Յօդուածներ

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ Նշուեցաւ Լիբանանի Անկախութեան Տօնը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ Նշուեցաւ Լիբանանի Անկախութեան Տօնը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտութիւնը այլազան ձեռնարկներով նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը: Ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ին, Ե.-Ժբ. դասարանի աշակերտները, իրենց տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին լիբանանեան բանակի մաղաուիրներու վաշտի Ռումիէի «Ղասսան Ռամմեն» զօրանոցը, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացան սպաներուն եւ զինուորներուն կողմէ: Գեղեցիկ էր դիտել զինուորներուն ճկունութիւնն ու մարտունակութիւնը` իրենց ցուցադրած ռազմամարզական ներկայացումին ընդմէջէն:  Ապա անոնք առիթ տուին աշակերտներուն նոյն փորձառութիւնը ապրելու:...

Լիբանանի 74-րդ Անկախութեան Տարեդարձը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձր. Վարժարանի Մէջ

Լիբանանի 74-րդ Անկախութեան Տարեդարձը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձր. Վարժարանի Մէջ

Հայրենիքի մը անկախութեան տարեդարձը յիշատակութենէ աւելի տօնակատարութիւն է, որուն համար մեծ ու պզտիկ այս պարագային կը համախմբուինք Լիբանանի խորհրդանիշ «մայրի»-ին շուրջ: Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները երեքշաբթի, 28 նոյեմբերին տօնակատարեցին Լիբանանի անկախութեան 74-րդ տարեդարձը: Այս առիթով վարժարան այցելեց լիբանանեան բանակի փողերախումբէն խմբակ մը: Օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ Լիբանանի քայլերգի կատարողութեամբ, որմէ ետք փողերախումբի կշռութաւոր եղանակին պարտադրած համաչափութեամբ, տողանցքով մուտք գործեցին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ 11-րդ դասարանէն Էլի Մալխասեան, որ մասնակցեցաւ Կոկիկեան հիմնարկի կազմակերպած միջհայկական երկրորդական վարժարաններու արաբերէն մրցանքին, հանդիսացաւ առաջինը: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 29 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ: Այս մրցանքը կը կազմակերպուի 2012-էն ի վեր եւ արդէն չորս կրթական տարեշրջաններ վարժարանս գրաւած է անոր առաջին դիրքը: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք արաբերէն լեզուի...

Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մէջ

Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մէջ

24 նոյեմբեր 2017-ին Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները բազմաբնոյթ գործունէութիւններով նշեցին Լիբանանի անկախութիւնը: Լիբանանեան յատուկ ուտեստեղէններով հիւրասիրուելէ ետք, աշակերտները իրենց ափի դրոշմով պատրաստեցին լիբանանեան դրօշակ մը` իրենց ինքնութեան մաս յայտարարելով լիբանանցիութիւնը: Հայրենասիրական երգերու մթնոլորտի մէջ անոնք խաղցան տոհմիկ լիբանանեան խաղեր: Ճոխ գործունէութիւններէն ետք աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը հաւաքուեցան հանդիսասրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն` ներկայութեամբ բանակի հրամանատարութեան ներկայացուցիչներ գնդապետ Ալա...

Վալանսի Միօրեայ Վարժարանի Հողին Օծումը

Վալանսի Միօրեայ Վարժարանի Հողին Օծումը

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ». Կիրակի, նոյեմբեր 26-ին հանդիսաւոր արարողութեամբ կատարուեցաւ օծումը հողին, որուն վրայ պիտի կառուցուի Վալանսի հայկական միօրեայ վարժարանը: Այս մէկը նշեալ ծրագրին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին առաջինն էր: Օծման արարողութեան նախագահեց Նորվան արք. Զաքարեանը` կողքին ունենալով Նարեկ Ա. քհնյ. Վարդանեանը եւ Անդրանիկ քհնյ. Մալճեանը, որոնք կիրակնօրեայ պատարագի աւարտին, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու տպաւորիչ տողանցքով ուղղուեցան դէպի ապագայ դպրոցին բակը: Ներկայ էին նաեւ` Վալանսի...

Իսկական Գործունէութիւնը

Հայ Ֆեմինիստ Բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեան Եւ Կիներու Ազատագրութեան Պայքարը

Երբ կը խօսինք հայկական իրականութեան մէջ կիներու եւ տղամարդոց միջեւ իրաւահաւասարութեան համար պայքարին եւ կիներու իրաւունքներու ձեռքբերման մասին, չենք կրնար չանդրադառնալ այդ պայքարի հիմնական ջահակիրներէն, հայ մեծագոյն ֆեմինիստ բանաստեղծուհի Շուշանիկ Կուրղինեանի ստեղծագործութիւններուն: Կուրղինեան ծնած է Ալեքսանդրապոլ, 1876-ին: Յաճախած է ծննդավայրի Արղութեան օրիորդաց դպրոցը եւ ռուսական պրոգիմնազիան: Անդամակցած է Հնչակեան կուսակցութեան: Ան հասարակական աշխուժ աշխատանք կատարած է կովկասահայութեան մէջ, յայտնի եղած...

Զոհրապի «Լռութիւնը Կը Խօսի» Խորագրեալ  Ցուցահանդէս

Զոհրապի «Լռութիւնը Կը Խօսի» Խորագրեալ Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ «Էկզոտ» ցուցասրահին եւ «Զոհրապ հիմնարկ»-ին  20 նոյեմբերին «Էկզոտ» ցուցասրահին մէջ, Էշրեֆիէի «Աքքաուի» վայրէջքին վրայ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Զոհրապի «Լռութիւնը կը խօսի» խորագիրը կրող յետմահու առաջին ցուցահանդէսին բացումը: Ներկայացուած էին 28 գունաւոր մատիտ եւ 24 աքուարել փոքր չափի պաստառներ, ինչպէս նաեւ 1 մեծ պաստառ մը` «Շարունակականութիւն» խորագիրը կրող: Ցուցադրուած էր նաեւ Զոհրապին դիմանկարը, որ արուեստագէտը ինքը գծած էր «ֆիւզեն»-ով: Զոհրապի...

Անմար Է Վերապատուելի Մովսէս Ճամպազեանին Յիշատակը

Անմար Է Վերապատուելի Մովսէս Ճամպազեանին Յիշատակը

Օրերս Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Մովսէս Ճամպազեան» սրահին մէջ տիկնանց հերթական շաբաթական պաշտամունքի ընթացքին, վերապատուելի Մովսէս Ճամպազեանի քրոջ` Սոնայի նախաձեռնութեամբ նշուեցաւ վեր. Մ. Ճամպազեանին լոյս յիշատակը: Պաշտամունքը բաղկացած էր երկու բաժիններէ: Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ երէցկին Նանոր Աղբաշարեանը ուշագրաւ եւ իմաստուն մեկնաբանութեամբ խօսեցաւ կրօնական, հոգեւոր-բարոյական նիւթերու շուրջ: Ներկաները, ըստ աւանդոյթի, հոգեւոր երգերու իրենց երգեցողութեամբ նշանաւորեցին հաճելի մթնոլորտը: Ի յարգանք...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Ռուբէն Տէր Մինասեան (1882-1951 Թթ.) – Նշանաւոր Յեղափոխականն Ու Պետական Գործիչը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ Համօ Օհանջանեան Գահիրէի մէջ Հայ ազատամարտի պատմութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ռուբէնը` Ռուբէն Տէր Մինասեան կամ Ռուբէն փաշան: Հերոսութիւններով ու բազմաչարչար մաքառումներով լեցուն է այս հայորդիին կեանքը: Ռուբէն այն անհատներէն էր, որուն համար հայրենիքի ազատութիւնը եւ բարօրութիւնը գերագոյն նպատակ էր: Ան հայ յեղափոխական այն սերունդէն էր, որ մաքառեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի ազատութեան համար եւ...

Յուշեր Եւ Տպաւորութիւններ` Լիբանան Այցելութիւնից

Յուշեր Եւ Տպաւորութիւններ` Լիբանան Այցելութիւնից

ԱՐԱՐԱՏ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Յայտնի է, որ տասնամեակներ շարունակ հայերը Մերձաւոր Արեւելքում աշխուժ են եղել ու հիմնականում զբաղուել են առեւտրով եւ յատուկ արդիւնաբերութեամբ: Դա յատկապէս ակնյայտ դարձաւ 18-րդ դարի սկզբերին, իսկ 1915 թուականին հայերի դէմ օսմանեան թուրքերի կողմից իրականացուած ջարդերի պատճառով հայերը սկսեցին աւելի մեծ ներկայութիւն ունենալ Սիրիայում եւ Լիբանանում: Բարեբախտաբար, այն ժամանակ Մեքքայի Շարիֆ Հուսէյնն արաբական աշխարհին կոչ արեց հայերին օգնել...

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակի Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում Այնճարի Մէջ

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակի Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Զաւարեան ուսանողական միութեան, հինգշաբթի, 30 նոյեմբեր 2017-ին Այնճարի Ազգային Յառաջ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանական մասնագիտութիւններու արեւելում: Ներկայ էին երկրորդական բաժինէն մօտ 50 աշակերտներ: Նախ ներկայացուեցան Լիբանանի տարբեր համալսարանները, ապա բացատրութիւն տրուեցաւ բոլոր մասնագիտութիւններուն ու անոնց գործի առիթներուն մասին: Աւարտին աշակերտները ԶՈՄ-ականներուն հարցուցին իրենց նախասիրած ճիւղերուն մասին մանրամասնութիւններ:  

Ակնարկ.  Լսարաններու Մշակոյթը. Նոր Ձեւաչափը

Ակնարկ. Լսարաններու Մշակոյթը. Նոր Ձեւաչափը

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ բաւական ճանապարհ անցած է լսարաններ կազմակերպելու մշակոյթը: Ժողովրդային հանդիպումներ, մամլոյ տարբեր ներկայացուցիչներու կողմէ նախաձեռնուած լսարաններ, հոգեւոր սուրբգրային սերտողութիւններ, բժշկական-առողջապահական բնոյթի բացատրողական հանդիպումներ, ուսանողական եւ երիտասարդական հաւաքներ, արուեստագէտներու հանդիպումներ, քաղաքացիական խնդիրներ քննարկող խումբ կամ լրագրական դասընթացքներու հետեւողներ ու տակաւին Դիմատետրի ընկերներու ոչ վիրթուալ, այլ միատեղ հանդիպելու օրինակներ` կու գան շատ կարեւոր ներդրում մը ապահովելու լիբանանահայ համայնքի կազմակերպ...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Լե­ւոն ­Շանթ (1869-1951). ­Հա­յուն ամ­բող­ջա­տիպ՝ լիար­ժէ՛ք Ե­Սին դրօ­շա­կի­րը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Նո­յեմ­բեր 29ի այս օ­րը, 66 տա­րի ա­ռաջ, մեր աշ­խար­հէն մարմ­նա­պէս հե­ռա­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան եւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի լու­սապ­սակ դէմ­քե­րէն ­Լե­ւոն ­Շանթ, որ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կիր կը հան­դի­սա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին նե­րաշ­խար­հը վեր­ծա­նող՝ ՀԱ­Յուն հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ Ե­Սը շնչա­ւո­րող մե­ծա­վաս­տակ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։ Յատ­կա­պէս թա­տե­րա­կան իր գոր­ծե­րով՝ մա­նա­ւա՛նդ կո­թո­ղա­կան իր «­Հին Աս­տո­ւած­ներ»ով ան­մա­հա­ցած գրողն է ­Լե­ւոն Շանթ։ ­Բայց ճշմար­տու­թեան դէմ...

Լոռին Եւ Րաֆֆին` Ընկերութեան Ճնշումներուն Դէմ Յանդիման

Լոռին Եւ Րաֆֆին` Ընկերութեան Ճնշումներուն Դէմ Յանդիման

ԱՐԵՒԻԿ Սխալ մը, որ շատերս կ'ընենք, այն է, որ ուշադրութիւն չենք դարձներ մեր առօրեայ խօսքերուն, որոշումներուն եւ կեցուածքներուն ազդեցութեան` ուրիշներու կեանքին վրայ: Կամ` գիտակից ենք անոնց, բայց մեր առօրեայ հեւքին մէջ կը մոռնանք ճիգ թափել այդ ազդեցութիւնը դրական պահելու: Մարդաբանական լայնօրէն ընդունուած տեսութիւններ փաստած են եւ կը շարունակեն փաստել, որ ընկերային էակ ըլլալով` մարդ արարածին ապրելակերպը խորապէս կ՛ազդուի իր շրջապատի...

Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէութիւնը Նշեց Իր 25-ամեակը

Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէութիւնը Նշեց Իր 25-ամեակը

Կիրակի, 19 նոյեմբեր 2017-ին, «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւնը` կազմակերպութեամբ համանուն կոմիտէին: Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով բացումը կատարուեցաւ ձեռնարկին` կատարողութեամբ Համազգայինի «Քնար» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Լոռի Անթունեանին, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռիթա Շամլեանին: Բացման խօսքով հանդէս եկան ձեռնարկի բեմավարները` Մարի Յովհաննէսեան եւ Արարատ Թորոսեան, որոնք ողջունելէ ետք ներկաները, մէջբերեցին Սիմոն Զաւարեանին ուղղուած Սիմոն Վրացեանի նամակէն` Քանատայի հասարակական...

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան  Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է Ֆրանսա Եւ Զուիցերիա

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է Ֆրանսա Եւ Զուիցերիա

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նոյեմբեր 23-էն դեկտեմբեր 2 աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսա եւ Զուիցերիա: Հրանուշ Յակոբեան նոյեմբեր 24-ին Մարսէյ քաղաքին մէջ այցելած է «Համազգային» ամէնօրեայ վարժարան, հանդիպած` վարժարանի ղեկավարութեան, այնուհետեւ շրջայց  կատարած է դպրոցի դասարաններուն, նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին մէջ: «Համազգային» այցի ծիրէն ներս ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր, որմով ամրագրուած է Երեւանի Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 հիմնական...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Գերմանիա ՀՅԴ 127-ամեակի Խանդավառ Տօնակատարութիւն` Միւնիխի Մէջ Շաբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոն վստահաբար երկար պիտի յիշուի միւնիխահայութեան կողմէ: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գերմանիոյ ընտանիքին, Միւնիխի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Դաշնակցութեան 127-ամեակը, որուն ներկայ գտնուելու համար Միւնիխ ժամանած էին նաեւ Վիեննայէն, Համպուրկէն, Ֆրանքֆորթէն եւ Գերմանիոյ այլ քաղաքներէ մեծաթիւ ազգայիններ, մանաւանդ` երիտասարդներ: 127-ամեակի տօնակատարութեան հանդիսավարութիւնը խնամքով եւ որակով կատարեց Մեղրիկ Սարգիսեանը: Գործադրուեցաւ...

Հայաստանեան Պատկերներ

Ակնարկ. Պատմական Ընտրութիւն

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ Աւելի քան երկու հազարամեակի պատմութիւն ունի ազդեցիկ պետութիւնների միջեւ հաւասարակշռութիւններ ձեւաւորելու, տարբեր բեւեռների միջեւ խուսանաւելու քաղաքական այլընտրանքի հայկական փորձը: Աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները եւ դերակատար ուժերի յարաբերակցութիւնն են դրդել, որ անկախ, կիսանկախ կարգավիճակում եւ նոյնիսկ անկախութեան բացակայութեան պայմաններում հայոց ճակատագիրը այս կամ այն չափով տնօրինող օրուայ գործիչները շատ յաճախ որդեգրեն այս գործելաձեւը, երբեմն նաեւ` անտեսելով մասնաւոր նախընտրութիւնները: Այն բոլոր դէպքերում,...

Երկու Խօսք

Լռութիւնը Մեղսակցութիւն Է

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ընդհանրապէս միջազգային դաշտին վրայ ականատես կ՛ըլլանք մեծապետական դասաւորումներու: Յաճախ այդ ծրագիրները ըմբոստութեան կամ ընդդիմութեան պատճառով վերատեսութեան կ՛ենթարկուին: Մեծապետական ծրագիրները մութ գրասենեակներու մէջ կը պատրաստուին եւ գետնի վրայ չեն զգար եւ չեն գիտակցիր ժողովուրդին բազկերակը: Յամենայն դէպս ժամանակը ցոյց տուած է, որ ժողովուրդներու կամքը քմահաճ որոշումներու դիմաց յաճախ չի զիջիր: Ասկէ անկախ, մեծապետական ծրագիրները կ՛իրագործուին բոլորին լռութեամբ: Լռութեամբ աշխարհը...

Դասախօսութիւն` «Դաշտանադադարէն Ետք Առողջական Հարցեր» Նիւթով

Դասախօսութիւն` «Դաշտանադադարէն Ետք Առողջական Հարցեր» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 15 նոյեմբեր  2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դաշտանադադարէն ետք առողջական հարցեր» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց կեդրոնի բժիշկներէն` կնոջական հիւանդութիւններու մասնագէտ տոքթ. Ուալիտ Ղանթուս: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը,  ըսաւ, որ դասախօսութեան նիւթը առնչուած...

Page 750 of 1110 1 … 749 750 751 … 1,110

Արխիւներ