Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն աւելի քան մէկ ամիս ետք տակաւին գործնապէս չեն սկսած կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները: Իրաւական-ընթացակարգային փուլերը այս երկրին մէջ դժուար կը հանգուցալուծուին. յետաձգումները, առկախումները եթէ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր համայնքի ապահովելիք չափաբաժիններու առաջադրանքներն են, այդ առումով գոյառուող անհամաձայնութիւնները, առեւտուրները եւ ապա ընդհանուր յայտարարներ գտնելը, միւս կողմէ, սակայն, արտաքին հեռակառավարումներու գործօնով գործընթացներու կասեցումները:
Քաղաքական լաւատեսութիւնը պէտք է փորձել պահել, հակախուճապային քայլերը արագացնել. ասիկա յատուկ վարքագիծ է, որ վերջերս կ՛երեւի պետական մակարդակի վրայ եւ յատկապէս կառավարական որոշ շրջանակներու մօտ Լիբանանին նոր հեռանկարներ պարզելու, ամբողջ տարածաշրջանը բռնկեցուցած թէժ իրավիճակներէ զերծ մնալու եւ միջազգային մակարդակի վրայ հեղինակութիւն ապահովելու:
Այս շրջագիծին մէջ ալ, թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւններ չկան, այսուհանդերձ քաղաքական թէ տնտեսական շրջանակներու մէջ յամառ շշուկներ կը շարունակեն յուշել, որ երկիրը կանգնած է տնտեսական նոր ճգնաժամ դիմակայելու իրականութեան դիմաց: Դրամատնային համակարգի մինչ այժմ փաստած անառիկութիւնը, ըստ որոշ ցուցիչներու, կրնայ խնդրոյ առարկայ դառնալ:
Ֆինանսատնտեսական դիւրաբեկութիւնը բնութագրողները եթէ հիմնականին մէջ հիմնաւորումները կը կեդրոնացնեն սուրիական պատերազմի հետեւանքով Լիբանան ապաստանած գաղթականական զանգուածին կուտակած պետութեան նոր բեռին կամ աժան աշխատուժի տարածման եւ շուկայի գրաւումին վրայ, միւս կողմէ նաեւ հետզհետէ կը համոզեն իշխանութիւններուն կողմէ պետական գումարներու առնուազն մսխումին դէմ կատարուած բարձրաձայնումներուն, ընտրական ծրագիրներուն զուտ յայտարարողական պարունակի մէջ սահմանափակուած մնացած ըլլալու մասին:
Ընդունուած տեսութիւն է, որ կալուածային եւ անշարժ գոյքերու առք ու վաճառքի շուկայի սառեցուած կամ յետընթաց վիճակը ամէնէն արագ եւ ամէնէն սուր ցուցիչն է ֆինանսատնտեսական իրավիճակի եւ անոր ոչ ուշ հեռանկարին: Իսկ այս առումով երեւցող նախադրեալները յուսադրիչ պատկերներ չեն պարզեր քաղաքացիներուն առջեւ:
Իրադրութիւններու ընթացքը արագ է: Համընթաց չէ պետական գործընթացներու կշռոյթը: Հակաճգնաժամային գործողութիւններ կազմակերպելը պետական տարբեր հաստատութիւններու եւ գերատեսչութիւններու համակարգումով համալիր ծրագիրներու մշակումն ու գործադրելիութիւնը կ՛ենթադրէ: Իսկ այստեղ առանցքը կառավարութիւնն է, որուն կազմութեան ուշացումը, ձգձգումը նման պայմաններու մէջ ո՛չ ազգային եւ ո՛չ ալ պետական մօտեցումներով արդարացումներ կրնայ ունենալ:
Այս երկիրը պէտք է միանգամընդմիշտ թօթափէ պետաիրաւական հաստատութիւններու կազմութեան եւ կայացման ընթացակարգերու ձգձգման հնամաշ աւանդութիւնը: Կարելի է առարկել, որ ամէնէն ժողովրդավար կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ կառավարութիւններու կազմութիւնը կրնայ առկախուիլ, իբրեւ հետեւանք քաղաքական անհամաձայնութիւններու: Բայց անոնց մօտ կան սահմանադրական ժամկէտներ, որոնք կը կանխարգիլեն անորոշ առկախումները: Երբ չկազմուի կառավարութիւնը կամ չնշանակուի վարչապետ, կամ վստահութեան քուէ չստանայ կառավարութեան ծրագիրը, առիթները սպառելէ ետք կը լուծարուի խորհրդարանը եւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի արտահերթ ընտրութիւններ:
Այստեղ առկախումները անորոշութեան կը մատնեն եւ ըստ էութեան կ՛անդամալուծեն պետութիւնը: Քաղաքական նման բեմագրութիւններ բազմիցս հրամցուած են լիբանանցի ժողովուրդին: Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ այս ընթացակարգը վերստին առաջնորդուած էր բնականոն հուն, հակառակ միջազգային եւ լիբանանեան բազում դժուարութիւններու եւ անոնց պատճառով արձանագրուած որոշ ուշացումներու:
Տարածաշրջանի անկայունութիւնը, ֆինանսատնտեսական ոլորտին սպառնացող երեւոյթները, տարբեր մարզերու մէջ ստեղծուող դժուարութիւններու արագ կուտակումը կ՛ընդգծեն, համապետական մտածողութեան պարտադրանքի հրամայականը. իսկ այդ պարտադրանքի գործնական դրսեւորումը կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնն է:
«Ա.»



