Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է Ֆրանսա Եւ Զուիցերիա

November 30, 2017
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նոյեմբեր 23-էն դեկտեմբեր 2 աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսա եւ Զուիցերիա:

Հրանուշ Յակոբեան նոյեմբեր 24-ին Մարսէյ քաղաքին մէջ այցելած է «Համազգային» ամէնօրեայ վարժարան, հանդիպած` վարժարանի ղեկավարութեան, այնուհետեւ շրջայց  կատարած է դպրոցի դասարաններուն, նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին մէջ: «Համազգային» այցի ծիրէն ներս ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր, որմով ամրագրուած է Երեւանի Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 հիմնական դպրոցի եւ այդ դպրոցի հետ քոյրացումը:

Նոյեմբեր 25-ին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Մարսէյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Ռուբէն Խարազեանի, Լիոնի մէջ փոխհիւպատոս Գայեանէ Մանուկեանի,  Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Վալանսի Հայ մշակոյթի կեդրոն եւ «Ռատիօ Ա»-ի գրասենեակ: Հանդիպման ներկայ եղած են` Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլիա Տարակոնը, Պուրկլէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրրիենը, Տրոմ տարածաշրջանի փոխնախագահ Վերոնիկ Փուկիեթը: Իր ելոյթին ընթացքին Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ ուրախ է հիւրընկալուելու Վալանսի հայկական համայնքին մէջ: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի իշխանութիւններուն, որոնք 20-րդ դարու սկիզբին իրենց յարկին տակ ընդունած են Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածները: Իր խօսքին մէջ Հրանուշ Յակոբեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա ջերմ յարաբերութիւններուն` կարեւոր համարելով համայնքին դերը այս հարցին մէջ: Այնուհետեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան «Ռատիօ Ա»-ի 35-ամեայ յոբելեանին առիթով ռատիոկայանի տնօրէն Ժորժ Աւետեանին յանձնած է «Ռատիօ Ա»-ին շնորհուած նախարարութեան «Երախտագիտութեան մետալ»-ը, իսկ նախարարութեան պատուոգիրերով եւ շնորհակալագիրերով պարգեւատրած` ռատիոկայանի աշխատակիցները:

Հրանուշ Յակոբեան նոյեմբեր 27-ին հանդիպում ունեցած է Կրենոպլ քաղաքի հայկական համայնքային կառոյցներու ղեկավարներու եւ անդամներու հետ: Նախարարը նախ հանդիպում ունեցած է Կրենոպլի մէջ գործող հայկական ընկերակցութիւններու նախագահներուն հետ, որոնք հակիրճ ներկայացուցած են իրենց գործունէութիւնը, ծրագիրներն ու կատարած աշխատանքները: Իր ելոյթի ընթացքին նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները, 2018 թուականին նախատեսուած ձեռնարկները: Հրանուշ Յակոբեան հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած աւանդի համար նախարարութեան շնորհակալագիրեր յանձնած է Մշակոյթի տան ուսուցիչներուն:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Լաւալի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» Կոմիտէութիւնը Նշեց Իր 25-ամեակը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ուսուցչի Օրը Եւ Հայ Դպրոցը

March 11, 2026
Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք
Անդրադարձ

Եօթը Ամէնէն Քաղաքավարական Եզրերը

March 11, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.