Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Գրասենեակը Ըլլալով Երիտասարդ, Ունի Ո՛չ Միայն Հայաստանեան Խնդիրները Արծարծելու Եւ Անոնց Վրայ Կեդրոնանալու Առաքելութիւն, Այլ` Սփիւռքի, Արցախի, Հայաստանի Մեր Բոլոր Աղբիւրները Համախմբելու, Հասարակութեան Հետ Աշխատելու Յանձնառութիւն» Կ՛ըսէ Արտակ Սարգսեան

Ապրիլ 23, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս Լիբանան կը գտնուէր ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արտակ Սարգսեանը: «Վանայ ձայն» եւ «Ազդակ» միացեալ հարցազրոյց մը կազմակերպեցին անոր հետ` մօտէն իմանալու նորաստեղծ գրասենեակի աշխատանքներուն մասին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան գործունէութեան մէջ Հանրային կապերու գրասենեակը նորութիւն մըն է. ինչպէ՞ս ծագեցաւ գաղափարը նման գրասենեակ մը հաստատելու:

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ.- Ժամանակակից աշխարհը փոխուած է, եւ բնականաբար մենք չենք կրնար տոփել, ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրները դիմակայելու եւ համապատասխան գործելաոճ որդեգրելու խնդիրը պէտք է կարենանք լուծել: Դաշնակցութիւնը ըլլալով համաշխարհային եւ համազգային կառոյց` անհրաժեշտութիւն ունէր ամբողջական գրասենեակ ունենալու, որ լուծէր հանրային կապերու եւ քարոզչական աշխատանքներու համադրման գործառոյթը: Գիտենք, որ Դաշնակցութիւնը ունի բազմաթիւ մետիա գործիքներ, որոնք ժամանակի ընթացքին արդիականացած են, սակայն, որոշակի առումով, կ՛աշխատէին տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր տրամաբանութեամբ: Տեղեկատուութեան սփռման եւ քարոզչական տեղեկատուական աշխուժ հոսքերու պայմաններու մէջ կարիք կայ, որ աշխատանքները որոշակիօրէն համադրուած իրականացուին եւ քարոզչամիջոցները աշխատին միասնական տրամաբանութեան մէջ, որպէսզի աշխատանքները ըլլան աւելի արդիւնաւէտ եւ թիրախային: Մեր գրասենեակը այդ խնդիրը ըստ էութեան կը լուծէ ժամանակակից մետիա հնարաւորութիւնները արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելով, որպէսզի կարենանք միասնական ճակատ եւ մետիա հարթակ ձեւաւորել, եւ ոչ` միայն կուսակցական գաղափարախօսութիւն եւ ծրագիրներ ներկայացնել, այլ` յատկապէս  համազգային մեր կարեւորագոյն խնդիրներուն կարենալ աւելի աջակից արձագանգել եւ հասու դարձնել մեր հասարակութեան: Մեր գրասենեակը ըլլալով երիտասարդ, նոր ձեւաւորուած` ունի ոչ միայն հայաստանեան խնդիրները արծարծելու եւ հայաստանեան խնդիրներու վրայ կեդրոնանալու առաքելութիւն, այլ` ընդհանրապէս սփիւռքի, Արցախի, Հայաստանի մեր բոլոր աղբիւրները համախմբելու, հասարակութեան հետ աշխատելու յանձնառութիւն: Ազգային ու նաեւ միջազգային հարթակին վրայ առանձնակի խնդիր դրած ենք տեղեկատուական պատերազմներուն մէջ մեր դերակատարութիւնը ստանձնելու եւ միասնական համազգային ճակատ ձեւաւորելու: Մենք ունինք այդ աղբիւրը եւ կրնանք մեր չափով նպաստ բերել այս ընդհանուր կարեւոր գործին:

Հ.- Ինչ կը վերաբերի աշխատանքային ընթացակարգին, բաւական ծաւալուն աշխատանք մըն է հիմնականօրէն համադրողի դերակատարութիւնը` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ լայնատարած սփիւռքի մէջ, որ որոշ ջանք կ՛ենթադրէ: Գրասենեակը քանի՞ անդամներէ բաղկացած է, ի՞նչ ընդհանուր ընթացակարգ ունի եւ աշխատանքի իմաստով քարոզչականի, քաղաքականի կողքին նաեւ այլ մարզեր պիտի ընդգրկէ՞, օրինակ, սփիւռքի պարագային` Հայ դատի աշխատանքները:

Ա. Ս.- Գրասենեակը ձեւաւորման գործընթացի մէջ  է. այս պահի դրութեամբ փոքր աշխատակազմ ունիք` հինգ հոգիէ բաղկացած: Մենք ռազմավարութիւն մէջտեղ բերինք, որպէսզի մեր տարբեր շրջաններու բոլոր մասնակից կողմերը կարենան ներգրաւուիլ այդ աշխատանքներուն մէջ: Մեր աշխատանքները կանոնակարգելու համար ունինք շրջանային հանրային կապերու պատասխանատուներ, որոնք կը հանդիսանան իրենց շրջաններու պատասխանատուները, այդ ոլորտի աշխատանքները հիմնականին մէջ իրենց հետ կ՛իրականացուին: Մարտ 10-12 մենք ունեցանք մամուլի եւ այլ տեղեկատուական միջոցներու, հանրային կապերու պատասխանատուներու խորհրդաժողով, ուր առաջին անգամ ոչ միայն մեր մամուլի պատասխանատուները ներկայ էին, այլ նաեւ` ռատիոներու պատասխանատուները, ընկերային մետիային մէջ աշխատող մեր պատասխանատու ընկերները եւ շրջաններու հանրային կապերու պատասխանատուները: Այդտեղ էր, որ ձեւաւորուեցան ընդհանուր խնդիրները. մենք կրցանք մեր կողմէ որդեգրուած այդ նոր քաղաքականութիւնը, ռազմավարութիւնը հասու դարձնել բոլորին եւ ձեւաւորել ընդհանուր աշխատանքներու հարթակը: Այսօրուան տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ աշխարհագրական սահմանները հաշուի չառնել, եւ մենք տարբեր մասնագիտական հարթակներ ձեւաւորելով` կրնանք արագ տեղեկատուութիւնը անմիջապէս փոխանակել միմեանց մէջ եւ կարեւորագոյն խնդիրներու շուրջ միասնաբար միասնական լրատուական քաղաքականութեամբ անդրադառնալ: Ի հարկ է ժամանակը մեր առջեւ  է, մեր առաջին քայլերն են, մենք յոյսով ենք, որ համատեղ ջանքերով կը յաջողինք, բայց իրականութեան մէջ բաւական բարդ եւ ծաւալուն աշխատանք է. յատկապէս դժուար է նաեւ այն առումով, որ Դաշնակցութիւնը իր ծննդեան օրէն շատ կարեւորած է քարոզչութիւնը եւ մամուլը. սփիւռքի մէջ կարեւորագոյն օճախներ հանդիսացած են մեր թերթերու խմբագրատուները: Տեղեկատուական դարաշրջանը իր պայմանները կը թելադրէ, իր առաջնահերթութիւնները, ձեւաչափերն ու  մեթոտները կը թելադրէ, մենք կը փորձենք այդ նորարարութիւնները փորձարկել մեր աշխատանքներուն մէջ:

Հ.- Ձեր խօսքերէն կը ստանանք այն տպաւորութիւնը, որ արդէն փորձ կատարուած է դուրս գալու արմատացած մամուլ հասկացողութենէն, որ աւանդաբար մեր սովորական գրաւոր մամուլին եւ վերջերս բանաւոր մամուլին ընդմէջէն կը դրսեւորուէր: Ներկայիս ինքզինք պարտադրող համացանցի լայն կամ համաշխարհայնացման այս ընդհանուր կացութեան մէջ ընկերային ցանցերը շատ աւելի ազդու միջոցներ դարձած են, դուք նաեւ զանոնք ընդգրկելու եւ համախմբելու եւ ընդհանրապէս այս գաղափարը փոխելու աշխատա՞նքն է, որ կը կատարէք:

Ա. Ս.- Այսօր մենք չենք կրնար միայն աւանդական լրատուական գործիքներով առաջնորդուիլ: Այսօր համացանցը յեղափոխած է ամէն ինչ, անհատական տեղեկատուական գործիքները, հեռախօսները, համակարգիչները ամէն բան փոխած են, եւ իւրաքանչիւրս դարձած ենք ոչ միայն տեղեկատուութեան սպառողներ, այլ` տեղեկատուութիւն արտադրողներ: Այստեղ շատ կարեւոր է անհատներու դերը: Արդէն համացանցը դարձած է ընկերային մետիա. այստեղ միայն մէկ գործիքով աշխատիլը, առանց միւս գործիքներու հետ փոխշաղկապուած աշխատանքը արդիւնաւէտ չէ. ելեկտրոնային տեղեկատուութիւնը եւ այդ տիճիթըլ գործիքները, որ կան, պէտք է լրացնեն գոյութիւն ունեցող աւանդոյթները: Ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ աւանդական գործիքները որքանո՛վ կենսունակ են, բայց այսօր մենք ունինք իրավիճակ մը, երբ ընկերային մետիան դարձած է թելադրող. տեղեկատուական քաղաքականութեան մէջ նոյնիսկ մեծ պետութիւնները իրենց տեղեկատուական անվտանգութեան համակարգերը կը փոխեն, տեղեկատուական քաղաքականութիւնները կը փոխեն` փորձելով միջամտել միմեանց գործերու մէջ այդ գործիքներու միջոցով, նոյնիսկ տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններու վրայ կը փորձեն ազդել, եւ այս իրականութիւնը հաշուի չառնել` կը նշանակէ գործել անարդիւնաւէտ եւ ոչ թիրախային եւ հանրութեան պահանջները չկարենալ լիարժէքօրէն բաւարարել: Այսօր մենք կը տեսնենք, որ բոլոր լրատուամիջոցները արդէն իրարու հետ փոխշաղկապուած ձեւով կ՛աշխատին, եւ դժուար է սահման դնել, թէ ո՛ւր կը սկսի ռատիոն, ո՛ւր կ՛աւարտի հեռուստատեսութիւնը եւ ընկերային ցանցը: Բոլոր աւանդական լրատուամիջոցները ընկերային ցանցերուն մէջ արդէն ունին իրենց ներկայութիւնը. ընկերային ցանցերը կ՛ուժգնացնեն աւանդական լրատուամիջոցներու արտադրանքը: Անոնք կրնան հասանելիութիւն ապահովել տարբեր միջոցներով: Բնականաբար կուսակցութիւններ եւ տարբեր հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ պետութիւններ պարտադրուած են ուղղակի վերանայիլ իրենց մեթոտաբանութիւնները եւ համակարգերը:

Հ.- Ինչ կը վերաբերի ձեր կողմէ մշակուած ռազմավարութեան, որուն հետ կապուած խորհրդաժողովին ներկայ էին «Վանայ Ձայն»-ի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնները, արդեօ՞ք անիկա ուղենիշ մըն է: Ի՞նչ ձեւով պիտի կայանայ աշխատանքը: Արդեօ՞ք միայն ուղղուած է ներքին կառոյցի տեղեկատուական դաշտին:

Ա. Ս.- Միայն գրասենեակը չէ, որ աշխատանքներ կ՛իրականացնէ. մենք ունինք հանրային կապերու մարմին, որ համաշխարհային բնոյթ ունի. տարբեր երկիրներու մեր մասնագէտները հանրային կապերու ոլորտին մէջ ներգրաւուած են հանրային կապերու մարմինին մէջ: Մենք խնդիր դրած ենք երկու ուղղութեամբ աշխատիլ. առաջինը` ընդհանրապէս հանրութեան հետ աշխատանքներն են, եւ երկրորդը` ներքին կուսակցական հաղորդակցութիւնը խթանելու աշխատանքներն են, ժամանակակից հանրային կապերու ներառման կարեւորագոյն սկզբունքներն են: Որեւէ կազմակերպութիւն չի կրնար անտեսել իր անդամները, իր համակիրները  եւ աշխատանք չտանիլ տեղեկատուական հասանելիութեան. փորձել միայն արտաքին միջավայրի վրայ աշխատիլ` յաջողութիւն չի բերեր, որովհետեւ իւրաքանչիւր դաշնակցական ինքը գործօն քարոզիչ է, եւ անոր կերպարի միջոցով է, որ հանրութիւնը կ՛ընկալէ կուսակցութիւնը: Այս իսկ պատճառով մենք խնդիր դրած ենք երկու աշխատանքներն ալ իրականացնել եւ ներքին հաղորդակցութիւնը կուսակցութեան մէջ խթանել եւ այդ ընդհանուր գործով բացուիլ հանրութեան, որովհետեւ եթէ դուն չունիս ազդեցութիւն, եթէ քեզ չեն հաւատար, դուն չես կրնար յաջողութիւն ունենալ:

Հ.- Ինչ կը վերաբերի ձեր Պէյրութ այցելութեան, ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները Լիբանանէն եւ ինչպիսի՞ հանդիպումներ ունեցաք Պէյրութի մէջ:

Ա. Ս.- Նախ կը ցանկամ յաջողութիւն մաղթել Դաշնակցութեան թեկնածուներուն Լիբանանի խորհրդարանի թէժ ընտրութիւններուն: Ինծի համար շատ կարեւոր էր ներկայ գտնուիլ այդ ընտրապայքարի փոքրիկ հատուածներուն, ընկալել այդ ընդհանուր գործընթացներու տրամաբանութիւնը: Այստեղ թեկնածուներու կողմէ կատարուեցան շատ կարեւոր շեշտադրումներ` հայ համայնքը ներկայացնելու համար, որ բաւականին խելացի տրամաբանական արտայայտութիւն է: Դաշնակցութիւնը առաջադրելով իր թեկնածուները` կը խօսի համայնքի անունով եւ հաւաքաբար կը ներկայացնէ իր մօտեցումները ու ողնաշար կը հանդիսանայ Լիբանանի քաղաքական դաշտի մէջ ներկայացուած ըլլալով խորհրդարանի մէջ: Եւ այդ առումով, չափազանց կարեւոր են Լիբանանի խորհրդարանական այս ընտրութիւնները: Հայ հասարակութեան կոչ կ՛ուղղեմ, որպէսզի մայիս 6-ին քուէարկեն Դաշնակցութեան թեկնածուներուն, որովհետեւ անոնք կ՛ունենան հասցէատէր` համայնքային խնդիրներու, ինչո՞ւ չէ, նաեւ անձնական խնդիրներու մէջ` որոշ առումով, իսկ այլ պարագաներուն դժուար է պատկերացնել, թէ արդիւնքները ինչպիսի՛ն կ՛ըլլան, աշխատանքները ի՞նչ ուղղութեամբ կ՛երթան, եւ մարդիկ անհատական կերպարները, որոնք ներկայացուած են` որպէս թեկնածուներ, հետագայ իրենց քայլերը ինչպիսի՞ն կ՛ըլլան, որովհետեւ դժուար է վերահսկել անհատը, եթէ ինքը հանրութեան հաստատութիւններուն մաս չի կազմեր, առաւել եւս քաղաքական հայկական կուսակցութեան` Դաշնակցութեան նման կուսակցութեան, որ ոչ միայն կ՛առաջադրէ, այլեւ կը վերահսկէ իր անդամները եւ թեկնածուները:

Ինծի համար չափազանց հետաքրքրական էր լրատուական միջոցներու, լրատուական հանրութեան ոլորտի մէջ աշխատողներուն հետ հանդիպումները: Հետաքրքրական էր տեսնել «Ազդակ»-ին, «Վանայ ձայն»-ին, «Օ. Թի. Վի.»-ին արտադրանքը, մշակները, որոնք կ՛աշխատին եւ կը ստեղծեն ազգային ոգիով հրաշալի տեղեկատուութիւն: Ես առիթ ունեցայ հանդիպելու «Ազդակ»-ի, «Վանայ ձայն»-ի, «Օ. Թի. Վի.»-ի խմբագրակազմերուն հետ, ուղղակիօրէն քննարկումներ ծաւալել, ներկայացնել մեր ընդհանուր աշխատանքները, որոնք նախատեսած ենք, յատկապէս` առաջադրել այն հարթակները, այն միջոցները, որոնք մեզի հնարաւորութիւն կու տան հետագայ մեր աշխատանքները խորացնելու: Ինծի կը թուի, որ բաւականին հետաքրքրական էր երկուստեք, թէ ի՛նչ կը նախատեսենք եւ գործնապաշտական մօտեցումներ կը ցուցաբերենք. յառաջիկային առիթը կ՛ունենանք գործնական տեսանելի աշխատանք ցոյց տալ: Երկրորդ կարեւոր հանդիպումը ունեցայ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական եւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Չափազանց տպաւորուած եմ երիտասարդներու ազգային ոգիով եւ իրենց կազմակերպական ու քաղաքական հասունութեամբ: Իմ առաջին ուղերձը իրենց այն էր, որ երիտասարդները մէկ-երկու քայլ առաջ ըլլան իրենց աւագ սերունդէն, այն առումով, որ  քիչ մը աւելի յեղափոխական եւ նորարարական ըլլան եւ մտածեն նորութիւն, նոր շունչ բերելու կուսակցութեան մէջ: Մեր երիտասարդներու խօսքին եւ աչքին մէջ զգացի ազգային ոգին եւ անկեղծ նուիրուածութիւնը աշխատանքին: Բնականաբար մեր քննարկումներու առանցքը հանրային կապերն ու քարոզչական աշխատանքներն էին, մենք կը խօսէինք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է երիտասարդութեան համար ստեղծենք այդ հնարաւորութիւնները` հաղորդակցելու, չպարփակուելով միայն Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ` հաղորդակցիլ մեր մնացեալ համայնքներու երիտասարդներուն հետ: Բնականաբար հաղորդակցելու առիթներ կ՛ըլլան տարբեր բանակումներու, ճամբարներու, ձեռնարկներու ժամանակ, բայց այսօրուան արհեստագիտական հնարաւորութիւնները օգտագործելը եւ սերտ համագործակցիլը աւելի նպատակային եւ թիրախային է քարոզչական հարթակին վրայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ, եթէ գործունեայ է, ինք արդէն բանալի անհատ է եւ ունի իր լսարանը, այդ լսարանը աւելի շատ կը սկսի հաւատալ այդ անհատին, որ աշխուժ է ընկերային ցանցերուն մէջ: Անհատները այսօր շատ կարեւոր են. երիտասարդ անհատները, որոնք իրենց կեանքի սկիզբէն արդէն տեսած են այս միջավայրը եւ գիտեն այս միջավայրին առաւելութիւններն ու հնարաւորութիւնները աւելի լաւ օգտագործել, քան` աւագ սերունդը:

Մենք ընդհանուր յայտարարի եկանք, ընդհանուր խնդիրները քննարկեցինք մէկ ալիքի վրայ ըլլալու. այդ հանգամանքը շատ կարեւոր է մտայնապէս, որպէսզի մենք բոլորս համոզուած ըլլանք մեր կատարած աշխատանքին մէջ եւ տեղափոխենք գործնականացման հարթակ:

Առիթ ունեցայ ըլլալու «Կիլիկիա» եւ «Արամ Պէզիքեան» թանգարաններ. ինծի համար չափազանց յուզիչ եւ հետաքրքրական էր այն առումով, որ ես իմ աշխատանքային գործընթացը սկսած եմ թանգարանէն. նկատեցի, որ փոքր տարածքը կրցած են արդիւնաւէտ օգտագործել` ներկայացնելով որբերու ճակատագիրը, եւ թէ ինչպիսի՛ դժուար աշխատանք իրականացուած է եւ ինչպիսի՛ յաջողութիւն կրցած են արձանագրել եւ նոր պայմաններուն մէջ որբերը կայացնել որպէս հայ մարդ: Կաթողիկոսարանի նիւթերն ալ բաւական հետաքրքրական էին, բաւական երկար ուսումնասիրեցի. առիթ ունեցայ նայելու պատմութեան, թէ ինչպէ՛ս այդ հարստութիւնը հասած է եւ ինչպիսի՛ կորուստներ ունեցած ենք: Ինծի համար ամէն ինչ արժէքաւոր էր, երբ ուղղակիօրէն, շօշափելով կը զգաս եւ կը տեսնես քու պատմութիւնդ, քու արժէքներդ եւ դժուարութիւնները:

Առիթ ունեցայ Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի հետ հանդիպումներ ունենալու եւ քննարկումներ ծաւալելու` ընդհանուր օրակարգերու հետ կապուած: «Վանայ ձայն»-ին հետ այս հարցազրոյցը խորհրդանշական իմաստ ունի: Մամուլի կողքին, այսօր կ՛արժեւորենք նաեւ ռատիոալիքները, հաղորդումները:

Յոյսով եմ` առիթ կ՛ունենամ այլ համայնքներու մէջ գտնուելու եւ նման անձնական հանդիպումներով ուղղակիօրէն խմբագրակազմերու հետ աշխատանքներ տանելու: Լիբանանի վերաբերեալ իմ պատկերացումներս հետեւեալն են. համայնքը Միջին Արեւելքի մէջ հայկական ամրոցն է` հայկական համայնքներու մէջ իր ուրոյն դիմագիծը ունենալով եւ համայնքային ամբողջ  համակարգը ձեւաւորելով ժամանակի ընթացքին: Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր, որ ամէն տեղ կը տեսնէի հայկական խորհրդանիշները, կը տեսնէի հայ մարդիկ, որոնք խանդավառուած են իրենց հայ ըլլալով. դպրոցները, վանքերը, ազգային հաստատութիւններու ամբողջ ցանցը ինծի հպարտութեան առիթ տուած է. մենք տարբեր ենք` որպէս ազգ եւ մշակութային ժողովուրդ. որպէս հնամեայ ժողովուրդ` զգացի, որ մենք յաւերժ ընթացք ունինք դեռ, որովհետեւ եթէ դժուարին պայմաններու մէջ դուն կրնաս նորէն յառնիլ եւ զարգանալ, դժուար է այդ ժողովուրդին հետ գործ ունենալ, բայց մենք պէտք է այդ համախմբուածութիւնը, մեր տեսակի շարունակութեան գործընթացը աւելի խնամքով իրականացնենք եւ մեր հայեացքը, սփիւռքի ներուժը օգտագործենք Հայաստան երկրի, Արցախ երկրի պետականութեան հզօրացման աշխատանքին մէջ, որովհետեւ որքան պետութիւնը հզօր կ՛ըլլայ, այնքան հզօր կ՛ըլլայ սփիւռքը: Պէտք  է կարենանք աշխարհով մէկ սփռուած ըլլալու մեր ողբերգութիւնը վերածել զէնքի:

Հարցազրոյցը վարեց ՇՈՂԵՐ ԳԱՌՆԷՇԵԱՆԸ

Արտագրեց ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆԸ

Նախորդը

Դիմաւորել 100-ամեակը – 15. Ինչպէ՞ս Կը Վերաբերին Պատմութեան Եւ Ազգի Մէկութեան

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Են Հիմնական Փոփոխութիւններ»

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?