Չինական Զօրքերու Մուտքը Քորէա Եւ Հարաւքորէական Ու Ամերիկեան Ուժերու Նահանջը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ամերիկեան եւ հարաւքորէական բանակներուն կողմէ Փիոնկեանկի գրաւումէն ետք, 20 հոկտեմբեր 1950-ին, այլեւս յստակ էր, որ հիւսիսքորէական բանակները ջախջախուած են: Պարզ էր նաեւ, որ Քորէական թերակղզիին գրաւումը ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերուն կողմէ ժամանակի հարց էր:
Փիոնկեանկի գրաւումէն առաջ Խորհրդային Միութեան եւ Չինաստանի ղեկավարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններ սկսան եւ որոշուեցաւ չինական բանակի զօրամասեր ուղարկել Քորէա:
Չինաստանի կառավարութիւնը տակաւին հոկտեմբերի սկիզբը պաշտօնապէս յայտարարած էր, որ Չինաստան պատերազմի մէջ պիտի մտնէ, եթէ որեւէ ոչ քորէական ռազմական ուժ հատէ 38-րդ հորիզոնականը: Համապատասխան զգուշացում փոխանցուած էր ՄԱԿ-ին, Չինաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանին միջոցով: Սակայն նախագահ Թրումըն անհաւանական կը նկատէր չինական ազդու միջամտութիւն մը:
Նախագահ Մաօ Ցէ Թունկ չինական բանակին հրամայեց մօտենալ Քորէայի սահմանին եւ պատրաստ ըլլալ:
Չինաստանի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանը Սթալինէն ուղարկուած հեռագիր մը յանձնեց Մաոյի: Սթալին կը յայտնէր, որ Չինաստան պէտք է պատրաստ ըլլար եւ կը թելադրէր հինգէն վեց զօրագունդեր կեդրոնացնել սահմանին վրայ: Սթալին նաեւ յստակօրէն կը յայտնէր, որ խորհրդային ուժերը ուղղակիօրէն պիտի չմիջամտեն:
Չին ղեկավարներէն ոմանք դէմ էին զինուորական միջամտութեան: Բանակի բարձրաստիճան զօրավարներէն ոմանք եւս ընդդիմացան Մաոյի: Վարչապետ Ժոու Էնլայ զօրավիգ կանգնեցաւ Մաոյի եւ ի վերջոյ զինուորական միջամտութեան տեսակէտը յաղթեց: Լին Պիաօ մերժեց ստանձնել Քորէա ուղարկուելիք չինական զօրքերուն հրամանատարութիւնը, պատճառ բռնելով իր առողջական վիճակը: Մաօ որոշեց, որ Փենկ Տեհուայ ըլլայ Քորէա ուղարկուելիք զօրքերուն հրամանատարը: Մաոյի թելադրանքով Փենկ Տեհուայ համայնավար կուսակցութեան փոլիթպիւրոյին զեկուցեց, ըսելով որ եթէ ամերիկեան ուժերը գրաւեն Քորէան, այնուհետեւ անոնք կրնան յարձակիլ Չինաստանի վրայ:
Մաօ Սթալինին պատասխանեց ըսելով որ «Եթէ թոյլ տանք ՄԱԿ-ին գրաւելու Քորէական թերակղզին, ապա պատրաստ պէտք է ըլլանք, որ անոնք պատերազմ կը յայտարարեն Չինաստանի դէմ»:
Վարչապետ Ժոու Էնլայ շտապ կերպով հոկտեմբեր 10-ին ուղարկուեցաւ Մոսկուա, Մաոյի տեսակէտները խորհրդային ղեկավարութեան փոխանցելու համար:
Օգնութիւն սպասելով Սթալինէն, Մաօ քանի մը օրով յետաձգեց պատերազմի մէջ մտնելու թուականը, հոկտեմբեր 13-էն տեղափոխելով հոկտեմբեր 19-ին:
Այդ օրերուն Սթալին Սեւ ծովու ափերը արձակուրդի մեկնած էր: Ժոու Էնլայ հանդիպումներ ունեցաւ Սթալինի, Վիաչեսլաւ Մոլոթովի, Լաւրենթի Պերիայի եւ Գէորգի Մալենքովի հետ: Սթալին մերժեց զինուորական ուժ տրամադրել, բայց խոստացաւ օդային պաշտպանութիւն ապահովել, միաժամանակ ըսելով որ 1951 մարտէն առաջ զինական օգնութիւն չի կրնար տրամադրել:
Ժոու Էնլայ Փեքին վերադարձաւ հոկտեմբեր 18-ին: Մաօ, Ժոու, Փենկ Տեհուայ եւ Կաօ Կանկ խորհրդակցեցան եւ որոշեցին 200 հազարնոց բանակ մը ուղարկել Հիւսիսային Քորէա: Ամերիկեան եւ հարաւքորէական բանակներուն դէմ յարձակումը պիտի սկսէր հոկտեմբեր 25-ին:

Չինական զինուորական տեղաշարժը արդէն սկսած էր դէպի քորէական սահման: Ամերիկեան օդային ռմբակոծումներուն պատճառով Քորէայի սահմանէն ներս աննկատ տեղափոխութիւնը չափազանց դժուար էր: Չինական ուժերը կը շարժէին իրիկուան մութը կոխելէն ետք, ժամը 7:00-էն սկսեալ, մինչեւ ժամը երեք, եւ արեւածագէն առաջ որոշուած վայրը հասած պէտք է ըլլային: Ցերեկները, ամերիկեան օդային յարձակումներու ժամանակ չին զինուորները գետինը պառկած պէտք է սպասէին առանց որեւէ հակազդեցութեան, մինչեւ որ օդանաւերը անցնէին: Չին սպաները ապահովական միջոցառումներ ձեռք առած էին աննկատ շարունակելու համար ճանապարհը: Խիստ կարգապահութեան պայմաններու տակ չինական երեք զօրագունդեր 19 օրուան մէջ 460 քիլոմեթր ճամբայ կտրեցին եւ Ան-թունկէն (Մանչուրիա) մինչեւ ճակատի գիծ հասան: Այլ զօրագունդ մըն ալ լեռնային ճանապարհներէ յառաջանալով եւ օրական միջին 29 քիլոմեթր ճամբայ կտրելով տասնութ օրէն հասաւ ճակատի գիծ:
***
Նախագահ Հերի Թրումըն հոկտեմբեր 15-ին մեկնեցաւ Խաղաղականի Ուէյք կղզին, ուր հանդիպում ունեցաւ զօրավար Տուկլաս ՄաքԱրթըրի հետ, քննարկելու համար չինական միջամտութիւնը եւ քորէական պատերազմին հետ կապուած հարցեր:
ՄաքԱրթըր ըսաւ, որ Չինաստան 300 հազարնոց բանակ կեդրոնացուցած է Մանչուրիոյ մէջ եւ 100-էն 125 հազար զինուոր ալ Քորէայի սահմանին վրայ: Ան համոզում յայտնեց ըսելով, որ «Եթէ չինացիները փորձեն մուտք գործել Փիոնկեանկ, հոն մեծ ջարդ պիտի ըլլայ»:
***
Օնճոնկ գիւղ մըն է Չոնկչոն գետի հովիտին մէջ, Ունսան քաղաքին մօտակայքը: Արեւելեան կողմը Հութչոն աւանն է, ուր կեդրոնացած էր հարաւքորէական երկրորդ զօրաբանակը: Դէպի հիւսիս Քոճանկ աւանն է, որմէ 80 քիլոմեթր հիւսիս Եալու գետն է, որ Չինաստանի հետ Հիւսիսային Քորէայի սահմանն է: Չին-քորէական սահմանային լեռնային գօտիին մէջ Օնճոնկ ճանապարհներու խաչմերուկ է:
Հոկտեմբեր 24-ին հարաւքորէական հետեւակազօրքին 6-րդ գումարտակը Հութչոնէն շարժեցաւ դէպի արեւմուտք եւ նոյն օրը գրաւեց Օնճոնկը: Այնուհետեւ շարժեցաւ դէպի հիւսիս եւ քալեց Քոճանկի վրայ: Հարաւքորէական բանակը միաժամանակ որոշեց յառաջանալ դէպի Փուքչին: Յառաջխաղացքը սակայն չէր համաձայնեցուած ամերիկեան հրամանատարութեան հետ: Հարաւքորէական ուժերը հրաման ստացան շարժելու դէպի չինական սահման:
Մինչ հարաւքորէական ուժերը կը յառաջանային դէպի Եալու գետի ափերը, իրենց կարգին չինական ուժերը կեդրոնացումներ կը կատարէին սահմանին վրայ եւ յենակէտեր կը հաստատէին քորէական հողերուն վրայ: Չինական ուժերու հրամանատար Փենկ Տեհուայ որոշեց իր հրամանատարական կեդրոնը հաստատել Թեյուտոնկի մէջ: Հիւսիսքորէական ուժերը ճակատի գիծերուն վրայ կեդրոնացած էին եւ հիւսիսային սահմանամերձ լեռնային այդ գօտիներուն մէջ հիւսիսքորէական զօրք չկար:

Փենկ Տեհուայ յարձակման նախագիծը պատրաստեց եւ որոշեց 40-րդ գումարտակով յարձակման անցնիլ հարաւքորէական հետեւակազօրքին դէմ, որ արդէն հասած էր Օնճոնկ:
Հոկտեմբեր 24-ի երեկոյեան չինական 40-րդ գումարտակին 118-րդ ջոկատը դիրքեր հաստատեց եւ փորձեց երեք կողմէն օղակել հարաւքորէական ուժերը: Չինական ուժերը դիրքեր գրաւեցին նաեւ Օնճոնկ-Փուքչին ճամբու բարձունքներուն վրայ:
Հոկտեմբեր 25-ի արեւածագին հարաւքորէական հետեւակազօրքը սկսաւ յառաջանալ դէպի Փուքչին: 13 քիլոմեթր յառաջանալէ ետք անոնք չինական ուժերու կրակէ օղակին մէջ ինկան: Չինական հրետանին եւ մեքենազէն ուժերը կրակ կը թափէին հարաւքորէական ուժերու ձախակողմեան, կեդրոնի եւ աջակողմեան շարքերուն վրայ: Հարաւքորէական ուժերը ոչ մէկ դիմադրութիւն կրցան ցոյց տալ եւ մեծագոյն մասամբ բնաջնջուեցան. ողջ մնացողները խոյս տուին դէպի Օնճոնկ:
Օնճոնկի մէջ կեդրոնացած հարաւքորէական ուժերը որոշեցին օգնութեան փութալ շրջափակուածներուն, բայց հազիւ յառաջացած, չինական հրետանիի ուժեղ կրակին տակ առնուեցան եւ վերադարձան իրենց դիրքերը:
Այնուհետեւ հարաւքորէական ուժերը հրաման ստացան յարձակման անցնելու ճամբու երկայնքին կեդրոնացած չինական ուժերուն վրայ: Բայց նոյն պահուն չինական 40-րդ գումարտակին 120-րդ ջոկատը ճակատ իջաւ: Իսկ ճամբու երկայնքին տեղակայուած չինական ուժերուն հրամայուեցաւ օղակի մէջ առնել Օնճոնկը:
Մինչեւ գիշեր չինական ուժերը յաջողեցան օղակի մէջ առնել Օնճոնկը: Կէս գիշերէն ետք անոնք յարձակման անցան: Հարաւքորէական ուժերը հազիւ կէս ժամ կրցան դիմադրել: Գնդապետ Համ Պիունկ Սուն իր ուժերուն հրամայեց նահանջել դէպի արեւելեան կողմ: Բայց չինացիք նահանջի գիծը կտրեցին: Բուռն բախումներէ ետք հարաւքորէացի 3100 զինուորներէն շուրջ 2700 հոգին յաջողեցաւ ճակատը ճեղքել եւ հասնիլ Չոնկչոն գետի ափերը:
Հարաւքորէական բանակի երկրորդ զօրաբանակը, զօրավար Եու Ճայ Հունկի հրամանատարութեան տակ, ինչպէս նաեւ հետեւակազօրքի 6-րդ, 7-րդ, 8-րդ, 10-րդ եւ 19-րդ գումարտակները ճակատ ուղարկուեցան, վերագրաւելու համար Օնճոնկը:
Փենկ չինական ուժերուն հրամայեց յարձակման անցնելու:
Հոկտեմբեր 27-ին չինացիք հարաւքորէական 7-րդ գումարտակը մեկուսացուցին եւ Քոճանկ-Օնճոնկ գիծը կտրեցին: Կէս գիշերին չինացիք Օնճոնկի արեւելեան կողմէն կասեցուցին հարաւքորէական ուժերուն յառաջխաղացքը:
Բուռն բախումներէ ետք հարաւքորէական ուժերը ջախջախուեցան եւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք ձգելով նահանջեցին Քոճանկէն հարաւ:
Հարաւքորէական ուժերու նահանջէն ետք ամերիկեան ութերորդ բանակի դիրքերը այլեւս բաց էին չինական յառաջացող ուժերուն առջեւ:
***
Ունսան քաղաք մըն է Քորէայի հիւսիս-արեւմտեան կողմը: Չին-քորէական լեռնային գօտիին մէջ, անիկա ռազմագիտական կարեւոր դիրքի վրայ կը գտնուի: Հիւսիսը բարձունքներ են, արեւմուտքը` Նամիոն գետը եւ արեւելքը` Սամթան գետը: Հարաւէն կ՛անցնին դէպի Իփսոթ եւ Եոնկսան-տոնկ երկարող ճամբաները: Այդ ճամբաները շրջանի ամերիկեան ուժերու հաղորդակցութեան միակ ուղիներն էին:
Մինչ Օնճոնկի մէջ կռիւներ կը մղուէին, նոյն ժամանակ հոկտեմբեր 25-ի առաւօտուն հարաւքորէական հետեւակազօրքի 6-րդ գումարտակը եւ ամերիկեան հետեւակազօրքի 24-րդ ջոկատը գրաւեցին Ունսանը:
Նոյն ժամերուն չինական ուժերը յառաջացան եւ դիրքեր բռնեցին Ունսանի արեւելեան շրջանին մէջ:
Հարաւքորէական ուժերը դիրքեր բռնեցին Սամթան գետի արեւմտեան ափին, ուրկէ սկսան կռիւները: Հարաւքորէացիք գերի բռնեցին չինացի զինուոր մը, որմէ տեղեկացան որ չինական 10 հազարնոց զօրագունդ մը սկսած է կեդրոնանալ Ունսանի հիւսիսային բարձունքներուն վրայ:
Ստացուած տեղեկութեան վրայ հարաւքորէական ուժերը սկսան դիրքեր հաստատել բարձունքներուն վրայ: Մութը կոխելէն ետք չինացիք հանդիպակաց լանջերէն կրակ բացին, արգիլելու համար անոնց յառաջխաղացքը:
Հոկտեմբեր 26-ին չինական ուժեր արեւմտեան կողմէն յառաջացան, կտրեցին Ունսան-Եոնկսան-տոնկ ճամբան եւ շրջափակեցին հարաւքորէական հետեւակազօրքի առաջին ջոկատը:

Հոկտեմբեր 27-ին ամերիկեան եւ հարաւքորէական հրետանային ուժեր յարձակման անցան եւ բացին Ունսան-Եոնկսան-տոնկ ճամբան: Յաջորդ օր չինացիք կասեցուցին անոնց յառաջխաղացքը:
Հոկտեմբեր 29-ին ամերիկեան եւ հարաւքորէական նոր ուժեր հասան ճակատ եւ դիրքեր հաստատեցին Ունսանի մէջ:
Չինական զօրքերու հրամանատար Փենկ Տեհուայ ռազմական նոր ծրագիր մը պատրաստեց, որուն համաձայն յարձակումը պիտի սկսէր հիւսիս-արեւելքէն, հիւսիս-արեւմուտքէն եւ հարաւ-արեւմուտքէն:
Իրենց կարգին հարաւքորէացիք եւ ամերիկացիք Ունսանի շուրջ նոր դիրքեր հաստատեցին: Ամերիկացիք կեդրոնացան Սամթան եւ Նամիոն գետերու ափերուն, իսկ հարաւքորէական ուժերը ամրապնդեցին քաղաքին հիւսիս-արեւելեան կողմի, Սամթանի հանդիպակաց ափի իրենց դիրքերը:
Նոյեմբեր 1-ի յետմիջօրէին չինական ուժերը յարձակման անցան: Ամերիկեան եւ հարաւքորէական հրետանային կրակը չյաջողեցաւ կասեցնել զանոնք: Կէս գիշերին չինացիք ջախջախիչ հարուած հասցուցին, որմէ ետք հարաւային կողմէն սկսան յառաջանալ դէպի Ունսան: Ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը ծանր կորուստներէ ետք նահանջեցին: Չինական նախայարձակ ջոկատ մը ժամը 3:00-ին քալեց հարաւքորէական ուժերու հրամանատարական կեդրոնին վրայ եւ բազմաթիւ զինուորներ սպաննեց:
Նոյեմբեր 2-ի առաւօտուն ամերիկեան եւ հարաւքորէական ուժերը սկսան նահանջել: Ունսանի շուրջ կռիւները շարունակուեցան յաջորդող երկու օրերուն: Ամերիկեան ուժերը մեծ մասամբ բնաջնջուեցան եւ անոնցմէ հազիւ 200 զինուոր ազատեցաւ: Հարաւքորէական բանակի հրամանատարութիւնը գուժեց 530 զինուորի նահատակութիւնը: Չինացիք եւս ծանր կորուստներ տուին:
Ունսանը գրաւելէն ետք չինական ուժերը սկսան յառաջանալ ամերիկեան ուժերու ճակատային գիծերուն ուղղութեամբ: Ամերիկեան ուժերը նահանջեցին եւ Չոնկչու գետի ափերուն ու Փիոնկեանկի շուրջ կեդրոնացան:
Իր կարգին չինական բանակը դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր. գլխաւորը ուտեստեղէն հայթայթելու պարագան էր: Փենկ Տեհուայ սկսաւ վերադասաւորել իր ուժերը, պատրաստուելով երկրորդ հանգրուանի յարձակումին, որուն նպատակակէտը պիտի ըլլար Փիոնկեանկի ազատագրումը:
Զօրավար Տուկլաս ՄաքԱրթըր Չոնկչոն գետի ափերուն յենակէտեր հաստատեց, նոր ուժերով համալրեց իր շարքերը եւ ռազմական ծրագիր մը պատրաստեց, որուն համաձայն օդուժը Եալու գետի կամուրջները պիտի քանդէր, արգիլելու համար չինական նոր ուժերու մուտքը Քորէա, իսկ ցամաքային ուժերը ճակատը ճեղքելով չինական սահման պիտի հասնէին. յարձակման թուական ճշդուեցաւ նոյեմբեր 24-ը:
Նոյն օրերուն չինացի 180 հազար զինուորներ կեդրոնացած էին Քորէայի մէջ եւ մեծաթիւ ուժեր ալ սկսած էին համախմբուիլ սահմանին վրայ: Փենկ Տեհուայ յարձակման թուական ճշդեց նոյեմբեր 22-ը: Պաշտօնական հակամարտութենէ խուսափելու համար, Քորէայի մէջ գործող չինական զօրամասերը չինական ժողովրդական կամաւորներ կը կոչուէին: