ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Ժամանակակից պատմութեան նոր մէկ դարձակէտին, Մեծ պատերազմի զինադադարի յիշատակելի օրերուն, երբ աշխարհի նոր քարտէսը կը գծուէր եւ ազգերու ճակատագիրը կը վճռուէր, օրուան քաղաքական պատասխանատու վարիչները Սեւրի 88-րդ եւ 89-րդ յօդուածներով պաշտօնապէս ու հանդիսաւորապէս ճանչցան հայ բազմաչարչար ազգի արդար իրաւունքը` ունենալու անկախ ու միացեալ Հայաստան:
ՀՐԱՆԴ ՍԱՄՈՒԷԼ
«Օրուան խօսքեր»
Գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ յայտնենք, թէ Սեւրի դաշնագիրը միջազգային այն միակ փաստաթուղթն է, որ կը պահէ իր քաղաքական նշանակութիւնը, ո՛չ միայն մեզի` հայերուս, այլեւ` միջազգային ընտանիքին համար, որովհետեւ անիկա ծնունդ էր այնպիսի բարդ իրավիճակի մը, երբ արդէն աշխարհ ծանօթացած էր Սայքս-Փիքօ (16 մայիս 1916) տխրահռչակ համաձայնագիրին, որ ունէր ծաւալապաշտական միտումներ, խորք եւ ապագայ պատերազմներ հրահրող ներքին տրամաբանութիւն:
Այլ խօսքով` զազրութեամբ յագեցած թուրքին եւ գերմանացիին պարտութիւնը ձեւով մը այլ ախորժակներու առիթ կու տար, բաժանարար սահմաններ ստեղծելու եւ հրէշային ծրագիրներ հետապնդելու:
Եւ ահա, ստեղծուած նման կացութիւններու թոհուբոհին մէջ, հայութիւնը կը յաջողէր ձեռք ձգել փաստաթուղթ մը, միջազգայնօրէն վաւերացուած` օրուան ազդեցիկ պետութեանց կողմէ, եւ անով հիմք կը դրուէր ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը:
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Աւետիս Ահարոնեանի, 10 օգոստոս 1920-ին կը ստորագրէր Սեւրի դաշնագիրը` հետագայ սերունդներու նուիրելով հայոց մեծագոյն երազանքը: Այլ հարց, որ տուեալ երազանքը կեանքի չկոչուեցաւ, մնաց սպիտակ թուղթին գերին, մեծապետական խօլ հաշիւներու կամքին ենթակայ, քաղաքական թէ պատերազմական արհաւիրքներու լուսանցքին:
Ճիշդ է, որ Սեւրի դաշնագիրէն 118 տարի ետք չկայ Մեծ պատերազմի արհաւիրքը, բայց կան խայտաբղէտ ու համայնակուլ պատերազմներ ամէնուրեք` Միջին Արեւելք, Հիւսիսային Ափրիկէ, Կեդրոնական ու եւրոպական Ասիա եւ այլն:
Չկան երբեմնի գերմանական, ցարական, օսմանական եւ աւստրօհունգարական կայսրութիւնները, սակայն տակաւին գոյութիւն ունին գաղութարարի հնաբոյր ազդեցութիւն ու բազում լծակներ, մեծապետական վայրագ ու շահամոլ քաղաքականութիւն, երկիրներ բնաջինջ ընելու բացայայտ միջամտութիւն, բիրտ ուժի գործածութիւն, զինուորական ուխտի թէ թաքուն համաձայնութիւններու գործադրութիւն եւ այլն:
Ճիշդ է նաեւ այն, որ յետ Առաջին պատերազմին կը գծուէր նոր աշխարհակարգ, կը ձեւաւորուէր պետութիւններու նոր քարտէսը, եւ լոյսին կու գային քաղաքական կեանքի նորովի հարթակներ, այդուամենայնիւ, Հայկական հարցն էր, որ կը շարունակէր մերթ ընդ մերթ ինքզինք պարտադրել, ազգային գիտակցական որակի, կարելիութիւններու եւ օրուան պայմաններու լոյսին տակ:
Այդուհանդերձ, 118 տարի է գոյութիւն ունին, կան այնպիսի պատմավաւերագրական արձանագրութիւններ, որոնք պահած են ու տակաւին կը պահեն իրենց քաղաքական կշիռը, իմաստը, ներհուն խորհուրդն ու անժամանցելի հնչեղութիւնը:
Ի դէպ, հարց կրնայ տրուիլ, գէթ հայութեան պարագային, թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունեցած են երբեմնի Սան Սթեֆանոյի թէ Պերլինի վեհաժողովներու ընթացքին կարմիրով արձանագրուած բարեկարգումներու խոստումները, հայկական գաւառներու մէջ սպանդի թէ կողոպուտի կասեցման` թուրքին դէմ հաստատուած միջազգային սպառնալիքները եւ մասամբ նորին:
Այլ խօսքով` կրնայ առարկուիլ, թէ նմանօրինակ համաձայնագիրներ, ինչպիսի՛ մակարդակ ու յանձնառութիւն նուաճած ըլլային կամ ըլլան, փոքր ազգերու համար անոնք ոչ մէկ նշանակութիւն պէտք է ունենան, այնքան ատեն որ անոնք իրենց սեփական կեանքին, ազգային արժանապատուութեան ու ճակատագրին տէրը չեն:
Ճշմարիտ հաստատում ու միանգամայն դաստիարակիչ:
Այդուամենայնիւ, ատենի (1918-1920) հայ քաղաքական միտքը, իր պետական ու ազգային ներկայացուցչական հանգամանքով` որոշակիօրէն կը տանէր յաղթանակ մը, այն առումով որ հայութիւնը` շնորհիւ իր մայիսեան ահեղ ճակատամարտերուն եւ ազգային ազատագրական պայքարին, վերջապէս կը յաջողէր իր տեղն ու դերը ունենալ միջազգային ամպիոններու վրայ, պահանջել ու ամրագրել այն մեծ երազանքը` Արեւմտահայաստանի ու Արեւելահայաստանի միաւորումը, ծնունդը:
Փաստօրէն, 22 նոյեմբեր 1920-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով կ՛ամրագրուէր հայոց դարաւոր երազանքը, առիթ կը տրուէր միջազգային ընտանիքին աշխատելու այդ ուղղութեամբ, վերահաստատելու արդարութիւնը յանուն ազգերու ինքնիշխան ապրելու իրաւունքի եւ բռնագրաւուած հայրենի հողի վերատիրացման:
Արդ, տասնամեակներ շարունակ հայ քաղաքական միտքը իր դրսեւորումներով եւ տարաբնոյթ աշխատանքներով կրցաւ ներշնչել իրերայաջորդ սերունդներ, վառ պահելու հաւաքական յիշողութիւնն ու պահանջատիրական ոգին, երթը, քաջ գիտնալով, որ պիտի գան ժամանակներ, բարենպաստ ու ազգաշահ, երբ հայութիւնը իր պետականութեամբ եւ յանձնառութեամբ պիտի վերստանձնէ այն պարտաւորութիւնը, որ իրեն փոխանցուած է ժառանգաբար, եւ յամառօրէն լծուի Սեւրի դաշնագրի նախ` վերարծարծումին, ապա` ստոյգ պահանջին:
Յայտնապէս, մենք կ՛ապրինք այդ օրերը: Հայաստան վերանկախացած է, հայութիւնը մղած է իր նորօրեայ ազատագրական պայքարը, Արցախ աշխարհը հայացած է ու վերադարձած իր ժողովուրդին: Եւ այս բոլորը` անսահման զոհողութիւններու եւ արեան գնով: Իրօք, այս առումով` հայութիւնը անդարձօրէն բռնած է պետականութեան կայացման եւ ինքնահաստատման ճանապարհը, կ՛ուղղուի դէպի դարաւոր երազանքի կենսագործում եւ առաւել հզօրացում:
Սակայն, ո՞վ ենք «մենք», որուն ակնարկուեցաւ: Մենք, արդեօք ազգային արժէքներով լիացած հայութի՞ւնն ենք, որ միասնակամ է իր ազգային պահանջատիրական երթին մէջ, ունի քաղաքական յստակ տեսլական, կ՛աշխատի բարելաւել իր ընկերային, տնտեսական ու ազգագրական պատկերը, կը հաւատայ իր սեփական բազուկին` բանակին:
Այո՛, ո՞վ ենք մենք. երկրի իրերայաջորդ նախագահներ, Ազգային ժողովի անդամներ, նախարարներ, պետական ու դիւանագիտական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք 25 տարի է ստանձնած են պետութեան ղեկը, արդեօք, զե՞րծ ենք փտածութենէ, քրէական յանցանքէ, կաշառակերութենէ, ապազգային վարքագիծերէ, շահամոլ կեցուածքներէ եւ այլն:
Մենք, հայրենի հողին թէ սփիւռքի տարածքին ապրող կուսակցութիւններու, միութիւններու թէ հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, համայնքներ, հայութիւն, արդեօք, հաւատացա՞ծ ենք, թէ հայ ազգի ճակատագիրը խնդրոյ առարկայ է, հայրենիքը կը դիմագրաւէ բազմատեսակ դժուարութիւններ, մարտահրաւէրներ, ցաւ ու տառապանք:
Մենք գիտակի՞ց ենք, թէ սփիւռքահայութիւնը օրըստօրէ կ՛այլասերի` կորսնցնելով իր ազգային դիմագիծն ու առանձնայատկութիւնը: Կ՛ըմբռնե՞նք, թէ հայրենի հողին վրայ ապրող հայութեան 70 առ հարիւր համեմատութիւնը կ՛ապրի աղքատութեան մէջ, կը մտածե՞նք արտագաղթի ահաւորութեան մասին եւ այլն, եւ այլն:
Արդեօք «մենք»-ին մաս կը կազմե՞ն այն պետական այրերն ու կիները, որոնք, այսպէս ըսած, զարկ տալով իրենց քաղաքական մտքի «հասունութեան» կը վիրաւորեն ազգային արժանապատուութիւնը, կ՛անարգեն նուիրական արժէքները, կը մսխեն արեամբ շահուած վաստակը, ազատագրուած հողն անգամ թշնամիին յանձնել կ՛ուզեն ու մասամբ նորին:
Անկեղծ ըսած, ընթերցողը կրնայ հարց տալ, թէ հայ կեանքի մէջ առկայ բազում թերութիւններն ու խաղքութիւնները, արձանագրուած տխուր երեւոյթներ ի՞նչ կապ ունին Սեւրի դաշնագիրին հետ:
Մեր պատասխանն ու համոզումը այն է, որ Սեւրի երազանքը իրականութիւն կը դառնայ այն ատեն, երբ հայութիւնը ունի հզօր պետականութիւն, ազգային շունչով հասակ առած սերունդներ, քաղաքական մտածողութեամբ յագեցած պետական այրեր, ինքնիշխան ու ազատ ապրելու համար կեանք նուիրաբերող գործիչներ, մարտունակ եւ զարգացած բանակ, միջազգային հարթակներու վրայ իրաւատէրի կեցուածք ցոյց տուող դիւանագէտներ, անվախ ու վճռակամ ժողովուրդ, համաշխարհային ամպիոններու վրայ ինքզինք պարտադրող հայ ստեղծագործներ:
Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, ինչպէս անցեալին, նաեւ այս օրերուն, պատրաստ ըլլալ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու թէ պատերազմական ցնցումներու ատեն` օգտուելու ստեղծուած վիճակներէ եւ ապահովելու ազգային շահերը:
Փաստօրէն, մերօրեայ ժամանակներն ու մեծապետական հաշիւներ կը յուշեն, ցոյց կու տան, թէ աշխարհաքաղաքական նոր համակարգեր կը ձեւաւորուին, քարտէսներ կը պատրաստուին, պետութիւններ կրնան փուլ գալ, կու գան, երկիրներու սահմաններ կը ձեւափոխուին, փոխուեցան, տկար ազգեր կրնան զոհ դառնալ խօլ պատերազմներու:
Այս անգամ ալ, թող պատմութեան կրկնութիւնը ի նպաստ հայութեան ըլլայ, պէտք է ըլլայ, ազգովին պատրաստուինք այդ օրուան: