Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասախօսութիւն` «Դաշտանադադարէն Ետք Առողջական Հարցեր» Նիւթով

November 30, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 15 նոյեմբեր  2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դաշտանադադարէն ետք առողջական հարցեր» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց կեդրոնի բժիշկներէն` կնոջական հիւանդութիւններու մասնագէտ տոքթ. Ուալիտ Ղանթուս:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը,  ըսաւ, որ դասախօսութեան նիւթը առնչուած է իգական սեռին եւ դաշտանադադարէն ետք պատահող առողջական հարցերուն, որոնց պիտի անդրադառնայ օրուան դասախօսը:

Տոքթ. Ուալիտ Ղանթուս դասախօսութեան սկսաւ սահիկներու ցուցադրութեամբ: Ան նախ բացատրեց, որ դաշտանադադարը տեղի կ՛ունենայ 48-55 տարեկանին: Մարմնին էսթրոժենը աստիճանաբար կը պակսի, որուն պատճառով կը սկսի դաշտանադադարը: Երբ անհատը ամբողջ տարուան տեւողութեան դաշտան չ՛ունենար, հասած կ՛ըլլայ դաշտանադադարի: Նախքան դաշտանադադարը եւ անկէ ետք տեղի կ՛ունենան զանազան փոփոխութիւններ, ինչպէս` դաշտանի խանգարում, յանկարծակի տաքութիւն, քրտինք, անքնութիւն, կեդրոնացումի դժուարութիւն, յիշողութեան խանգարում եւ այլն:

Տոքթ. Ղանթուս շարունակեց` ըսելով, որ դաշտանադադարը բնական երեւոյթ մըն է: Իւրաքանչիւր կին հարկ է պատրաստ ըլլայ անոր եւ յաղթահարելու դժուարութիւնները:

Յաջորդ բաժինով տոքթ. Ղանթուս խօսեցաւ ոսկրափտութեան մասին: Ոսկրափտութիւնը կը սկսի նախքան դաշտանադադարը եւ կը շարունակուի անկէ ետք: Կնոջական հորմոններու  փոփոխութեան պատճառով ոսկորները կը դառնան  դիւրաբեկ, յատկապէս` կոնքի եւ ողնայարի ոսկորները: Դասախօսը թելադրեց ներկաներուն անպայման իրենց սննդականոնին մէջ ունենալ քալսիոմ  պարունակող ուտելիքներ, խուսափիլ ծխախոտէն եւ ոգելից ըմպելիներէն, կիրարկել մարզանքներ, հետեւիլ սննդականոնի, օգտագործել քալսիոմ ի, Տի. եւ Քէյ. կենսանիւթերու դեղահատեր եւ այլն:

Շարունակելով` ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս հարկ է իւրաքանչիւր կին ամսական դրութեամբ ստինքներու ինքնաքննութիւն կատարէ, ապա շեշտեց երկու քննութիւններու անհրաժեշտութիւնը.

ա.- Մամոկրաֆիի` ստինքներու քննութիւնը,  հարկ է 40 տարեկանէն ետք երկու կամ երեք տարին անգամ մը կատարել:

բ.– Փափ սմիրը` ապակեայ քննութիւնը, արգանդի վզիկի յատուկ քննութիւնը կատարել տարին մէկ անգամ` հետեւելու վզիկի քաղցկեղի որեւէ յայտնաբերման:

Վերջին բաժինով տոքթ. Ուալիտ Ղանթուս անդրադարձաւ արգանդին մէջը կամ դուրսը  արտասովոր ջուրի կամ արիւնի փոքր պարկերու գոյացման եւ անոնց բուժումին մասին, ինչպէս նաեւ` միզամանի, արգանդի եւ աղիքներու վար իջնելու երեւոյթին մասին, յատկապէս այն կիներուն մօտ, որոնք բնական ծննդաբերութիւն ունեցած են:

Աւարտին բժիշկը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նախորդը

Նոր Տարուան Նախօրեակին. Տօնածառի Գաղափարներ

Յաջորդը

Լռութիւնը Մեղսակցութիւն Է

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.