Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ Նշուեցաւ Լիբանանի Անկախութեան Տօնը

December 4, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտութիւնը այլազան ձեռնարկներով նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ին, Ե.-Ժբ. դասարանի աշակերտները, իրենց տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին լիբանանեան բանակի մաղաուիրներու վաշտի Ռումիէի «Ղասսան Ռամմեն» զօրանոցը, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացան սպաներուն եւ զինուորներուն կողմէ:

Գեղեցիկ էր դիտել զինուորներուն ճկունութիւնն ու մարտունակութիւնը` իրենց ցուցադրած ռազմամարզական ներկայացումին ընդմէջէն:  Ապա անոնք առիթ տուին աշակերտներուն նոյն փորձառութիւնը ապրելու: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ուզեցին փորձել ամէն ինչ, նաեւ  առիթ ունեցան ականատես ըլլալու հրացանաձգութեան, թշնամի խումբերու բախումի, բանակի յաղթանակին, թշնամիին նահանջին… մէկ խօսքով`  իսկական «մարտ»-ի մը:

Այցելութեան երկրորդ բաժինով աշակերտները ուղղուեցան ամփիթատրոն, ուր բարի գալուստի խօսքէն ետք, հրամանատարը մանրամասնօրէն ներկայացուց վաշտին պատմականն ու մարզումի եղանակները՝ նշելով նաեւ վաշտին այն բոլոր նահատակները, որոնք ինկած են ի խնդիր հայրենիքի պաշտպանութեան: Բացատրութեան կ՛ընկերանար տեսերիզի ցուցադրութիւն մը: Աշակերտները ներկայացուցին  գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` երգով, ասմունքով ու պարով, որմէ ետք խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն  Զոհրապ Ղազարեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս գեղեցիկ առիթի ընծայման համար` մօտէն ծանօթանալու  լիբանանեան բանակի մէկ մասնիկին եւ անոր աշխատանքներուն: Ղազարեան վեր առաւ նահատակութեան գաղափարը` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը այլ ազգերէ աւելի կ՛ըմբռնէ յանուն հայրենիքի նահատակութեան գաղափարը, վկայ` իր մէկ ու կէս միլիոն զոհերը: Խօսքի աւարտին քոլեճին անունով Զ. Ղազարեան յուշանուէր մը յանձնեց հրամանատարին:

Նահատակներուն ձիթենեաց պուրակէն անցնելով` աշակերտները ուղղուեցան թանգարան, ուր ցուցադրուած էին զինամթերք եւ զինուորական այլ գոյքեր: Անկէ ետք անոնք Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին:

Խմբային նկարէն ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:

Աշակերտները դպրոց վերադարձան` իրենց հետ բերելով անմոռանալի յուշեր:

Հայերէնի աշխատանքներու ծիրին մէջ, Լիբանանի անկախութեան տօնի նախօրեակին, Ե.1 եւ Ե.2 դասարանները երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2017-ին դպրոցի շրջափակին մէջ  ցանեցին ութ մայրիի ծառեր` յաւերժացնելու լիբանանեան մայրին, որ կը խորհրդանշէ լիբանանցի ժողովուրդը` միշտ երիտասարդ իր մշակոյթով, ուժով ու պայքարով:

Ուրբաթ, 24 նոյեմբերի ատենամարզանքի պահերուն նախակրթարանի Ա.-Դ. դասարաններու աշակերտները լիբանանեան բանակի տարազներով ու դրօշակներով տողանցեցին բակին մէջ, ապա համախմբուեցան սրահին մէջ, ուր քայլերգներու երգեցողութենէ ետք, դասարան առ դասարան ներկայացուցին արաբերէն լեզուով հաճելի զաժալ մը: Ապա անոնք դիտեցին անկախութեան պատմութիւնը, ասմունքեցին ու երգեցին  Լիբանանի անկախութեան նուիրուած կտորներ եւ դիտեցին լիբանանեան աւանդութիւններուն մասին վաւերագրական երիզ մը:

Նշենք, որ Ա. եւ Բ. դասարանները արդէն իսկ պատրաստած էին իրենց ձեռայինները` մեծ խանդավառութեամբ:

Մանկապարտէզի աշակերտները եւս ամբողջ շաբթուան ընթացքին ապրեցան անկախութեան մթնոլորտը` տողանցելով, երգեր ու արտասանութիւններ սորվելով ու  այլազան ձեռային աշխատանքներ կատարելով:

Նախորդը

Լիբանանի 74-րդ Անկախութեան Տարեդարձը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձր. Վարժարանի Մէջ

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Քրիստոնեաներուն Դէմ Գործադրուած Ատելութեան Յանցագործութիւնները Կանխարգիլելու Եւ Հակազդելու ԵԱՀԿ-ի Կազմակերպած Խորհրդաժողովին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.