ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփեկեան» թատերախումբի վարչութեան, կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, պետական մրցոյթներու դափնեկիր, Միացեալ Նահանգներու շարժապատկերի եւ թատրոնի արուեստագէտներու միութեան անդամ Յովհաննէս Պապախանեանը պիտի ներկայացնէ Կարէն Խաչատուրեանի «ՊԱՏԳԱՄ» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Մարի Մսրեանի:
Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի առաջատար դերասանը շուրջ քսանհինգ տարի հայ հանդիսատեսը հմայած է իր բեմական կերպարներով` Շէյքսփիրի «Յուլիոս Կեսար», «Մաքպեթ», «Ռոմէօ Ճիւլիեթ», Սթրաթիեւի «Աւտոպուս», Պ. Զէյթունցեանի «Յիսուս Նազովրեցի» թատերախաղերու, ինչպէս նաեւ «Լռութեան սիմֆոնիա», «Սովորական բնազդ», «Անտրոփոլոկիա», «Սեպտեմբեր», «Հերոսթրատ» ժապաւէններու մէջ` բազում պարգեւներու շարքին արժանանալով Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Գ. Նարեկացի» մետալին, Թատերական գործիչներու միութեան «Արտաւազդ» եւ «Սիրանուշ» մրցանակներուն…
Վերջին տասը տարիներուն անուանի արուեստագէտը կը ստեղծագործէ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Նշանաւոր «Պրոտուէյ»-ի եւ «Քառնեկի հոլ»-ին մէջ ծափահարուած հայ դերասանը դարձած է հոլիվուտեան կարգ մը աստղերու` Էրիք Ռոպերցի, Ռիթա Կրէյի, Մարթըն Քոֆի, Ճոն Պէյրի Մուր Կրտսերի, Մալքոլմ Մաք Տաուէլի, Ճուլիա Լուիս Տրէյֆուսի եւ այլոց խաղընկերը, դասական ճազի մէջ` Ռենէ Ռոպինսընի զուգընկերը:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Ատամ Շիֆ եւ նահանգապետ Մայք Էրիք Քարսեթթի տարբեր տարիներու եռակի անգամ պարգեւատրած են Յովհաննէս Պապախանեանը, սակայն հայ դերասանին համար յատուկ իմաստ մը ունի Միացեալ Նահանգներու Ազգային ակադեմիայի կողմէն ստացած «ՎՈՒՏՐՕ ՈՒԻԼՍԸՆ» ոսկի մետալը:
«Յաջողութիւնը զիս կը պարտաւորեցնէ շարունակ վերադառնալ հայ բեմ, հանդիպիլ իմ հանդիսատեսին հետ, որուն ծափահարութիւններու ներքոյ ես հասած եմ բանի մը», կ՛ըսէ Յովհաննէս Պապախանեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպած «ԱՐՄՄՈՆՕ» ամէնամեայ միջազգային թատերական փառատօնին բացման պատիւը այս տարի շնորհուած է Յովհաննէս Պապախանեանին: Աշխարհի շուրջ երեսունհինգ երկիրներու արուեստագէտներ ապրիլ 28-ին «ՊԱՏԳԱՄ» ներկայացման ընդմէջէն անգամ մը եւս առիթ կ՛ունենան առնչուելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին:
Երախտագէտ արուեստագէտը երբեք չի մոռնար իր հարազատ թատրոնը, ուր տարիներու ընթացքին յղկուեր են իր դերասանական բնատուր կարողութիւնները: Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնն ալ իր կարգին 2018-ի մայիս 8-ին իր բեմը պիտի տրամադրէ Յովհաննէս Պապախանեանին` մենաթատրոնի ներկայացմամբ հանդիսատեսին հետ նշելու հարազատ արուեստագէտին 50-ամեայ յոբելեանը:
Ոմանց յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ են 2006-ի մարտին Պէյրութի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կայացած Փաթրիք Զիւզքենտի «Քոնթրապասը» մենաթատրոնէն ստացած տպաւորութիւնները` Յովհաննէս Պապախանեանի կատարմամբ: Անուանի դերասանի խաղացանկին մէջ վերջերս տեղ գտած ներկայացումը Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին նուիրուած «ՊԱՏԳԱՄ» մենաթատրոնն է, որ 2018-ի ապրիլ 22 -ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սպասուած վերադարձ է, վերադարձ` «ՊԱՏԳԱՄՈՎ»: