ԱՐԵՒԻԿ
Սխալ մը, որ շատերս կ’ընենք, այն է, որ ուշադրութիւն չենք դարձներ մեր առօրեայ խօսքերուն, որոշումներուն եւ կեցուածքներուն ազդեցութեան` ուրիշներու կեանքին վրայ: Կամ` գիտակից ենք անոնց, բայց մեր առօրեայ հեւքին մէջ կը մոռնանք ճիգ թափել այդ ազդեցութիւնը դրական պահելու: Մարդաբանական լայնօրէն ընդունուած տեսութիւններ փաստած են եւ կը շարունակեն փաստել, որ ընկերային էակ ըլլալով` մարդ արարածին ապրելակերպը խորապէս կ՛ազդուի իր շրջապատի սովորութիւններէն, առօրեայ վարք ու բարքէն եւ դատողութիւններէն, որոնք իրենց կարգին կը կազմուին անհատներու վարուելակերպին, ըրած-չըրածին, ըսած-չըսածին իբրեւ հետեւանք: Ընկերային «օրէնք»-ը անջրպետէն իյնալով չի հաստատուիր, ո՛չ ալ քուէարկութեամբ կամ պետութիւններու սահմանադրութիւններով կ՛որոշուի: Ընկերային «օրէնք»-ը երկար ժամանակի վրայ դանդաղօրէն ձեւ կ՛առնէ անհատ մարդոց ապրելաոճին ընդմէջէն եւ միաժամանակ կ՛որոշէ անհատ մարդոց ապրելակերպը: Հետեւաբար որեւէ հաստատուած ընկերային «օրէնք» կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ այդ ընկերային իրականութեան մաս կազմող անհատներուն կողմէ` նոյն սկզբունքով, այսինքն` անհատներուն ապրած առօրեայ կեանքի ձեւին, ըսածին-չըսածին, ըրածին-չըրածին ընդմէջէն: Փոփոխութիւնը բնական է, բայց նաեւ` դժուար, որովհետեւ դանդաղ է: Փոփոխութիւնը կ՛արագանայ, երբ իրենց ապրելակերպը փոխող անհատներուն քանակը շատնայ, այդպիսով` ընկերային «օրէնք»-ին վրայ ճնշում բանեցնելով եւ վարակելով ուրիշ անհատներ:
Պատկերը աւելի չբարդացնելու համար անցնինք օրինակի մը` երկու անհատներու կեանքին: Օրինակը կը պատմէ Լոռիին եւ Րաֆֆիին պատմութիւնը: Լոռին եւ Րաֆֆին երեւակայական տիպարներ են, որոնց կեանքի դրուագները կրնան պատահած ըլլալ շատերու հետ` ոչ անպայմանօրէն բոլորը միաժամանակ, բայց գաղափար մը կու տան տարբեր դէպքերու մասին, դէպքեր,որոնց կրնայ հանդիպիլ տղայ մը կամ աղջիկ մը իր կեանքի տարբեր փուլերուն: Այս օրինակին գլխաւոր նպատակը ցոյց տալ է, թէ ինչպէ՛ս ընկերային «օրէնք»-ը նոյնինքն անհատներու կողմէ ամրացուած արարքներու եւ կարծիքներու արդիւնք է: Այսինքն կ՛անդրադառնանք, թէ ինչպէ՛ս մեր առօրեայ խօսքերով, ըրածներով եւ կարգ մը համոզումներով կ՛ազդենք ընկերային «օրէնք»-ի յարատեւման վրայ եւ ակամայ դեր կ՛ունենանք մեր շուրջի անհատներու կեանքի ընթացքին վրայ:
***
Երկուորեակ են: Մէկուն անունը Լոռի, միւսինը` Րաֆֆի: Մինչեւ մէկ տարեկան դժուար էր տարբերելը մէկը միւսէն: Յետոյ սկսան Լոռիին մազերը շուտ-շուտ չկտրել, ազգականներն ալ օղեր նուիրեցին կնունքին` մաման, մեծ մաման ականջները ծակեցին, որպէսզի զարդեղէնները գործածուին: Րաֆֆին ալ 2 տարեկան էր, երբ ֆութպոլի տարազ նուէր ստացաւ, այդ ատեն չէր ալ գիտեր գնդակ բռնել. ի դէպ, Լոռին աւելի ճարպիկ էր գնդակով խաղերուն մէջ:
Երբ 6 տարեկան եղան, արդէն Լոռին 5 հատ պուպրիկ ունէր, եւ իրեն սորվեցուցած էին կաթիկ շինել, որ անոնց խմցնէ. իսկ Րաֆֆիին պապան երբ գործէն վերադառնար, ամէն օր հետը ֆութպոլ կը խաղար եւ կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս ինքնաշարժներուն մեքենաները կը նորոգէ: Հակառակ անոր որ Րաֆֆին մանկութեան հանդարտ խաղեր կը սիրէր, տարուէ-տարի հետաքրքրութիւնները փոխուեցան եւ սկսաւ սիրել դրացի տղոց հետ կատղած խաղեր խաղալը:
13-ին Րաֆֆին սկսաւ ընկերներուն հետ տունէն դուրս ելլել. կը քալէին թաղին մէջ, երբեմն սինեմա կ՛երթային միասին: Լոռին ալ շատ կը սիրէր ընկերուհիներուն հետ ժամանակ անցընել, բայց իրենք աւելի տան մէջ կը զբաղէին, իրարու տուն կ՛այցելէին, քանի որ ծնողները կը վախնային խումբ մը աղջիկ մինակ ճամբան ձգելու… մանաւանդ սինեման գիշերը կ՛ըլլար, Լոռիին մաման կը վախնար, որ տղաք «խօսք զարնեն» իրեն, նայուածքներ նետեն: Թէեւ Լոռին հազար անգամ մամային ըսած էր, որ ինք չի վախնար եւ առանց մէկուն կարեւորութիւն տալու` կրնայ քալել-անցնիլ: Նոյնիսկ դպրոցէն ետք ինքնապաշտպանութեան դասերու սկսած էր երթալ, բայց յետոյ չէր շարունակած, քանի մկանները ուռիլ սկսած էին, եւ ատիկա աղջկան մը համար տգեղ էր, նուրբ հագուստներուն տակէն կոշտ կ՛երեւէր, ըսած էին իրեն:
16 տարեկան էր Լոռին, երբ առաջին անգամ տղայ մը իր մարմնին «ձեռք նետեց»… Րաֆֆիին ընկերներէն մէկն էր, ըստ իրեն, կատակ կ՛ընէր… Լոռիենց տան մէջ պատահեցաւ, բայց Լոռին չկրցաւ մէկուն պատմել… է՜հ, եղբօրը ընկերն է, վստահաբար գէշ միտումներով չըրաւ, տղայ է ի վերջոյ, ցանկութիւններ կ՛ունենայ… մտածեց: Բայց, միւս կողմէն ալ, Լոռին չէր հասկնար, թէ ինչո՛ւ միշտ տղոց ցանկութիւններուն մասին կը խօսուէր: Ինքը իր փորձառութենէն գիտէր, որ աղջիկներն ալ կ՛ունենան ցանկութիւններ, բայց կը զարմանար, որ իր ընկերուհիներէն կամ ընտանիքէն ոչ մէկը կ՛արտայայտուէր այդ մասին: Ընդհանրապէս ալ կարծես միշտ տղան էր նախաձեռնութիւն առնողը սիրային յարաբերութիւններու մէջ: Օրինակի համար, վերջերս Լոռին ակումբի ընկերներէն մէկուն հանդէպ որոշ հակում մը կը զգար, բայց երբ փորձէր տարբեր ձեւերով յայտնի ընել, ընկերուհիները կ՛ամչցնէին իրեն, կ՛ըսէին, որ աւելի լաւ ձգել, որ տղան մօտենայ իրեն… Անդին` Րաֆֆին կատակով խօսքեր կը լսէր իր ընկերներէն, որ ինչպէս կ՛ըլլայ` դեռ չէ կրցած աղջկան մը ուշադրութիւնը գրաւել: Նոյն տարիներուն էր, որ Րաֆֆին սկսաւ հագուստի ձեւաւորումով հետաքրքրուիլ… խե՜ղճ Րաֆֆի, քիթէն բերնէն բերին:
Հասաւ համալսարանի ճիւղի ընտրութեան ժամանակը: Րաֆֆին վստահ էր, որ կ՛ուզէր հագուստ ձեւաւորող ըլլալ: Բայց ոչ իսկ համարձակեցաւ այդ նիւթը բանալ հօրը հետ: Արդէն մայրն ալ անդադար ճարտարագէտ-ճարտարագէտ կը հոլովէր: Թէեւ Րաֆֆին արուեստի մէջ աւելի փայլուն էր, բայց ի վերջոյ ինքն ալ մտածեց, որ երբ մեծնայ, ընտանիք պիտի ապրեցնէ, տան տէր պիտի ըլլայ, ճարտարագիտութիւնը լաւ պիտի ըլլար այդ իմաստով… Ընտրեց ճարտարագիտութիւն եւ միջակ նիշերով աւարտեց, բայց երբեք չզգաց, որ գոհ է ըրածով: Իսկ Լոռին… շաբաթը մէյ մը վէճ կը փրթէր տան մէջ` իր եւ ծնողքին միջեւ: Կը փորձէր համոզել, որ արտօնեն երթայ Եւրոպա` աստղագիտութիւն ուսանելու: Միշտ հիացած էր անջրպետով: «Աղջի՛կս, դուն երբ մեծնաս, ա՞ստղ պիտի մեծցնես, թէ՞ զաւակ», կատակով կ՛ըսէր հայրը: Կը կարծէր, որ բաւարար ազատութիւն տուած է աղջկան, բայց չէր զգար, թէ ինչպէ՛ս նման կատակներ կը կտրէին աղջկան թափը` նետուելու կեանքին մէջ, ըլլալու անկախ եւ ինքնավստահ: Ի վերջոյ, պատմութիւն ուսանեցաւ Լոռին: Ծնողքը ուրախացան. գոնէ կրնար ուսուցիչ ըլլալ, զաւակ ալ երբ ունենար, պիտի հասնէր թէ՛ գործին, թէ՛ ընտանիքին:
Է՜հ, աշխարհը կորսնցուց ճաշակաւոր հագուստ ձեւաւորող մը եւ փայլուն աստղագէտ մը: Րաֆֆին քանի՜ քանի անգամ սենեակին դուռը գոցած` լացաւ, մտածելով կորսնցուցած կարելիութեան մասին… Արցունքները կը սրբէր ամէն անգամ, որ ոտքի ձայն լսէր, «տկարութիւն»-ը ցոյց տալ չէր ըլլար: Իսկ Լոռին շարունակեց համացանցով հետեւիլ աստղագիտական նիւթերու եւ տակաւին կը մտածէ ուսումը շարունակել աստղագիտութեան մէջ, բայց շատ մեծ ճիգ պէտք է թափէ շուրջինները համոզելու, մանաւանդ որ հիմա, երբ ընկերուհիներէն ոմանք նշանուեցան, մարդիկ կ՛ակնկալեն, որ շուտով ինքն ալ այդ ճամբան բռնէ… ամուսնանալ, ընտանիք կազմել… բայց դեռ Լոռին կ՛ուզէր ապրիլ իր անկա՛խ կեանքը, դեռ կանուխ էր ընտանիք կազմելու:
Տակաւին վստահ չէ Լոռին, թէ ի՛նչ կը սպասէ իրեն, երբ սկսի աշխատիլ… շատ լսած է իրմէ քանի մը տարի մեծ աղջիկներէ, որ իրենց տղայ գործընկերները աւելի կը վճարուին, քան իրենք, նո՛յն գործին համար: Երբեմն կը սարսափի, երբ մտածէ, թէ օրին մէկը կրնայ պատահիլ, որ ինքն ալ սեռային վայրագութեան ենթարկուի, ինչպէս ուրիշ երիտասարդ աղջիկներու հետ պատահած պատմութիւններ լսած է: Հակառակ այս բոլորին` ինքզինք բախտաւոր կը զգայ` բաղդատած ուրիշ երիտասարդուհիներու, նկատի ունենալով, որ օրին մէկը պարտադրուած չէ եղած լիբանանեան օրէնքին դէմ յանդիման գալու, օրէնք մը, որ կ՛օրինականացնէ անչափահասներու բռնաբարումը, օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ կիներուն` իրենց քաղաքացիութիւնը փոխանցելը… Այս օրէնքներուն մասին հազուադէպօրէն կը մտածէ, որովհետեւ առօրեային մէջ չի հանդիպիր անոնց: Բայց, օրինակի համար, շա՛տ կը նեղանայ կարգ մը անգիր օրէնքներէ, որոնց կը հանդիպի իր միութենական կեանքին մէջ, անոնք նոյնիսկ իր կամաւոր աշխատանքի կարելիութիւնները կը սահմանափակեն: Միութենական ժողովներուն, քարտուղարի ընտրութեան ժամանակ, բոլորին նայուածքները իրեն կը դառնան… բայց երբ կարգը գայ ատենապետի ընտրութեան` ոչ մէկ նայուածք դէպի իրեն… պաշտօնը կը տրուի տղու: Կամ, օրինակ, ձեռնարկի մը պատրաստութեան ընթացքին իրեն կը տրուի գեղարուեստական ձեռային աշխատանքներու պատրաստութիւնը, մինչդեռ ինք բնա՛ւ չի սիրեր այդ տեսակի աշխատանքներ, չի հասկնար` ինչո՞ւ աղջիկներէն կը սպասուի ատիկա սիրել: Հակառակն ալ Րաֆֆիին հետ կը պատահի. ձեւաւորման գործերուն փոխարէն` իրեն կը յանձնեն ինքնաշարժներու երթեւեկի հսկողութեան գործը, օրինակ: Րաֆֆին ո՜ւր, ինքնաշարժները ո՛ւր: Լոռիին մէկ այլ բուռն ընդվզումը կը յառաջանայ, երբ տեսնէ վարչութիւններ, որոնք ջախջախիչ մեծամասնութեամբ տղոցմէ կազմուած կ՛ըլլան… զարմանալի` մարդ չ՛ա՞նդրադառնար, որ եթէ կին մը ամբողջ տուն մը կը դարձնէ, կրնայ նոյն կազմակերպուածութեամբ ամբողջ միութիւն մը դարձնել: Առի՛թ պէտք է տրուի, առի՛թ: Է՜հ, Լոռին այս նիւթերով խօսելու առիթ երբ գտնէ, ժամերո՜վ կրնայ խօսիլ…
***
Ահա պատմութիւնը` Լոռիի մը եւ Րաֆֆիի մը, որ միմիայն մեր հայկական կամ լիբանանեան իրականութիւններուն չ՛առնչուիր, բայց զգալիօրէն ներկայ է հոն: Ահա` ընկերային «օրէնք»-ներու համակարգի մը օրինակը, որ կը սահմանափակէ անհատներու ազատ կեանքը եւ հաւասար կարելիութիւնները: Միշտ չէ, որ ընկերային «օրէնք»-ները ժխտական են: Սակայն կարեւոր է քննական մօտեցումով վերաբերիլ անոնց հետ եւ ճիշդ ախտաճանաչում կատարել: Այս օրինակը կ՛ակնարկէ սեռերու (gender) առնչուող «օրէնք»-ներուն եւ այդ ծիրին մէջ` անհաւասար կարելիութիւններու ու սահմանափակումներու: Ինչպէս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, այս առումով, ընկերութեան կառոյցը այնպէս մը եղած է, որ արժեզրկած է Լոռին եւ յառաջ մղած է Րաֆֆին, թէեւ` անոր վրան ալ ճնշումներ բանեցնելով: Լոռիին ճնշողը Րաֆֆին չէ, այլ` ընկերային «օրէնք»-ներ, որոնք նկատի չեն առներ սեռերու (gender) հաւասարութիւնը: Իսկ հաւասարութիւնը արդար ընկերութեան նախապայման է: Ընկերութիւնը յառաջ կ՛երթայ, եթէ ամէն անհատ կարենայ ի՛ր կարողութիւններով նպաստել անոր զարգացման: Որպէսզի Լոռիները եւ Րաֆֆիները կարենան ընկերութեան մէջ ունենալ իրենց ուզած դերը եւ ըլլան արդիւնաւէտ, պէտք է ընկերութեան մաս կազմող անհատները գործօն ձեւով ճիգ թափեն արտօնելու դարեր առաջ ձեւ առած ընկերային «օրէնք»-ներու փոփոխութիւնը: Իսկ «օրէնք»-ի փոփոխութիւնը կը պահանջէ անհատներու կամքի եւ ապրելաոճի փոփոխութիւն: