Յօդուածներ

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Սպառազինութեան Մոլուցք Պաքւում` Վախի Ախտանիշով

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Երեւոյթը նոր չէ: Դրա հիւանդագին ախտանիշները քանիցս արձանագրուել են անցած երեսուն տարում: Սկսած դեռեւս 1988-ի փետրուարից, երբ Սումկայիթի խոշոր արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններից մէկի` խողովակագլանման գործարանի արտադրամասերում հաշտապ կերպով սրածայր մետաղական ձողեր եւ կտրող այլ գործիքներ էին պատրաստւում` նոյն ամսուայ վերջերին քաղաքի հայ բնակիչների ջարդն ու կոտորածը կազմակերպելու եւ իրականացնելու նպատակով: Ու չնայած քաղաքի հայ քաղաքացիների թուաքանակն աւելի...

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով)

Յուշատետր. Ճակատագիր (Գ.)

Ռ. Հ. Եկէք` պահ մը վերստին կարդանք Պետրոս Դուրեանը. «Այս ճակատագիրն ինչ սեւ է, Աստուած, Արդեօք դամբանի մրուրո՞վ է գծուած...»: Տխուր էր Դուրեան ու կը հաւատար, որ իր ճակատագիրը գրուած է դամբանի սեւ մելանով: Ասիկա անդրադարձումն է այն մարդուն, որ դժբախտ է, որ չէ կրցած երջանկութիւնը վայելել իր կեանքին մէջ: Եթէ դժբախտ է, եթէ կը հաւատայ, որ բախտը զինքը նետած...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հանդիսաւոր Պաշտամունք` Նուիրուած Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակին Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ հայ աւետ. համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, 27 մայիսին հայ աւետ. Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր պաշտամունք: Պաշտամունքը սկսաւ պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի աղօթքով, որուն մէջ ան Աստուծոյ փառք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ազատ եւ անկախ հայրենիք ունենալուն համար: Օրուան պատգամը փոխանցեց վեր....

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ուրբաթ, 15 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու: Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակն է, ինչպէս նաեւ` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան...

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Հանդէս

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Հանդէս

Կիրակի, 10 յունիս 2018-ին, առաւօտեան ժամը  11:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը ներկաները փոխադրեցին Հայաստանի մայրաքաղաքի հրապարակը, ուր ներկայացուեցաւ «Լոռին ու Մեղրին Հայաստանի մէջ» խորագրուած հանդէսը: Կոկոն եւ ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով եւ «Սարդարապատ» յաղթերգով, իսկ ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին  բացման խօսքը` բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն: Եռագոյն տարազներով...

Միքայէլ Քհնյ. Տեմիրճեան Ստացաւ Լանջախաչ Կրելու Արտօնութիւն

Միքայէլ Քհնյ. Տեմիրճեան Ստացաւ Լանջախաչ Կրելու Արտօնութիւն

Կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, Ֆանարի Ս. Մատրան մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի շնորհուեցաւ լանջախաչ: Արդարեւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի առաջարկութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը սրբատառ կոնդակով քահանայ հօր շնորհեց լանջախաչ կրելու արտօնութիւն` առ ի գնահատանք անոր նուիրեալ աշխատանքին: Առ այդ, Ս. պատարագի աւարտին ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը: Իր սրտի...

Ազգային Ինքնութիւն Եւ Քննական Մտածողութիւն

Ազգային Ինքնութիւն Եւ Քննական Մտածողութիւն

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.  Մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի տարբեր ոլորտներու մէջ անհատներու թէ կազմակերպութիւններու արարքներու մեկնութիւնն ու վերլուծումը, շատ յաճախ, կ՛ընդգրկէ հետեւողականօրէն եւ սպառիչ ձեւով գործածուող «ազգային ինքնութիւն եզրը»: Այսպէս, անպաշտօն խօսքեր կամ պաշտօնական ելոյթներ, կանոնաւոր ձեւով կ՛օգտագործեն ազգային ինքնութիւն եզր-յղացքը, նշում կ՛ընեն անոր մասին, անոր կազմաւորումը կը նկատեն առաքելութեան առանցքը եւ անոր անխաթար պահպանման կը վերագրեն իրենց գոյութեան եւ...

Դիմաւորել 100-Ամեակը – 20.  100-ամեակին Կ՛ունենա՞նք Հայրենադարձութեան  Ծրագիր Եւ Գործադիր Մարմին

«Մամուլ» Եւ Մենք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Մամուլ» եւ մենք` ծերացած մոլորակի բնակիչներ` բոլոր միջօրէականներու եւ զուգահեռականներու, կարեւորներ եւ շարքայիններ, ղեկավարներ եւ մի ոմն lamda քաղաքացիներ: Ամէն օր, որ կ’անցնի, կը շեշտուին լայն առումով «մամուլ»-ի դերը եւ ազդեցութիւնը ընկերային-քաղաքական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, լրատուամիջոցը ըլլայ` դասական տպագիր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, ելեկտրոնային-համացանցային: Ազատութիւն, այլազանութիւն, չարախօսութիւն, որակ եւ անորակ` կը գոյակցին խառնիճաղանճային կացութեան մը մէջ, յաճախ շուարումի կը...

Դէպի Հունոտի Կիրճ` Աւելի Անվտանգ Ճանապարհով

Դէպի Հունոտի Կիրճ` Աւելի Անվտանգ Ճանապարհով

Այսուհետեւ Արցախի Հունոտի կիրճ արգելոցի տարածքով դէպի «Զոնտիկներ» անունով յայտնի մամռոտ ջրվէժ հասնիլը տեղացիներու եւ զբօսաշրջիկներու համար առաւել դիւրին,  արագ ու անվտանգ պիտի ըլլայ: Հայ լեռնագնացներու միութեան (Armenian hikes association) ջանքերով գետին վրայէն անցնելու համար տեղադրուած փայտերը փոխարինած է աւելի հաստատուն փայտէ կամուրջ, որուն բացումը կատարուեցաւ յունիս 17-ին: Նոր կամուրջի բացման ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան...

Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի Առաջին Հունձքը

Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի Առաջին Հունձքը

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երեքշաբթի, 12 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին առաջին շրջանաւարտներուն վկայականաց բաշխումը: Ի դէպ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անձնապէս նորին սրբութեան` արեւմտահայերէնի հանդէպ յատուկ հոգածութիւնը 2012-2013 տարեշրջաններուն թարգմանուեցաւ արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքներու ստեղծմամբ, որ ապագային վերածուեցաւ հայրենագիտական նիւթերու դասընթացքի, իսկ ներկայիս կը...

Գոհաբանական Պաշտամունք` Նուիրուած Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-ամեակին

Գոհաբանական Պաշտամունք` Նուիրուած Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-ամեակին

Հարիւր տարիներ առաջ, քրիստոնէական տեսլականով եւ հաւատքով տոգորուած հայորդիներ, իրենց օգնութեան ձեռքը երկարեցին hայ ժողովուրդի կոտորակուած բեկորներուն` Ամերիկայի մէջ հիմնադրելով ԱՀԱ ընկերակցութիւնը: Դար մը ամբողջ Աւետարանչականը սատարեց մեր ժողովուրդի բարօրութեան, յատկապէս կառուցելով եկեղեցի եւ դպրոց: Նախ` երկիր կորսնցուցած հայուն գոյութեան, կրթութեան եւ զարգացման նպաստեց, աւելի ուշ` հայրենաբնակ կարիքաւորին: Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, երեկոյեան...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ Ճանաչողական եւ գործընկերային տրամադրութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը այցելեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ: Սփիւռքի նախարարը «Հայաստան» համահայկական  հիմնադրամի տնօրէնին` Արա Վարդանեանին ուղեկցութեամբ ծանօթացաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատակազմին եւ աշխատելաոճին: Արա Վարդանեանը սփիւռքի նոր նշանակուած նախարարին ներկայացուց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 26-ամեայ գործունէութեան պատմութեան: Առանձնազրոյցէ ետք սփիւռքի նախարարը ընդգծեց, որ նախարարութիւն-հիմնադրամ գործակցութիւնը պիտի...

Ստացուած Գիրքեր.  «Կռապաշտները» (Հեղինակ` Մնացական Յարութիւնեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Կռապաշտները» (Հեղինակ` Մնացական Յարութիւնեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Մնացական Յարութիւնեանի «Կռապաշտները» գիրքը, բաղկացած` 486 էջերէ: Հեղինակը գիրք նուիրած է ըներոջ` արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանի յիշատակին: Խմբագիր` Լեւոն Բլբուլեան: Հեղինակը կը ներկայացնէ կեանքի ու մահուան փիլիսոփայական մեկնութիւնը` ներկայ, անցեալ եւ ապառնի ժամանակներու զուգորդումներով: Ան կ՛ըսէ, որ գիրքին գլխաւոր հերոսը ժամանակն է, որուն մէջ պատանդի կարգավիճակով յայտնուած է մարդը: Ժամանակի ներկայ, անցեալ, ապառնի եռաչափութեան...

Ստացուած Գիրքեր. «Սպաննուած Պատերազմը»  (Հեղինակ` Նուարդ Ալեքսանեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Սպաննուած Պատերազմը» (Հեղինակ` Նուարդ Ալեքսանեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ստեփանակերտի մէջ 2014-ին լոյս տեսաւ Նուարդ Ալեքսանեանի «Սպաննուած պատերազմը» գիրքը, բաղկացած` 244 էջերէ: Խմբագիր` Միքայէլ Հաճեան: Գիրքը բաղկացած է երեք գլուխներէ` «Ժամանակ չունեցող երկիր», «Սահմանը` սրտի միջով» եւ «Սպաննուած պատերազմը», որոնց մէջ, ակնարկաշարերու տեսքով խտացուած է Արցախ աշխարհի վերջին տասնամեակներու պատմութիւնը` ազգային ու մարդկային տառապանքի, ընդվզումի, ոգորումներու, հերոսականութեան, սիրոյ ու նուիրումի, ազատ ու խաղաղ ստեղծագործութեան ձգտումներու իւրովի դիտարկուող...

Ակնարկ.  Ներքին Արդարութիւն – Արտաքին  Անվտանգութիւն Բանաձեւը

Ակնարկ. Ներքին Արդարութիւն – Արտաքին Անվտանգութիւն Բանաձեւը

Մեր երկրին մէջ տիրող յետյեղափոխական իրավիճակը  բեկումնային պահեր ստեղծելու նախադրեալներ կը պարզէ: Արտաքին առումով եթէ յատկապէս նկատի ունենանք կառավարութեան ծրագիրը, վարչապետի ուղերձն ու տարբեր առիթներով կատարած յայտարարութիւնները, արտաքին գործոց նախարարի պատասխանները արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցումներուն, հիմնականին մէջ շրջադարձեր չեն նկատուիր. երանգային տարբերութեամբ մը Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի անմիջականութեան մասին առաջադրանքներ կը բարձրաձայնուին: Մինչ ներքին առումով սկսելու համար հասարակական մակարդակի վրայ...

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողովրդային Տօնակատարութեան Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն Կողմէ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողովրդային Տօնակատարութեան Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն Կողմէ Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Եթէ երբեք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութիւնները տարիներու ընթացքին յաջողած են ստանալ համահայկական բնոյթ, եւ այդ ծիրին մէջ կատարուած նախաձեռնութիւնները առհասարակ կազմակերպուած են համագաղութային մաշստապով, միջկուսակցական, միջյարանուանական, միջմիութենական միացեալ մարմիններու հովանաւորութեամբ, այսօր, մեր յիշողութեամբ թէ պրպտումներու իբրեւ արդիւնք, առաջին անգամն է, որ 28 մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան տօնին առիթով համագաղութային նախաձեռնութիւններ կը կատարուին ո՛չ միայն պանծացնելու հարիւրամեակը, այլ նաեւ իր արժանաւոր...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.   Տարբեր Աւիշ` Արցախի Մէջ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարբեր Աւիշ` Արցախի Մէջ

Յունիս 1-ի դէպքերն ու իրադարձութիւնները ուղղակի կապ ունին վերջին շաբաթներու Հայաստանի դէպքերուն հետ, այն տարբերութեամբ, որ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» զանգուածային ցոյցերուն եւ խռովութիւններուն փոխարէն` շատ աւելի արագ եւ հմուտ կերպով կարելի եղաւ լուծման յանգիլ: Դեռ պիտի շարունակուին փոփոխութիւններն ու բարեկարգումները` թափանցիկ քաղաքականութեան եւ ղեկավարութեան ի խնդիր: Տարբեր թաւիշի կարիք չկար, այլ պարզապէս տարբեր աւիշ ստեղծուեցաւ: Կացութիւնը ստեղծուած գոյավիճակի մը արդիւնքն էր:...

Մեկենասներ` Ծանօթ, Անծանօթ

Մեկենասներ` Ծանօթ, Անծանօթ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ իմ եօթներորդ գիրքս` «Գարուն էր...» խորագիրով, որպէս 24-րդ հրատարակութիւնը «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» գրական հիմնադրամին: Նախապէս ալ ինձմէ երկու գիրքեր լոյս տեսած են նոյն տպարանէն, մին 2004-ին` «Գէորգ Մելիտինեցի», իսկ միւսը 2012-ին` դարձեալ Ռ. Եւ Թ. Գարօլան հիմնադրամներուն կողմէ: Նպատակս գիրքերուս ծանուցումը ընել չէ, այլ` բացայայտելու այն զգացումը, որ ունեցայ,...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Կարգ Մը Գերմանացի Եւ Այլ Օտար Զինուորականներու Եւ Անձնաւորութիւններու Դերակատարութիւնը – Գ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Պէտք է հարց տալ զօրավարներ Ֆրետերիք Պրոնսարթ վոն Շելենտորֆին, Քոլմար Ֆրայհըր վոն տէր Կոլցին եւ միւսներուն, թէ դուք եւ ձեր գերման բանակը ի՞նչ գործ ունէիք ձեր երկրէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու` Արեւմտահայաստանի եւ 4670 քմ հեռու Պաղտատի մէջ: Արդեօք Համպուրկէն մինչեւ Պարսից  ծոց ` 5200 քմ հասնելու ձեր նպատակը այդ տարածութիւններուն «բարիքները» եւ յատկապէս քարիւղի «հարստութիւնները մակաբոյծի նման ծծել»...

«Թոնիր Հարսանեկան Գիւղ». Աւանդական Հեքիաթ, Որը Պէտք Է Ստեղծի Նոր Հեքիաթներ

«Թոնիր Հարսանեկան Գիւղ». Աւանդական Հեքիաթ, Որը Պէտք Է Ստեղծի Նոր Հեքիաթներ

ԼՈՒՍԻՆԷ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ «Հայկ Երանոսեանի եւ Սիրարփի Լեռանէ Խոջաբաղեանի հարսանիքը «Թոնիր հարսանեկան գիւղում», մեր օրերի իրական հեքիաթ էր, դարի հարսանիք, քանի որ նմանը դեռ չի եղել: Ես հայկականը պաշտող մարդ եմ: Այս հարսանիքն իր մէջ ամփոփել էր հայկական ծէսերի, նիստուկացի այն բոլոր նուրբ ու գեղեցիկ տարրերը, որոնք երբեւէ մենք ունեցել ենք: Այդ հրաշք օրերի ընթացքում հիւրերը տեղափոխուել էին մէկ այլ աշխարհ: Ու հաւատացէք,...

Page 685 of 1111 1 … 684 685 686 … 1,111

Արխիւներ