Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վալանսի Միօրեայ Վարժարանի Հողին Օծումը

December 4, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ». Կիրակի, նոյեմբեր 26-ին հանդիսաւոր արարողութեամբ կատարուեցաւ օծումը հողին, որուն վրայ պիտի կառուցուի Վալանսի հայկական միօրեայ վարժարանը: Այս մէկը նշեալ ծրագրին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին առաջինն էր: Օծման արարողութեան նախագահեց Նորվան արք. Զաքարեանը` կողքին ունենալով Նարեկ Ա. քհնյ. Վարդանեանը եւ Անդրանիկ քհնյ. Մալճեանը, որոնք կիրակնօրեայ պատարագի աւարտին, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու տպաւորիչ տողանցքով ուղղուեցան դէպի ապագայ դպրոցին բակը:

Ներկայ էին նաեւ` Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնը, Վալանսի շրջակայից քաղաքական դասը եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, վալանսահայ խուռներամ բազմութիւն մը: Ամպիոնէն իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը` Անդրանիկ քհնյ. Մալճեանը, որ ընդգծեց սփիւռքի մէջ հայերէնի պահպանութեան կարեւորութիւնը: Վալանսի Հայ մշակոյթի կեդրոնի նախագահ (CCAV) Նորվան արք. Զաքարեան կոչ ըրաւ նիւթապէս մասնակցելու այս ծրագրին: Ան շեշտեց հայ համայնքի անդամներուն մասնակցութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը` ըսելով, որ դպրոցը աւելի զօրաւոր հիմք կ՛ունենայ, երբ 1.000 հայորդիներ 500-ական եւրօ կը ներդրեն, քան թէ` բարերար մը, որ մինակը 500.000 կը նուիրէ: Այս է միջոցը, որով դպրոցը համայնքին սեփականութիւնը կը դառնայ, եւ ամէն ոք ինքզինք պատասխանատու կը զգայ անոր նկատմամբ:

Խօսք առաւ նաեւ Վալանսի ֆրանքեւհայկական վարժարանի յանձանձման ընկերակցութեան (Association de Gestion de l’école Franco-Arménienne de Valence – AGEFAV) երիտասարդ նախագահը` Համբիկ Յովսէփեանը, որ մեծ խանդավառութեամբ եւ համոզումով շեշտը դրաւ ծրագրի գրաւականներուն վրայ` նշելով. «Հայերէնը, ֆրանսերէնը եւ անգլերէնը պիտի ուսուցանուին հաւասար մակարդակով»: Եւ հուսկ, խօսքը տրուեցաւ քաղաքապետ Տարակոնին, որ յայտարարեց. «Սրտանց կը մաղթեմ, որ այս դպրոցը իրագործուի: Ճանապարհը դժուար է, մանաւանդ` սկզբնական շրջանին, գոնէ չորս-հինգ տարի, մինչեւ որ դպրոցը պետութեան հետ համաձայնագիր կնքէ, որպէսզի քաղաքապետարանը եւ Շրջանային խորհուրդն ալ կարենան աջակցիլ անոր»:

Պաշտօնական յայտագրի աւարտին ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ միասին ճաշակելու նախօրօք եկեղեցւոյ վարչութեան կողմէ պատրաստուած համադամները եւ բարձրացնելու` դպրոցի շինութեան յաջող գործընթացին համար կենաց բաժակը: Տեղի ունեցաւ նաեւ ժողովրդային հանգանակութիւն:

Թէ՛ սրբազան հայրը եւ թէ՛ Համբիկ Յովսէփեանը ողջունեցին ներկայութիւնը պարոն Անտրէ Հացպանեանին, որ իբրեւ գործակատար` կարճ ժամանակի մէջ պատրաստած է դպրոցին ճարտարապետական նախագիծը:

Թէեւ թեմիս առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանը եւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը նախորդ օրը Վալանսի մէջ Մշակութային տան վերակառուցման արարողութեան մասնակցած էին, սակայն չէին կրցած ներկայ գտնուիլ հողօրհնէքին` հրաւիրուած ըլլալով Մարսէյի մէջ «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբի 40-ամեակի հանդիսութեան: Վահան սրբազան խանդավառութեամբ իր զօրակցութիւնը յայտնած էր` ըսելով. «Պիտի ընենք մեր կարելին, որպէսզի ամբողջ ֆրանսահայութիւնը ներգրաւուի այս ծրագրին մէջ»: Նշենք, որ դպրոցական համալիրը պիտի բարձրանայ Ս. Սահակ եկեղեցւոյ կից հողատարածքին վրայ, 12, rue de la Cécile հասցէին: Պիտի ունենայ 8 դասարան (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան), գրադարան մը, ճաշասրահ եւ վարչական բաժիններ: Տարածքը քաղաքին կեդրոնը գտնուելու առաւելութիւնն ունի եւ կ՛ընձեռէ նաեւ կառատուն եւ զբօսանքի մեծ բակի մը կառուցման կարելիութիւնները: Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան չափանիշներու պատշաճեցման համար հարկ է կատարել նաեւ վերանորոգման եւ ընդարձակման որոշ աշխատանքներ: Այս բոլոր աշխատանքներուն ծախսերը կը գնահատուին շուրջ 1,5 միլիոն եւրօ:

Յիշեցնենք, որ բարերար Գէորգ Արապեանը որոշած է 600.000 եւրօ նուէրով մը մասնակցիլ այս ծրագրի իրագործման:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.