Յօդուածներ

Ջաւախքի Կողքին

Զօրակցինք Լիբանանի Հայ Համայնքին

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Լիբանանի երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2018ի Մայիսին: Այս ընտրութիւններուն, Լիբանանի խորհրդարանին որոշումով, առաջին անգամ ըլլալով արտասահման ապրող լիբանանցիները եւս իրաւունք պիտի ունենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարելու՝ քուէարկելով իրենց բնակած վայրերուն մէջ: Լիբանանի խորհրդարանական նախորդ ընտրութիններուն, Արեւմտեան Ամերիկա բնակող եւ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունեցող հայորդիները զանգուածային կերպով ընդառաջեցին շրջանիս պատասխանատու կառոյցներու կոչին, մեկնեցան Պէյրութ եւ իրենց քուէով արտայայտեցին...

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին  Նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի Հայերու  4-րդ Համագումարը  Տեղի Կ՛ունենայ 18 Եւ 19 Հոկտեմբերին

«Նոր Յառաջ»ի խմբագրական. Պայքարի հրամայականը

Պրիւսէլը՝ Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքը, դարձած է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպումի եւ բախումի կեդրոնավայր։ Քաղաքական ղեկավարներ, տնտեսագէտներ, մշակոյթի ու գիտութեան զանազան ասպարէզներու մարդիկ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ կը հասնին այնտեղ իրենց ազգային դատը, հաւաքական շահը պաշտպանելու եւ կամ անձնական նպատակով՝ գործ, ուսում, զբօսաշրջութիւն։ Այս եռուն միջավայրին մէջ Յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան Եւրոպայի Հայերու դաշնակցութիւնը (իմա՝ EAFJD եւ կամ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը)...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Սիմոն Զաւարեան (1866-1913). ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ «Աշ­խար­հիկ Սուրբ»ը

Ն.Պ. Հոկ­տեմ­բեր 27ի այս օ­րը, 104 տա­րի ա­ռաջ, Պոլ­սոյ մէջ հրա­տա­րա­կո­ւող Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի խմբագ­րա­տու­նէն հե­տիոտն տուն վե­րա­դառ­նա­լու ա­մէ­նօ­րեայ իր ճամ­բու ըն­թաց­քին, 47 տա­րե­կա­նին սրտէն կա­թո­ւա­ծա­հար ին­կաւ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան։ Այդ­պէս յան­կար­ծա­մահ՝ հա­յոց աշ­խար­հէն մարմ­նա­պէս հե­ռա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ե­զա­կի դէմ­քե­րէն մէ­կը, որ իր կեան­քով ու գոր­ծով, ան­հա­տա­կա­նու­թեամբ ու գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հով՝ նո­ւա­ճեց հա­յոց գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ներշնչ­ման աղ­բիւր մնա­լու եւ ա­ռաջ­նոր­դող օ­րի­նակ...

Մեր գրաւականը ժողովուրդն է՝ Հայ դատի աշխատանքներուն իր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ

Մեր գրաւականը ժողովուրդն է՝ Հայ դատի աշխատանքներուն իր ներկայութեամբ եւ մասնակցութեամբ

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ «Նոր Յառաջ» – Դուք կը վարէք ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահի պաշտօնը։ Ինչպէս տեղեկացայ՝ նման պատասխանատւութիւն ստանձնած էք սիրայօժար կերպով եւ բաւական ժամանակ կը տրամադրէք այդ գործին։ Ինչո՞ւ վճարովի չէ այդ աշխատանքը։ – Սխալ չհասկցուելու համար տեղեկացնեմ թէ այդ խորհուրդը Հայ դատի կեդրոնական...

Սիմոն Մնակեան` Դրոշմ Ձգած Բեմադրիչը

Սիմոն Մնակեան` Դրոշմ Ձգած Բեմադրիչը

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Այսօր Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ բեմադրիչ Սիմոն Մնակեանի յուշ- երեկոն: Սիմոն Մնակեան անգամ մը լիբանանահայ թատերական կեանքէն հեռացած է 1978 թուականին, երբ լիբանանահայ թատերական կեանքը վերեք մը սկսած էր արձանագրել, ու իր կնոջ հետ փոխադրուած է Ֆրանսա, Մարսէյ` հոն շարունակելով իր թատերական գործունէութիւնը, իսկ երկրորդ անգամ ալ մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ...

Դասարանի Բեմադրիչը

Դասարանի Բեմադրիչը

ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Սիրելի՛ Սիմոն, Յանկարծակի եւ արագ մեկնեցար մեզմէ: Բոլորս միասնաբար ունէինք այնքան անցեալի յիշատակներ, որոնք դրոշմուած կը մնան մեր հոգիներուն եւ մտքերուն մէջ: Իսկական բեմադրիչ ծնած էիր, պատանի տարիքիդ քու ներաշխարհդ լեցուն էր թատերական գործերով միայն: Արդէն 1961 թուականէն սկսած էիր զանազան ներկայացումներ պատրաստել: Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի լսարանական միութեան օրերուն, առանց վարանելու, թատերական խումբ մը ստեղծեցիր` շուրջդ հաւաքելով...

Քառասնօրեայ Պահեցողութեան  Արարողութիւնները` Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ողջունեց Կիլիկեան Միաբանութեան Յանձնառու Ծառայութիւնը Մեր Եկեղեցւոյ Ու Ժողովուրդին

24 հոկտեմբեր 2017-ի յետմիջօրէին, կրթական վերամուտի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան զանազան բնագաւառներուն առնչուած հանդիպումներու ու աշխատանքներու կողքին, նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ միաբանութեան տնօրէն-ժողովին հետ: Ողջունելով տնօրէն-ժողովի նոր անդամները` կաթողիկոսը կարեւորութեամբ շեշտեց միաբանութեան վանական կեանքին հոգեւոր, մտաւոր ու վարչական երեսներուն առաւել ներդաշնակութիւն ու կենսունակութիւն տալու հրամայականը: Այս երեք տարածքները մեր կեանքին մէջ...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան  Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Նիստեր`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Կարեւորեան» Հիմնադրամի Բարերար Վերոնիք Կարեւորեանը

24 հոկտեմբեր 2017-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Տոքթ. Յարութիւն եւ Վերոնիք Կարեւորեան հիմնադրամ»-ի բարերար Վերոնիք Կարեւորեանը` ընկերակցութեամբ նոյն հիմնադրամի յանձնախումբի անդամ Միմի Եոզկաթեանի: Յայտնենք, որ շուրջ երկու տարիներ առաջ, Վերոնիք Կարեւորեան, ի յիշատակ իր ամուսնոյն` տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանի, կաթողիկոսարանին մէջ հիմնած էր 725.000 ամերիկեան տոլարի դրամագլուխով   մշակութային ֆոնտ մը, որուն նպատակը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Գնահատանքը Յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Գնահատանքը Յայտնեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան

1 հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայ եկեղեցեւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան նորընտիր վարչութիւնը` առաջնորդութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Թաթուլ աբղ. Գարտանաքեանին: Վեհափառ հայրապետը ողջունելով նոր վարչութեան ընտրութիւնը` իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ՀԵՀՈՄ-ի տարած աշխատանքներուն, որոնց նպատակը մեր երիտասարդութիւնը համախմբել է Հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան շուրջ: Այս ծիրին մէջ վեհափառը...

Քեսապի Գթասիրտ Քոյրը` Էֆի Չեմպըրզ

Քեսապի Գթասիրտ Քոյրը` Էֆի Չեմպըրզ

Պատրաստեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Անցեալ դարուն Քեսապի մէջ տեղի ունեցած պատմական իրադարձութիւններուն մասին եղած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ օտար ազգի միսիոնարներու արխիւներուն մէջ կան  տակաւին բազմաթիւ փաստաթուղթեր, նամակներ եւ վաւերագրական յուշագրութիւններ, որոնք կը սպասեն ուսումնասիրութեան եւ լոյս ընծայման: Այդ միսիոնարուհիներէն մէկն է ամերիկացի քոյր Էֆի Չեմպըրզը, որ 19 տարի անմնացորդ ծառայած է Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն:...

ՀՕՄ.  Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմը Յիշելով

ՀՕՄ-ը Նեցուկ Կը Կանգնի «Ընտանեկան Բռնութեան Կանխարգիլման» Օրինագիծին

ՀՕՄ-ը յայտարարութեամբ մը ողջունած է այս ամսուան ընթացքին Հայաստանի խորհրդարանին ներկայացուած «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման» օրինագիծը` յոյժ կարեւոր նկատելով անոր վաւերացումով նման ոճիրներու քրէականացումը: Նման օրինագիծ մը արդէն իսկ ուշացած նկատելով` ՀՕՄ-ը կը շեշտէ, որ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութենէն ի վեր կիներու իրաւունքներու  պաշտպան երկիր մը պէտք է նման քայլերու դիմէր` երկիրը սեռային հաւասարութեան առաջնորդելու նպատակով: Յիշեցնելով, որ հայոց պատմութեան ընթացքին կիները...

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցը Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարան

Հոկտեմբեր 20-ին Կիպրոսի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը իր պատուիրակութեամբ: Առաջնորդարանի մուտքին նախարարը դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ  Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ, եւ միասնաբար ուղղուեցան դահլիճ, ուր ներկայ էին` թեմի կրօնական դասն ու երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ, կառոյցներու, կուսակցութեանց, բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, կրթական հաստատութեան պատասխանատուներ, թերթերու խմբագիրներ...

Գաղտնի Գործակալներ Կը Ներշնչեն  Ժապաւէններ

Գաղտնի Գործակալներ Կը Ներշնչեն Ժապաւէններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Բնականաբար շարժապատկերի արուեստին մէջ տարածուած երեւոյթ է վիպականացնել գաղտնի գործակալներու, լրտեսներու կեանքն ու գործունէութիւնը: Թէեւ հանդիսատեսներուն համար յաճախ հաճելի ժամանց, երբեմն ալ վայելք կը դառնայ ատիկա, սակայն պարզ է, որ լրտեսին իսկական էութիւնը պատմութեան համար չի պահպանուիր: Յատկանշական օրինակ մըն է Մաթա Հարին: Պարուհին, որ դարձաւ գաղտնի գործակալ, կը մնայ առեղծուած` մահէն 100 տարի ետք: Ան  տուաւ...

Փութին Եւ Վստահուած Անձերը

Փութին Եւ Վստահուած Անձերը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Երբ խօսքը կը վերաբերի հարստութեան բաժանումին, Ռուսիա աշխարհի ամէնէն անհաւասարակշիռ հիմնական երկիրներէն մէկն է: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն քառորդ դար ետք դրամատիրութիւնը վրէժխնդրութեամբ ժամանեց: Կարգ մը մարդոց եկամուտները զգալի աճ արձանագրեցին, բայց կասկածելի սեփականաշնորհման պատկերները, օրէնքի թոյլ իրավիճակը, բնական աղբիւրներու արտահանումէն կախուածութիւնը եւ քաղաքական ճարպիկութիւնը թոյլ տուին, որ սակաւապետներու փոքր դաս մը ձեռք բերէ երկրի հարստութեան հսկայական մասը:...

«Առաւել Գնահատում Եմ Գրողների Համահայկական 6-րդ Համագումարի Հայահաւաք Նշանակութիւնը, Միասնականութեան Գաղափարը. Խաչիկ Տէտէեան

«Առաւել Գնահատում Եմ Գրողների Համահայկական 6-րդ Համագումարի Հայահաւաք Նշանակութիւնը, Միասնականութեան Գաղափարը. Խաչիկ Տէտէեան

ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ Հոկտեմբերի 8-ից 12-ը Ծաղկաձորում կայացաւ սփիւռքահայ Հայագիր եւ օտարագիր  գրողների համահայկական 6-րդ համաժողովը, որի ընթացքում քննարկուեցին հայ գրականութեանն առնչուող առաջնահերթ խնդիրները, ծնուեցին նոր գաղափարներ, եւ միասնական ծրագրերի հիմք դրուեց, եղան նաեւ հետաքրքիր առաջարկութիւններ: Համաժողովի մասնակիցներից  «Հայերն այսօր»-ի համար առիթ ընձեռուեց զրուցելու լիբանանահայ գրող, հրապարակախօս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանի հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Տէտէեան, անշուշտ, կարեւոր են...

Նամականի

Նամականի

Պատուարժան պատասխանատուներ «Ազդակ» օրաթերթի, Կ՛ուզենք մեր խորին երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնել ձեզի` ընդհանրապէս ձեր կատարած մեծ աշխատանքին համար եւ մասնաւորապէս 18 հոկտեմբերի թիւին «50 տարի առաջ» բաժնի մէջ լոյս տեսած, հոգելոյս հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի կողմէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի գլուխ գործոցին` «Մատեան ողբերգութեան» գործին առաջին ֆրանսերէն լիակատար թարգմանութեան մասին 1967-ին ձեր թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը վերահրատարակելու համար: Ինչպէս միշտ,...

Հպանցիկ Մտորումներ Գրականութեան Ու Զահրատի Մասին

Բացառիկ Երգարան Մը. Հայե՛ր, Միացէ՛ք, Միացէ՛ք, Հայե՛ր

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ Վերջերս Երեւանի մէջ հրատարակուած տասնեակ մը գիրքեր կան գրադարանիս գրասեղանին վրայ, որոնք իրենց հերթին կը սպասեն... խօսելու: Այս մէկը, սակայն, ուրիշ է, կը հրմշտկէ, որ առաջ անցնի: Բառերուն ու երաժշտութեան հեղինակը ազգային հանրածանօթ երգիչ Գուսան Հայկազունն է, որ անձամբ նուիրեց զայն ինծի: Չդիմացայ իր հրմշտուկին եւ սկսայ իրմով զբաղիլ ու զինք (երգարանը) ուզեցի ծանօթացնել երգասէր ու ընթերցասէր հասարակութեան:...

Չեխահայ Ձեռնարկատէրը Յաղթեց Թուրք-Գերմանական Հզօր Ընկերութեանը` Թուրքիայում

Չեխահայ Ձեռնարկատէրը Յաղթեց Թուրք-Գերմանական Հզօր Ընկերութեանը` Թուրքիայում

Յ. ԱՍԱՏՐԵԱՆ Չեխիայում գործող յայտնի «Մարլենկա» համաշխարհային ընկերութիւնը, որի սեփականատէրը ձեռնարկատէր Գէորգ Աւետիսեանն է, մէկ տարուայ բանակցութիւններից յետոյ յաղթեց  գերմանական հանրայայտ Dr. Oetker ընկերութեան Թուրքիայի ներկայացուցչութեանը, որը թուրքական շուկայում վաճառում էր «Մարլենկա» թխուածքի պատրաստման փոշին` նոյն անուանումով ու տեսքով: Ինչպէս «Օրեր»-ին տուած հարցազրոյցում ասաց ընկերութեան սեփականատէր Գէորգ Աւետիսեանը, դեռեւս 2016 թուականի վերջին Թուրքիայում գործող իրենց առեւտրային գործընկերները ահազանգել են, որ...

Ակնարկ  Այս Պարագային` «Կամ-Կամ»

Ակնարկ Այս Պարագային` «Կամ-Կամ»

Պաշտպանական անվտանգութեան հետազօտական համալսարանին մէջ ուսանողներուն տուած դասախօսութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեան կատարեց հետեւեալ հաստատումը. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, իսկապէս, չունի ռազմական լուծում: Ուստի, հնարաւոր չէ մէկ ձեռքով կրակել, իսկ միւսով բանակցել այդ լուծումը գտնելու նպատակով: Կա՛մ բանակցում ենք, կա՛մ էլ` կրակում: Երկուսին էլ մենք պատրաստ ենք»: Այս հաստատակամ բովանդակութեան համահունչ յայտարարութիւն կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ...

Բարի Լոյս 34.  «Ես Եմ»

Բարի Լոյս 34. «Ես Եմ»

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը այսօր, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, բացումը կը կատարէ «Ես եմ» խորագիրով հայրենի երիտասարդ, տաղանդաշատ արուեստագէտներու ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսին մասնակից արուեստագէտները կը ներկայացնեն Երեւանն ու Հայաստանի տարբեր մարզերը: Ցուցահանդէսը կը վայելէ հովանաւորութիւնը ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Ութ երիտասարդ գեղանկարիչներ իրենց աշխատանքին արգասիքը կը դնեն լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ եւ անոնցմէ երկուքը` Արսէն Յարութիւնեան եւ Գայեանէ...

Page 762 of 1110 1 … 761 762 763 … 1,110

Արխիւներ