Յօդուածներ

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Ամերիկեան Կայսերապաշտութիւնը Եւ Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու Ապագան

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Հոկտեմբեր 25-ին Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս կատարեց յայտարարութիւն մը, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի պաշտպանեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդները եւ հետապնդեն անոնց արդար հարցերը: Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Ուաշինկթընի մէջ գումարուած «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներուն» խորհրդաժողովին ընթացքին: Փոխնախագահը իր խօսքին մէջ ժողովականներուն ներկայացուց քրիստոնեաներուն իրավիճակը եւ անոնց տանջանքը Քրիստոսի նման` մէջբերելով Ս. Գիրքէն որոշ համարներ, ապա խօսեցաւ քրիստոնեաներուն աշխարհագրական տարածուածութեան...

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

Հայաստանի Նոր Իրականութիւնը Խղճի Աչքերով

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ Ամէն անգամ Հայաստան երթալը նորութիւն չէ, շարունակութիւն է: Հայաստան երթալը ամէն բանէ առաջ հայու հարց է: Հայու ժառանգականութեան շարունակականութիւն է: Այդ շարունականութեան վերջին զոհերը անոնք են, որոնք հապճեպ փութկոտութեամբ, անբարենպաստ պայմաններու տակ հեռացան երկրէն` առանց խաբուսիկ «մնաս բարով» մը իսկ ըսելու, պահու մը, երբ հայրենիքին մէջ ամէն բան շատ յստակ չէր, եւ գորշ պղտորը կը տիրապետէր իր սուր...

Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Անակնկալներու եւ անսպասելի դէպքերու ու անցուդարձերու երկիր Թուրքիոյ մէջ ամէն օր տեղի կ՛ունենան այնպիսի հետաքրքրաշարժ, արմանք ու զարմանք եւ նմանը չունեցող երեւոյթներ, որոնց դիմաց մարդ արարածը երբեմն ապշած ու շուարած` կատարուած այլանդակութիւններէն, չի գիտեր պահ մը` ի՞նչ ընէ, լա՞յ, թէ՞ խնդայ... Արդարեւ, այդօրինակ ծիծաղաշարժ դէպք մըն էր, որ պատահեցաւ, երբ վերջերս,  հոկտեմբերի 15-ին, թրքական Սեւ ծովի ափին գտնուող...

Եւրոպական Մամուլը Քաթալոնիոյ Մասին. «Յանկարծ Պրեքսիթը Այդքան Ալ Գէշ Չի Թուիր»

Եւրոպական Մամուլը Քաթալոնիոյ Մասին. «Յանկարծ Պրեքսիթը Այդքան Ալ Գէշ Չի Թուիր»

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն եւ ատոր յաջորդած իրադարձութիւններն ու զարգացումները տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած են: Լրատու միջոցներ, մեկնաբաններ, քաղաքական գործիչներ, պլոկըրներ եւ ընկերային ցանցեր օգտագործողներ ամէն օր ըսելիքներ եւ կոչեր ունին: Բազմաթիւ վերլուծաբաններ կը հաւատան, որ այս տագնապը 1981 թուականի պետական հարուածի փորձէն ետք ամէնէն ծանրն է: Կը ներկայացնենք եւրոպական հեղինակաւոր թերթերու տեսակէտներէն հատուածներ:  Ն. «Լաւ...

ՏԻրան, Փետուրի Տ՛Արթանիանը

ՏԻրան, Փետուրի Տ՛Արթանիանը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱԻ Անոր աղջկան` Սիլվիա Աճեմեանին մղումով եւ հոգատարութեամբ, կը հրատարակուի գիրք մը` նուիրուած քաղաքական ծաղրանկարիչին: Անկասկած, Տիրան եղած է ժողովրդավարութեան ամէնէն սուր եւ զուարճալի հրացանակիրներէն մին: Փիեռ Սատիքէն եւ Սթաւրոյէն առաջ, Տիրան (1904-1991)` քաղաքական աշխարհի թունաւոր քննադատ, պատմած է կծու սրամտութեամբ ժամանակակից Լիբանանի պատմութիւնը, յատկապէս` պատերազմէն առաջ, Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերը` մինչեւ անկախութիւն, անցնելով ֆրանսական հոգատարութենէն: Ան իր...

Նամականի

Անդրադարձ. «Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Բ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հոլանտայի մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխի կայուն, յարաճուն գիւղատնտեսութեան ապագան կը կազմաւորուի ոչ թէ մեծ ընկերութիւններու ժողովասրահներուն մէջ, այլ` հազարաւոր համեստ ընտանեկան տնտեսութիւններուն մէջ: Ասոր փաստը յստակօրէն կը տեսնենք, Թետ Տուիժվեսթին եւ անոր եղբայրներուն` Փիթըրի, Ռոնալտի եւ Ռեմքոյի երկրային դրախտին մէջ: Պալիցիներուն նման` Տուիժվեսթիները կառուցած են ինքնուրոյն սննդամթերքի համակարգ, ուր հաւասարակշռուած են մարդու հանճարեղութեան եւ բնութեան կարողականութիւնները: Տուիժվեսթիներուն լոլիկի ջերմոցը,...

Ակնարկ.  Կողմնակալ Փորձառութիւններ

Ակնարկ. Կողմնակալ Փորձառութիւններ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Հարաւային Կովկասի հարցերով նախկին օգնական, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ, Թալինի մէջ Պաշտպանական հետազօտութիւններու միջազգային կեդրոնի տնօրէն Մեթիու Պրայզան «168 ժամ»-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հիմնուելով իմ փորձառութեան վրայ` կարող եմ ասել, որ սովորաբար ծայրաստիճան բարդ է որոշել, թէ ո՛ր կողմն է սկսել հրաձգութիւնն...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Սկանտինաւեան Ընկերվար-Ժողովրդավարութիւն

Բ. Նորվեկիոյ Ընկերվար-Ժողովրդավար Մտածողութեան Զարգացման Հոլովոյթը ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Աշխատաւորական շարժման ակունքները Նորվեկիան ի սկզբանէ երկրագործական երկիր էր: Անիկա ճարտարարուեստական յեղափոխութենէն առաջ նշանաւոր էր գիւղատնտեսութեամբ, որսորդութեամբ եւ ձկնորսութեամբ: 1840-ական թուականներուն Նորվեկիա մուտք գործեց հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութիւնը, որուն շնորհիւ բանուոր դասակարգը ձեւաւորուեցաւ: 27 հոկտեմբեր 1848-ին, ազդուելով Եւրոպայի մէջ ծաւալած յեղափոխական ալիքէն, լրագրող եւ խմբագիր Մարքուս Թրանըն կը հիմնէ «Տրամընի (նաւահանգստային եւ ծովային քաղաք...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Ասպարէզ»-ի 110-ամեակի Մեկնարկի Հաւաքոյթին Հանգանակուեցաւ Աւելի Քան 80 Հազար Տոլար Յաջորդ տարի յոբելենական է 109-ամեայ «Ասպարէզ»-ին համար: Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի ծառայութեան փառաւոր վաստակով սոյն օրաթերթը գալիք տարի կը դառնայ 110 տարեկան, եւ այս նշանակալի տարեդարձը նշելու կը պատրաստուի «Ասպարէզ»-ի ընտանիքը: Իբրեւ մեկնարկ 110-ամեակի ձեռնարկներուն` անցեալ 19 հոկտեմբերին «Ասպարէզ»-ը կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը Կլենտէյլի...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Տոքթ. Զաքար Մկրեան Եւ Իր «Վկայութիւն Եւ Պատգամ» Հատորը

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ճանչցած եմ գործընկեր բժիշկ Զաքար Մկրեանը` բժշկութեան ուսանողութեանս շրջանին եւ մասնագիտութեանս տարիներուն` 1960-1969, «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր բժշկական-առողջապահական յօդուածներուն ընդմէջէն: Այդ տարիներուն մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայի իր գրութիւնները եւ շատ բան կը սորվէի անոնցմէ: Բժշկական ուսանողական գիրքերուս կողքին, իր գրութիւնները կը նկատէի օժանդակ յաւելուածներ: Հայերէնով գրուած այդ բժշկական-առողջապահական գրութիւնները առաւել օգտակար կը դառնային, որովհետեւ անոնք...

Գրքասէր – Առցանց Գրադարան

Գրքասէր – Առցանց Գրադարան

www.grqaser.org կայքին խմբագրութեան կողմէ հրապարակուած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ նախորդ տարուան նոյեմբերին տեղի ունեցած է www.grqaser.org հայերէնով անվճար օտիօգիրքերու կայքի շնորհահանդէսը, որ բաւական լաւ ընդունելութեան արժանացած է: Կայքին ստեղծման նպատակն է օգնել մարդոց` ունկնդրելու համաշխարհային գրականութեան ֆոնտի լաւագոյն ստեղծագործութիւնները, եթէ անոնք ժամանակ չունին կամ ընթերցանութեան կապուած խնդիրներ ունին: Ըստ հաղորդագրութեան, կայքը ներկայիս կը պարունակէ հայալեզու գեղարուեստական...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Հայորդիներու կտակարանը եւ Անաստաս Միկոյեան

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ «Հայորդիները» Սիամանթոյի կրակէ խօսքը պարունակող այն հատորն է, ուր կեանքի կը կոչուին հայոց ազատամարտի մեծ առաջամարտիկները իրենց պայծառափայլ դէմքերով։ Քրիստափոր Միքայէլեան, Աւետիս Ահարոնեան, Անդրանիկ, Աղբիւր Սերոբ, Խրիմեան Հայրիկ և բազմաթիւ յայտնի և անյայտ նուիրեալնե՛րը մեր ազգային ուխտին՝ որոնք կը տողանցեն այս գրքին էջերուն մէջէն իրենց ետին թողնելով լուսաշաւիղը մեր հաւաքական իմաստութեան և զօրութեան և հաւատքին։ Կարելի չէր չյիշել...

Հայրենի Կեանք

«ԱՅԳ» Առցանց Ռատիոկայանի Հիմնադիր-Ղեկավարին Սփիւռքի Նախարարը Յանձնեց «Մայրենիի Դեսպան» Մետալը

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան բարձր կը գնահատէ մամուլի դերը` հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Այս մասին նախարարը անդրադարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ գործող հայկական «ԱՅԳ» առցանց ռատիոկայանի հիմնադիր-ղեկավար Շաքէ Մանկասարեանի շնորհած «Մայրենիի դեսպան» մետալի յանձնման արարողութեան ժամանակ: Մետալը շնորհուած էր տակաւին Հայաստանի սփիւռքի նախարարին` 14 սեպտեմբեր 2016 թուականի հրամանով, սակայն այսօր 26 հոկտեմբերին նախարարը անձամբ շնորհեց մետալը: Շնորհակալութիւն յայտնելով Շաքէ...

Պարգեւատրում` ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Այանեանի

Պարգեւատրում` ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Այանեանի

Շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Անթունիյէ հիմնարկի մէջ, ՀՄԸՄ-ական Գէորգ Այանեան պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ` առ ի գնահատանք միջազգային, արաբական եւ լիբանանեան սկաուտական կեանքին մէջ անոր ունեցած յառաջատար դերակատարութեան եւ ազդու ներդրումին:

ՀՄԸՄ-ը Կը Մասնակցի Լիբանանի Ա. Ազգային Բանակումին

ՀՄԸՄ-ը Կը Մասնակցի Լիբանանի Ա. Ազգային Բանակումին

Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի կազմակերպութեամբ 7-10 սեպտեմբերին Հըրշ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ա. Ազգային բանակումը` արի եւ արենուշ ճիւղերու: ՀՄԸՄ-ը Լիբանան այս բանակումին մասնակցեցաւ մէկ խումբով` բաղկացած Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտիի մասնաճիւղերու 35 արի-արենուշներէ, եւ` Շրջանային խմբապետական կազմէն Լուսին Պերքուպէյիուքեանը` որպէս բանակումի օժանդակ մարմինի ընդհանուր պատասխանատու: Շրջանային խմբապետական կազմը բանակումի նշանակուած խմբապետական կազմին հետ ունեցաւ զանազան ժողովներ` լաւագոյն...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Էրտողանի Հրամանով Թուրքիոյ Մէջ Գրաւած Են Հայ Բանաստեղծուհիին Գիրքերը Միացեալ Նահանգներ բնակող սփիւռքահայ բանաստեղծ Սոնա Վան Երեւանի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած իր գիրքը ինչպէ՛ս գրաւած են Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփիւթնիք Արմենիա»-ն: Ըստ անոր, նախորդ տարի թրքական կառավարութիւնը գրաւած է իր գիրքերը, որ տպագրած է հրատարակիչ Ռակըփ...

Պատմական.  Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Չինական Զօրքերու Մուտքը Քորէա Եւ Հարաւքորէական Ու Ամերիկեան Ուժերու Նահանջը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ամերիկեան եւ հարաւքորէական բանակներուն կողմէ Փիոնկեանկի գրաւումէն ետք, 20 հոկտեմբեր 1950-ին, այլեւս յստակ էր, որ հիւսիսքորէական բանակները ջախջախուած են: Պարզ էր նաեւ, որ Քորէական թերակղզիին գրաւումը ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերուն կողմէ ժամանակի հարց էր: Փիոնկեանկի գրաւումէն առաջ Խորհրդային Միութեան եւ Չինաստանի ղեկավարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններ սկսան եւ որոշուեցաւ չինական...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Ուխտեցին Պահպանել Հայ Գիրն Ու Ժառանգութիւնը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Ուխտեցին Պահպանել Հայ Գիրն Ու Ժառանգութիւնը

Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտութիւնը յատուկ հանդիսութիւններով եւ դասարանային աշխատանքներով յարգանքի իր տուրքը մատուցեց հայ գիրի, դպրութեան եւ մշակոյթի առաջին մշակներուն եւ ոգեկոչեց հայ ժողովուրդին հոգեւոր, գրական, գիտական նուաճումներէն մէկը հանդիսացող Սրբոց Թարգմանչաց տօը: Նախակրթարանի Տօնակատարութիւն Ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն տօնակատարութիւնը: Առաջինէն վեցերորդ դասարաններու աշակերտները անգամ մը եւս իրենց միտքերն ու հոգիները լեցուցին Մեսրոպի շունչով ու ոգիով,...

Հիւսիս-Հարաւ Ճանապարհի Կառուցումը Չի Աւարտուի Նաեւ 2019 Թուականին. Սուրէն Պարսեան

Հիւսիս-Հարաւ Ճանապարհի Կառուցումը Չի Աւարտուի Նաեւ 2019 Թուականին. Սուրէն Պարսեան

«Թերթ»-ը հարցազրոյց մը կատարած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տնտեսական հետազօտութիւնների գրասենեակի ղեկավար Սուրէն Պարսեանի հետ` Հիւսիս-հարաւ ծրագրի ընթացքին եւ հետագայ զարգացումներուն մասին: Պարսեան նկատել տուած է, որ այսօր արդէն ծրագիրի տնտեսական նպատակայարմարութեան հարց  յառաջացած է: Ըստ անոր, Հայաստան գումար առած է ինքնին այս ծրագիրը իրականացնելու համար, բայց այդ ծրագիրը ներկայիս պատրաստ չէ, արդիւնք չկայ: Աւելի՛ն. իրենց ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան,...

Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի Ու Թապարժայի Հայ Բնակիչներուն Հետ Հանդիպելով` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Քուէարկելու Հայ Թեկնածուներուն

Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի Ու Թապարժայի Հայ Բնակիչներուն Հետ Հանդիպելով` Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կոչ Ուղղեց Քուէարկելու Հայ Թեկնածուներուն

Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէին, շաբաթ, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին «Պիպլոս փալաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Ժիպէյլի, Պաթրունի, Ամշիթի ու Թապարժայի հայ բնակիչներուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի միջեւ: Արաբերէնով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քլոտ Արըճեան, որ հաւաքոյթը բնութագրեց իբրեւ համախմբումի առիթ, ոչ անպայման` յատուկ պատճառով մը, այլ` անգամ մը եւս վերահաստատելու, որ...

Page 760 of 1110 1 … 759 760 761 … 1,110

Արխիւներ