ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
24 յունիս 2018-ին տեղի պիտի ունենան թրքական նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան առաջին անգամ ըլլալով` նոր սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք, երբ երկրին կառավարման համակարգը խորհրդարանականէն փոխուեցաւ նախագահականի: Ընտրութիւնները պիտի կատարուին երկու փուլով: Առաջին փուլը 24 յունիսին է, իսկ երկրորդը` 8 յուլիսին: Թուրքիոյ Ազգային ժողովը նոր սահմանադրութեան շնորհիւ պիտի բաղկանայ 600 անդամէ (այժմ 550 անդամ կը հաշուէ):
Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այնպիսի քաղաքական եւ տնտեսական մթնոլորտի մը մէջ, ուր աճած են բռնութիւնները լայնախոհ լրատուամիջոցներու, լրագրողներու, ընդդիմադիր երեսփոխաններու եւ մտաւորականներու նկատմամբ, ուր թրքական լիրային արժէքը նահանջ արձանագրած է, եւ կառավարութեան գլուխ անցած անձերն ու իրենց հարազատները դատապարտուած են յարաբերելու կեղծ ընկերութիւններու հետ, որպէսզի խուսափին հարկային վճարումներէն: Ռազմական միջամտութիւններ տեղի կ՛ունենան Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, առաւել եւս թրքական ուժերու կողմէ գրաւեալ վայրերու մէջ բնակչութեան ցեղային փոփոխութեան փորձեր կը կատարուին: Կրօնամէտ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարութեան ներքեւ Թուրքիան շրջանին մէջ դարձած է կրօնամոլութեան աղբիւր, բայց աւելի վատը այն է, որ այդ կուսակցութիւնը դաշինք կնքած է ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ: Ի՞նչ տարբերութիւն այսօրուան Էրտողանի եւ 110 տարի առաջուան սուլթան Ապտիւլ Համիտի միջեւ:
Անշուշտ, այնպիսի կացութեան մը հասաւ Թուրքիան, որ նախագահը քննադատողը կը բանտարկուի, այն օրաթերթերը, որոնք կը տպեն քննադատութիւնները, կը փակուին, իսկ այն երեսփոխանները, որոնք կը համարձակին քննել հարցը, կը ձերբակալուին:
Վերը նշուածները ընդհանուր հարցեր են, որոնք ուղղակիօրէն կապ ունին Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն հետ, հետեւաբար կրնանք ըսել, թէ կապ ունին նաեւ Հայ դատին հետ: Թրքական իշխանութիւնները Էրտողանի գլխաւորութեամբ կը շարունակեն ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը զօրակցին Ազրպէյճանին եւ շրջապատած ու փակած են Հայաստանի սահմանը` նախապայման դնելով Արցախը յանձնել Ազրպէյճանին:
Էրտողան կը համագործակցի այնպիսի կուսակցութեան (Ազգայնական շարժում կուսակցութիւն) մը հետ, որ ոճիրներ գործադրած է Արցախի անմեղ բնակչութեան նկատմամբ, իսկ Թուրքիոյ մէջ ցեղապաշտութեան թիւ մէկ հրահրողը եղած է ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ (ներառեալ հայերը):
Հետեւաբար հայութեան կոչս է հետեւիլ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած բոլոր զարգացումներուն եւ զօրակցիլ ազատութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատման, որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան պակասը նաեւ կ՛ազդէ հայութեան վրայ: Օրինակ, այս տարի ապրիլ 24-ին, Պոլսոյ սուլթան Ահմեթ հրապարակին վրայ արգիլուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը` պաստառներուն վրայ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրի յիշատակման պատճառով: Նաեւ, այդ նոյն եզրը յիշելու պատճառով, երեսփոխան Կարօ Փայլանի դէմ բացուեցաւ հետաքննութիւն` քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը խախտելու պատճառով:
Վերջ տալու համար այս բոլոր զրպարտութիւններուն, նախ եւ առաջ պէտք է, որ Էրտողանն ու իր նոր օսմանական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պարտուին թէ՛ նախագահական եւ թէ՛ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Էրտողանէն ետք է, որ պիտի ստեղծուի ազատ եւ ժողովրդավար մթնոլորտ մը, ուր բաց եւ ազատ պայմաններու մէջ առիթ պիտի տրուի արծարծելու Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը:
Միայն ժողովրդավարական կարգերու հաստատման ժամանակ է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը պիտի քննարկուի բացայայտօրէն` օրաթերթերու, ընկերային ցանցերու եւ համալսարաններու մէջ:
Էրտողանի պարտութիւնը առաջին քայլը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման:Ահա այդ պարտութենէն վերջ է, որ խօսքի, հաւաքի եւ մամուլի ազատութիւնները պիտի կերտուին: