ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման գործընթացը եւ այդ ոլորտի տնտեսական ուժականութիւններու կերպարանափոխութիւնն ու անցումը դէպի ժողովրդավարական մրցակցային տնտեսութիւն նուրբ եւ ոսկերչային աշխատանք պահանջող գործ է, զոր կարելի է իրագործել բազմամակարդակ ռազմավարութեան մը հետևողական կիրառումով միայն եւ համապարփակ տեսլականով: Հանրութիւնը պէտք է ճիշդ գնահատէ գործին թեքնիք ու բազմահանգրուան բնոյթը եւ համապատասխան յարատեւութեամբ պահպանէ իր զօրակցութիւնը վարչապետ Փաշինեանի եւ նախարար Արծուիկ Մինասեանի յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն: Այս գործը կ՛ենթադրէ ըլլալ միաժամանակ արմատական, համակարգային, վճռական եւ ճկուն` յստակ եւ չափագրելի նպատակներու հետապնդումով: Պարզ խօսքով, պարագայական շահատէրեր միայն թիրախաւորելով եւ հալածելով` ոչ կը սկսի եւ ոչ ալ յաջողութեամբ կրնայ պսակուիլ այս կենսական առաջնահերթութիւնը:
Սկսելու համար, կարեւոր է, որ մասնագիտական խումբի մը օգնութեամբ (թէկուզ արտասահմանեան փորձագիտական հաստատութիւններ եւս գործի լծելով) կատարուի կացութեան ամբողջական գնահատումը (Assessment of the Situation): Նոր քաղաքականութիւն ձեւաւորելու համար կարեւոր է, որ գիտնանք ճշգրիտ բնոյթը մենաշնորհային դաշտին: Այս ուսումնասիրութիւնը պէտք է առնուազն ընդգրկէ հարցադրութեան հետևեալ ոլորտները.
(ա) Ովքե՞ր են մենաշնորհային համակարգի տէրերը:
(բ) Պարզել մենաշնորհային ուժի պաշտօնական եւ անպաշտօն կառուցակարգերը տնտեսութեան մէջ:
(գ) Յստակացնել համակարգի ճիւղային տեղաբաշխումը:
(դ) Յստակացնել համակարգի աշխարհագրական տեղաբաշխումը:
(ե) Ճշդել համակարգին ազդեցութեան ծիրը մրցակցային դաշտին մէջ եւ դաշտը առեւանգելու մեթոտները:
(զ) Յստակացնել համակարգին քաղաքական լծակները:
(է) Համակարգին վերջին 28 տարիներու ներդրումային գործունէութեան վերլուծութիւնը:
(ը) Համակարգին կողմէ ցարդ ստեղծուած աշխատատեղերու թիւը տարի առ տարի:
(թ) Ազգային եկամուտի (National Income) վերաբաշխման ծաւալները եւ համակարգի համեմատական կշիռը այդ ծաւալներուն մէջ:
(ժ) Համակարգին հարկային մուտքերու ծաւալները պետութեան սնտուկէն ներս:
(ժա) Սեփականաշնորհման ի՞նչ պայմաններու մէջ կազմաւորուած է համակարգը անկախութեան առաջին տարիներէն սկսած եւ ի՞նչ աճ արձանագրած է ան տնտեսական ուժի կեդրոնացման առումով:
(ժբ) Ճշդել աշխատավարձերու ներկայ վիճակը համակարգի ոլորտին մէջ: Ի՞նչ աճ արձանագրած են անոնք վերջին 28 տարիներուն: Ի՞նչ չափով անոնք կը համապատասխանեն կենսական զամբիւղի չափանիշներուն: Ի՞նչ են աշխատաւորական կողմի բանակցային կարելիութիւնները համակարգի ոլորտին մէջ:
(ժգ) Ճշդել մենաշնորհի տէրերու փոխյարաբերութեան բնոյթը: Ընտանեկան ոստայնի ներքին ուժային կառուցուածքը և շահատէր ընտանիքներու համագործակցային ցանցին ամբողջական քարտէսը:
(ժե) Ճշդել մենաշնորհային համակարգի շահոյթի ծաւալները եւ շահոյթի վերաներդրումային ուղղութիւնները: Յստակացնել, թէ շահոյթը ի՞նչ չափով կը մնայ երկրի տնտեսութեան մէջ, եւ ի՞նչ չափով կը լքէ երկիրը:
(ժզ) Ճշդել կապը Հայաստանի մենաշնորհային համակարգի եւ արտասահմանի տնտեսական շահերուն միջև:
(ժէ) Վերջապէս ճշդել համակարգին մէջ գնագոյացման մեքանիզմները եւ ընել բաղդատականը միջազգային շուկայի գիներուն հետ:
Այս եւ բազմաթիւ այլ ստուգանիշներ պէտք է առարկայական հիմ ծառայեն հակամենաշնորhային հուժկու ռազմավարութեան մը ձևաւորման համար:
Իտէալ պայմաններու մէջ պետութեան նպատակը պէտք է ըլլայ ամրացնել տնտեսութեան մրցակցային դաշտը եւ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ մենաշնորհային համակարգով ստեղծուած տնտեսական ուժականութիւնը իր լինելիութիւնը փնտռէ Հայաստանի ազգային տնտեսութեան մէջ, փոխանակ փախուստ տալու երկրէն: Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ խթանել ձեռներէցութիւնը, որ մեր ազգային մեծ հարստութիւնն է: Ընել այնպէս, որ ան ունենայ լայն ասպարէզ իր հզօր քանքարը ծաւալելու մրցակցային առողջ մթնոլորտի մը մէջ փոխանակ ծուլանալու մենաշնորհային ճահիճին մէջ:
Ի վերջոյ այս ամբողջ քաղաքականութեան էական նպատակը պէտք է ըլլայ նոր եւ որակաւոր աշխատատեղերու ստեղծումը երկրին համար եւ տնտեսական առողջ աճի գոյաւորումը: Մեր նպատակն է ջնջել աղքատութիւնը երկրէն ներս, կասեցնել արտագաղթը, բարոյապէս զինել մեր ժողովուրդը եւ կառուցել ինքնավստահ քաղաքացին: Այս բոլորը կրնա՛ն իրագործուիլ: Կրնան իրագործուիլ այս իսկ սերունդին օրով: Անոնք մեր հասողութեան մէջ կը գտնուին: Եւ այդ բոլորին նախապայմանը հակամենաշնորհային առոյգ քաղաքականութիւնն է պետութեան գործի բոլոր ոլորտներու լիարժէք ընդգրկումով: Եւ այսօ՛ր:
Յունիս 21, 2018
Ուաշինկթըն