Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Օգոստոս 11, 2018
| Գրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Պէշիկթաշլեան Ինչպէ՞ս Անդամակցեցաւ
Հայկական Մասոնական Օթեակին

Բանաստեղծ Մ. Պէշիկթաշլեանի կենսագիրներէն ոմանք չեն վարանիր յիշեցնելու, թէ Զէյթունի ապստամբութեան մեր սիրելի այս երգիչը իր կեանքին վերջին շրջանին մաս կազմեց նաեւ ազատ-որմնադիրներու (մասոն) Պոլսոյ հայկական «Սէր» օթեակին (հիմնուած 1866-ին եւ գործած` մինչեւ 1898):

Ոմանք թերեւս զարմանան այս տեղեկութիւնը կարդալով, պարզապէս անհամատեղելի գտնելով քնարերգակ բանաստեղծ Պէշիկթաշլեանի նուրբ խառնուածքը կամ ուսուցիչի իր համեստ դիմագծութիւնը` տիեզերական մեծ կազմակերպութեան մը հետ, ինչպիսին է Մասոնական եղբայրակցութիւնը:

Պէտք է ընդգծել սակայն, որ ԺԹ. դարու մասոնականութիւնը, նախքան վերածուիլը այն կազմակերպութեան` որպիսին կը ներկայանայ այսօր, եւ որուն նկատմամբ լայն վերապահութիւններ ունի հանրային կարծիքը, յառաջդիմական դեր կատարած է զանազան ժողովուրդներու մէջ:

Հայեր ալ ընդգրկուեր են այս խորհրդաւոր շարժումին մէջ, մանաւանդ` 1860-ական թուականներէն սկսեալ, Պոլիս եւ Զմիւռնիա: Հաստատ ու անհերքելի իրողութիւն է, որ ազատ-որմնադիրներ էին արեւմտահայ մտաւորական երեւելի դէմքեր, ինչպէս` Զմիւռնիոյ «Արեւելեան մամուլ»-ի խմբագիր Մատթէոս Մամուրեանը, նոյն քաղաքէն` «Արշալոյս Արարատեան»-ի խմբագիր Ղուկաս Պալթազարեանը, թարգմանիչ Գրիգոր Չիլինկիրեանն ու բառարանագիր Մեսրոպ Նուպարեանը, պոլսահայ հրապարակագիրներ` Յարութիւն Սվաճեանը, Ստեփան Ոսկանն ու Կարապետ Իւթիւճեանը, թատերական գործիչներ Սրապիոն Հեքիմեանն ու Ստեփան Էքշեանը, տպագրիչ Ճանիկ Արամեանը, Նահապետ Ռուսինեանն ու վիպագիր Ծերենցը, աւելի ուշ շրջաններուն` «Սապահ»-ի խմբագիր Տիրան Քէլէկեանն ու գրագէտ Գրիգոր Զոհրապը: Ի դէպ, ֆրանսահայ ողբացեալ պատմաբան Արթիւր Պէյլէրեան, որ յաջողած էր պրպտել «Սէր» օթեակի դիւանները, Պէյրութի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի 2001-ի թիւին մէջ իր ստորագրած ընդարձակ մէկ ուսումնասիրութեամբ կը պարզէր, որ «Սէր» օթեակի երեսնամեայ գործունէութեան ընթացքին անոր անդամակցած էին 164 անձեր, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ` հայեր:

Բայց մենք կեդրոնանանք Մ. Պէշիկթաշլեանի վրայ:

Ձեռքի տակ ունինք շատ հետաքրքրական տուեալներ ու մանրամասնութիւններ:

Մեր աղբիւրը Պոսթընի երբեմնի «Հայրենիք» ամսագրի 1937-ի թիւերն են: Այնտեղ, Ռուբէն Բերբերեան անունով յօդուածագիր մը ամենայն մանրամասնութեամբ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Պէշիկթաշլեան ընդունուեցաւ հայկական «Սէր» օթեակի անդամակցութեան, ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ իր մասոնական օծումը, եւ թէ այդ օթեակը ինչպէ՛ս յարգեց անոր յիշատակը` յետմահու:

Արդարեւ, Պէշիկթաշլեանի ազատ-որմնադիր ընծայումի այդ օրը (21 մարտ 1867) օթեակին մէջ ներկայ եղած են հին ու երէց անդամներ` իրենց պաշտօնական զգեստներով: Ընկալեալ ծէսը կամ արարողակարգը բացառաբար կրճատուած է` նկատի առնելով ընծայեալին հիւանդ վիճակը (այդ շրջանին թոքախտը գրեթէ անկողնին գամած էր Պէշիկթաշլեանը): Թեկնածուն սրահ բերուած է աչքերը քողով փակեալ, իբրեւ խորհրդանշան կուրութեան, «որուն մէջ կը խարխափի մարդ անհատը»: Քողը անհրաժեշտ նկատուած է նաեւ,  որպէսզի թեկնածուն չտեսնէ թէ ո՛վ կամ որո՛նք կանգնած են իր շուրջ: Հոս, երգուած է «Ի մէջ մթութեան դարեր խարխափած» քայլերգը.

«Ի մէջ մթութեան դարեր խարխափած,
Այսօր զարթեցանք եւ զլոյս տեսանք,
Երկիւղածութեամբ զօթեակը մտած`
Զիրար փնտռեցինք, զիրար մենք գտանք.
Զայս շէմքը կոխած, թող ո՛չ ոք մեզմէ
Բերէ կանխակալ մտքեր ու խոհեր,
Համերաշխութեան թող զշունչ ցանէ,
Ազատ հոգու տէր, թող զլոյս փնտռէ,
Զի մեք Տիեզերքի բարի եղբայր եմք»

Օթեակին քարտուղարը կարդացած է Պէշիկթաշլեանին կենսագրութիւնը` միաժամանակ նշելով, որ ան` «ինքն իր ազատ կամքով ուզած էր մտնել մասոնական կարգի մէջ եւ անդամ լինել «Սէր» հայկական օթեակին»:

Ընծայեալին հագցուցեր են մասնաւոր գոգնոց մը (ի նշան աշխատանքի): Յետոյ ան հրաւիրուեր է իր ձախ ձեռքը դնելու Աստուածաշունչի մը վրայ ու կատարելու ընկալեալ երդումը: Հուսկ, վար առեր են իր աչքերուն քողը ու ներկաները կամարաձեւ բարձրացուցեր են իրենց սուրերը անոր գլխուն վերեւ (ի նշան պաշտպանութեան` կեանքի դժուարութեանց ատեն):

Ծիսակատարութիւնը վերջանալէ ետք ճառախօսութիւն մը ըրեր է արարողակարգին նախագահը` «գերյարգելի վարպետ»-ը: Ան ամփոփ բացատրութիւններ տուեր է մասոնականութեան զինանշանին մասին` պարզաբանելով, թէ ի՛նչ կը խորհրդանշեն կարկինը, անկիւնաչափը, հարթաչափը, ուղղաչափը, ծեփիչն ու մուրճը: Անոր յաջորդեր է «եղբայր» Մատթէոս Մամուրեան, որ գովքը հիւսեր է Պէշիկթաշլեանի գրական ու թատերական վաստակին` միաժամանակ նկատել տալով, որ ան արդէն տարիներէ ի վեր քարոզախօսը դարձեր էր Եղբայրութեան, Համերաշխութեան եւ Միութեան տիեզերական գաղափարներուն:

Ճիշդ այդ պահուն ներկաներէն մին սկսեր է երգել բանաստեղծին նշանաւոր «Եղբայր եմք մեք» քերթուածը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ.

«Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբայր եմք մեք,
Որ մրրկաւ էինք զատուած,
Ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն»:

Պէշիկթաշլեան, ֆիզիքապէս արդէն յոյժ տկար ու փափկակազմ, շատ յուզուեր է, արցունքներ թափեր է: Արարողութիւնը վերջ գտեր է այսպէս: Ըստ Բերբերեանի, այնուհետեւ, բաւական երկար տարիներ, Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մեք»-ը դարձեր է «Սէր» օթեակի պաշտօնական օրհներգը` իբրեւ տիեզերական եղբայրութեան ներբող:

Պէշիկթաշլեան հետզհետէ յառաջացող իր հիւանդութեան պատճառով գործօն դեր չէ կրցած խաղալ ազատ-որմնադրական շրջանակին մէջ: Արդէն պիտի մահանար իր անդամակցութենէն ընդամէնը մէկուկէս տարի ետք: «Սէր» օթեակը իբրեւ սուգի արտայայտութիւն` յատուկ նիստի մը կանչեր է իր անդամները ու պատշաճօրէն ոգեկոչեր է ողբացեալին յիշատակը:

Երբ Բանաստեղծը Հրաժեշտ Կու Տար Այս Աշխարհին

Պէշիկթաշլեանի առողջութիւնը կտրուկ կերպով վատթարացաւ 1867-ի աշնան: Ան անկողին ինկաւ ուժասպառ եւ հիւծած:

Լուրը խուճապ ստեղծեց Պոլսոյ ազգային ու ընկերային շրջանակներուն մէջ: Բանաստեղծը խնամքի եւ գուրգուրանքի առարկայ դարձաւ մանաւա՛նդ իր բժիշկ բարեկամներուն կողմէ, որոնք տեւաբար կ՛այցելէին իրեն` Ծերենց, տոքթ. Յովհ. Քեաթիպեան, տոքթ. Գրիգոր Մոզեան, տոքթ. Բարունակ Ֆէրուհխան, տոքթ. Նահապետ Ռուսինեան, տոքթ. Միքայէլ Ռափայէլեան:

Յայտնի էր սակայն, որ բժշկական գիտութիւնը անճար կը մնար յառաջացող թոքախտին դիմաց: Հիւանդը ի՛նք ալ գիտէր ատիկա ու այլեւս հաշտուած էր դառն իրականութեան հետ: Կը  սպասէր, որ շուտով «գոցուի վարագոյրը»: «Ի զուր կը շողայ արեւը գօս արմատին վրայ, նա ո՛չ ոստեր ընձիւղէ ու ո՛չ ծաղիկ բողբոջէ», կը գրէր ան նամակի մը մէջ` իր բարեկամներէն մէկուն: Կուրծքին տակէն միշտ միօրինակ հազ մը դուրս կը թռչէր… Երբեմն արիւն ալ կը թքէր:

Հակառակ հիւանդին անյոյս վիճակին` իր բարեկամները ձեռնածալ մնալ չուզեցին սակայն: Յակոբ էֆ. Նորատունկեան զինք երկու ամիս Մեծ կղզի տարաւ` օդափոխութեան համար: Բայց կղզիին խոնաւ կլիման չօգնեց իրեն, կրկին վերադարձաւ Օրթագիւղ: Այստեղ, իր խորթ մայրը ստանձնեց հիւանդապահի դժուար պարտականութիւնը:

Բայց կար նաեւ… Սրբուհի Վահանեանը: Զգացական այնքան վերիվայրումներէ ետք Սրբուհին կրնա՞ր անտարբեր մնալ իր երբեմնի ուսուցիչին ու մենտորին նկատմամբ:

Եւ ուրեմն, Սրբուհին այդ օրերուն եկաւ պահապան հրեշտակի մը դերը ստանձել Պէշիկթաշլեանի սնարին վերեւ: Իսկական քաջագործութիւն մըն էր այս, նոյնիսկ` վտանգալից արկածախնդրութիւն մը, երբ գիտենք, որ թոքախտը վարակիչ հիւանդութիւն մըն էր, ու հարկ էր զգուշանալ հիւանդին հետ ամէն տեսակ շփումէ կամ մերձեցումէ:

Իրազեկներու վկայութեամբ, Սրբուհին օրական մէկ կամ երկու անգամ կ՛այցելէր անկողնին գամուած Պէշիկթաշլեանին, դեղերը կու տար, կը պատասխանէր այցելու բժիշկներու հարցումներուն, իր զուարթ խօսակցութեամբ կը սփոփէր հիւանդը, մանաւանդ գիրքեր կը կարդար անոր` ժամանակ անցընելու համար:

Բժիշկները յանձնարարեր էին, որ հիւանդը ամէն օր այծի կաթ խմէ առատօրէն: Ա. Պիպէռճեանի գիրքին մէջ այս առնչութեամբ կայ տեղեկութիւն մը, որ յուզիչ վկայութիւն մը կրնայ սեպուիլ բարեկամական անաղարտ սիրոյ` հանդէպ հիւանդի մը, որ կը գալարուէր մահուան սպասումով:

Արդարեւ, Օրթագիւղ բնակող երկու առեւտրական հայեր, Պէշիկթաշլեանի դրացի ու համակիր, գործով Եգիպտոս կը մեկնին ու հո՛ն է, որ կը լսեն բանաստեղծին ծանր հիւանդութեան մասին: Կ՛իմանան նաեւ այծի կաթ խմելու բժշկական պատուէրը: Պիպէռճեան կը պատմէ.

– Անոնք եգիպտական ընտիր ցեղէ այծ մը կը գնեն իր երկու ձագերով, զորս անձամբ կը բերեն մինչեւ Օրթագիւղ, Պէշիկթաշլեանի բնակարանը, տանը դռնէն ներս կը ձգեն այծը, որ երկու ուլերով անարգել կ՛ելլէ մինչեւ հիւանդին սենեակը… Պէշիկթաշլեան յանկարծակիի կու գայ ի տես այս երեք սիրասուն կենդանեաց, եւ երբ կ՛իմանայ եղելութիւնը, սաստիկ յուզումէն կը սկսի արտասուել ու երախտագիտական բուռն զգացմամբ լեցուած կ՛ըսէ. «Ինչպէ՞ս շնորհակալ ըլլալ ձեզի, որ մինչեւ այս աստիճան կը մտածէք զիս»:

Հակառակ ի գործ դրուած բոլոր խնամքներուն` ի վերջոյ պատահեցաւ անխուսափելին: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան իր վերջին շունչը փչեց 29 նոյեմբեր 1868-ին: Մահագոյժը քանի մը տժգոյն տողերով հանրութեան տեղեկացուեցաւ «Մասիս»-ի յաջորդ օրուան` 30 նոյեմբերի թիւով:

Պոլիս դառնօրէն ողբաց իր այս արժէքաւոր զաւկին կորուստը: Ամէն մարդ կը գիտակցէր, որ այս աշխարհէն հրաժեշտ կ՛առնէր մեծ կերպարանք մը, որ Յակոբ Օշականի իսկ դատումով` «գործեց ծանր պայմաններու մէջ, հարիւր առողջներու չըրածը իր հիւանդ մարմինովը իրագործելով»:

Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Բերայի հայ կաթողիկէ Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ, խուռներամ սգակիրներու ներկայութեան: Դամբանախօսեցին իր մտերիմներէն` Ծերենց, Տիգրան Եուսուֆեան եւ Յովհաննէս փաշա Սագըզ: Իսկ Սրբուհի Վահանեանի ստորագրութիւնը կրող գրաբարախառն եղերերգութիւն մը, ձօնուած` ողբացեալին, լոյս տեսաւ «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ, շաբաթ մը ետք, 7 դեկտեմբեր 1868-ին:

Ննջեցեալին մարմինը հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը: Շիրիմին վրայ կառուցուեցաւ բրգաձեւ իւրայատուկ կոթող մը: Հետագային այդ շիրիմին ճիշդ մօտիկը թաղուեցան նաեւ «Ագապի» վէպի հեղինակ Վարդան փաշա (Յովսէփ Վարդանեան, 1879), նշանաւոր դերասան Պետրոս Ադամեան (1891) եւ թատերական գործիչ Սրապիոն Հէքիմեան (1892):

Անոնք բոլորն ալ, մինչեւ այսօր, այնտեղ կը ննջեն խաղա՜ղ, կատարեալ անդորրութեան մէջ…

*

Սխալած չենք ըլլար, եթէ պնդենք, որ Պէշիկթաշլեանի գրական բերքէն կ՛ապրին ու իրերայաջորդ սերունդներու յիշողութեան մէջ կը գոյատեւեն լոկ քանի մը բախտաւոր քերթուածներ` Զէյթունի ձօնուած չորս բանաստեղծութիւնները, նշանաւոր «Գարուն»-ը (որ երգի վերածուած է Տիգրան Չուխաճեանի յօրինումով) եւ անմոռանալի «Եղբայր եմք մեք»-ը: Ասոնցմէ դուրս ամէն ինչ անընթեռնելի է այլեւս ու ժամանակավրէպ` գրուած ըլլալով գրաբարով, որ շատո՜նց մեռեալ ու անմատչելի լեզու մը դարձած է:

Արժեզրկուած են ու ա՛լ չեն օգտագործուիր իր թատերախաղերն ալ, որոնք, է՜ր երբեմն, Կովկասի հայ բեմերուն վրայ իսկ կը ներկայացուէին:

Բայց այն քիչն իսկ, որ դասագիրքերու ճամբով կ՛ապրի ու կ՛աւանդուի` իբրեւ Պէշիկթաշլեանի ստեղծագործութիւն, միանալով հեղինակին անձէն ու հանրային բեղուն գործունէութենէն ճառագայթող անմաշելի հմայքին, բաւարար է, որ մենք (եւ գրականութեան պատմութիւնը) չմոռնանք այս անունը:

Բանաստեղծին յետմահու յաղթանակն է ասիկա:

Շիշլիի գերեզմանատան նոճիներուն արանքէն Մ. Պէշիկթաշլեանի ոգի՛ն է, որ կը շարունակէ ժպտիլ մեզի 150 տարիէ ի վեր…

Հալէպ, յուլիս 2018
(Շար. 8 եւ վերջ)

Նախորդը

Թուրքիա Կը Ճնշէ Ոչ Մահմետական Առաջնորդներուն Վրայ, Որպէսզի Պնդեն, Թէ Իրենք Ճնշումի Ենթարկուած Չեն

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Սինճարի Մէջ Եզիտիներու Ցեղասպանութեան Չորրորդ Տարելիցը Եւ Հայաստանը

RelatedPosts

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
Գրական

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

Նոյեմբեր 4, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան
Գրական

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Մարտ 3, 2023
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա
Գրական

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Հոկտեմբեր 13, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?