Ուրախ Եմ Տեղեկացնելու, Որ Ազրպէյճանցի Պաշտօնեաները Կը Հետեւին Խորհուրդներուս
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 2013 օգոստոսին յօդուած մը գրած էի` «Արցախ այցելողներու Պաքուի սեւ ցուցակը օգտակար է Հայաստանին, վնասակար` Ազրպէյճանին» վերնագիրով` լուսաբանելով ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու տխմարութիւնը` սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկելու համար մարդոց, որոնք առանց Ազրպէյճանի թոյլտուութեան կ՛այցելեն Արցախ: Ընդգծած էի, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ այցելողները սեւ ցուցակին մէջ ներառելը առաջին հերթին վնաս կը հասցնէ Ազրպէյճանի շահերուն,...



















