան` աւելցնելով, որ այս մասին արդէն իսկ հարցազրոյցներ ունեցած են լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին, ինչպէս նաեւ` «Լեպանոն տիպէյթ» կայքին հետ:
«Իսկ նկատի ունենալով լիբանանահայութեան նկատմամբ լիբանանցիին տածած մեծ յարգանքը, ապա կարելի է ըսել, որ մեր կատարելիք աշխատանքը մեծ համեմատութեամբ կատարուած է», ըսաւ Զէյթունցեան:
Կրօնական զբօսաշրջութեան մասին Ա. Խզմալեան իր կարգին շեշտեց, որ լիբանանեան ընկերութեան մէջ հսկայական հետաքրքրութիւն նշմարուած է եւ այդ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու հարիւրաւոր եւ հազարաւոր մասունքներ, համաքրիստոնէական արժէքներ, միջնադարեան անգերազանցելի կոթողներ` թէ՛ ճարտարապետական, թէ՛ ձեռագրական, թէ՛ հոգեւոր երաժշտութեան իմաստով: «Այս բոլորը չափազանց գրաւիչ զբօսաշրջութեան կարելիութիւն կը ստեղծեն: Մենք շատ մեծ ներուժ ունինք այս իմաստով եւ զայն պիտի օգտագործենք: Անշուշտ կարելի չէ մոռնալ նաեւ 2015-ին Ֆրանչիսկոս պապի Հայաստան այցելութիւնը` իբրեւ առաջին քրիստոնեայ երկիր եւ ուխտագնացութիւն: Այդ մէկը սովորական այցելութիւն մը չէր, այլ` շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը», հաստատեց ան:
Ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն զբօսաշրջութեան քարոզչութիւն կատարելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Արա Խզմալեան շեշտեց, որ մենք կ՛ապրինք ընկերային ցանցի դարը, որ ոչ միայն զբօսաշրջութեան մարզին պարագային, այլ ընդհանրապէս քաղաքականութեան, տնտեսութեան, ընկերային կեանքին եւ երկրի դիմագիծին մասին կարծիք հաստատելու իմաստով կարեւոր է: «Բնականաբար ուշադրութեան առարկաներ են` ե՛ւ Դիմատետրը ե՛ւ Ինսթակրամը ե՛ւ առհասարակ համացանցը, եւ իբրեւ այդպիսին` մեր տարեկան պիւտճէին մէկ մեծ տոկոսը մենք կը յատկացնենք թուային շուկայադրումին: Այս աշխատանքի շրջագիծին մէջ Հայաստանի մասին տեղեկութիւնները կը զտենք եւ տարբեր միջոցներով Հայաստանը կը հասցնենք աշխարհի բոլոր կողմերը գտնուող զբօսաշրջիկներուն: Սակայն նկատի ունենալով, որ կենդանի շփումը տարբեր է, ապա մենք նաեւ այցելութիւններ կը կատարենք եւ մեր փորձագէտներուն միջոցով մեր երկիրը կը ներկայացնենք` իր բոլոր գրաւչութիւններով եւ հարստութիւններով», ըսաւ ան:
Ա. Խզմալեան ընդգծեց, որ նախորդ իննը ամիսներուն ընթացքին արձանագրուած աւելի քան 24 տոկոսի աճը կը նշանակէ, որ աշխատանքը որքան աւելի համակարգուած ըլլայ` իր պետական ու դիւանագիտական օղակներով, զբօսաշրջութեան պատասխանատուներով եւ սփիւռքով, շատ աւելի մեծ արդիւնքներու կրնանք հասնիլ:
Լիբանանահայութեան եւ սփիւռքահայութեան ուղղած իր խօսքին մէջ Զ. Զէյթունցեան կոչ ուղղեց բոլորին` այցելելու Հայաստան, անտեսելով Հայաստանի մասին կատարուած ժխտական եւ քաղաքականացուած քարոզչութիւնը: «Կը մաղթեմ, որ ակնկալութիւններով չուղղուիք Հայաստան, այլ` յայտնաբերելու հոգեբանութեամբ զինուելով, որովհետեւ Հայաստանը մեր երկիրն է, գեղեցիկ ու հետաքրքրական երկիր է` իր հետաքրքրական ժողովուրդով: Ընդունեցէ՛ք Հայաստանը այնպէս, ինչպէս որ է», շեշտեց Զէյթունցեան:
Արա Խզմալեան իր կարգին առաջարկեց հետեւիլ Հայաստանի մասին ճշմարիտ տեղեկութիւններուն, որովհետեւ եթէ մէկը լաւատեղեակ է, ուրեմն Հայաստան այցելելու ցանկութիւն ունի: «Հետեւեցէք «Վանայ Ձայն»-ին «Երազի երկիր» հաղորդաշարին, որ կ՛ընդգրկէ զբօսաշրջութեան բնագաւառի պատասխանատու բոլոր փորձագէտներն ու պատասխանատուները: Հետեւաբար անիկա հաստատ ճշմարտութիւններ պիտի փոխանցէ Հայաստանի մասին: Հետեւեցէք նաեւ Armenia.travel մեր պաշտօնական կայքին, ուրկէ կրնաք ճշգրիտ տեղեկութիւններ ստանալ եւ Հայաստան այցելել, որպէսզի Հայաստանը մուտք գործէ իւրաքանչիւրիդ սրտին մէջ», եզրափակեց Ա. Խզմալեան: