Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անմար Է Վերապատուելի Մովսէս Ճամպազեանին Յիշատակը

December 2, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օրերս Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Մովսէս Ճամպազեան» սրահին մէջ տիկնանց հերթական շաբաթական պաշտամունքի ընթացքին, վերապատուելի Մովսէս Ճամպազեանի քրոջ` Սոնայի նախաձեռնութեամբ նշուեցաւ վեր. Մ. Ճամպազեանին լոյս յիշատակը: Պաշտամունքը բաղկացած էր երկու բաժիններէ: Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ երէցկին Նանոր Աղբաշարեանը ուշագրաւ եւ իմաստուն մեկնաբանութեամբ խօսեցաւ կրօնական, հոգեւոր-բարոյական նիւթերու շուրջ: Ներկաները, ըստ աւանդոյթի, հոգեւոր երգերու իրենց երգեցողութեամբ նշանաւորեցին հաճելի մթնոլորտը: Ի յարգանք վեր. Մ. Ճամպազեանի անմար յիշատակին, անոնք երգեցին նաեւ վերապատուելիին ամենասիրած երգերէն մէկը»` «Ամէնքս եղբայրներ ենք, նոյն հօր զաւակներ»: Իսկ վեր. Մ. Ճամպազեանի մասին խօսք արտասանեց հայրենի մտաւորական, գիտութեան դոկտ. Թամար Յովհաննիսեանը: Իր ելոյթի ընթացքին ան մասնաւորապէս նշեց, որ հայաստանցիներուն շատ արտահաճոյ է տեղեկանալ, որ Այնճարի մէջ վեր. Մ. Ճամպազեանին անունով կայ փողոց եւ կայ սրահ: Թամար Յովհաննիսեանը նշեց, որ Մ. Ճամպազեանին անունը յայտնի է հայաստանցիներուն, յատկապէս Գիւմրի քաղաքի բնակիչները անմոռաց կը յիշեն եւ կը յարգեն վերապատուելին, ազգային բարերարին: 1988-ին, Գիւմրիի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, վեր. Մ. Ճամպազեան անձնապէս սատար եղաւ աղէտի գօտիին` ե՛ւ նիւթապէս, ե՛ւ հոգեպէս, ե՛ւ բարոյապէս: Անտարբեր չմնաց վեր. Մ. Ճամպազեանը նաեւ 1991-1993 ցուրտ, մութ, սովահար Հայաստանի կացութեան: Իր խոր մարդկային, նուիրական ազգային մղումներով ան կրկին օգնութեան ձեռք մեկնեց հայրենիքին: Թամար Յովհաննիսեանը նշեց նաեւ, որ այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ Հայ աւետարանական ընկերութեան ներկայացուցիչ վեր. Թընէ Լեւոնեանին շնորհիւ` Հայաստանի ժողովուրդը նոյնպէս քաջատեղեակ եղաւ վեր. Մ. Ճամպազեանի ազգային գործունէութեան: Յիշատակելի է նաեւ, ըսաւ Թամար Յովհաննիսեանը, որ 2000-ին, երբ վեր. Ճամպազեանը ֆիզիքապէս հեռացաւ մեզմէ, Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը մեծապէս արժեւորելով վեր. Մ. Ճամպազեանի ազգային գործունէութիւնը` իրենց խոր վշտագին ցաւակցագիրը ուղղեցին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ հանգուցեալի հարազատներուն: Ազգովին անմար պահենք մեր բարերարներուն յիշատակը:

Նախորդը

Ռուբէն Տէր Մինասեան (1882-1951 Թթ.) – Նշանաւոր Յեղափոխականն Ու Պետական Գործիչը

Յաջորդը

Զոհրապի «Լռութիւնը Կը Խօսի» Խորագրեալ Ցուցահանդէս

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.