Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

August 10, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Իշխան Յովսէփ Արղութեան

Իշխան Յովսէփ Արղութեան. ազգային ազատագրական շարժման, ռազմական եւ պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Յեղափոխական ծածկանունով` Տաշօ եւ Երուանդ, սակայն յայտնի է նաեւ Իշխան կամ Խանասորի Իշխան մականուններով:

Ծնած է 1863-ին, Լոռիի Սանահին գիւղը: Արղութեան իշխանական տոհմէն: 1879-ին անցած է Թիֆլիս, ուր կրթութիւնը ստացած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1884-ին: Ուսուցչական աշխատանք տարած է Ջալալօղլիի եւ Թիֆլիսի հայկական դպրոցներուն մէջ: 1889-ին անցած է Արեւմտեան Հայաստան, ուր յեղափոխական աշխատանքներ կատարած է` համագործակցելով յեղափոխական անուանի գործիչներու հետ:

1890-ին անցած է Տրապիզոն, սակայն մատնութեամբ ձերբակալուած, յանձնուած է ցարական իշխանութիւններուն եւ աքսորուած` Քիշնեւ:

1895-ի գարնան աքսորէն վերադառնալով` անցած է Թաւրիզ, ուր հսկած ու կարգաւորած է ՀՅԴ զինագործարանի աշխատանքները, կազմակերպած եւ ղեկավարած է Արեւմտեան Հայաստան զինամթերքի տեղափոխման գործը, զինատար խումբով անձամբ հասած է Վան:

1897-ին մասնակցած է Խանասորի արշաւանքին` իբրեւ փոխհրամանատար: Այնուհետեւ պարսկական իշխանութիւնները ձերբակալած են զինք ու որպէս ռուսահպատակի` յանձնած են ռուսական կառավարութեան: Բանտարկուած է Թիֆլիսի Մետեխի բանտին մէջ, ապա աքսորուած` Վոլոկտա, ուր մնացած է մինչեւ 1903:

1905-1906 թուականներուն կազմակերպած է հայերու ինքնապաշտպանութիւնը թաթար ջարդարարներուն դէմ:

1909-ին, երբ ցարական իշխանութիւնները խիստ հալածանք սկսած են Դաշնակցութեան դէմ եւ զանգուածային ձերբակալութեան ենթարկած դաշնակցական թէ համակիր գործիչներն ու մտաւորականները, Իշխան Արղութեան եւս առաջին ձերբակալուողներէն եւ բանտարկուողներէն եղած է: Նախ Մետեխի, ապա Ռոստովի ու Նովոչերկասկի բանտային դաժան պայմաններուն ենթարկուած է: Դրամական երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուած է, այնուհետեւ Իշխան վերստին ձերբակալուած է ու բանտարկուած` մինչեւ 1912, Դաշնակցութեան դատին աւարտը, որմէ ետք ազատ ձգուած է:

1916-1917 թուականներուն մասնակցած է Ա. Աշխարհամարտին. ան կովկասեան ռազմաճակատին վրայ եղած է հայկական կամաւորական նախ 4-րդ ու 5-րդ գունդերուն, ապա 7-րդ գունդին հրամանատարը:

1917 եւ 1918 տարիներուն քաղաքական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած է. արեւելահայոց ազգային համագումարին նախագահ ընտրուած է, ապա Վիրահայոց ազգային խորհուրդին մաս կազմած է, մայիսեան հերոսական ճակատամարտերուն մասնակցած է:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, 1919-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ու փոխնախագահ ընտրուած է:

1919-ին Երեւանի մէջ մասնակցած է ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին, եւ իրեն վիճակուած է ժողովին նախագահութիւնը վարելու պատասխանատուութիւնը:

1920-1921 թուականներուն Իշխան Յովսէփ Արղութեան նշանակուած է Թեհրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան: Մեծ հմտութեամբ վարած է դիւանագիտական այդ պատասխանատուութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար ծայր աստիճան զգայուն այդ ժամանակաշրջանին:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1922-ին հաստատուած է Փարիզ, ուր 3 տարի արդէն առողջական վատ եւ քայքայուած վիճակ ունեցած է:

Իշխան Յովսէփ Արղութեան մահացած է 15 հոկտեմբեր 1925-ին, Փարիզ:

Մուշեղ Աւետիսեան

Մուշեղ Աւետիսեան. հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1887-ին, Սասնոյ Խեանք գաւառի Արսըրք գիւղը, ուրկէ քանի մը տարի ետք ընտանեօք կը փոխադրուին Տիգրանակերտ: Ան փոքր տարիքին ականատես եղած է Սասունի գոյամարտին, ծիլ առած ու սնանած է արիւնալի հերոսութեան ժամանակաշրջանին եւ մահը արհամարհող անվեհեր մարտիկներու կողքին: Սասնոյ երկրորդ եւ երրորդ ապստամբութիւններու շրջանին, 1904-ին եւ 1907-ին, Մուշեղ արդէն անդամագրուած է Դաշնակցութեան եւ աշխուժ մասնակից եղած է ֆետայական կռիւներուն: Ուսումը կը ստանայ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ. 1905-1907 դաժան տարիներուն ան իր վանքի տարազով լաւագոյն եւ ամէնէն վստահելի սուրհանդակը կը հանդիսանար: Աւելի ուշ կը գործակցի Ռուբէնի, Սիմոն Զաւարեանի հետ` Սասունի զանազան գաւառներուն մէջ: Դաշնակցութեան գաղափարները կը տարածէ իբրեւ գործիչ եւ կազմակերպող: 1913-ի աշնան Ռուբէն կը վերադառնայ Մուշ` Սասունցի Մուշեղը ունենալով իբրեւ աջ բազուկ. անոնք միասնաբար կը լծուին ինքնապաշտպանութեան գործին: Մասնակից կը դառնայ Սասնոյ ապստամբութեան` վարելով Տալւորիկի եւ Խեանքի ուժերը: Սասունի կրած պարտութենէն ետք Վ. Փափազեանի եւ Ռուբէնի հետ կ՛անցնի Կովկաս, ապա աշխատանք կը տանի Էրզրումի, Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ:

1917-ին ռուսական զօրքերու նահանջէն եւ Արեւմտահայաստանի պարպումէն ու մազապուրծ հայութեան Արեւելահայաստան գաղթէն ետք, սասունցի մարտիկներու իր ձիաւոր գունդին գլուխը կանգնած` խմբապետ Մուշեղ վճռորոշ մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոսամարտներուն:

1918 ապրիլին, երբ Տարօնի զինուած ժողովուրդը Մասիսի բարձունքներէն վար կ՛իջնէր դէպի Արարատեան դաշտ, արդէն ցեղապետական բանակ մըն էր, որ բարձրացաւ դէպի Արագածի լանջերը, որոնք միայն այլազգի թշնամիներով բնակուած էին:

Խմբապետ Մուշեղ պատմական նշանակութեամբ մեծ գործ կապեց իր անունին, 2-3 օրուան կռիւներուն շնորհիւ` Արագածը մաքրուեցաւ եւ քառասուն գիւղեր հայ տեղաշարժուող ժողովուրդով բնակուեցան: Խմբապետ Մուշեղի շնորհիւ` Թալինի ամբողջ շրջանը թաթարներէն կը մաքրագործուի եւ կը հայացուի` Սասունէն ու Մուշէն գաղթած հայութեամբ բնակեցնելով:

1918-ին մայիսեան Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն մասնակցելէ ետք կ՛անցնի Զանգեզուր` լծուելով անոր հայացման աշխատանքին:

Խմբապետ Մուշեղ Հայաստանի պետական կեանքին մէջ միշտ մնաց զինուորական: Նշանակուեցաւ սահմանապահ ոստիկանութեան հրամանատար: 1921-ին մասնակից դարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան, ան եղաւ առաջինը, որ Չեկան գրաւեց եւ հինգ հարիւր բանտարկեալ ազատ արձակեց: Հայաստանի մէջ խորհրդային լուծի ամբողջական հաստատումէն ետք, Ատրպատական անցած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան ու ապստամբ ժողովուրդին հետ, խմբապետ Մուշեղ իր կարգին  ճաշակեց տարագիր հայու ճակատագրին դառն բաժակը: Որոշ ժամանակ ապրեցաւ Յունաստան, ապա` Հալէպ եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր մահացաւ 19 մարտ 1956-ին. անոր մարմինը կ՛ամփոփուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Արտաշէս Բաբալեան

Արտաշէս Բաբալեան. բժիշկ, հասարակական-քաղաքական գործիչ, հրատարակիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 17 նոյեմբեր 1886-ին, Արցախի Շուշի քաղաքը: Ուսանած է Շուշիի ռուսական ռէալական դպրոցին մէջ: Պատանեկան տարիքէն մասնակցած է ՀՅԴ աշակերտական խումբերուն: Երիտասարդ տարիքին անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան Շուշիի կոմիտէին, ապա` Ղարաբաղի Կեդրոնական կոմիտէին: Հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ճակատին վրայ: 1906-1907 թուականներուն Պաքուի մէջ գործակատար աշխատած է վառելանիւթային արդիւնաբերական ընկերութեան մը մէջ: 1907-1912 թուականներուն ուսանած է Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ եւ` բժշկութեան դոկտորի աստիճան ստացած: Ժընեւի մէջ եւս շարունակած է կուսակցական եռանդուն գործունէութիւն, եղած է «Ուսանող» ամսագրի խմբագրական կազմի անդամ եւ աշխատակցած` ՀՅԴ-ի օրկան «Դրօշակ»-ին: 1912-ին վերադարձած է Շուշի, ապա մեկնած` Ս. Փեթերսպուրկ եւ Օպուխովի հիւանդանոցին մէջ բժիշկ աշխատած է: Միաժամանակ պատրաստուած է պետական քննութեան`  Ռուսիոյ մէջ բժշկութեամբ զբաղելու թոյլտուութիւն ստանալու համար: 1913 օգոստոսին, որպէս ՀՅԴ Ռուսաստանի ուսանողական միութիւններու խորհուրդէն ընտրուած պատուիրակ, մասնակցած է Կարնոյ մէջ գումարուած ՀՅԴ Է. Ընդհանուր ժողովին:

1915-ին, երբ կ՛ընթանար Ա. Համաշխարհային պատերազմը, լքելով Խարկովը` մտած է Վարդան Մեհրապեանի (Խանասորի Վարդան) հրամանատարութեան տակ գործող հայ կամաւորական գունդի մէջ, եղած է անոր բժշկապետը եւ գունդին հետ միասին հասած է Վան: 7 մայիս 1915-ին, Վանը ազատագրելէ ետք այդտեղ հիւանդանոցներ կազմակերպած է: Համագործակցած է Վանի ժամանակաւոր կառավարութեան հետ եւ նշանակուած` ժամանակաւոր կառավարութեան առողջապահութեան բաժնի պետ ու քաղաքապետութեան անդամ: Վանի նահանջի օրերուն, անոր ջանքերու շնորհիւ, հիւանդանոցներու մէջ բուժուող վիրաւոր եւ հիւանդ հայ զինուորները Իգտիր տեղափոխուած են: Այս տարհանումը յաջողութեամբ կազմակերպելու եւ իրագործելու համար պարգեւատրուած է ռուսական կառավարութեան «Գէորգիեւեան խաչ» շքանշանով եւ մետալով: Կարճ ժամանակ Էջմիածնի մէջ զբաղած է գաղթականներու խնամատարութեան գործով:

1916-ին ուղարկուած է Վան, ուր վերադարձած գաղթականներու խնամատարութիւնը կազմակերպելու գործով զբաղած է: Այնուհետեւ մեկնած է Թիֆլիս, երբ սկսած է ռուսական բանակին նահանջը կովկասեան ռազմաճակատէն: 1917-1920 թուականներուն Թիֆլիսի մէջ հրատարակած է «Աշխատաւոր» օրաթերթը: 1917-ին Թիֆլիսի մէջ ընտրուած է Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ, «Համառուսական քաղաքներու միութիւն» կազմակերպութեան մէջ կարեւոր պարտականութիւններ կատարած է: Անդրկովկասի սէյմի կազմաւորումէն ետք մասնակցած է ընտրապայքարին` որպէս Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անդամ:

1918-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած է երկու անգամ: 1918-ին գացած է Կոստանդնուպոլիս` միանալու Աւետիս Ահարոնեանի պատուիրակութեան` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խորհրդական:

1919 սեպտեմբերին մասնակցած է Երեւանի մէջ ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: 31 հոկտեմբեր 1919-էն մինչեւ 5 մայիս 1920 եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի, ապա հանրային խնամատարութեան եւ վերաշինութեան նախարար, 5 մայիսէն 30 հոկտեմբեր եղած է այդ գերատեսչութեան նախարարի պաշտօնակատար: 1920 մայիսին Ղարաքիլիսայի մէջ մասնակցած է պոլշեւիկեան ապստամբութեան ճնշումին: 1920 սեպտեմբերին սկսած թուրք-հայկական պատերազմին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով, Սիմոն Վրացեանի հետ ուղարկուած է Կարս-Սարիղամիշի ռազմաճակատ` կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչի իրաւունքներով: 30 հոկտեմբեր 1920-ին Կարսի անկումի ժամանակ թուրքերու ձեռքը գերի ինկած է: 1920-1921 թուականներուն արգելափակուած է Կարսի, ապա Կարնոյ բանտերուն մէջ: 1921 հոկտեմբերին, գերութենէ ազատելէ ետք անցած է Թաւրիզ, քանի որ Հայաստանը արդէն խորհրդայնացուած էր:

1931 եւ 1939 թուականներուն բժիշկը ծանր ողբերգութիւններ ապրած է` կորսնցնելով զաւակները` Ռենոն եւ Վիգէնը: Իր ծանր վիշտը փարատելու համար ամբողջութեամբ նուիրուած է հանրային եւ կուսակցական գործերուն: 1943 սեպտեմբերին խորհրդային զօրքերու Իրան մուտքէն ետք ձերբակալուած է խորհրդայիններու կողմէ: 1943-1945 թուականներուն անցուցած է բանտին մէջ: 4 յունիս 1945-ին ազատած է բանտէն: 1945-ին եւ հետագայ տարիներուն ընտրուած է Թեհրանի գործակալական ժողովի անդամ, ապա` Եկեղեցական վարչութեան ատենապետ, ապա Թեհրանի թեմի Պատգամաւորական ժողովի անդամ եւ Թեմական խորհուրդի փոխնախագահ, ապա` նախագահ: Այնուհետեւ Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ ընտրուած է: Մասնակցած է ՀՅԴ ԺԵ. եւ ԺԶ. Ընդհանուր ժողովներուն: 1959-ին Գահիրէի մէջ հրատարակած է «Յուշերի գիրք»-ը:

Արտաշէս Բաբալեանը մահացած է 1 օգոստոս 1959-ին, Թեհրանի մէջ, սրտի հիւանդութենէ:

(Շար. 5)

Նախորդը

Դիմաւորենք Տուտուկահար Հայկ Սարիգույումճեանը Համմանայի Մէջ

Յաջորդը

Իմ Տղաս, Ուսամա. Քայիտայի Ղեկավարին Մայրը Առաջին Անգամ Կը Խօսի

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.